Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

16 Երիտասարդ Նորագիրներ Համալրեցին ՀՅԴ Շարքերը Վանաձորի Մէջ

Վերջերս Վանաձորի մէջ 16 երիտասարդներ հանդիսաւոր արարողութեամբ երդում տուին եւ մուտք գործեցին ՀՅԴ շարքերը:

Դաշնակցութեան անդամագրուելու փափաք յայտնելով, անոնք մասնակցեցան յատուկ դասընթացքի` ծանօթանալով ՀՅԴ կանոնագիրին եւ Դաշնակցութեան որդեգրած քաղաքականութեան, ապա որոշում տուին մաս կազմելու ՀՅԴ շարքերուն:

  «Հայաստան» Հիմնադրամի Թորոնթոյի Մարմինին Կողմէ Արցախի Ուղտասար Գիւղին Մէջ Դպրոց Կառուցուած Է

Նոյեմբեր 5-ին Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի եւ Արցախի կառավարութեան համաֆինանսաւորմամբ կառուցուած դպրոցին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Թորոնթոյի տեղական մարմինին եւ Արցախի կառավարութեան` ծրագիրը կեանքի կոչելու համար: «Կը կարծեմ, որ Թորոնթոյի մեր գործընկերները ունին մարդակեդրոն սկզբունք, որովհետեւ, մէկ մարդու մասին մտածելու իրենց գաղափարախօսութեամբ, անոնք տարբերութիւն չեն դրած Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի միջեւ: Թորոնթոյի համայնքի համերաշխութեան շնորհիւ է, որ այսօր ունինք նորակառոյց դպրոց: Կատարուած աշխատանքները բարձր կը գնահատեմ», աւելցուց ան:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանը նշեց, որ իրեն համար մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է ներկայ գտնուիլ հերթական դպրոցի բացման արարողութեան:

«2016 թուականի մայիսին, երբ առաջին անգամ այցելեցի Ուղտասար, եկած էի տեսնելու համայնքային կեդրոնի շէնքը եւ նորը կառուցելու գաղափարին մասին յայտնելու: Սակայն տեսնելով դպրոցի անմխիթար վիճակը` մենք որոշեցինք կառուցել նոր դպրոց: Այսօր աշակերտներուն իր ողջոյնը ուղարկած է Մոնթէ Մելքոնեանի այրին` Սեդա Մելքոնեանը, որ ցանկութիւն յայտնած է, որ Աւոյին անունը կրող դպրոցին մէջ անոր նուիրումն ու ոգեւորութիւնը ուղեկցին բոլորին: Շուտով ան եւս պիտի այցելէ այստեղ», յայտնեց Մկրտիչեանը:

Ի դէպ, բարերարը նշած է նաեւ, որ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Պրազիլի տեղական մարմինը դպրոցի բոլոր երեխաներուն համար ուղարկած է գրենական պիտոյքներով լի պայուսակներ:

«Գիւղին մէջ պէտք է լուծուի նաեւ ջրամատակարարման հարցը: Մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ Թորոնթոյի մէջ կազմակերպուած բարեգործական ընթրիքին մեր կողմէ քննարկուած է այդ հարցը, եւ յառաջիկային պիտի սկսինք նախագծային աշխատանքներուն», ըսաւ ան:

Գիւղապետ Մանուէլ Պետրոսեանին կողմէ Ուղտասար համայնքի զարգացման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին եւ հայրենանուէր գործունէութեան համար Թորոնթոյի տեղական մարմինի ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանին շնորհուեցաւ Ուղտասարի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում, իսկ դպրոցին յարակից տարածքէն անհատոյց սեփականութեան իրաւունքով նուիրուեցաւ 4000 մեթր հողատարածք:

Արցախի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը ըսաւ, որ այս ուսումնական տարեշրջանին Արցախի մէջ բացուած է երեք դպրոց, որոնցմէ երկուքը` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորմամբ:

«Այդ շարքին մէջ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Ուղտասարի միջնակարգ դպրոցը, որովհետեւ անիկա կոչուած է ամրացնելու Արցախի սահմանը: Խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Թորոնթոյի տեղական մարմինին եւ մեզի համար հարազատ դարձած Մկրտիչ Մկրտիչեանին, որ բոլոր այս տարիներուն եղած է մեր կողքին եւ կարելին կ՛ընէ, որպէսզի օր առաջ թեթեւցնէ Արցախի հոգերը»:

Իսկ դպրոցի տնօրէն Վլատիմիր Յակոբջանեանը ըսած է, որ 2002 թուականի սեպտեմբեր 1-էն գործող այս դպրոցը կը յաճախէ 39 աշակերտ:

«Այսօր հպարտ ենք, որ Արցախի եւ սփիւռքի բարեկամութեան շնորհիւ ունինք յարմարաւէտ եւ գեղեցիկ դպրոց: Մենք` ուղտասարցիներս կը վստահեցնենք, որ անմասն պիտի չմնանք աւելի հզօր ու զարգացած Արցախ կերտելու վեհ գաղափարէն…»:

Հաղորդենք, որ այնուհետեւ աշակերտները ներկայացան ասմունքով, երգով եւ երաժշտութեամբ: Հանդիսաւոր բացումին ընթացքին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ օրհնութեան արարողութիւն:

Գնիշիկի Մէջ Գարնան Պիտի Գործարկուի Ոռոգման Ջուրի Նոր Կառուցուած Ներքին Ցանց

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը կը շարունակեն աջակցիլ համայնքներու զարգացման: Այս տարուան ծրագիրները ընթացքի մէջ են: Անոնց չափերու արդիւնքը տեսանելի պիտի դառնայ ո՛չ միայն գոյութիւն ունեցող հարցը լուծելէ ետք, այլեւ` աւելի երկարաժամկէտ կտրուածքի վրայ:

Վայոց ձորի մարզի Գնիշիկ գիւղին մէջ ամրան վերջին ամիսէն սկսած էին ոռոգման ջուրի խողովակաշարի տեղադրման աշխատանքները: Հարցը հրատապ էր` մարդոց դժուարութիւնները թեթեւցնելու առումով. հողի մշակման համար գիւղացիին կատարած ծախսը ինքզինք չէր արդարացներ: Եկամուտի մասին խօսք անգամ ընել չէր կրնար:

Գիւղի վարչական տարածքի ղեկավար Արա Լեւոնեանը ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ ամրան բարձրացուած հարցի լուծման համար արագ արձագանգած են իրենց մնայուն աջակցող կազմակերպութիւնները` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը: Անմիջապէս ձեռնարկուած են քայլեր` գիւղացիին դժուարութիւնները թեթեւցնելու ուղղութեամբ: Կառուցուած է ոռոգման ջուրի` շուրջ 1,5 քիլոմեթր երկարութեամբ ամբողջովին նոր ցանց: Տեղադրուած են փոլիէթիլենային բարձրորակ խողովակներ: Աւելի՛ն. իւրաքանչիւր տնամերձի համար ապահովուած է առանձին ծորակ, որ թոյլ կու տայ ոռոգում իրականացնելու առանց դժուարութեան եւ ջուրի կորուստի: Ոռոգման ջուրի ամբողջովին նոր ներքին ցանցի կառուցման աշխատանքները կը մօտենան աւարտին: Խողովակաշարը տեղադրուած է, եւ կ՛իրականացուին հողով ծածկելու աշխատանքները:

«Մինչեւ ձմեռ ցանցին գործարկումը պիտի փորձարկուի եւ գարնան լիարժէք պատրաստ պիտի ըլլանք գիւղատնտեսական աշխատանքներու իրականացման: Ոռոգման ջուրի նոր ցանցը մօտաւորապէս 20 հեկտար տարածք մշակելու կարելիութիւն կ՛ընձեռէ: Այս ծրագրին արդիւնաւէտութիւնը պիտի զգան ո՛չ միայն Գնիշիկ, այլեւ Մոզրով բնակավայրի բնակիչները. ներկայիս իրենց պարտէզները պահպանելու համար գնիշիկցիները ստիպուած պիտի ըլլան օգտուելու Մոզրովի խմելու ջուրէն, որ իր հերթին հարց կը ստեղծէ դրացի բնակավայրի բնակիչներուն համար: Ի դէպ, արդէն իսկ շուրջ 30-ով աւելցած է տնամերձի համար ներկայացուող դիմումներուն քանակը», յայտնած է գիւղի վարչական տարածքի ղեկավար Արա Լեւոնեանը:

Գնիշիկի մէջ կայ չմշակուած մօտաւորապէս 15-20 հեկտար տնամերձ վարելահող: Քիչ չեն նաեւ խնամք պահանջող պտղատու պարտէզները: Գիւղացիները վստահ են, որ անոնցմէ ստացուած բերքատուութեան արդիւնքը կրնայ քառակին ըլլալ` լիարժէք ոռոգում իրականացնելու պարագային:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը Գնիշիկի մէջ միատեղ ծրագիրներ կ՛իրականացնեն 2015 թուականէն ի վեր: Չորս տարուան ընթացքին գործակցող կողմերը յաջողած են կարգաւորել բնակավայրի խմելու ջուրի հարցը,  ամբողջութեամբ կառուցուած է ներքին ցանց: Լուծուած է նաեւ լուսատիոտային (LED) համակարգով գործող արտաքին լուսաւորութեան հարցը, տրամադրուած են գիւղատնտեսական սարքեր:

Ամերիկահայ Բժիշկ Հրայր Յովակիմեանը 2 Շաբթուան Ընթացքին Հայաստանի Մէջ 28 Երեխաներու Կեանքը Փրկեց

Հայաստան կը գտնուի ամերիկահայ մանկական սրտաբան-վիրաբուժ Հրայր Յովակիմեանը, որ երկու շաբթուան ընթացքին բուժեց 28 երեխաներ: Այս մասին կը տեղեկանանք Քարմեն Զոհրապեանի Դիմատետրի էջէն, ուր ան կը գրէ. «Իսկական բժիշկի վառ օրինակ… Բժիշկ Հրայր Յովակիմեանը դարձեալ հայրենիք կը գտնուի, դարձեալ նոյն կարեւոր առաքելութեամբ: Կոչումով բժիշկը իր անձնակազմին հետ վերջին երկու շաբաթներուն ընթացքին սիրտի բնածին արատով 28 երեխաներ վիրահատեց…»:

9 Ամսուան Ընթացքին Համակարգիչներու Արտադրութիւնը Կրկնապատկուած Է

2018-ի յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն, 2017-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած, Հայաստանի մէջ համակարգիչներու արտադրութիւնը աճած է 99,3 տոկոսով:

Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներուն համաձայն, նախորդ տարուան նշեալ 9 ամիսներուն արտադրուած էին 457 համակարգիչներ, իսկ ընթացիկ տարուան նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը 911 է:

Հաշուետու ժամանակահատուածին 7 անգամ աճած է փլանշեթներու արտադրութիւնը. նախորդ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր ամիսներուն արտադրուած է 55 փլանշեթ, ընթացիկ տարուան յունուարէն սեպտեմբեր` 384 փլանշեթ:

Ընթացիկ տարուան 9 ամիսներուն բջիջային հեռաձայններ չեն արտադրուած, մինչդեռ նախորդ տարուան 9 ամիսներուն արտադրուած էր 330 բջիջային:

Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Շէյքսփիրեան 13-րդ Փառատօնը

Երեւանի «Յ. Պարոնեան»-ի անուան թատրոնին մէջ 1 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ բացումը Շէյքսփիրեան 13-րդ միջազգային թատերական փառատօնին, որ տեւեց մինչեւ 5 նոյեմբեր:

Հայաստանի Թատերական գործիչներու միութեան համաձայն, այս տարի փառատօնը հիւրընկալեց 5 երկիրներէ ժամանած առաւել քան 90 մասնակիցներ եւ հիւրեր, որոնց կարգին` հեղինակաւոր արուեստագէտներ եւ արուեստի ղեկավարներ:

Երեւանեան 5 բեմերու վրայ ցուցադրուեցան 10 ներկայացումներ, եւ մէկ ներկայացում` Գիւմրիի «Վ. Աճեմեան»-ի անուան պետական թատրոնին մէջ:

Թատերասէրները կարելիութիւնը ունեցան ներկայ գտնուելու թատերական, երաժշտական եւ բազմամետիա ներկայացումներու: Անոնցմէ կարեւորագոյններէն էին` Պիթոլայի (Մակեդոնիա) Ազգային ակադեմիայի թատրոնի` «Անթոնիօ եւ Քլէոփաթրա»-ն, «Օթելլօ»-ն, Ամերիկայի «Լիթ Մուն» թատերական ընկերութեան «Յուլիոս Կեսար»-ը, «Ռիչըրտ 3-րդ»-ը, Ս. Փեթերսպուրկի «Սուպպոթա» թատրոնի «Բազում աղմուկ վասն ոչինչի»-ն: Փառատօնի ծրագիրին մէջ երեւանեան թատրոններէն հանդէս եկան «Յ. Պարոնեան» կատակերգութեան պետական թատրոնը, Երեւանի Պետական սենեկային թատրոնը եւ Ուսանողական թատրոնը:

Նշենք, որ փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցան նաեւ վարպետութեան դասեր` նուիրուած արդի թատրոնի զարգացման նոր ուղղութիւններուն:

Զոհուած Եւ Հաշմանդամ Զինուորներու 55 Ընտանիքներու Բնակարան Պիտի Տրամադրուի

Հայաստանի կառավարութիւնը զոհուած եւ առաջին, երկրորդ ու երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու 55 ընտանիքներու բնակարան գնելու նպատակով պիտի տրամադրէ 249 միլիոն 624 հազար դրամ: Այս որոշումը տրուած է կառավարութեան 8 նոյեմբերի նիստին:

«Կը նախատեսուի զոհուած եւ առաջին, երկրորդ ու երրորդ կարգի հաշմանդամ զինծառայողներու ընտանիքներու ընկերային վիճակի բարելաւման ծրագիրներու իրականացման համար անհատոյց ֆինանսական աջակցութիւն տրամադրել` սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարան ձեռք բերելու նպատակով», կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց պաշտպանութեան փոխնախարար Գաբրիէլ Բալայեանը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>