ԷՏՈՒԱՐՏ ԵՐԱՆԵԱՆ
Մինչ աշխարհը կը նշէ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, ոմանք Միջին Արեւելքի մէջ կ՛ողբան ճակատագիրը այն ազգերուն եւ ժողովուրդներուն, որոնք պարտուած դուրս եկան տարածաշրջանի վերջնական բաժանումէն եւ Օսմանեան կայսրութեան մասնատումէն:
Հայ ազգը սգաց Համաշխարհային Ա. պատերազմին զոհ տուած իր մէկուկէս միլիոն ժողովուրդը: Ուրիշ ժողովուրդներ ալ տանջուեցան, ինչպէս` յոյները, ասորիները, քիւրտերը, որոնք դառնութեամբ իրենց անցեալը կը յիշեն:
Երբ աւարտեցաւ պատերազմը, Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուեցաւ` ձգելով համայնքները խորտակուած եւ կոտորուած` իրենց ցեղային զտումներով:
Օքլահոմայի համալսարանի Միջին Արեւելքի ծրագրի տնօրէն Ժոշուա Լանտիսը կ՛ըսէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը թոյլ տուաւ, որ ցեղային համայնքները կառավարեն իրենք զիրենք:
Օսմանեան կայսրութիւնը սիւննիական գերիշխանութիւն էր, բազմակրօն եւ բազմացեղ կայսրութիւն էր: Ան ըսած է, որ տարբեր կրօններ եւ ցեղային համայնքներ հաւասար չէին, բայց հոն կար կայունութիւն, եւ անոնք յաջողեցան մնալ օսմանեան իշխանութեան սահմաններուն մէջ: Երբ այս բոլորը քանդուեցան, եւ Ֆրանսան ու Անգլիան պարտադրեցին ազգային ինքնութիւններ եւ շրջանը բաժնեցին ազգային նահանգներու, ժողովուրդները չուզեցին ապրիլ միասին, եւ ասիկա պատճառ դարձաւ քաղաքացիական պատերազմի:
«Հայերու եւ քիւրտերու նման փոքրամասնութիւններ, որոնք չեն արժանացած ազգային նահանգներու, ծանր գին վճարեցին, ինչպէս ըսած է Հայկազեան համալսարանի տնօրէն Փոլ Հայտոսթեանը «Վոյս աֆ Ամերիկա»-ին:
«Համաշխարհային Ա. պատերազմը շատ արագ փոխեց ժողովրդագրական պատկերը: Համաշխարհային Ա. պատերազմէն 20 տարի ետք, երբ նայիք Փոքր Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի շատ մը տարածքներու ժողովրդագրութեան, կը տեսնէք, որ անոնք ազդուած եւ տեղափոխուած են տրամաթիքական ձեւերով, ուր չէ եղած պաշտպանութիւն եւ ոչ ալ տրամաբանութիւն` պատահածին մասին, բացի դաշինքներու եւ պատերազմներու հետեւանքներէն», ըսած է ան:
«Բայց կարգ մը փոքրամասնութիւններ, ինչպէս` Լիբանանի մարոնի քրիստոնեաները եւ Սուրիոյ ալեւիները, ձեռք բերին կարեւոր դիրք Համաշխարհային Ա. պատերազմի յաջորդող շրջանին հին աշխարհակարգի ոչնչացման ատեն», ըսաւ Լանտիսը:
Ֆրանսացիները եւ անգլիացիները վարեցին փոքրամասնութեան քաղաքականութիւն եւ պատերազմի ժամանակաշրջանին անոնք օգնեցին փոքրամասնութիւններուն` Միջին Արեւելքի մէջ իշխանութեան հասնելու համար:
Հայտոսթեանի խօսքով, հակառակ պատերազմներու հետեւանքներուն` հայերը, քիւրտերը, հրեաները եւ այլ փոքրամասնութիւններ վերակառուցեցին իրենց համայնքները եւ կրկին պայքարեցան բարգաւաճելու համար:
«Շատ մը ազգերու, հակառակ` հողերու, տուներու եւ հարիւրաւոր ու հազարաւոր մարդկային կեանքերու կորուստին, իսկ հայ ազգի պարագային` մէկուկէս միլիոն նահատակներու, ճկունութեան պատմութիւնը իրապէս շատ իւրայատուկ է: Կարեւոր չէ, թէ որոշ ազգեր ի՛նչ կրնան ընել, փոքրամասնութիւնները եւ ցեղային կամ կրօնական խումբերը գոյատեւման միջոց մը անպայման կրնան գտնել»:
«Ա. Համաշխարհային պատերազմին հիմնական դասը,- կ՛եզրափակէ Փոլ Հայտոսթեանը,- մեծ տէրութիւններու շահերու խաչաձեւումն է. հզօր ուժերը` ընդդէմ փոքր ուժերու»: «Ի վերջոյ գինը կը վճարեն», կը պնդէ ան: