Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութեան դրդապատճառներն ու թայմինկը բաւական վերլուծումներու եւ եզրակացութիւններու դուռ կրնան բանալ:
Առաջին հերթին, քանի մը կարճ տեղեկութիւններ` 22 մարտ 2018-էն ի վեր նախագահ Թրամփի կողմէ նշանակուած Պոլթընի մասին:
Ամերիկայի կարծր անձնաւորութիւններու դասակարգին կը պատկանի Պոլթըն, որ իր երկրի շահերը ամէն բանէ վեր կը գերադասէ, նոյնիսկ` մարդկային ամենադոյզն իրաւունքներէ եւ արդարութենէ:
Բրիտանացի հանրածանօթ բեմադրիչ Սթանլի Քիւպրիքի գլուխ գործոցներէն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ»-ի տիպարը յիշեցնող անձնաւորութիւններէն մէկն է Պոլթընը, որուն համար պարզ ու հեշտ են ռումբն ու աւերը, եւ բոլորովին երկրորդական` անոնց ստեղծած մտահոգութիւնները: Այդ նոյնինքն «Տաքթըր Սթրէյնճլաւ» Պոլթընն էր, որ 11 սեպտեմբեր 2001-ի ահաբեկչական արարքէն կարճ ժամանակաշրջան ետք, յերիւրածոյ եւ երեւակային եզրակացութիւններով, գործի լծուեցաւ Իրաք ներխուժելու եւ արդէն իսկ անկայուն Միջին Արեւելք մը բռնկեցնելու:
Ապա, կարճ ժամանակաշրջան մը, 2005-2006 թուականներուն, Պոլթըն ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը ստանձնեց: Պաշտօն մը, որ բոլորովին չէր համընկներ իր բնաւորութեան, գործելաձեւին եւ անշուշտ` անցեալին:
Ահաւասիկ վերստին գործի վրայ է այս խնդրայարոյց տիպարը, որ այս անգամ շարունակ հարցականի տակ կ՛առնէ Իրանի դերակատարութիւնը միջինարեւելեան թէ կովկասեան տարածաշրջաններուն մէջ:
Այս այցելութիւնը ո՞ր պրիսմակէն պէտք է դիտել, մանաւանդ երբ մէջբերուին, վարչապետ Փաշինեանի հետ տեսակցելէ ետք, Պոլթընի լափալիսեան խօսքերը, թէ` Արցախի հիմնահարցին լուծումը բարդ է եւ եթէ հեշտ ըլլար, արդէն վաղուց կարգաւորուած կ՛ըլլար, աւելցնելով, որ ո՛չ ոք աւելի շատ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, քան իրենք` կողմերը, որոնք պէտք է աշխատին իրարու հետ, եւ ի վերջոյ անոնք պէտք է կարենան գտնել լուծումը:
Ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ յատուկ շնորհաւորած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու խաղաղ հաստատումը` շեշտելով, որ Սպիտակ տունը կ՛աջակցի նոր կառավարութեան ջանքերուն` ուղղուած փտածութեան դէմ պայքարին, դատական համակարգի թափանցիկութեան աստիճանի բարձրացման եւ քաղաքացիներու առջեւ կառավարութեան հաշուետուութեան, իրաւունքի գերակայութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան ամրապնդման:
Վերադառնալով այս այցելութեան դրդապատճառներուն եւ թայմինկին` տեղին է նշել, որ Պոլթընի այցելութենէն քանի մը օր առաջ հետզհետէ կը բացայայտուէր սէուտցի այլախոհ լրագրող Խաշոկճիի սպանութիւնը, Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ: Նաեւ այդ օրերուն, Մոսկուայի հետեւողական աշխատանքի արդիւնք, Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ ուղղակի կապի գիծ կը հաստատուէր, եւ ի վերջոյ, Երեւանէն հրաժեշտ առնող Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միլզը Արցախը «գրաւեալ հողեր» կ՛անուանէր:
«Ես իմ այցով չեմ եկած ազդարարելու ամերիկեան քաղաքականութեան փոփոխութիւն, կամ նոր լուծումներ առաջարկելու այս հարցով», յայտնեց Պոլթըն: Յոյսով ենք, որ ան տէր պիտի կանգնի այս խօսքին: