ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
«Իսկական հերոսները մեր մայրերն են»
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
«Հիանալի արուեստագիտուհի, մեր ընտանիքի իսկական սիւնն ու մեր հօր ստեղծագործական խորհրդածութեան, զօրակցութեան ու ներշնչման գլխաւոր աղբիւրն էր մեր մայրը: Ան վերջապէս միացաւ մեր հօր, երկինքի մէջ»:
Վերոնշեալ այս տողերով կը գուժէին Փոլ Կիրակոսեանի ընտանիքի անդամները իրենց մօր` Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի մահը, որ պատահեցաւ քառասուն օրեր առաջ, 24 սեպտեմբերին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Ծնողները` բնիկ ատանացիներ, Ժիւլիեթ Հինտեան ծնած է Լիբանանի Պիքֆայա ամառանոցը: Ան եղած է Հինտեան ընտանիքին փոքրագոյն աղջնակը: Անոր մօրեղբայրները եղած են Պոլսոյ երբեմնի Վայվայեան հանրածանօթ իրաւաբանները, որոնք, սիամանթոներու եւ վարուժաններու կողքին, նոյնպէս զոհ գացած են թուրքի եաթաղանին, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին:
Սպիտակամորթ դէմքով ու ոսկեգոյն մազերով յատկանշուող Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնը յատուկ գրաւչութիւն մը ունէր, եւ ան իր հարազատներուն կողմէ ճանչցուած էր որպէս «շէկ աղջիկ» («սարը ղըզ»): Փոքրիկ Ժիւլիեթ կանուխ տարիքէն ցուցաբերած է իր հմտութիւնը` նուագելու, գծելու թէ ասմունքելու մէջ: Ան 12 տարեկանէն արդէն սկսած է գծել ապակիի, թաւիշի, կտաւի թէ կանեվայի վրայ` մատիտով, իւղաներկ ու ջրաներկ գեղանկարներ ստեղծագործելով: Տան կրտսերագոյն աղջնակը ըլլալով` դեռատի Ժիւլիեթ եղած է իր հօր «առանձնաշնորհեալ» եւ նախասիրած զաւակը: Հայրը ճիգ չէ խնայած զարգացնելու անոր բնատուր այդ ձիրքերը եւ անոր նուիրած է մանտոլին մը, որուն վրայ նուագելով, Ժիւլիեթ նաեւ կ՛երգէր` զուարճացնելով իր հարազատներն ու սիրելիները: Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Պիքֆայայի ֆրանսացի մայրապետներու վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է «Դարուհի Յակոբեան» վարժարան` լաւապէս տիրապետելով, մայրենիի կողքին, նաեւ արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներուն: Մեծարենցի, Պետրոս Դուրեանի եւ անոնց նման գրական տիտաններու սիրահար` դեռատի Ժիւլիեթ մասնակցած է կրթական-մշակութային զանազան ձեռնարկներու, ուր ցուցաբերած է իր ասմունքելու հմտութիւնը` արժանանալով կազմակերպիչ թէ հիւր անձնաւորութիւններու (ինչպէս` Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ այլն) բարձր գնահատանքին ու յաճախ` մետալներով պարգեւատրուած:
Քաջալերելով իր աղջկան գծելու ձիրքը` հայրը մասնագէտ ուսուցիչներու յանձնարարած է գծագրութեան յատուկ դասեր տալ Ժիւլիեթին, որ մեծապէս օգտուած է ընտանիքի գրեթէ լրիւ կազմին ներկայութեամբ իրենց տան մէջ կայացած այդ դասընթացքէն… Անոր անձնական ուսուցիչներէն եղած է նաեւ խոստմնալից երիտասարդ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը: Ապա Ժիւլիեթ գծագրական իր այդ հմտութիւնը կատարելագործած է գեղարուեստի յատուկ հիմնարկի մը մէջ:
Ժիւլիեթի գեղեցկութիւնն ու բազմահմուտ անհատականութիւնը «գրաւած» է մէկէ աւելի երիտասարդներու հետաքրքութիւնը, որոնք եկած էին իր «ձեռքը խնդրելու»: Հայրը նախընտրած է Ժիւլիեթը ամուսնացնել անոր ձեռքը խնդրողներէն նիւթապէս ամէնէն համեստ փեսացուին` Փոլ Կիրակոսեանին հետ, որովհետեւ ան կը հաւատար, որ Փոլը «խոստմնալից երիտասարդ էր եւ ապագային հանրածանօթ արուեստագէտ պիտի դառնար»:
Հակառակ իր գծելու հմտութեան` նորահարս Ժիւլիեթ նախընտրած էր «յառաջ մղել» իր արուեստագէտ ամուսինը` Փոլ Կիրակոսեանը` ամէն ձեւով զօրակցելով ու աջակցելով անոր: Առտնին պարտականութեանց կողքին, Ժիւլիեթ ճիգ չէ խնայած ամուսնոյն բնատուր այդ ձիրքը զարգացնելու եւ ստեղծագործութեան նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու տան մէջ` միաժամանակ խրախուսելով ու ներշնչելով զայն որպէս զոհաբերող կին, մայր ու հայուհի: Ան միաժամանակ եղած է մայր, կին, «քարտուղար», օգնական, համակարգող եւ զարկ տուած` անոր յարաբերական ցանցի ընդլայնումին, դառնալով այժմէական հասկացողութեամբ արուեստագէտ Փոլի նշանաւոր ու պարկեշտ «փի.ար.»-ը (P.R.):
Ան իր հարսանեկան թէ տնային ծածկոցներն ու յարակից զարդեղէնները անձամբ կարած է մելանի վրայ եւ հիւսած` հայկական բնաշխարհի յատուկ ասեղնագործութիւններ: Հեռու` սուրճի դրացիական աւանդական հաւաքներէն, Ժիւլիեթ նախընտրած է իր զաւակները տանիլ բնութեան գիրկը, եւ մինչ անոնք կը զբօսնէին, ան իր վրձինի նուրբ զարկերով քողազերծած է բնութեան գեղեցկութիւնն ու գաղտնիքները:
Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանը միութենական անդամ չէ եղած, սակայն ան իր անշշուկ գործունէութեամբ, ի՛ր ոճով ծառայած է ազգին ու ժողովուրդին` նիւթապէս օգնելով կարիքաւոր ընտանիքներու: Հեռու` շեփորահարութեան թէ ցուցամոլութեան մարմաջէն, ան սաներ կարդացուցած է հայկական վարժարաններու մէջ` նիւթապէս հոգալով անոնց կրթաթոշակը, ինչպէս կը վկայէ ականատես ծանօթ վարդապետ մը: Եղած է բարեսէր եւ յաճախ նիւթապէս նպաստած` զանազան միութիւններու, երբեմն ալ` ստանձնելով «Օրուան նախագահուհի»-ի առաքելութիւնը:
Արուեստի բնատուր ձիրքով ու այլ հմտութիւններով յատկանշուող, զաւակներու հոգատարութեամբ, առտնին պարտականութեանց կամակատարութեամբ եւ այլ ուշագրաւ զոհողութիւններով ճանչցուած հայուհի մը եղած է Ժիւլիեթ Կիրակոսեանը: Ան իր կարողութիւնները օգտագործած է ի սպաս իր ամուսնոյն ու զաւակներու զարգացման ու յառաջդիմութեան` նախընտրելով գործել ու ստեղծագործել քուլիսներու ետին, միաժամանակ պահելով իր անհատականութիւնն ու ստեղծագործական իւրայատկութիւնները: Երեւոյթ մը, որ հազուադէպ է հայութեան, այլ նաեւ` մարդկութեան մէջ, ուր առանց փոխադարձ ակնկալութեան, ամբողջական նուիրաբերումի եւ պարկեշտ ու հաւատարիմ զոհաբերութեան տիպարներու դարաշրջանը արդէն պատմութեան անցած է:
Ի զուր չէ, որ հանգուցեալ արուեստագէտ Փոլ Կիրակոսեանը, ազդուելով իր հարազատ մօր ու կնոջ` Ժիւլիեթի օրինակէն, հաստատած է, որ` «Մեր իսկական հերոսները մեր մայրերն են»:
Ժիւլիեթ Հինտեան-Կիրակոսեանի եւ իր նման հայուհիներու անունը վառ պիտի մնայ ու յաւերժ նշուի մերօրեայ «Փափկասուն տիկնայք»-ի ոսկեմատեանին մէջ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ տիկին Ժիւլիեթ:
————–
Լուսանկարները տրամադրուեցան
«Էմմակոս ֆաունտէյշըն»-ին կողմէ