Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տունը` դեմոկրատական, իսկ ծերակոյտը` հանրապետական: Երբ երկրի մը քաղաքական ամբողջ կառոյցը հիմնուած է երկկուսակցական դրութեան վրայ, դժբախտաբար ակնկալութիւնը, արդիւնքն ու ապագան կախեալ պիտի ըլլան այդ երկու հատուածներէն` կարմի՛ր թէ կապոյտ, կամ` գունաւորման աշխարհէն մուտք գործելով պայմաններուն հետ համեմատաբար համընկնող անտառի քաղաքականութիւն` փիղ թէ աւանակ:
Նոյեմբեր 6-ին պատահածը յիսուն նահանգներու մէջ քաղաքական կարմիր եւ կապոյտ գոյներով օժտուած քարտէսը երկու տարի ետ տարաւ, մինչեւ 2016:
Մտածելու, վերլուծելու, դատելու եւ ըստ այնմ շարք բռնելու եւ քուէարկելու այդ գործելաձեւը ո՛չ մէկ ազդեցութիւն կամ խոր իմաստ ունի թէ՛ քուէարկողին եւ թէ՛ քուէարկուողին վրայ:
Պարզապէս բեւեռացումն է, որ հետզհետէ արմատախիլ կ՛ընէ ողջմտութիւնը, ազատութիւնը, արդարութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:
Դեռ շատ մելան կարելի է հոսեցնել, շարունակ էջե՜ր ու էջեր մրոտել այս միջանկեալ ընտրութիւններուն մասին: Մատնանշումներ եւ հաստատումներ տեղին է կատարել` ստեղծուած իրավիճակը յաւելեալ թափանցիկութեամբ ներկայացնելու համար:
Առաջին հերթին, պէտք է անպայման նշել, որ սպասուած կապոյտ ցունամին տեղի չունեցաւ: Այսինքն դեմոկրատները չկրցան հնձել բազմաթիւ կարմիր տարածաշրջաններէ ակնկալուած քուէները:
Արձանագրուած քանի մը անակնկալներէ անկախ` կարմիրը մնաց հաստատ կարմիր, կապոյտն ալ` լազուարթ կապոյտ:
Հարաւային նահանգներն էին, որոնք դարձան բուռն կռուախնձոր, յատկապէս` հանրապետականներու սիրտը նկատուող Թեքսասի մէջ, ուր կը սպասուէր, որ դեմոկրատներու ապագայ խոստացող երիտասարդներէն Պեթօ Օ՛Ռուրք, որ կը կրէ «սպիտակամորթ Օպամա» ծածկանունը, կարենար յաղթական դուրս գալ: Սակայն ասիկա չպատահեցաւ, եւ երիտասարդ դեմոկրատականը չկրցաւ ինքզինք պարտադրել ու երկու առ հարիւր քուէներու տարբերութեամբ տեղի տուաւ:
Միւս կողմէ, սակայն, յիշատակելի են իգական սեռի թեկնածուներուն, որոնք մեծամասնութեամբ առաջադրուած էին դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ, արձանագրած յաջողութիւնները: Յիշատակելի եւ պատմական իրադարձութիւն մըն է նաեւ, որ Միշիկընէն երկու իսլամ եւ միեւնոյն ժամանակ իգական սեռի ներկայացուցիչներ առաջին անգամ ըլլալով մուտք գործեցին Ներկայացուցիչներու տուն:
Զարմանալիօրէն նախագահ Թրամփ այս արդիւնքները շռնդալից յաղթանակ նկատեց… Նմանօրինակ արտայայտութիւններով ալ ան կատարեց իր յետընտրական մամլոյ ասուլիսն ու հարցազրոյցը, որուն ընթացքին գերյարձակունակ ոճով պատասխանեց լրագրողներուն` աւելի եւս ջղագրգռելով եւ ելեկտրականացնելով մթնոլորտը:
Նենսի Փելոսի շատ հաւանաբար վերստին Ներկայացուցիչներու տունի խօսնակի պաշտօնը ստանձնելով` մինչեւ ո՞ւր պիտի տանի Թրամփի դէմ պայքարը, սկսելով վերջինիս տուրքերու գաղտնի թղթածրարի բացայայտումէն մինչեւ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ դերակատարութիւնը:
Իսկ Սպիտակ տունին մէջ, ըստ երեւոյթին, գործէ արձակուելու ալիքը պիտի շարունակուի` այն փոքր հաւանականութեամբ սակայն, որ անոր վարձակալն ալ գործէ արձակուելու երկմտանքն ու արհաւիրքը ապրի:
Շարունակուողը պայքարը չէ, այլ յանկերգը` մերթ կարմիր եւ մերթ կապոյտ երանգներով: