Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ-ի Հարիւրամեակի Նշում

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան, ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, 23-29 հոկտեմբերին տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ:

Այս առթիւ Շրջանային վարչութեան հրաւէրով շրջան այցելեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը:

23 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը այցելեց Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանին հետ: Նոյն օրը Գ. Մկրտիչեանը եւ ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն եւ հանդիպեցան Հայաստանի Հանրապետութեան փոխդեսպան Արա Մարգարեանին հետ: Օրուան վերջին այցելութիւնը Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչական գրասենեակն էր, ուր հանդիպեցան Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանին հետ:

24 հոկտեմբերին Գ. Մկրտիչեանը այցելեց Նիւ Եորքի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեանին հետ:

Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Գառնիկ Մկրտիչեանը հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, 20-29 յուլիսին: Բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին տեղի ունեցաւ 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրներու տուչութիւն:

26 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ  պատուիրակութիւնը այցելեցին Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տուն ու հանդիպում ունեցան նահանգի հայ երեսփոխան Դաւիթ Մուրատեանին հետ: Հանդիպումի աւարտին երեսփոխան Մուրատեանը պատուիրակութեան յանձնեց Մասաչուսեց նահանգի Ներկայացուցիչներու տան հռչակագիրը` ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի առիթով: Հանդիպման աւարտին հայ երեսփոխանին յանձնուեցաւ 100-ամեակի յատուկ յուշանուէրը:

Յաջորդաբար 23, 24, 25 եւ 26 հոկտեմբերին Գառնիկ Մկրտիչեանը Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Մեսրոպեանը հանդիպում ունեցան Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի  եւ Պոսթըն մասնաճիւղի անդամներուն եւ համակիրներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջաններու գործունէութեանց եւ յաջորդ օրերուն տեղի ատենապետ ունենալիք 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներուն մասին: Վերոյիշեալ հանդիպումներուն Գառնիկ Մկրտիչեանը հակիրճ զեկոյցներով ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի համաշխարհային կառոյցը, Կեդրոնական վարչութեան կազմը եւ միութեան 100-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւններուն շարքը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, 20-29 յուլիսին:

27 հոկտեմբերին «Պըրլինկթըն Մարիոթ» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պարահանդէս-ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ` այս առթիւ պատրաստուած 100-ամեակի եւ ՀՄԸՄ-ի վահանի կրծքանշաններ, եռագոյն վզնոցներ եւ յուշամատեան-ծանուցման գրքոյկներ:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցան ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ  Արամ Գայսերեանը եւ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը: Անոնք շնորհաւորեցին ներկաները` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, բարձր գնահատելով միութեան դերը` ազգանուէր սերունդներու պատրաստութեան մէջ, աշխարհի 26 երկիրներու մէջ տարածուած 110 մասնաճիւղերով եւ 28 հազար անդամներով:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքանշաններու տուչութիւն, եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

27 հոկտեմբերին Ուոթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակի օրհնութեան արարողութիւն: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքի հիմնադիրներուն եւ ննջեցեալներուն:

Այնուհետեւ ներկաները, Պոսթընի մասնաճիւղի սկաուտներուն եւ փողերախումբին առաջնորդութեամբ, տողանցեցին դէպի Ուոթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ 100-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավար Յակոբ Խաչատուրեանը ներկայացուց շրջանի 12 մասնաճիւղերը: Ապա Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ Սարգիս Ստեփանեանին յանձնուեցաւ «Արժանեաց» շքանշանը:

Պոսթընի մասնաճիւղի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեանը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ նոր սերունդին պարտականութիւնն է աշխատանքը շարունակել եւ ՀՄԸՄ-ի նշանաբանին հետեւելով` կերտել ապագայ:

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արամ Գայսերեանը նշեց, որ նոր մարտահրաւէրներու առջեւ է ՀՄԸՄ-ը, եւ այս գծով երիտասարդութեան պարտականութիւն տրուած է աշխատանքը շարունակել եւ պայքարիլ անյարիր սովորութիւններու դէմ:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեանը իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ հարիւր տարի ետք ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակը կը գործէ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ` կառչած մնալով հիմնադիրներուն հաստատած սկզբունքներուն, պատրաստելով առողջ միտքը առողջ մարմինին մէջ: Այնուհետեւ օրուան պատգամը ներկայացուց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը: Ան յայտնեց, որ 100-ամեակի յոբելեանն է ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ, որուն մասնաճիւղերը աշխարհագրական հեռաւորութեամբ կը գործեն տարբեր նահանգներու մէջ, սակայն մի՛շտ` ՀՄԸՄ-ական դաստիարակութեամբ եւ նուիրումով: Ան նկատել տուաւ, որ շրջանը միութեան տուած է Կեդրոնական վարչութեան զանազան  անդամներ, հաւատաւոր ու նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականներ ու տակաւին կը շարունակէ գործել նոյն հաւատքով եւ նոյն պատրաստակամութեամբ:

Սահակ ծ. վրդ. Եմիշեանը իր կարգին շեշտեց, որ ՀՄԸՄ-ի երթը սկսաւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք` անտէր ու անտիրական որբեր խնամելու եւ հայրենիքի օժանդակութեան աշխատանքներով: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը եղաւ կրթական հաստատութիւն մը, դպրոց մը, ուր սերունդէ սերունդ փոխանցուեցան ազգային գաղափարախօսութիւն եւ պատուի զգացողութիւն, աւելցնելով, որ շնորհիւ ՀՄԸՄ-ին` հայապահպանման առաքելութիւնը կը շարունակուի հաստատ քայլերով:

Ձեռնարկին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Համազգայինի 90-ամեակի Եւ Տիթրոյթի Մասնաճիւղի 50-ամեակի Նշում

Վերջերս, կազմակերպութեամբ Տիթրոյթի Համազգայինին, մեծ շուքով նշուեցան Համազգայինի 90-ամեակը եւ մասնաճիւղին 50-ամեակը: Միութեան անունով Շողեր Ուրլեանը  շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին Համազգայինին:

Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Արեւիկ Գաբրիէլեանը ելոյթ ունենալով` նշեց, որ Համազգայինի կարգ մը հիմնադիրներու` Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի  հեռատեսութեան շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունի մշակոյթ, որ պէտք է պահպանուի ամէն գնով, աւելցնելով, որ մեր մշակոյթը կը յարատեւէ համազգայնականներու շնորհիւ: Այնուհետեւ «Արաքս»  պարախումբը ներկայացուց աւելի քան 25 հայկական աւանդական եւ ժողովրդական պարեր, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Սիպիլը, որ յատկապէս ժամանած էր Պոլիսէն` իր  մասնակցութիւնը բերելու սոյն համերգին:

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նոր Գործադիր Տնօրէնը Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան

28 հոկտեմբերին, Լոս Անճելըս իր առաջին այցելութեան առիթով, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը, ընկերակցութեամբ հիմնադրամի Լոս Անճելըսի գործադիր տնօրէն Սարգիս Գոթանճեանի, այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ դիմաւորուեցաւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինի ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Սրբազանը շնորհաւորեց Արշամեանին նշանակումը եւ վերահաստատեց Ազգային առաջնորդարանի, թեմի բարերարներուն, ծխական շրջաններուն եւ վարժարաններուն զօրակցութիւնը` հիմնադրամի հայրենանուէր գործին, մաղթելով, որ հիմնադրամը թափանցիկ գործունէութեամբ շարունակէ հայրենաշէն ծրագիրներու յաջող իրագործումը:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը իր կարգին գոհունակութիւն յայտնեց ծանօթացումի այս առիթին համար եւ` վստահութիւն, որ հիմնադրամը իր ապագայ երթը պիտի շարունակէ անվհատ:

Այնուհետեւ  Սարգիս Գոթանճեանը ներկայացուց նոր նշանակեալ տնօրէնին վաստակն ու ծառայութեան դաշտերը:

Արշամեանը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար` նշելով, որ իբրեւ պատմաբան` ուսումնասիրած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան եւ Սիսի կաթողիկոսութեան պատմութիւնն ու դերը, ապա վեր առաւ սփիւռքի դերակատարութեան կարեւորութիւնը` մայր հայրենիքին համար ծրագրուած բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան մէջ: Ան անդրադարձաւ նաեւ հիմնադրամի անցեալի գործունէութեան, իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի ծրագիրներուն` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, յատկապէս կեդրոնանալով արհեստագիտութեան մէջ երիտասարդութեան առաւել հմտութիւն եւ մասնագիտանալու միջոցներ ընձեռելու կարեւորութեան վրայ, միշտ Հայաստան եւ սփիւռք ձեռք-ձեռքի` յառաջ ընթանալու նախանձախնդրութեամբ:

Առաջնորդ սրբազանը բարի երթ մաղթեց Արշամեանին` իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յաջողութիւն` հիմնադրամի յառաջիկայ գործունէութեան, նաեւ վստահութիւն յայտնեց, որ անոր նշանակումով հիմնադրամը նոր շունչով ու թափով պիտի շարունակէ իր ծրագիրներու իրականացումը:

Հրաժեշտի պահուն, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց հիմնադրամի գործադիր տնօրէնին:

 Սուրիա

Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Սուրիական «Սանա» լրատու գործակալութեան լրագրող Պիլալ Ահմատ կը յայտնէ, որ Դամասկոսի «Ասատ» ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը:

Շնորհահանդէսին ընթացքին ցուցադրուած է Արցախի տարածաշրջանի պատմական փուլերուն, հակամարտութեան հանգրուաններուն, ինչպէս նաեւ ազատագրման ի խնդիր հայ ժողովուրդին մղած պայքարին մասին վաւերագրական տեսերիզ:

Դեսպան Փոլատեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ Ղարաբաղի հարցը արդարութեան հարց է եւ ունի մարդկային իրաւանց բնոյթ, որովհետեւ անիկա հարցն է ժողովուրդի մը, որուն իրաւունքները խլուած են այլ իշխանութիւններու կողմէ` թրքական կառավարութեան աջակցութեամբ, որ կը միտի տարածաշրջանի պատմութիւնը աղաւաղել եւ հերքել Արցախի պատկանելիութիւնը Հայաստանի:

«Տար շարք» հրատարակչատան տնօրէն Նապիլ Թաամէ խօսք առնելով` ընդգծած է պայքարի հանգիտութիւնը սուրիացի եւ հայ երկու ժողովուրդներուն` թրքական բռնատիրութենէն ձերբազատելու ի խնդիր:

Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ դոկտ. Նորա Արիսեանը ներկայացուց գիրքն ու անոր գլուխները, որոնց մէջ հեղինակը կ՛անդրադառնայ տարածաշրջանի պատմականին, շրջանի ժողովրդագրութիւնը փոխելու թուրքերու ջանքերուն եւ հայերու հանդէպ անոնց խտրականութեան քաղաքականութեան, օսմանեան կառավարութեան իրագործած ցեղասպանութեան, Արցախի կարգավիճակին մասին` Խորհրդային Միութեան շրջանին եւ զայն Ազրպէյճանին կցելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ` անկախութեան ձեռք բերելու համար կատարուող բանակցութիւններուն:

Կիպրոս

Յոյն, Հայ Եւ Պոնտացի Ազգերու Ցեղասպանութեան Յիշատակին Նուիրուած Ցուցահանդէս

Կազմակերպութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանին, 7 նոյեմբերին «Ֆամակուսթայի դարպասի» մշակութային կեդրոնի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ երեք ազգերու (յոյն, հայ եւ պոնտացի) ցեղասպանութեան դառն յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը` ներկայութեամբ թեմի կաթողիկոսական  փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի:

Ձեռնարկին ընթացքին խօսք առին խորհրդարանի նախագահ Տիմիթրիս Սիլլուրիսը,  պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, նաեւ` պոնտոսցիներու եւ Փոքր Ասիոյ աղէտներուն ենթարկուած ժողովուրդներու կողմէ ներկայացուցիչներ:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ 17 նոյեմբեր:

Պոլիս

Պոլսահայ Միութիւնը Ընտրեց Նոր Վարչութիւն

Վերջերս Պոլսահայ միութիւնը ընտրեց իր 2018-2019 տարեշրջանի նոր վարչութիւնը: Նորընտիր վարչութեան անդամներն են` Էտի Սարաֆօղլու (փոխատենապետ), Թալին Սարաֆօղլու, Սերժ Պուլանիքեան, Կարպիս Սարաֆեան, Օհաննէս Կուլակ, Արեգ Պալճի, Թալին Մանուկեան-Եայլաօղլու, Հերման Եայլաօղլու, Մարկ Մ. Կոսկեր, Վաչէ Կիլավուզ, Յակոբ Ճեք Հալիճի, Էտվին Մինասեան եւ Անդրանիկ Փայլան:

Իրան

Իրանահայ Ճարտարագէտ Վարդան Պօղոսեանի Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ «Արտակ Մանուկեան» թանգարանի տնօրէնութեան եւ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան վարչութեան, 1 նոյեմբերին «Արտակ Մանուկեան» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ իրանահայ ճարտարագէտ Վարդան Պօղոսեանին նուիրուած մեծարանքի հանդիսութիւն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան նախագահ ճրտգ. Վարուժան Եդգարեանը, որուն յաջորդեցին մեծարեալին ամփոփ կենսագրականի ընթերցում եւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ելոյթներով հանդէս եկան ճրտ. Հոսէյն Ռեզային եւ ճրտ. Ֆարզան Ռաֆիհան: Այնուհետեւ խօսք առաւ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որ գնահատեց ճրտգ. Վարդան Պօղոսեանին աշխատանքները, որուն միջոցով ան ծառայած է Իրանի եւ Հայաստանի: Սրբազանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան անդամներուն, որ պարբերաբար նման ձեռնարկներ կը կազմակերպեն եւ հասարակութեան կը ներկայացնեն այն անձերը, որոնք անցեալին տասնեակ տարիներու ընթացքին աշխատած են եւ իրենց ներդրումը բերած են Իրանի բարգաւաճման աշխատանքներու մէջ:

Աւարտին սրբազան հայրը գնահատագիր յանձնեց Վարդան Պօղոսեանին, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ երախտագիտական խօսքով:

Թաւրիզահայ Գեղանկարիչներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Հովանաւորութեամբ Թաւրիզի քաղաքապետարանին, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ բեմադրիչ-արուեստաբան Վահապ Նեժատիի, վերջերս Թաւրիզի Արուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպատականի գեղանկարիչներու, որոնց շարքին նաեւ թաւրիզահայ հանրայայտ գեղանկարիչներու դիմապատկերներու ցուցահանդէսի բացում:

Ատրպատականի գեղանկարիչներու շարքին յետմահու մեծարուեցան նաեւ թաւրիզահայ հանրայայտ գեղանկարիչներ` Գրիգոր Վահրամեանը, Մարուսիա Վահրամեանը եւ Աշոտ Բաբայեանը: Մեծարանքի արժանացաւ նաեւ գեղանկարիչ Վահրամ Վահրամեանը, որ կատարեց նաեւ ցուցահանդէսին բացումը:

Ձեռնարկին ելոյթ ունեցող բոլոր բանախօսները դրուատիքով արտայայտուեցան հայ անուանի արուեստագէտներու մասին: Անոնք նորանոր յաջողութիւններ մաղթեցին իրենց գործը շարունակող արուեստագէտներուն:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>