ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Մանաւանդ հայրենիքի մէջ, կան որոշ քաղաքական գործիչներ, մամլոյ պատասխանատուներ, հրապարակագիրներ եւ մտաւորականներ, որոնցմէ կը խուսափի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան խօսքը, գործը եւ էութիւնը ճիշդ ներկայացնելու եւ արդար դատելու ըմբռնողութիւնը:
Այս կացութիւնը մասամբ կարելի է բացատրել իբրեւ հետեւանք այն հակադաշնակցական մոլուցքին, որ շղթայազերծեցին ու տակաւին կը շարունակեն պոլշեւիկեան եւ նոր-պոլշեւիկեանն շրջանակները:
Զուգահեռաբար, գոյութիւն ունին մակերեսայնութեամբ կամ օրուան քաղաքական հաշուարկներէ մղուած Դաշնակցութեան ծանօթացումը կատարողներու յեղյեղուկ շրջանակները:
Նաեւ գոյութիւն ունի շրջանակ մը, որ «սրտացաւութեամբ» Դաշնակցութեան ապագային ու ընելիքին մասին վճիռներ կ՛արձակէ եւ թելադրանքներ կ՛առաջադրէ` հիմնուելով իրեն հաճելի թուացող մեկնաբանութեանց եւ թէական տուեալներու վրայ:
Այսուհանդերձ, կան նաեւ անոնք, որոնք ճիշդ ճանչցած են կամ կրցած են ճիշդ ըմբռնել Դաշնակցութիւնը: Լաւագոյն օրինակը Կոմանդոսն է, արցախեան ազատամարտի հերոս, զօրավար-հազարապետ Արկադի Տէր Թադեւոսեանը, որ մեր ազատագրական պայքարի այդ տաք օրերուն հետեւեալ բնութագրումը կատարեց. «Ես ո՛չ դաշնակցական եմ, ո՛չ ՀՀՇ-ական, բայց պիտի ասեմ, որ Շուշիի ժամանակ գլխաւոր դերը ՀՅԴ-ն էր խաղում, ՀՅԴ-ի գիծը ճիշդ գիծ էր, իրենք պաշտպանում էին Ղարաբաղը, ուզում էին, որ շարժումը համաժողովրդական լինի, ես շփուել եմ երկու կողմի հետ էլ, կարող էի ՀՀՇ-ի կողմից անպատիւ խօսքեր լսել դաշնակցականների մասին, բայց դաշնակցականները տենց չէին խօսում…»:
Այսօր եւ ընդմիշտ «դաշնակցականները տենց» չեն խօսիր ու գործեր: Դաշնակցականները կը խօսին ազգամիջեան համերաշխութեան մասին, ընդհանրական շահերու մասին, հաւաքական աշխատանքի մասին, միայն ու միայն հայրենիքին ու ժողովուրդին ծառայելու մասին: Այդ խօսքը կը հնչէ ոչ միայն մարտի դաշտին վրայ, այլեւ` արդարութեան, հաւասարութեան, տնտեսական բարօրութեան, ընկերային բաւարարման եւ քաղաքացիական ազատութեան ճակատներու վրայ: Դաշնակցականի այս խօսքին անբաժան ընկերակիցն է դաշնակցական գործը, որպէսզի իրականանայ խօսքը: Ինչպէս ատենին հայութեան աշխարհիկ սուրբը Սիմոն Զաւարեան ըսած է, Դաշնակցութեան համար «խօսքը առանց գործի` մեռեալ է»:
Այսքան պարզ են Դաշնակցութեան խօսքն ու գործը, որոնք գաղափարական, քաղաքական եւ կազմակերպական պարտադրանք են իւրաքանչիւր դաշնակցական մարդու համար: Այս պարտադրանքը հանրագումարն է կազմակերպական երկար փորձառութեան:
Բայց գոյութիւն ունի իրավիճակ մը, որ իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր հայրենի հողին վրայ: Այս իրավիճակը հեղձուցիչ է Դաշնակցութեան խօսքի ընկալման եւ արգելակիչ է դաշնակցական գործի կիրարկման համար: Մօտ երեք տասնամեակներէ ի վեր ու նաեւ այսօր հայրենիքն ու հայրենի ժողովուրդը գործ ունին սեփական տիրութիւնը պարտադրող իշխանական մշակոյթի մը հետ, որուն արմատները կ՛երթան մինչեւ համայնավարական մենատիրութեան օրերը:
Յոյսը այն էր, որ մայիսեան ժողովրդային յեղափոխութիւնը վերջ պիտի դնէր այս իրավիճակին: Սակայն այսօր փաստը այն է, որ իրավիճակը կրկին ինքզինք կը պարտադրէ:
Երեւանի քաղաքապետական արտահերթ ընտրութիւններուն քուէարկողներուն ութսուն տոկոսէն աւելի իրենց քուէները տուին օրուան վարչապետին հովանաւորած ցանկին: Տարի մը առաջ կայացած ընտրութիւններուն օրուան իշխանաւոր Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Երեւանի մէջ ստացաւ քուէներուն գրեթէ ութսուն տոկոսը: Երբ կը բաղդատենք երկու ընտրութեանց մասնակից քուէարկողներուն ցանկերը, կը նկատենք, որ նոյն քուէարկողները աւելի քան իննիսուն տոկոսով մասնակցած են երկու ընտրութիւններուն: Ըստ երեւոյթին, նոյն շարժիչ ուժերը այս անգամ քուէները ուղեւորեցին ի նպաստ նոր իշխանութեան:
Ոչ մէկ պատճառ կայ ակնկալելու, որ այս դեկտեմբերին կայանալիք խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պիտի վնասազերծուին շարժիչ ուժերու ազդեցութենէն: Ընդհակառակը, այս ուժերը ողջ եւ առողջ են իրենց թաղապետներով եւ գիւղապետներով: Անոնց համար առաջնահերթութիւն չեն ժողովուրդը եւ յեղափոխութեան սկզբունքները, այլ` միայն ու միայն իրենց սեփական առանձնաշնորհումները եւ սեփական շահերը:
Հետեւաբար այսօր իշխանութեան ղեկի տիրոջ համար նոյն օլիկարխը դարձած է գործակից, անցեալի թալանողը վերածուած է բարերարի, գողապետներու շրջապատի մարդիկը կը յայտնուին իբրեւ խորհրդարանի վարկանշային ու համամասնական ցուցակներու թեկնածուներ, մինչեւ իսկ կը նշանակուին մարզպետներ…
Չմոռնանք, հակառակ մայիսին կատարուած խոստումներուն` ցարդ ոչ մէկ օլիկարխ կամ թալանչի դատական ընթացակարգի ենթարկուած է: Տակաւին չենք ուզեր անդրադառնալ տնտեսական եւ ընկերային բարեկարգումներու կամ կառավարական այլ աշխատանքներու աղաղակող բացակայութեան մասին:
Ուրեմն, ո՞ւր է իրական յեղափոխութիւնը: Ինչո՞ւ չի գար:
Նոր իշխանաւորներուն այլազան գոյնի պաշտպանները այսօր կ՛ուզեն համոզել ժողովուրդը, որ պէտք է գործակցիլ անոնց հետ, որոնց դէմ ու անոնց ներկայացուցած համակարգին դէմ էր յեղափոխութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ «ներսէն» կատարել անհրաժեշտ փոփոխութիւնները:
Սակայն նոյն մարդիկը տարիներ շարունակ «ներսէն» բարեփոխելու Դաշնակցութեան ճիգերը դաւաճանութեան որակումին կ՛արժանացնէին:
Այս մարդոց համար անցեալին եղածը դաւաճանութիւն էր, սակայն այսօրուան գործակցութիւնը պետականութեան կառուցման անհրաժեշտութիւն է:
Այս պայմաններու տակ Դաշնակցութեան խօսքին ու գործին հանդէպ յերիւրածին վճիռ արձակելը պարզապէս կեղծաւորութեան համազօր է:
Լոս Անճելըս