Խրիմեան Հայրիկ`
Կոստանդնուպոլսոյ Պատրիարք
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կոստանդնուպոլսոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան համար, Ազգային ժողովին մէջ Գրիգոր Օտեանի կողմէ Խրիմեան Հայրիկի թեկնածութեան առաջադրումէն ետք, աթոռանիստ մայր եկեղեցիին մէջ 4 սեպտեմբեր 1869-ին գումարուեցաւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի նիստը, նախագահութեամբ Ներսէս Տատեանի եւ մասնակցութեամբ 75 երեսփոխաններու:
Ընտրելիներու ցանկին շուրջ թեր ու դէմ կարծիքներ փոխանակուեցան եւ վիճաբանութիւններ եղան: Երեսփոխաններու մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կ՛առաջադրէր Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի թեկնածութիւնը, որուն գլխաւոր մրցակիցն էր Խորէն եպիսկոպոս Նարպէյ:
Գրիգոր Օտեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ա՛լ ժամ է լռեցնել կիրքերը եւ պատրիարքի ընտրութեամբ զբաղիլ. բոլոր ազգը անհամբեր անոր կը սպասէ: Ազգը կ՛ուզէ պարզ, անխարդախ եւ գրագէտ եպիսկոսպոս մը, որ պատրիարք ըլլայ: Բայց անիկա (Ներսէս եպիսկոպոս) չպիտի կրնայ ըլլալ, որովհետեւ ինքն ալ չընդունիր: Ես կ՛առաջարկեմ ուրիշ մէկը, որ արդէն շատերուն սրտին համաձայն է, որ ազգին ալ սիրելին է եւ որ ճշմարիտ հայու զաւակ եւ ոչ նուազ փառք մ՛է մեր եկեղեցւոյն – հայրենասէրն Խրիմեան»:
Ժողովականները համամիտ գտնուելով միաբերան աղաղակեցին. «Կեցցէ՜ Խրիմեան, կեցցէ՜ Օտեան»: Սրտատրոփ կեցցէներն ու ծափահարութիւնները տեւեցին շուրջ կէս ժամ:
Խորէն եպիսկոպոս Նարպէյ, մասամբ գոհ մնալով որ Ներսէս եպիսկոպոսի թեկնածութիւնը վերցուած է, ըսաւ. «Կեցցէ՜ Խրիմեան սրբազանի պատրիարքութիւնը»:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ քուէարկութիւնը եւ Տարօնի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեան միահամուռ քուէով ընտրուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք:
Քուէարկութենէն անմիջապէս ետք հեռագիր ուղարկուեցաւ Մուշի առաջնորդարան, Խրիմեան Հայրիկի փոխանցելով իր պատրիարք ընտրութեան լուրը: Այդ օր տասնեակներով շնորհաւորական հեռագիրներ ուղարկուեցան Մուշ:
Հեռագիրները ստանալէն ետք Խրիմեան Հայրիկ շնորհակալական հեռագիր մը ուղարկեց Պոլիս` Ազգային ժողովին, խնդրելով աւելորդ հանդիսութիւններ չկազմակերպել իրեն համար. ան կ՛ըսէր. «Չը շռայլել ի հանդէսս, որք ազգին ապարդիւն լինելէն զկնի վնասակար կարող են լինել. գործունէութիւնն է փառաւորութիւն»:
Սուլթան Ազիզ հաստատեց Խրիմեան Հայրիկի ընտրութիւնը, որմէ ետք Ազգային ժողովը հեռագրեց նորընտիր պատրիարքին, որպէսզի Տարօնի ազգային գործերը կարգի դնելէ ետք ուղեւորուի դէպի Պոլիս:
Բարձրագոյն Դուռը Էրզրումի կուսակալ Իսմայիլ փաշային եւ Մուշի մութասարիֆին հրահանգներ ուղարկեց պաշտօնական ընդունելութիւն ցոյց տալու հայոց պատրիարքին եւ պատուոյ պահակախումբ յատկացնելու անոր մինչեւ Տրապիզոն:
Մուշի մութասարիֆը Սուրբ Կարապետի վանք երթալով անձամբ շնորհաւորեց Խրիմեան Հայրիկը:
Էրզրումի կուսակալ Իսմայիլ փաշա պաշտօնական պատգամաւորութիւն մը ուղարկեց Մուշ, հայոց պատրիարքին ընկերանալու եւ զայն դէպի Կարին առաջնորդելու համար:
Ժողովրդային հոծ բազմութիւններ եւ պատգամաւորութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Խրիմեան Հայրիկի վաղեմի հակառակորդները շնորհաւորութեան գացին եւ համբոյրներ փոխանակեցին ընտրեալ պատրիարքին հետ:
***
Հասած էր մեկնումի օրը` 3 հոկտեմբեր 1869: Աղօթարանը դեռ չբացուած արդէն Մուշէն եւ դաշտի գիւղերէն հազարաւոր ժողովուրդ` կին ու տղամարդ, ծեր, երիտասարդ ու մանուկ, խռնուած էր Սուրբ Կարապետի վանքը: Մուշէն ժամանած էին նաեւ ոստիկաններ, պատուոյ պահակախումբ եւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
Վանքին մէջ տօնական մթնոլորտ կը տիրէր: Տաճարին զանգերը բարձր ու զիլ կը ղօղանջէին, թմբուկի եւ զուռնայի ձայները կ՛արձագանգէին, իսկ ժողովուրդը շուրջպար բռնած կը դառնար: Երգերն ու ուրախութեան աղաղակները կը թնդացնէին վանքն ու շրջակայքը:
Մկրտիչ եպիսկոպոս Խրիմեան, զգեստաւորուած, «Հրաշափառ»-ի երգեցողութեամբ, եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրով առաջնորդուեցաւ տաճար պատարագ մատուցանելու եւ հրաժեշտի քարոզը տալու: Տաճարը լեցուեցաւ ժամուորներով:
Հրաժեշտի քարոզը Հայրիկ սկսաւ ըսելով. «Շինական ժողովուրդ հայոց. եօթն տարի առաջ, այն օրը երբ ես ոտքս դրի Մշոյ աշխարհի վրայ, ես սիրեցի այս երկրի հողն ու ջուրը, սիրեցի այս աշխատասէր եւ չարքաշ ժողովուրդը, անոր դառն վաստակ եւ սուրբ քրտինքը տեսայ, անոր ցաւերն ու վիշտերը նկարագրեցի ամէնուրեք եւ ձեռքէս եկածն ըրի, որ ժողովուրդը ուսում եւ կրթութիւն սիրէր, գրել կարդալ սորվէր, իւր հայրենի հողին ու ջրին կապուէր, պանդխտութեան չդիմէր եւ մարդավայել ապրէր»:
Յուզուած էին բոլորը: Ցնցոտիապատ, բոկոտն, թշուառ կին մը, պատին կռթնած` կ՛արտասուէր: Խրիմեան Հայրիկի աչքերը ուղղուեցան վշտահար կնոջ վրայ:
Հայրիկ, մատնանշելով թշուառ կինը ըսաւ. «Կը տեսնէ՞ք այս թշուառ մայրը. Հայաստանի ցաւոց պատկերն է այն, իմ տանջուած ժողովուրդի ոգին է այն, որ ուրուականի մը նման հոս կեցեր է եւ կարծես կը բողոքէ, կը պահանջէ, որ ես նկարիչ մ՛ըլլամ եւ Պոլիս հասնելէ յետոյ Ազգային ժողովին մէջ նկարեմ իւր ցաւագին պատկերը, որ գաւառաբնակ հայութեան պատկերն է»:
Շարունակելով, Հայրիկ ըսաւ. «Այսօր վերջին անգամ դուք կը լսէք Հայրիկին ձայնն ու քարոզը, բայց գիտցէք, որ Հայրիկ ուր որ երթայ միշտ պիտի յիշէ ձեզ եւ պիտի լսէ ձեր տխրութեան եւ ուրախութեան ձայները, ձեր գանգատներն ու բողոքները: Է՛հ, ժողովո՛ւրդ հայոց, մնաք բարեաւ, ես կ՛օրհնեմ ձեզ, կ՛օրհնեմ ձեր տուն ու տեղ, ձեր ընտանիքն ու հայրենիք, դուք ալ օրհնեցէք ձեր Հայրիկ եւ մաղթեցէք, որ պատուով տանիմ այս ծանր լուծը, որ Ազգային ժողովը եւ համայն ժողովուրդը իմ վզիս դրաւ: Մնա՛ք բարեաւ, իմ յոյսը ժողովուրդն է, շինական եւ գիւղացի ժողովուրդը, որուն հարազատ ձայնին եւ մաքուր հոգւոյն ապաւինած` խղճիս վրայ ձեռք կը դնեմ եւ կ՛երդնում, որ ես ժողովուրդի համար անձս ալ կը զոհեմ: Մնաք բարեա՛ւ, ժողովուրդ հայոց»:
Սուրբ պատարագի աւարտին ժողովուրդը արտասուաթոր աչքերով մօտեցաւ Հայրիկի. բոլորը կարգով անոր աջը համբուրեցին եւ օրհնութիւնը առին:
Պետական պատուոյ պահակախումբը կազմ ու պատրաստ էր: Ժողովուրդը խռնուեցաւ վանքին շրջափակը եւ ճամբաներուն վրայ, ողջերթ մաղթելու: Շատեր ձիերու վրայ հեծած կը սպասէին` ընկերակցելու Հայրիկին:
Կեցցէներու աղաղակներու տակ Խրիմեան Հայրիկ բարձրացաւ ձիուն վրայ: Մկրտիչ, Խորէն եւ Յովհաննէս վարդապետներն ալ, որոնք կ՛ընկերանային ազգընտիր պատրիարքին, բարձրացան իրենց ձիերուն վրայ:
Խրիմեան Հայրիկ աջ ու ձախ խաչակնքելով քաշեց ձիուն սանձը, եւ կարաւանը ճամբայ ելաւ, մինչ ժողովուրդը յուզուած ձայնով կը կանչէր. «Հայրի՜կ, Հայրի՜կ, ղուրբա՛ն քըզի, չը մոռնաս զՄուշ, չը մոռնաս աղքատ մշեցին, ղարիբ մշեցին»: «Հայրի՛կ ջան, չը մոռնաս մեր ճիժն ու պիժ, մեր մանկտիք»: «Հայրի՜կ ջան, քարը քըզի կանաչ դառնայ, բարո՛վ էրթաս»:
Ազգընտիր պատրիարքին թափօրը որ գիւղին որ մօտենար, գիւղացիք եկեղեցական թափօր կազմած, աղ ու հացով եւ մատաղով, թմբուկով ու զուռնայով եւ երգ ու պարով դիմաւորութեան կ՛ելլէին, անոր օրհնութիւնը կ՛առնէին եւ ապա ձիեր նստելով կ՛ուղեկցէին մինչեւ յաջորդ գիւղը:
Թափօրը դաշտի գիւղերէն անցնելով մտաւ Վարդօ եւ Խնուս եւ ճամբան շարունակեց դէպի Կարին:
Պետական պաշտօնէութիւնը ամէն տեղ պաշտօնական ընդունելութիւն ցոյց տուաւ նորընտիր պատրիարքին:
Կարին քաղաքի մուտքին կուսակալ Իսմայիլ փաշա, պետական պաշտօնէութիւն, քահանաներ, երեւելիներ եւ խուռներամ ժողովուրդ դիմաւորութեան ելան: Պատրիարքական թափօրը մտաւ քաղաք եւ ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Խրիմեան Հայրիկ կանոնական աղօթքէ ետք քարոզեց եւ ապա առաջնորդարան առաջնորդուեցաւ:
Յաջորդ օր Խաչատուր Փաստրմաճեանի տան մէջ պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ: Հրաւիրուած էին կուսակալ Իսմայիլ փաշա, պետական պաշտօնեաներ եւ հայ ու թուրք վաճառականներ եւ երեւելիներ: Խօսք առնելով Հայրիկ ըսաւ. «Եթէ Կարնոյ հայութիւնը կը սիրէ ինձ եւ կ՛ուզէ յաւերժացնել այս հանդիսաւոր օրուան յիշատակը, ապա ուրեմն ես կը խնդրէի, որ ձեր աղջիկներուն համար դպրոց մը հիմնէիք եւ իգական սեռի կրթութեան հոգատար ըլլայիք: Այս գործի նախաձեռնութեան պատիւը վաճառականներուն կու տամ, որ դրամ տան եւ գործի լծուին»: Խաչատուր Փաստրմաճեան խոստացաւ նուիրել 1500 օսմանեան ոսկի, իսկ Պալլարեան էֆէնտի` 750 ոսկի: Իսկ կուսակալ Իսմայիլ փաշա երաշխաւորեց ըսելով, որ պատրիարք հօր փափաքը շուտով պիտի կատարուի:
Պատրիարքական թափօրը Կարինէն ուղղուեցաւ դէպի Բաբերդ:
Բաբերդի մուտքին ժողովուրդ եւ պետական պաշտօնէութիւն շքեղ ընդունելութիւն կազմակերպեցին եւ Հայրիկը առաջնորդարան առաջնորդեցին: Առաջնորդարանի դրան վրայ մակագրուած էր. «Կեցցէ՜ ազգ. կեցցէ՜ Խրիմեան»: Այդ գիշեր քաղաքին մէջ հրավառութիւն եւ խրախճանք կազմակերպուեցաւ:
Բաբերդէն թափօրը ուղղուեցաւ Կիւմիւշհանէ, ուր եւս ժողովուրդին եւ կառավարութեան կողմէ հանդիսաւոր ընդունելութիւն կազմակերպուեցաւ: Տրապիզոնի հայութեան կողմէ ալ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ քահանաներ ժամանած էին, դիմաւորելու եւ Տրապիզոն առաջնորդելու համար պատրիարք հայրը:
Հանդիսաւոր թափօրը Կիւմիւշհանէէն ճամբայ ելաւ դէպի Տրապիզոն: Քաղաքի մուտքին հայ, յոյն եւ թուրք ժողովուրդ, մութասարիֆը, պետական պաշտօնէութիւն եւ զինուորականութիւն, յունաց առաջնորդը, օտար հիւպատոսներ եւ պատուոյ զօրագունդը պաշտօնական ընդունելութիւն կազմակերպեցին: Պետական շէնքերուն եւ հիւպատոսարաններուն վրայ դրօշակներ կը ծածանէին ի պատիւ հայոց պատրիարքին: Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցի առաջնորդուեցաւ եւ ապա առաջնորդարանը իջեւանեցաւ:
Յաջորդ օր Խրիմեան Հայրիկ այցելեց մութասարիֆին, հիւպատոսներուն, բանակի ներկայացուցիչներուն եւ ապա ուղղուեցաւ հայոց դպրոցը:
Դպրոցի մուտքին աշակերտներ երգելով, ծափերով եւ կեցցէներով դիմաւորեցին Հայրիկը: Ուղերձներ եւ ճառեր կարդացուեցան: Խրիմեան Հայրիկ, յուզուած, սրտառուչ քարոզ մը խօսեցաւ բնաբան ունենալով «Միութիւն եւ աշխատութիւն»:
Կիրակի առաւօտ Խրիմեան Հայրիկ եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց, յորդորելով ժողովուրդը ուսում եւ կրթութիւն սիրել, ազգ եւ հայրենիք սիրել, պետութեան հաւատարիմ հպատակներ մնալ եւ հարեւան ազգերու հետ եղբայրական սէր ցոյց տալ:
Քարոզի աւարտին յունաց առաջնորդը եկեղեցական հանդիսաւոր թափօրով եւ խուռներամ ժողովուրդով ժամանեց հայոց եկեղեցին եւ Խրիմեան Հայրիկէն խնդրեց որ շնորհաբաշխ այցելութեամբ պատուէ յունաց եկեղեցին:
Հայոց պատրիարքը մեծաշուք թափօրով առաջնորդուեցաւ յունաց եկեղեցին: Յոյն աշակերտներ ձիթենիի ճիւղեր բռնած երգելով դիմաւորեցին Հայրիկը: Յոյն ուսուցիչ մը յունարէն բարի գալուստի խօսք արտասանեց: Եկեղեցւոյ մէջ Հայրիկ քարոզեց, իր խօսքը կեդրոնացնելով հայ եւ յոյն եկեղեցիներու հնութեան, յոյն եկեղեցւոյ ուղղափառութեան եւ սիրոյ ու միութեան վրայ: Քարոզը յաճախ ընդհատուեցաւ «զեթօ՜ (կեցցէ) Խրիմեան» աղաղակներով: Այնուհետեւ յունաց առաջնորդը խօսք առաւ եւ ըսաւ. «Խրիմեան Մովսէս Խորենացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի մէկ տիպարն է, որ պատիւ կը բերէ հայութեան մասնաւորապէս եւ քրիստոնեայ հոգեւորականութեան ընդհանրապէս»: Եկեղեցական արարողութենէն ետք յունաց կողմէ ի պատիւ հայոց պատրիարքին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ:
Խրիմեան Հայրիկ ժողովրդային մեծաշուք թափօրով մը ուղղուեցաւ Տրապիզոնի նաւահանգիստը, ուր սուլթան Ազիզի կողմէ ուղարկուած պետական շոգենաւը իրեն կը սպասէր: Ծովափը տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ խռնուած էր, որոնք որոտընդոստ ծափերով ու կեցցէներով բարի ճանապարհ կը մաղթէին պատրիարք հօր:
***
Մայրաքաղաքին մէջ ժողովուրդ եւ կառավարութիւն պատրաստութեան մէջ էին, վեհաշուք ընդունելութիւն ցոյց տալու համար նորընտիր պատրիարքին:
6 նոյեմբեր 1869-ի առաւօտուն Պոլսոյ թերթերը կը ծանուցէին. «Այսօր մայրաքաղաքս կը ժամանէ նորընտիր պատրիարք Խրիմեան սրբազանը»: Պատրիարքարանը, պետական շէնքերը, դեսպանատուներն ու խաները դրօշազարդուած էին:
Նոր պատրիարքի ժամանման լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուած էր: Պոլսոյ գրեթէ բոլոր հայութիւնը, հոգեւորականութիւնը եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին Գում Գափուի ծովափը եւ անձկանօք կը սպասէին: Ամպոտ եւ անձրեւոտ օր մըն էր: Ուրախ էին եւ զիրար կը շնորհաւորէին գաւառացի պանդուխտները` վանեցիներն ու մշեցիները:
Արքայական շոգենաւը սուլելով եւ Վոսփորի ալիքները պատռելով հասաւ Գում Գափուի բացերը եւ խարիսխ նետեց: Թնդանօթները որոտացին: Ժողովուրդը խելայեղօրէն կը ծափահարէր եւ կեցցէ՜ կ՛աղաղակէր:
Պատրիարքարանին կողմէ նշանակուած խումբ մը հոգեւորականներ սուլթան Ազիզի արքայական նաւակով մօտեցան շոգենաւուն եւ Հայրիկին ներկայանալով բարի գալուստ մաղթեցին: Ապա նորընտիր պատրիարքը արքայական նաւակով ծովափ առաջնորդուեցաւ, ուր տեղացող անձրեւին տակ տասնեակ հազարաւոր ժողովուրդ ծափերով ու կեցցէներով դիմաւորեցին եւ ողջունեցին Հայրիկը: Ապա առաջ անցաւ պատանի մը` Մինաս Չերազ (որ հետագային ազգային ականաւոր գործիչ եւ գրագէտ պիտի դառնար) եւ ձեռքին թերթ մը բռնած կարդաց «Ողջոյն առ Խրիմեան»: