ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Սարգիս Մանասեան
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, ուսուցիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Ծնած է Գանձակի (դաշտային Արցախի) Չարտախլու գիւղը, չքաւոր ընտանիքի մէջ: Ծննդեան ճշգրիտ թուականը անյայտ է, բայց կ՛ենթադրուի, որ 1878-1880 թուականներու ծնունդ ըլլայ:
Նախնական ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ: Աշակերտական տարիներուն` 1895-ին անդամակցած է նորակազմ ՀՅԴաշնակցութեան Թիֆլիսի «Հայկազեան եղբայրութիւն» անունով գործող աշակերտական շարժումին: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Թիֆլիսի ռուսական ուսուցչանոցին մէջ, փայլուն արդիւնքով աւարտած եւ անմիջապէս կոչուած է ուսուցչական աշխատանքի` նախ Շուշիի հեղինակաւոր թեմական վարժարանին, ապա` նոյնինքն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ:
1903-ին մասնակցած է «Փոթորիկ»-ի գործունէութեան:
Մանասեան եղած է Դաշնակցութեան մարտական ուժերուն զինման գլխաւոր պատասխանատուներէն մէկը (ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյի կողքին ստեղծուած Զինուորական Ֆոնտի – անդամ էր), այդ պատճառով ալ ան կարեւոր ներդրում ունեցած է 1905-1906 թուականներուն ցարական գաղտնի սպասարկութեան հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումները դիմագրաւելու դժուարին գործին մէջ: Ս. Մանասեանը ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ Պաքուէն մինչեւ Երեւան տարածուած հայ մարտիկները զէնք ու զինամթերքով ապահովելու գործին գլխաւոր պատասխանատուներէն էր:
1909-ին ցարական իշխանութիւններու կողմէ, բազմահարիւր հայ մտաւորականներու ու հասարակական գործիչներու շարքին, Մանասեանը եւս ձերբակալուեցաւ եւ իբրեւ դաշնակցական` ծանրագոյն պատիժ ստացաւ եւ դատապարտուեցաւ: Ան հետագային ընդհանուր ներումէն օգտուած եւ բանտարկութենէ ազատ արձակուած է:
Բանտէն ազատ արձակուելէ անմիջապէս ետք լծուած է հայ կամաւորական շարժման կազմակերպման եւ զինման աշխատանքներուն:
Փետրուար 1917-էն ետք Մանասեանը մաս կը կազմէ Անդրկովկասը ներկայացնող հայ պատգամաւորներու խմբակին: Այդ առաքելութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնն ու հիմնադրումը:
Սարգիս Մանասեանը իր բոլոր ուժերով նուիրուեցաւ հայոց պետականութեան կերտումին ու հզօրացման: Այդպէ՛ս ընտրուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր, 27 ապրիլ 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար, 28 մայիս 1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերու նախարար: Եղած է Ազրպէյճանի մէջ Հայաստանի դեսպան:
Մայիս 1920-ին սկիզբը Սարգիս Մանասեանը իբրեւ լիազօր բանագնաց ուղարկուած է Իջեւան` պոլշեւիկներու հակապետական ընդհանուր խռովութիւնը լուծելու: Ս. Մանասեանին կ՛ընկերանար յատուկ պատուիրակութիւն մը: Բանագնացներուն առաքելութիւնն էր երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել խռովութիւնը:
Սակայն պոլշեւիկները դաւադրաբար զինք եւ ամբողջ պատուիրակութիւնը գերի բռնած եւ Պաքու տեղափոխած են, ուր բանտային չարչարանքներու եւ հարցաքննութեանց կարճատեւ շրջանէ մը ետք` 29 մայիս 1920-ին, Պաքուի մերձակայքը` Կասպից ծովուն բացերը, կը գնդակահարեն եւ ծով կը նետեն Սարգիս Մանասեանին խոշտանգուած մարմինը:
Արամ Մանուկեան
Բուն անունով` Սարգիս-Սերգէյ Յարութիւնի Յովհաննիսեան: Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, քաղաքական-պետական գործիչ, Վանի հերոսական ինքնապաշտպանութեան ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Արամ ծնած է 1879 մարտ 19-ին, Ղարաբաղի Շուշի քաղաքին մէջ: Ծնողները սակայն, կը մնային Ղափանի Զէյվա գիւղը, այս իսկ պատճառով մեր ուսումնասիրութիւնէն երեւան կու գայ, որ շատ մը կենսագիրներ կամ աղբիւրներ Զէյվա գիւղը համարեն Արամի ծննդավայրը: Թէեւ Արամ ինքզինք նկատած է միշտ ղարաբաղցի եւ ծնունդով շուշեցի: Իսկ միւս կողմէ` բացառուած չէ, որ Արամ ծնած ըլլայ Զէյվա եւ մանուկ տարիքէն փոխադրուած` Շուշի:
Այնուհետեւ, Արամ 1901-ին կ՛աւարտէ Երեւանի թեմական դպրոցը:
Կ՛անդամակցի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն եւ իր ինքնուրոյն դերակատարութիւնը կ՛ունենայ Շուշիի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի (այժմ` Գիւմրի) եւ Կարսի մէջ: 1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին, Վիեննա, ապա կը վերադառնայ Վան, ուր կը հանդիսանայ Վասպուրականի շրջանի ՀՅԴ ղեկավարը եւ կը նուիրուի Վանի ինքնապաշտպանութեան գործին. դաւաճան Դաւոյի մատնութեան պատճառով կը բանտարկուի եւ կ՛ենթարկուի զանազան չարչարանքներու: 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն ազատ կ՛արձակուի բանտէն:
1914-ին Էրզրումի ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ եւ կը վերադառնայ Վան: 1915-ին կը հանդիսանայ Վանի յաղթական հերոսամարտի ոգին եւ կը նշանակուի անկախ Վասպուրականի նահանգապետ:
Ռուսական բանակը անբացատրելիօրէն կը նահանջէ Վանէն. հարիւր վաթսուն հազարի հասնող գաղթականութիւն մը տառապալի պայմաններու մէջ կը հեռանայ հայրենի իր հողէն: Արամ եւս իր ժողովուրդին հետ կը գաղթէ Կովկաս:
1917-ին Ազգային խորհուրդի կողմէ, իբրեւ լիազօր ներկայացուցիչ, կ՛ուղարկուի Երեւան, ուր կը տիրէր կատարեալ յուսահատութիւն եւ անիշխանութիւն: Երկրին մէջ անդորրութիւնը վերահաստատելու համար կը կազմուի յատուկ կոմիտէ մը` Արամի ղեկավարութեամբ եւ կը յայտարարուի զօրակոչ:
Յիշեալ պայմաններու մէջ էր, որ Երեւանի բնակչութիւնը եւ զինուորականութիւնը որոշեցին Արամին վստահիլ գոյամարտի կազմակերպումը եւ զայն նշանակեցին Արարատեան շրջանի տիքթաթէօր: Քաջ ծանօթ ենք, որ բառացի եթէ թարգմանենք այս բառը, ապա կը նշանակէ բռնատէր, միապետ, սակայն իրողութիւնը բացարձակապէս հակառակն էր: Հայ ժողովուրդը զայն ընտրեց կառավարիչ, առաջնորդ. հաւանաբար Արամը իր տիքթաթէօր անուանումով միակն է աշխարհի պատմութեան մէջ, որ ժողովուրդ մը, անխտիր, իր բարձր գիտակցութեամբ ու անսահման սիրոյ զգացումներուն իբրեւ արտայայտութիւն` անուանեց զայն տիքթաթէօր, ու ապագային ալ ոչ մէկ հայու համար այդ անուանումը բացասական բարդութիւն ստեղծեց, ընդհակառակը, բոլորը անխտիր համախմբուեցան մեծ առաքեալին շուրջ:
1918 մայիսին, երբ թրքական յառաջխաղացքին դիմաց հայկական զօրքերը պահ մը կը նահանջեն, առաջարկներ կ՛ըլլան Երեւանը պարպելու:
Արամի վճռական կեցուածքն է, որ կը փրկէ Հայաստանն ու հայութիւնը: Արամի հրահանգը կտրուկ էր. «ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ԴԱՏԱՐԿԻ, ԵԹԷ ՀԱՐԿ ԼԻՆԻ, ԲՈԼՈՐՍ ԷԼ ԷՍՏԵՂ ԿԸ ՄԵՌՆԵՆՔ, ԲԱՅՑ ԵՐԵՒԱՆԸ ՉԵՆՔ ՅԱՆՁՆԻ»…
28 մայիս 1918-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք ղեկավարած է երկիրը` մինչեւ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած Հայաստանի կառավարութեան ժամանումը (23 յուլիսին) Երեւան:
Հայաստանի Հանրապետութեան անդրանիկ կառավարութեան մէջ Արամ կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը, որուն իրաւասութեան տակ էին նաեւ լուսաւորութեան, հաղորդակցութեան, պարէնաւորման ու խնամատարութեան ոլորտները, տեղական իշխանութիւններու ձեւաւորումը: Մանուկեան մեծ ջանքեր գործադրած է հանրապետութեան մէջ պարենային ճգնաժամը մեղմելու, գրագրութիւններու լեզուն հայացնելու, հարիւր հազարաւոր փախստականներու եւ որբերու կացութիւնը հնարաւորինս բարելաւելու համար: Անոր անմիջական մասնակցութեամբ երկիրը ձերբազատած է հայոց պետականութեան նկատմամբ թշնամաբար տրամադրած թուրք-թաթարներէն:
Արամի առողջական վիճակը լաւ չէր, ան կը վարակուի բծաւոր տիֆով, եւ այդ պատճառով ալ կը մահանայ` 29 յունուար 1919-ին: Դժբախտաբար կարճ կը տեւէ Արամի պետական գործունէութիւնը:
Վերջապէս, ամէնէն աւելի Արամին կը պատկանի մայիսեան յաղթանակները կերտելու պատիւը: Ան էր ոգին, մղիչ ուժը, որ բազմութիւնները ոտքի հանեց, ճակատ ղրկեց, թիկունքը կազմակերպեց եւ կարգ ու կանոն հաստատեց:
Հմայեակ Մանուկեան
Հմայեակ Մանուկեան. Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, հայ քաղաքական-պետական գործիչ, գրող:
Ծնած է 1895-ին, Վան: 1915 թ., Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն երիտասարդ Հ. Մանուկեան կը նշանակուի Զինուորական մարմինի օժանդակ տեղեկատու դիւանի անդամ: Ան խմբագիրն էր «Աշխատանք» թերթի:
1919-ին կ՛ընտրուի նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի անդամ, երեսփոխանի իր պաշտօնը կը վարէ` 4 յունիս 1919-ին մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920:
Փարիզի «Վէմ» ամսագրին մէջ կը հրապարակէ իր յուշերը` «Դէպքեր Վասպուրականում», 1937-էն սկսեալ:
Հմայեակ Մանուկեան կը մահանայ 1970-ին:
Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան
Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեան. գրող, հրապարակագիր, լրագրող, քաղաքական-պետական գործիչ, Հայ ժողովրդական կուսակցութեան (ՀԺԿ) անդամ:
Ծնած է 1873-ին, Թիֆլիս: Աւարտած է Թիֆլիսի դասական միջնակարգ վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Պերլինի եւ Պրիւքսելի համալսարաններուն մէջ: 1902-ին վերադարձած է Թիֆլիս, իսկ 1903-1905 թուականներուն նշանակուած է «Կովկասեան Լրատու» ամսագրի խմբագիր: 1905-ին սկսած է հրատարակել «Արշալոյս» թերթը, միաժամանակ շարունակած է խմբագրել «Կովկասեան Լրատու» ամսագիրը:
1906-ին խուսափելով ցարական իշխանութիւններու հետապնդումներէն` մեկնած է արտասահման: 1912-ին վերադարձած է Թիֆլիս, ուր եւ ընտրուած է երկրորդ փոխօգնութեան վարկային կառավարչութեան անդամ, շուտով նաեւ` ղեկավար:
1917-ին նշանակուած է զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու օգնութեան անդրկովկասեան կոմիսար եւ նոյն թուականին մասնակցած է Համահայկական ազգային համագումարին: 1918-ին Մելիք-Գարակէօզեան նշանակուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարի օգնական: Պաթումի պայմանագրի կնքումէն ետք Հայկական ազգային պատուիրակութեան կազմին մէջ եղած է Գերմանիա:
1918-ին դեկտեմբերէն մինչեւ 1919 յունիս ամիսը ստացած է քանի մը նախարարական պաշտօններ, օրինակ` լուսաւորութեան նախարարի պաշտօնը: Այս պաշտօնին վրայ պաշտօնավարած ընթացքին Մելիք-Գարակէօզեանը առաջնահերթ համարած է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեան հիմնումը: Ան իր գործօն մասնակցութիւնը ունեցած է Երեւանի համալսարանի հիմնադրութեան մէջ:
Մելիք-Գարակէօզեան հանդէս եկած է նաեւ առաջարկով, որ կանգնեցուի յուշարձան` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան ու միութեան յաւերժացման ու ազգային հերոսներու վառ յիշատակին: Այս նպատակով կազմած է հիմնադրամ, որ պէտք էր խրախուսէր արձանի համար յայտարարուած մրցանակաբաշխութեան իրականացումին ու յաղթողի պարգեւատրումին: Ան առաջարկած է նաեւ հրատարակել հայ ազատագրական շարժման վերջին շրջանի պատմութիւնը եւ հաստատել առանձին շքանշան` «Հայրենիքին մատուցած ծառայոււթիւններու համար»: Այս բոլոր առաջակները ընդունուած են միաձայն:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Մելիք-Գարակէօզեանը զբաղած է հիմնականին մէջ մանկավարժութեամբ, դասաւանդած է Հայաստանի եւ Վրաստանի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու մէջ:
Մելիք-Գարակէօզեանը եղած է Հայ ժողովրդական կուսակցութեան անդամ եւ յաճախ ստանձնած է կուսակցութեան ղեկավար պաշտօններ:
Ան իբրեւ ստեղծագործող` գրած է բանաստեղծութիւններ, վէպեր, տեսական ու քաղաքական բնոյթի վերլուծական յօդուածներ, յուշագրութիւններ եւ այլն: Իր գրչին կը պատկանին` «Մեծ պայքար», «Ինչպէս ժառանգութիւն ստացայ միլիառ տոլար» վէպերը, «Դաշնակցութիւնը եւ մենք», «Հայկական մամուլի մասին», «Մարդու բնոյթը», «Բառերի տեմակոկիա», «Հայկական քաղաքական» եւ Աբովեանին ու Թումանեանին նուիրուած յօդուածներ:
Գէորգ Մելիք-Գարակէօզեանը մահացած է 1940-ին, Երեւան:
(Շար. 12)