Սուրիահայ համայնքը վերակազմակերպման փուլի սեմին է: Անհրաժեշտ է սակայն, որ համայնքը վերակազմակերպուի ոչ միայն շինարարական աշխատանքներու, կառոյցներու վերականգնումին առումով, այլեւ` միութիւններու, մշակութային, հանրային կեանքի, կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան որակի բարելաւումով:
Համայնքի կրթական, մշակութային, հանրային կեանքէն ներս տեղքայլ արձանագրելը թոյլատրելի չէ այլեւս: Եթէ վերակազմակերպման պիտի նախաձեռնենք, ուրեմն բոլոր մարզերէն ներս էապէս կարեւորութիւն պէտք է տանք որակի բարելաւումին:
Այս իմաստով, հանրային գործիչը, կրթական մշակը, միութենական անհատը գոյութիւն ունեցող թերիները սրբագրելու գիտակցութեամբ պէտք է նախաձեռնեն որեւէ աշխատանքի` քննադատութեան եւ ինքնաքննադատութեան համարձակութիւնը ունենալով, թերութիւններուն պատասխանատուութիւնը կրելով եւ անոնց սրբագրութեան համար յանդուգն քայլերու ձեռնարկելով:
Ոմանք կը կարծեն, որ եղած որակը պահպանելն ալ ձեռքբերում է երկրի այս պայմաններուն մէջ` նկատի ունենալով տնտեսական դժուարութիւնները, աշխատուժի նուազումը եւ այլն: Այս ձեւով մտածող եւ գործող մարդիկ ոչ միայն տեղքայլի, այլեւ նահանջի զառիթափին վրայ կը պահեն հանրային կեանքը կամ տուեալ միութիւնը, որովհետեւ այն պատասխանատուն, այն պաշտօնեան, այն կամաւոր ծառայողը նոյնիսկ, որ նորութիւն չի մուծեր իր աշխատանքի դաշտին մէջ, այլ խօսքով, իր ստանձնած գործը քայլ մը առաջ չի մղեր, չի զարգացներ, փաստօրէն տուեալ կառոյցի կամ միութեան նահանջին պատասխանատուութիւնը կը կրէ նաեւ:
Աշխարհը սրընթաց քայլերով կը զարգանայ, անոր համապատասխան կշռոյթով ալ կը զարգանայ մեր երիտասարդ սերունդը ու կը պահանջէ նորը, գործելակերպի եւ մտածելակերպի մէջ արդիականը, ժամանակակիցը: Կարելի չէ տարիներ շարունակ օգտագործուած ծրագիրները, գործելաձեւը կրկնել եւ մեր անմիջական միջավայրէն հետաքրքրութիւն ակնկալել:
Ամէնէն արդիական շէնքերն իսկ կառուցելով` չենք կրնար պատրաստել ժամանակի կշռոյթին հաղորդ ու գիտակից մարդուժ, եթէ, շէնքերուն կողքին, ծրագիրներու, գործելաոճի արդիականացումը չերաշխաւորենք, եթէ վերակազմակերպման աշխատանքներուն մէջ չներգրաւենք մասնագիտացած տարր, համալսարանաւարտ երիտասարդութիւն եւ գործի դաշտին դռները լայնօրէն չբանանք անոնց դիմաց` յարմար անձը յարմար պաշտօնին հրաւիրելով:
Այսօր, օրինակ, նօսրացած է Հալէպի Հայ համալսարանականներու միութեան եւ Հալէպի Հայ համալսարանականներու շրջանաւարտից միութեան դերակատարութիւնը: Ո՞ւր են անոնք մեր հանրային կեանքին մէջ, ինչո՞ւ գործուն մասնակցութիւն չեն բերեր հասարակական մեր կեանքի զարգացման:
Այս մատնանշումները չենք կատարեր` յոռետեսութեամբ մօտենալու տարուող աշխատանքներուն, թափուած ճիգերուն: Ընդհակառա՛կը` տագնապելով, պատասխանատուութեան զգացումով կատարեալին ձգտելու անյետաձգելի հրամայականը կ’ընդգծենք` քաջ իմանալով մեր կարելիութիւններն ու կամքի ուժը:
«Գ.»