ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ
փոխտեսուչ Զմմառու
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի
եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի
Մարդուն բանաւոր խօսքը զարգացնելու համար անհրաժեշտ է զարգացնել նաեւ անոր գրաւոր խօսքը, ուստի Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաներուն եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներուն բանաւոր ունակութիւնները ծաղկեցնելու միտումով, նկատի առած, որ ապագային որպէս կղերականներ անոնք Տիրոջ խորանէն եւ զանազան այլ բեմերէն ելոյթներ պիտի ունենան իրենց ժողովուրդին դիմաց, տեսչութիւնը «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքը որպէս հարթակ կ՛օգտագործէ` մեծապէս կարեւոր նկատելով սաներու հոգեմտաւոր ունակութիւններուն զարգացումը:
2018-ի թիւը համակողմանի, ներդաշնակ թեմաներու ծաղկաքաղ մըն է` ձօնուած դպրեվանքի գլխաւոր բարերար Միքայէլ աղա Յովհան Բաբումեանի մահուան 225-ամեայ յոբելեանին:
Տարեգիրքին նիւթերը, քանակական եւ որակական առումներով, բովանդակալից են. ընդգրկուած թեմաները այլազան են, անոնք հինգ ընդհանուր խորագիրներու տակ տեղադրուած են:
– Առաջին բաժնին մէջ ստորգրած են Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ, Զմմառու վանքի մեծաւոր, Պէյրութի թեմի կաթողիկէ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան:
Խմբագրական` խմբագիր Սօսէ Փիլաւճեան:
Տեսուչ հօր խօսքը` Գրիգոր վրդ. Պատիշահ:
Փոխտեսուչ հօր խօսքը` Տիգրան վրդ. Փիլիպպոսեան:
Դպրեվանքի հոգեւոր հօր խօսքը` Գէորգ արք. Խազումեան:
– Երկրորդ բաժինը յատկացուած է յոբելեաններու, որոնք այս տարի խանդավառած էին համայն հայութիւնը` հայրենիքի, Արցախի եւ ի սփիւռս աշխարհի մէջ:
– Երրորդ բաժինը դպրեվանքի կիսասարկաւագներուն արձանագրած ձեռքբերումներու ներկայացումն է. անոնց համալսարանական աւարտաճառերուն ամփոփումը:
– Չորրորդ բաժինին մէջ, շաբաթական դրութեամբ, կիսասարկաւագներ` Կարօ Գլընճեանի, Վարդան (Պասել) Ճալլուֆի եւ Լեւոն (Ժիւլիան) Ստեֆանի ներկայացուցած քարոզներէն երկուքական նմուշներ ներառուած են:
– Հինգերորդ եւ վերջին բաժնին մէջ հրատարակուած են ազատ նիւթեր:
Գրաւոր խօսքի նկատմամբ տեսչութիւնը պահանջկոտ է եւ խստօրէն կը հետեւի անոր ճիշդ կիրարկման խնդրին: Ան պէտք է արտայայտէ շօշափուող թեմայի էութիւնը` առանց աւելորդութիւններու, երկրորդական մանրամասներու, անտեղի շեղումներու: Ան եթէ ըլլայ դիպուկ, ապա կը ներգործէ, կը ներշնչէ յուզականութիւն` զարգացնելով գեղեցիկի նկատմամբ մարդու ընկալման որակը: Մարդիկ կեանքի տարբեր երեւոյթները եւ արուեստի մէջ անոնց արտացոլումները կը գնահատեն որպէս գեղեցիկ կամ այլանդակ, ողբերգական կամ երգիծական, վայելչագեղ կամ կոպիտ:
Այս բոլորը կ՛օժանդակեն սաներուն աշխարհահայեացքի ձեւաւորմանը, մտահորիզոնի ընդարձակմանը, երեւակայութեան խթանմանը, եւ այս ամէնը կը նպաստեն թերթի որակի բարելաւման ու սաներու գրաւոր ունակութիւններու զարգացման, անոր ճիշդ կիրարկման պարագային, մենք կ՛ունենանք մեր դպրեվանքի դիմագիծը հանդիսացող «Կանչ Հրեշտակապետին» հերթական որակեալ թիւը, ուր կ՛արտացոլուի ժառանգաւորաց հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական առօրեան: