Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» Հատորին Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին, գործակցութեամբ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան գրական միաւորին, 11 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Կորիւն արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» հատորին շնորհահանդէսը, որ եղաւ արժանաւորին յարգանքի տուրքի մատուցման արդար արտայայտութիւն մը` անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերելով մեզմէ առյաւէտ բաժնուած հոգեւորականին, մտաւորականին, բանաստեղծին եւ գիտաշխատողին արժանիքներն ու անժամանցելի ժառանգութիւնը:
Ազգային առաջնորդարանի յանձնախումբին անունով Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանը ողջունելէ ետք ներկաները, յիշեցուց, որ մեր եկեղեցին, վանքերն ու սրբազան հայրերը դարեր շարունակ եղած են մեր մշակոյթի արարման ու պահպանման ջահակիրները, իսկ սոյն երեկոն նուիրուած է նման ջահակիրի մը մէկ աւանդին` «Հոգեմատեան» հատորին, որ հրատարակուած է յետմահու:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Էդիկ Ալավերդեանը գոհունակութիւն յայտնեց, որ առիթը ստեղծուած է Ազգային առաջնորդարանին ու Համազգայինին միջեւ գործակցութեամբ խոնարհելու հոգելոյս սրբազանի յիշատակին, յիշեցնելով, որ Համազգայինը տասնամեակներ շարունակ լծուած է հայ մշակոյթի տարածման, մասնաւորաբար` հրատարակչական ասպարէզի ճամբով, ապա կանգ առաւ հոգելոյս սրբազանի արժանիքներուն վրայ` հաստատելով, որ ան առասպելական անձնաւորութիւն մըն էր, աշխատանքի ու նուրբ դիւանագէտի տիպար մը, որ Նոր Ջուղայի մէջ առաջնորդական առաքելութեան կոչուեցաւ 1970-ականներու վերջերուն, երբ Իրան կ՛ապրէր փոթորկալի տարիներ. ան յաջողեցաւ լաւ յարաբերութիւններ մշակել նոր իշխանութիւններուն հետ ու սատարել հայութեան հաւաքական կեանքի անխափան շարունակման եւ ստեղծեց բարի ժառանգութիւն:
Հատորին ներկայացումը կատարեց դաստիարակ եւ ազգային գործիչ Սարօ Նազարեանը, որ անդրադարձաւ գիրքի բաժիններուն, նաեւ յուշերու ճամբով ներկայացուց հոգելոյս սրբազանին մտաւորականի ու հայութեամբ բաբախող սիրտ մը ըլլալու արժանիքները: Ան հատորէն քաղուած ընթերցումներ կատարելով` ներկայացուց գիրքին ներքին բաժինները: Հատորին արձակ էջերը կազմուած են հոգեւոր խորհրդածութիւններէ, մշակութային-դաստիարակչական հարցեր շօշափող էջերէ ու Նոր Ջուղայի մասին քանի մը ուսումնասիրական աշխատութիւններէ, որոնք լոյս կը սփռեն մշակութակերտ հայրերու եւ դէմքերու, դարաւոր տպարանին ու անոնց ժառանգութիւններուն վրայ:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Փակման խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան նկատել տուաւ, որ հոգելոյս Կորիւն սրբազանը շուրջ 60 տարիներու նուիրեալ աշխատանքով պատկառելի վաստակ մը կերտած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու անոր թեմերու ծառայական կեանքին մէջ, հաստատելով, որ Կորիւն արք. Պապեանը կը պատկանէր սերունդի մը, որ խօսքով, գործով ու գրիչով միշտ ներկայութիւն էր մեր կեանքին մէջ: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ հատորը լոյս տեսած է վեհափառին տնօրինումին, Կորիւն արք. Պապեանի եղբօր` տոքթ. Մհեր Պապեանի նախանձախնդիր հետապնդումներուն ու Վաղինակ ծ. վրդ. Մելոյեանի խմբագրական աշխատանքին շնորհիւ:
Իր յարգանքի խօսքէն ետք առաջնորդը յայտնեց, որ աւանդութիւն դարձած է, որ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը իր տարեկան նստաշրջանին պատուէ նուիրեալ ծառայողներ, եւ այս տարի յուշանուէրի արժանացողներէն մէկն էր Սարօ Նազարեանը` իբրեւ վաստակաւոր դաստիարակ եւ ազգային գործիչ, սակայն այդ օրերուն քաղաքէն դուրս ըլլալուն պատճառով, չէր ստացած իր յուշանուէրը: Հետեւաբար այս առիթով յուշանուէրը յանձնուեցաւ անոր:
Հայ Դատի Իրագործումներու Նշում
7 հոկտեմբերին Պեւըրլի Հիլզ քաղաքի «Պեւըրլի հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկը, որուն ընթացքին պատուուեցան Հայ դատին մեծ նպաստ բերած հայ թէ օտար անձնաւորութիւններ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց Հայ դատի ծառայողներն ու կամաւորները, որոնք իրենց սիրտերն ու ձեռքերը միացուցած են` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի մէջ արդարութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման յառաջընթացին եւ յառաջ մղելու մեր Դատը Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սթիւ Արթինեանը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նպաստած էին ձեռնարկին յաջողութեան: Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց ձեռնարկը հովանաւորողներուն ցուցաբերած կենսական աջակցութեան համար:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Հայ դատի զօրակցութիւնը ապահոված` Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի նախկին նախագահ Քեւըն տէ Լէոնը, որ դրուատեց ամերիկահայ մեծագոյն քաղաքական կազմակերպութիւնը հանդիսացող Հայ դատը եւ անոր նուիրեալ կամաւորները, որոնք շարունակաբար կը պաշտպանեն ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերը:
Ցուցադրուեցաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի քաջալերական եւ շնորհաւորական պատգամին տեսանիւթը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը կարդաց կազմակերպութեան պատգամը: Ան շեշտեց, որ Հայ դատը աշխարհացրիւ իւրաքանչիւր հայու դատն է` յիշեցնելով անոր հիմնական նպատակները` Հայաստանի յառաջդիմութեան եւ բարօրութեան աջակցութիւնը, Արցախի մէջ խաղաղութեան եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքի երաշխաւորումը, Հայոց ցեղասպանութեան արդարահատուցումը եւ սփիւռքի քաղաքական աշխուժութեան ապահովումը: Յովսէփեանը նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի իրագործումներուն մասին:
Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետի պաշտօնին թեկնածու Էլենի Քունալաքիսը, որ իր ընտրապայքարին ընթացքին կը վայելէ Հայ դատին նեցուկը, իր ելոյթին մէջ խոստացաւ զօրավիգ կանգնիլ Հայ դատին եւ մօտէն գործակցելով հայ համայնքին հետ` նպաստել անոր նպատակներուն իրականացման:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւնը: Այս տարի մեծարուեցան` Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը` «Արդարութեան ջատագով» մրցանակ, «Ուրացման ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնին արտադրութեան մասնակցած խումբը` «Լրատուութեան մէջ գերազանցութիւն» մրցանակ, երաժիշտ, յօրինող եւ քաղաքական գործիչ Սերժ Թանքեանը` «Ժողովուրդի յառաջամարտիկ» մրցանակ, անցնող տարեշրջանի Հայ դատի վարժողական ծրագիրներու մասնակիցները: Յետմահու յատուկ յարգանքի եւ երախտագիտութեան արժանացաւ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեաններ ամոլը:
Ձեռնարկը փակուեցաւ հանգուցեալ Շարլ Ազնաւուրի «Լա պոէմ» երգի տեսանիւթին ցուցադրութեամբ:
Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Մեծարանքի 12-րդ Հանդիսութիւն
13 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի «Կրանտ հայաթ» պանդոկի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի ութերորդ հանդիսութիւնը:
Օրուան հանդիսավար, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի «Հիւմըն ռայց ուոչ» ոչ կառավարական հիմնարկի պատասխանատու Սառա Լիա Ուիթսընը յայտնեց, որ այս տարուան մեծարանքի երեկոն կը զուգադիպի Հայաստանի Ա. անկախութեան 100-ամեակին, աւելցնելով, որ այս հարիւր տարիները ցոյց կու տան, թէ որքա՜ն ճամբայ կտրած ենք, յատկապէս` պայքարելով ահաւոր կացութիւններու դէմ, եւ այս գծով Հայ դատը առաջնահերթ դերակատարութիւն ունեցած է, յատկապէս` քաղաքականութեան բեմին վրայ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով Օտրի Մարտոյեանը տեղեկացուց, որ յիշատակի շքանշաններ պիտի ստանան Հայ դատի բնագաւառէն ներս ծառայած անձնաւորութիւններ: Մարտոյեանը վեր առաւ երիտասարդներու կատարած ներդրումը եւ այս առթիւ շքանշաններ յանձնեց անցեալ ամրան երիտասարդներու յատուկ «Լէօ Սարգիսեան» դասընթացքին մասնակցած Ատրիէն Թազեան-Շուարցին, Վիքթորիա Միսիկեանին եւ Անդրանիկ Քեչեճեանին:
«Վահան Գարտաշեան» մրցանակը ստացաւ Քեն Սարաճեանը, «Ազատութեան» մրցանակը` «Խոստումը» ժապաւէնի իրլանտացի բեմադրիչ Թերի Ճորճը, «Ազատութեան» մրցանակ Էրիք Իսրայէլեանը:
Մարդկային իրաւունքներուն համար պայքարող ռուանտացի Քոնսոլի Նիշիմուէ, որ իր կարգին 1994-ին կորսնցուցած է ընտանեկան պարագաները թութսիներու դէմ կատարուած ջարդի ընթացքին, նկատել տուաւ, որ ցեղասպանութեան մը ետին կանգնող պետութիւններ եթէ չպատժուին, բնականաբար պիտի շարունակուին նմանօրինակ զարհուրելի դէպքեր: Ան կոչ ուղղեց, որ նմանօրինակ արարքներու ետին կանգնող անձնաւորութիւններ եւ պետութիւններ դատի կանչուին:
Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Ճորճ Աղճայեանը իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ հայորդին անվերապահ եւ ամբողջական գիտակցութեամբ կ՛ընդառաջէ Հայ դատի կոչերուն, որովհետեւ հաւատացած է, որ այս մէկը գոյութեան իմաստ է, եւ առանց անոր` գործընթացը դժուար կ՛ըլլայ եւ ենթակայ` մեծ մարտահրաւէրներու եւ վտանգներու:
Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Րաֆֆի Համբարեանը յայտնեց, որ Հայ դատի յանձնախումբը կը լսէ տեսակէտները եւ կը հունաւորէ իր աշխատանքը, աւելցնելով, որ աշխատանքը այնքան բազմածիր է, որ իսկապէս հայ ժողովուրդէն նիւթական թէ բարոյական մեծ ներդրում եւ մեծ կարողականութիւն կ՛ենթադրէ:
Յայտնենք, որ յայտագիրէն առաջ կատարուած աճուրդի որպէս արդիւնք` գոյացաւ կոկիկ գումար մը: Կատարուեցան նաեւ նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ դատի յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին:
Կլենտէյլի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Արցախ» Փողոցի Անուանակոչութեան Պաշտօնական Արարողութիւնը
Կլենտէյլի կեդրոնը գտնուող «Արցախ» պողոտայի անուանակոչման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հոկտեմբեր 2-ին: Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեանը պատմական համարեց օրը` նշելով, որ այսպիսով, քաղաքը կը ճանչնայ հայ համայնքի տասնեակ տարիներու ներդրումը Կլենտէյլի կայացման ու զարգացման գործին մէջ:
«Կլենտէյլի մէջ հայ համայնքը սկսած է ձեւաւորուիլ նախորդ դարու 70-ականներէն, երբ տարբեր երկիրներէն ժամանած հարիւր հազարաւոր հայերու համար քաղաքը դարձաւ տուն, ուր հայերը հիմնեցին տուներ, աշխատանք ստեղծեցին, մեծցուցին իրենց զաւակները: Հայերը իրենց սիրտն ու հոգին դրած են` աշխուժօրէն մասնակցելով Կլենտէյլի զարգացման, եւ այսօր այս քաղաքը կը համարուի Միացեալ Նահանգներու մէջ հայերու կեդրոնը», ըսաւ Զարեհ Սինանեանը:
Խօսք առաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյին, որ կարեւոր նկատեց հայկական անուանումով պողոտայի առկայութիւնը աշխարհի ամենահայաշատ քաղաքներէն մէկուն մէջ: Նոր վերադարձած եմ Արցախ իմ երկրորդ ուղեւորութենէս, եւ կ՛ուզեմ ըսել, որ շատ կը սիրեմ Արցախն ու արցախցիները, որոնք ապրելով հրադադարի խախտման ամէնօրեայ սպառնալիքի պայմաններու մէջ` խաղաղասէր են ու շատ հանգիստ:
«Արցախ» փողոցի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ էր նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը, որ ըսաւ. «Արցախի մէջ շատ ոգեւորուած էինք, որ Կլենտէյլի մէջ փողոց պիտի անուանակոչուի մեր երիտասարդ հանրապետութեան պատուին: Սա վկայութիւնն էր, որ մեր համագործակցութիւնը Քալիֆորնիոյ հետ կը շարունակուի` հաշուի առնելով փաստը, որ նահանգը ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը»:
Կլենտէյլի Ուիլսըն եւ Հարվըրտ փողոցներուն մէջտեղը ձգուող Մերիլենտ փողոցը «Արցախ» անուանակոչելու որոշումը ընդունուած է Կլենտէյլի Քաղաքային խորհուրդի անդամներու միաձայն քուէարկութեամբ, 2018-ի յունիսի նիստին:
Քոլորատոյի Մէջ «Սարդարապատ» Մայրուղիի Ցուցանակին Պաշտօնական Բացումը
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, Քոլորատօ նահանգի օրէնսդիր մարմինը այս տարուան ապրիլին որոշած էր նահանգին Սենթենիըլ (հարիւրամեակ) քաղաքի գլխաւոր մայրուղիներէն մէկը անուանել «Սարդարապատ հայկական յիշատակի մայրուղի»: Չորս մղոննոց մայրուղին Սենթենիըլ քաղաքը կը կապէ Օրորա քաղաքին: Երկու քաղաքներն ալ յատկանշական թիւով հայ բնակիչներ ունին:
Նշենք, որ Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանը եւ ծերակոյտը թիւ 18-1019 բանաձեւը վաւերացուցած էին միաձայնութեամբ` շնորհիւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին` Քոլորատոյի Հայ դատի յանձնախումբին եւ «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան միացեալ ջանքերուն: Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումը կարելի եղած էր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու յատկանշական ներդրումներուն շնորհիւ:
Մայրուղիի ցուցանակին բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, սեպտեմբեր 29-ին: Արարողութեան բացման աղօթքը կատարեց թեմի հովիւներէն Արսէն քհնյ. Գասապեանը, իսկ արարողութեան ընթացքին ելոյթներ ունեցան` քոնկրեսական Մայք Քոֆմընը, Քոլորատոյի նահանգային ծերակոյտի անդամ Տոմինիք Մորենոն, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Քոլ Ուիսթը, Սենթենիըլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մայք Սաթըրլենտը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանը, «Քոլորատոյի հայեր» կազմակերպութեան վարչութեան ատենապետ Սոնա Հատէշեանը, իսկ հանդիսավարն էր Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համայնքային յարաբերութեանց պատասխանատու Սիմոն Մաղաքեանը: Արարողութիւնը փակուեցաւ «Սարդարապատ» երգի միացեալ երգեցողութեամբ:
Ներկայ էին շարք մը պետական պաշտօնատարներ եւ համայնքային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:
Արարողութիւնը կարելի է դիտել` այցելելով www.facebook.com/ANCAWesternRegion/videos/526211051182408 կայքէջը:
Քանատա
Թորոնթոյի Մէջ Մէկ Միլիոն Տոլար Հաւաքուեցաւ Ի Նպաստ «Հայաստան» Հիմնադրամին
21 հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ կայացած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին ընթացքին կարելի եղաւ գոյացնել մէկ միլիոն ամերիկեան տոլար:
Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարը նոր մրցանիշ մըն էր շրջանին համար, եւ անիկա պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին նախաձեռնած կենսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման:
Ատրպատական
Գերմանացի Արուեստագէտ Մարքոս Էնտլերի «Պատուհան» Գծանկարչական Ցուցահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Թեմական խորհուրդին, կազմակերպութեամբ Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան, ձեռամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ` Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, 10 հոկտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը գերմանացի արուեստագէտ Մարքոս Էնտլերի «Պատուհան» խորագիրը կրող գծանկարչական ցուցահանդէսին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց արուեստագէտ Մարքոս Էնտլեր, որ ներկայացուց վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին իր ստեղծագործած աշխատանքները` օգտուելով Ատրպատական կատարած իր այցելութենէն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին` ցուցահանդէսի կազմակերպման առիթով, նկատել տալով, որ «Պատուհան» խորագրած է ցուցահանդէսը, որովհետեւ իր հայեցողութեան պատուհանէն նայած է Ատրպատականի կեանքին եւ գծագրած այնպէս, ինչպէս որ ինք տեսած է սոյն երկրի կեանքը:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին դէմքեր եւ վայրեր, վերջին շաբաթուան ընթացքին Էնտլերի Ատրպատականի մէջ տեսած անձերէն եւ հայկականութեան հետ առնչուած սրբավայրէն:
Սրբազան հայրը իր կարգին բարձր գնահատեց արուեստագէտին աշխատանքը, որ կրցած էր այսքան կարճ ժամանակի մէջ աւելի քան քառասուն գծանկարներ ստեղծագործել: Սրբազանը անդրադառնալով ներկայացուած գործերու բնոյթին` նկատել տուաւ, որ արուեստագէտը տեսած է թեմին արժէքները, եւ սոյն ցուցահանդէսը ինքնին վկայութիւն է, որ ազգեր իրարու մշակոյթը փոխադարձաբար ճանչնալով` աւելի կը հարստանան: