Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Չինաստանի Ռազմավարութիւնը Ծոցին Մէջ` Ուժանիւթային Գործօնէն Անդին

$
0
0

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

2008-ին Համիշ Մքրայ «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթին մէջ գրեց «Կարմիր վիշապը կ՛արթննայ» խորագիրով յօդուած մը, ուր կ՛ըսուի, ըստ յօդուածագիրին, որ տասնամեակ մը ետք Չինաստան իր դերը պիտի ունենայ համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ եւ մրցակցի Միացեալ Նահանգներու հետ համաշխարհային տնտեսութեան առաջնութեան համար: 10 տարիներ անցան, եւ Մքրայի գուշակութիւնը ճիշդ դուրս եկաւ:

Այս ուսումնասիրութեամբ կ՛ուզեմ անդրադառնալ կարգ մը պատմաբաններու եւ քաղաքագէտներու կարծիքին` Ծոցին մասնաւորապէս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ նկատմամբ Չինաստանի ռազմավարութեան մասին: Ուսումնասիրութեան ընդմէջէն պիտի քննարկեմ, թէ ի՛նչ են Չինաստանի շահերը շրջանին մէջ եւ ի՞նչ է անոր ռազմավարութիւնը, որպէսզի պաշտպանէ իր շահերը, եւ, վերջապէս, պիտի անդրադառնամ այն հարցին, թէ արդեօք որոշ սահմանափակումներ կա՞ն:

1993-ին Չինաստան դարձաւ քարիւղ ներածող երկիր, եւ, այսպիսով, իր կախեալութիւնը միջինարեւելեան քարիւղէն բարձրացաւ: 2012-ին Սէուտական Արաբիան դարձաւ դէպի Չինաստան քարիւղ արտածող (21 առ հարիւր) առաջին երկիրը, իսկ Իրան` չորրորդը (11 առ հարիւր): Ըստ բազմաթիւ վերլուծաբաններու, 21-րդ դարուն Միջին Արեւելքը, արեւելեան Ասիայէն ետք, Չինաստանի համար պիտի դառնայ ամէնէն կարեւոր ռազմավարական աշխարհաքաղաքական շրջանը: Այստեղ պէտք է յիշել, որ Չինաստան Միջին Արեւելքէն կը ներածէ իր քարիւղին մօտ 50 առ հարիւրը: Սակայն շրջանին մէջ Չինաստանի շահերը չեն սահմանափակուած միայն ուժանիւթային գործօնով, Փեքին նաեւ կը ծրագրէ կեանքի կոչել հին Մետաքսի ճամբան, որ պիտի կապէ Եւրոպան Չինաստանին` Եւրասիոյ եւ Միջին Արեւելքի ճամբով: Անիկա հսկայական ցամաքային եւ ծովային ճամբայ մըն է, որ պիտի անցնի ցամաքով` Իրանի ճամբով, եւ ծովով` Ծոցէն: Հետեւաբար այստեղ նաեւ կայ տնտեսական եւ աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւն, որովհետեւ շրջանի քաղաքական կայունութիւնը հիմնահարց է Չինաստանի համար:

Շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան անկումով, մասնաւորապէս` Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ տագնապներուն լոյսին տակ, Ռուսիա եւ Չինաստան մուտք գործեցին արեւելեան Եւրոպա եւ Միջին Արեւելք: Հետեւաբար, միջազգային քաղաքականութեան դիտանկիւնէն, Չինաստանի կառուցողական քաղաքականութեան ուսումնասիրութիւնը հետաքրքրական է այն առումով, որ անիկա իւրայատուկ է: Ճէյմս Էնտրսըն (2018) իր ուսումնասիրական գիրքին մէջ կը նշէ, որ Չինաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ կարելի չէ դիտել իրապաշտական տեսութեամբ, որովհետեւ Չինաստան կը խուսափի շրջանին մէջ ռազմական դաշինքներ կնքելէ: Այս հարցը ունի պատմական գործօն: Ըստ պատմաբան Մահմուտ Օլմարթի (2014), 1950-1960 թուականներուն Չինաստանի կառավարութիւնը օժանդակեց շրջանին մէջ գործող մարքսական կազմակերպութիւններու` տապալելու Ծոցի արեւմտամէտ թագաւորութիւնները, սակայն այդ ճիգերը ապարդիւն անցան: Աւելի՛ն. այդ ժամանակաշրջանին Չինաստանի ռազմական արկածախնդրութիւնները, Հիւսիսային Քորէայի եւ Վիեթնամի մէջ, բաւական վնաս հասցուցին երկրին տնտեսութեան եւ թշնամանք ստեղծեցին Արեւմուտքին հետ: Հետեւաբար, ըստ Էնտրսընի (2018), Չինաստան այժմ դասեր քաղելով իր պատմութենէն` անցաւ կառուցողական արտաքին քաղաքականութեան մը, որուն լոյսին տակ շրջանին մէջ սկսաւ ստեղծել «ռազմավարական գործընկերներ» եւ ոչ թէ` «դաշնակիցներ»: Չինաստանի ռազմավարական գործընկերները շրջանին մէջ առայժմ Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան են:

Նատեր եւ Սքոպել (2016) նոյնպէս կը հաւատան, որ Չինաստան կը վարէ կառուցողական քաղաքականութիւն մը` Ծոցի մէջ: Ըստ անոնց, այս քաղաքականութիւնը նաեւ կը բխի Միացեալ Նահանգներու շահերէն, եւ զայն կը կոչեն «Մտահոգ վիշապի» քաղաքականութիւն: Այս քաղաքականութիւնը հիմնուած է հաւասարակշռուած զգուշ ռազմավարութեան մը վրայ, որուն հետեւելով` Չինաստան միջամուխ չ՛ըլլար երկիրներու ներքին հարցերուն: Այս պատճառով ալ Չինաստան հաւասարակշռուած եւ երբեմն չէզոք քաղաքականութիւն կը վարէ: Սակայն Վան տեր Վըրֆ (2018) կը հաւատայ, որ Չինաստան մինչեւ վերջ այսպիսի քաղաքականութիւն չի կրնար վարել եւ պէտք է միջամտէ կարգ մը հարցերու, մանաւանդ երբ կը վնասուին իր ազգային շահերը, ինչպէս` Իրանի հիւլէական թղթածրարը եւ Ծոցի քաղաքական կայունութիւնը: Ըստ վերլուծաբանին, եթէ Ծոցի ճամբան փակուի, ապա Չինաստանի տնտեսութիւնը տագնապի կը մատնուի: Հետեւաբար Չինաստան դուրս պէտք է ելլէ իր կրաւորական քաղաքականութենէն եւ վարէ աշխուժ դիւանագիտութիւն մը, որպէսզի կարենայ վարել գործնապաշտ քաղաքականութիւն մը` տագնապալի այս շրջանին մէջ:

Պատմաբան Օլմարթի (2014) համաձայն, սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումէն ետք Սէուտական Արաբիա մտահոգուելով, որ Միացեալ Նահանգներ կրնան լքել զինք, փորձեց ռազմավարական այլ գործընկերներ փնտռել: Ռուսիան այդ ժամանակ տկար էր, իսկ Չինաստանը` տնտեսական վերելքի մէջ: Միւս կողմէ` Չինաստան նաեւ պէտք ունէր իսլամական երկիրներու աջակցութեան: Նախ` որպէսզի վերջ դնէր ույղուրներու ահաբեկչութեան` Չինաստանի հիւսիսարեւմտեան Թիւրքեստան շրջանին մէջ, միւս կողմէ` չիները կը հաւատային, որ շուտով Սէուտական Արաբիան պիտի լքէր Միացեալ Նահանգները եւ իր ուղղուածութիւնը դարձնէր դէպի արեւելք: Վերջապէս, Չինաստանի համար Սէուտական Արաբիա շրջանային հզօր եւ կայուն երկիր մըն էր:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, հակառակ անոր որ միջազգային մակարդակի վրայ չինական եւ իրանական յարաբերութիւնները հեզասահ են, սակայն տնտեսական յարաբերութիւնները` ոչ այդքան կայուն: Իրանի կառավարութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէ, որ վերջ դնէ երկրին մէջ չինական մենաշնորհումին, եւ այդ պատճառով ալ կ՛ուզէ համաձայնութեան յանգիլ Եւրոպական Միութեան հետ: Չինաստան այսօր Իրանի առաջին տնտեսական եւ առեւտրական գործընկերն է, իսկ չինական ապրանքները խեղդած են իրանական շուկան, բան մը, որ դժգոհութիւն պատճառած է իրանցի վաճառականներուն: Աւելի՛ն. ըստ Վան տեր Վըրֆի (2018), Փեքին կը գործածէ «իրանական խաղաքարտը» Միացեալ Նահանգներուն հետ, երբ ան նեցուկ կը կանգնի Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն, սակայն միեւնոյն ատեն Ամերիկայէն երաշխաւորութիւն կը ստանայ, որ իր տնտեսական շահերը անձեռնմխելի են Իրանի մէջ:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Չինաստանի գործնապաշտ ռազմավարութիւնը հիմնուած է տնտեսական շահերու վրայ, Էնտրսըն (2018) կը հաւատայ, որ ռազմաքաղաքականութիւնը նաեւ իր դերը ունի: Չինաստանի համար ներկայիս հիմնական հարցը Մետաքսի ճամբան վերականգնելը եւ, այսպիսով, չինական ապրանքներով եւրոպական ու ապա միջազգային շուկան ողողելն է: Մետաքսի ճամբան, որ պիտի անցնի 60 երկիրներէ, պիտի կարենայ կամուրջի նման Ասիան կապել Եւրոպային եւ Ափրիկէին: Սակայն այս ծրագիրին հիմնական արգելքը ահաբեկչութիւնն է, որ տարածուած է Չինաստանի արեւելեան շրջաններուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ: Այդ պատճառով Փեքին պիտի ստիպուի ռազմական դաշինք մը հիմնել` դէմ դնելու այս ահաբեկչութեան: «Արաբական գարուն»-էն ետք շրջանը մատնուեցաւ անիշխանութեան, սակայն Չինաստան նաեւ շահաւոր դուրս եկաւ մասնաւորապէս Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ քարիւղի տագնապէն, որովհետեւ գիներու նուազումը բաւական արդիւնաւէտ էր չին վաճառականներուն համար, սակայն ասիկա հարցականի տակ է: Արդեօք ե՞րբ Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պաղ պատերազմը պիտի վերածուի իսկական բախումի մը, ու վտանգուին թէ՛ Չինաստանի եւ թէ՛ Միացեալ Նահանգներու շահերը Ծոցի մէջ:

Արդեօք Չինաստան նաեւ ռազմական ներկայութիւն պիտի ունենա՞յ շրջանին մէջ: 2015-էն սկսեալ Չինաստան իր ռազմակայանները ունեցաւ Ճիպութիի եւ Սոմալիի ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ, սակայն ներկայիս Չինաստան չի կրնար Միացեալ Նահանգներու դերը խաղալ: Ամերիկեան ռազմական կայանները գրեթէ ցրուած են Ծոցի եւ բազմաթիւ միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, եւ որեւէ ժամանակ ամերիկեան ուժերը կրնան միջամտել, եթէ Ծոցի միջանցքը վտանգուած ըլլայ: Հետեւաբար Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի շահերը շրջանին մէջ նոյնն են` պաշտպանել քարիւղի ճամբան եւ պահպանել Ծոցի քաղաքական կայունութիւնը: Ներկայիս Չինաստան ո՛չ մէկ վտանգ կը սպառնայ ամերիկեան շահերուն Ծոցին մէջ, քանի որ Փեքին ո՛չ ռազմական կարողութիւնը ունի, ո՛չ ալ քաղաքական կամքը` փոխարինելու Միացեալ Նահանգները շրջանին մէջ:

Օգտագործուած աղբիւրներ.-

Ehteshami, Anoushiravan and Horesh, Niv (Ed.). China’s Presence in the Middle East: the Implication of the One Belt, One Road Initiative, New York: Routledge, 2018

Olimat, Muhamad S. China and the Middle East since World War II, United Kingdom, Lexington Books, 2014.

Reardon-Anderson, James (Ed.). The Red Star & the Crescent; China and the Middle East, United Kingdom, Hurst, 2018

– Scobell, Andrew and Nader, Alireza. “China in the Middle East: The Wary Dragon”, RAND Corporation, 2016, https://www.rand.org/content/dam/rand/pubs/research_reports/RR1200/RR1229/RAND_RR1229.pdf

– Van der Werff, Bas. “Finding Balance in an Imbalanced System: The Case of the Triangular Relation between China, Saudi Arabia and Iran, MA thesis, Leiden University, 2018), https://openaccess.leidenuniv.nl/handle/1887/58292

– Wakefield, Beyce and Levenstein, Susan L., “China and the Persian Gulf: Implications for the United States”, Washington DC, Woodrow Wilson International Center for Scholars, 2011, https://www.wilsoncenter.org/sites/default/files/ASIA%20Program_China%20and%20the%20PG.pdf

– Schweller, Randall L. and Pu, Xiaoyu, “After Unipolarity: China’s Visions of International Order in an Era of U.S. Decline”, International Security, Volume 36, Issue1, (Summer 2011):https://www.mitpressjournals.org/doi/abs/10.1162/isec_a_00044

 

Yeghia.tash@gmail.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>