Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

«Հայ-Ֆրանսական Գրապատմական Առնչութիւններ» Խորագիրով Գիտական Նստաշրջան

$
0
0

Նոյեմբեր 1-ին Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի Վաչէ Պարտիզունիի անուան հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի եւ «Սփիւռք»  գիտաուսումնական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ, Ֆրանքոֆոնիայի 17-րդ միջազգային գագաթնաժողովի գրամշակութային ծիրին մէջ կազմակերպուած էր «Հայ-ֆրանսական գրապատմական առնչութիւններ» խորագիրով գիտական նստաշրջան:

Բացման խօսքին մէջ համալսարանի ուսումնագիտական գծով հոգեբանական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆ. Սրբուհի Գէորգեանը շնորհաւորեց «Հայ-ֆրանսական գրապատմական առնչութիւններ» խորագրով գիտական նստաշրջանի բոլոր մասնակիցները: Ան նշեց, որ այս նիստով, ըստ էութեան, ամփոփուեցան Ֆրանքոֆոնիայի գրական եւ մշակութային բազմաբովանդակ հանդիսութիւնները, որմէ ետք անդրադարձաւ հայ-ֆրանսական մշակոյթի երկդարեայ եւ այսօր ալ շարունակական փոխներթափանցումներուն` ընդգծելով, թէ որքա՛ն վճռորոշ եղած են հայ գրականութեան զարգացման եւ ուղղութիւններու ֆրանսական ներգործուն ճանապարհները (դասական վիպապաշտութիւն, խորհրդապաշտութիւն, նոր-վիպապաշտութիւն, բնապաշտութիւն աւելի ուշ` գոյութենապաշտութիւն, պերկսոնիզմ եւ այլ հոսանքներ ու շարժումներ):

Գիտաժողովի զեկուցումներուն մասը բացաւ հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանը, որուն զեկուցումը կը վերաբերէր Նար-Դոս – Անրի Թրուայա գրական առնչութիւններուն («Նար-Դոս եւ Անրի Թրուայա. կերպարներու տիպաբանական ընդհանրութեան դրուագներ»):

Գիտաժողովը ներկայացուցչական էր. բացի նախաձեռնող հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի փրոֆեսէօրադասախօսական կազմէն` կը մասնակցէին հայ հին եւ միջնադարեան գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոնի վարիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, փրոֆ. Աէլիտա Դոլուխանեանը («Ժան-Փիեր Մահէն` Կորիւն վարդապետի երկի թարգմանիչ»), Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան Գրականութեան հիմնարկի տնօրէն, փրոֆ. Վարդան Դեւրիկեանը («Հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները 17-18-րդ դարերուն հայկական ուղեգրութեան մէջ»), համալսարանի ռոմանագերմանական լեզուներու ամպիոնի վարիչ, թարգմանիչ Նուարդ Վարդանեանը («Իսկուհի Մինասի «Աստուածային խաբկանք» ժողովածուի հայկական յետագիծը»),  բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն Աշոտ Գալստեանը («Էմիլի Կարլիէի «Կոտորածների մէջ» օրագրութեան գեղարուեստավաւերագրական հիմքերը»), Երեւանի պետական համալսարանի Հրանդ Թամրազեանի անուան հայ գրականութեան պատմութեան եւ Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման մեթոտիկայի ամպիոններու փրոֆ. Ալպերթ Մակարեանը («Ֆրանսական «Փոլիշինելը» եւ Յ. Պարոնեանի «Ազգային ջոջերը»), Հայաստանի պետական մանկավարժական համալսարանի արհեստակցական կազմակերպութեան նախագահ  Յասմիկ Սարգսեանը («Մարդու աշխատանքային իրաւունքի պաշտպանութեան հիմնախնդիրներ. հայ եւ ֆրանսական արհեստակցական կազմակերպութիւններու մօտեցումներն ու տարբերիչ գծերը»):

Ամպիոնէն զեկուցումներով հանդէս եկան փրոֆ. Մարտին Գիլաւեանը («Ֆրանսական խորհրդապաշտութիւնը եւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան զարգացման ուղղութիւնը»), դասախօսներ` Լուսինէ Գալստեանը («Վահէ Քաչայի «Գիշատիչների խնճոյքը» վէպը»), Արմենուհի Մուրադեանը («Աբրահամ Ալիքեանի ֆրանսական բանաստեղծութեան այցեքարտը»), Քնարիկ Աբրահամեանը («Լամարթինը` 19-րդ դարի հայ գրական հանգրուաններում. մի քանի շեշտադրումներ»), «Սփիւռք»  գիտաուսումնական կեդրոնի աւագ գրադարանավար Նելլի Թադէոսեանը («Ֆրանսական միջավայրի եւ մշակոյթի գեղարուեստական զուգադիր քննութեան փորձ. Վազգէն Շուշանեան եւ Անտրէ Ժիտ»):

Այս գիտաժողովի առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ, ինչպէս իր ամփոփիչ խօսքին մէջ նկատեց կազմակերպիչ Սուրէն Դանիէլեանը, այն էր, որ կը մասնակցէին եւ զեկուցումներով հանդէս եկան ուսանողներ. ան հաւաստիացուց, որ այս մօտեցումը շարունակական պիտի ըլլայ ամպիոնի աշխատանքներուն մէջ: Չորրորդ տարուան ուսանողուհի Զուարթ Ամբրոյեանը եւ հեռակայ երրորդ տարուան ուսանողուհի Ամալիա Սուքիասեանը զեկուցեցին համապատասխանաբար «Էմիլ Զոլայի «Թերեզ Ռաքեն» վիպակի կերպարներու հոգեբանական վարքագծի քննութեան նոր փորձ» եւ «Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Աստուածամօր տաճարը» վէպի կերպարները» թեմաներով:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17235

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>