Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Ասպարէզ ընտրելու եւ աշխատանք գտնելու ատեն բազմաթիւ են անոնք, որոնք ենթակայական եւ առարկայական զանազան դժուարութիւններ կ՛ունենան: Բնականաբար այս դժուարութիւններուն դիմաց շատեր չեն կրնար ճիշդ որոշում տալ, կամ ընդհանրապէս որոշում տալը կը մնայ պատահականութեան: Նոյնպէս աշխատանքի սակաւութիւնը, աշխատանքային պայմանները, դրամական միջոցները հարցեր են, որոնց լուծումները հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնան: «Քափիթալ» կայքէջի երկու յօդուածագիրներ անդրադարձած են այս հարցերուն:
Ն.
Արդեօք Մենք Շա՞տ Փճացած Ենք Կառչելու Համար Մեր Սկզբունքներուն
Ինչո՞ւ մեզմէ շատեր իրականութեան մէջ բարոյական բարձր ոգիով, կորովով չեն գործեր մեր ասպարէզներուն վերաբերող հարցերուն մէջ:
Դուք կը լքէ՞ք ձեր աշխատանքը բարոյական հիմունքներով: Անցեալ տարի «Կուկըլ»-ի տասնեակ աշխատակիցներ ըրին ատիկա:
Ըստ քանի մը տեղեկագիրներու, անոնք արհեստագիտական հեղինակաւոր այդ ընկերութիւնը լքեցին, որովհետեւ «Կուկըլ» ներգրաւուած էր «Մաւեն» անունով նախագիծի մը մէջ:
Ծրագիրը ներգրաւուած էր տուեալներու փոխանցման համար Միացեալ Նահանգներու օդուժին պատկանող անօդաչու թռչող սարքերու աշխատանքին մէջ: Նոյնպէս կար աւելի խոր տարակարծութիւն բարձրաստիճան ղեկավարութեան կողմէ իրենց աշխատանքի բարոյական հիմքերուն շուրջ:
Մեզմէ շատեր կը դիմագրաւեն աւելի ընդհանրական բարոյագիտական երկընտրանք: Դուք կը մերժէ՞ք, գրաւիչ աշխատավարձ մը, որովհետեւ դուք համաձայն չէք ձեր ընկերութեան դիրքորոշման, ըսենք, շրջակայ միջավայրի, անասուններու փորձարկման կամ պարզապէս յաճախորդներու հանդէպ վերաբերմունքին: Եթէ «Այո» պատասխանեցիք, ըստ տուեալներու, հաւանական է, որ դուք հազարամեակի սերունդէն էք:
Իրարու յաջորդած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ նախորդ սերունդները աւելի շատ կը նպաստեն իրենց աշխատանքի միջոցով «տարբերութիւն ստեղծելու»: Անոնցմէ շատեր, որոնք կը հեռանան աշխատանքէ, աւելի լաւ բարոյագիտական կամ մշակութային մթնոլորտ կը փնտռեն, նոյնիսկ այն պարագային, երբ ատիկա կը կատարուի աշխատավարձի հաշուոյն, նուազ աշխատավարձ ստանալով:
Բայց ատիկա ճի՞շդ է: Իրականութեան մէջ ո՞վ ի վիճակի է այդ ընտրութիւնը կատարել:

Ընտրութեան պերճանքը: Բրիտանիոյ լաւագոյն վճարուող ուսանողական նախագիծները ելեւմտական ասպարէզին մէջն են:
Ապրուստի գինը
Հազարամեակի սերունդները յաճախ կը նկարագրուին` որպէս «աշխատանք յուսացող սերունդ»: Քանի մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, որ մենք չենք ուզեր կառչիլ կայուն աշխատանքի, կամ` հետեւիլ նախատեսելի սանդուղի բարձրանալուն: Որոշ աւանդական ճարտարարուեստներ դժուարութիւն կ՛ունենան պահելու իրենց կրտսեր տարրերը: 2017 թուականին պատրաստուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Բրիտանիոյ մէջ շրջանաւարտներուն 46 առ հարիւրը աշխատանքի սկսելէ հինգ տարի ետք կը լքէ իր առաջին գործատուն:
Ընդհանուր ընկալումը այն է, որ շատերը կը լքեն «իրենց երազը հետապնդելը» կամ շրջագայիլը ամբողջ աշխարհը: Սակայն մերժելով հաւաքական ասպարէզի ուղին, ճամբորդելը կամ սեփական գործը սկսիլը` բաւական մեծածախս որոշում է: Միայն քիչեր կրնան ընել ատիկա:
Ուսումնասիրութիւնները հետեւողականօրէն ցոյց կու տան, որ գործազուրկ մնալու պահերը կը նուազեցնեն միջին աշխատավարձը, ոմանց համար` տարեկան հազարաւոր տոլարներով եւ կրնան նուազեցնել ապագայ աշխատանքային որակն ու գոհացումը:
Դրամատնային ասպարէզի նախկին գործարար եւ խորհրդատու Քրիստիան Պայֆիլտը դրամատնային եւ ապահովագրութեան ասպարէզներու մէջ այլեւս ներդրումներ չի կատարեր եւ սկսած է ամբողջ աշխարհը շրջագայիլ: Ան կ՛ըսէ. «Բազմաթիւ բաներ սկսան պատահիլ, որովհետեւ սկսայ սրտիս հետեւիլ»: Քանի մը տարի դրամական անկայունութենէ ետք, ան ի վերջոյ բազմամարդ ճամբորդութիւններ կազմակերպող գործարար մըն է: Բայց Պայֆիլտը բացառիկ պարագայ է, մեզմէ շատեր որոշում տալու ատեն տակաւին պէտք է մտածեն մեր դրամապանակներու մասին:
Ապացոյցները կը հաստատեն, որ աշխատանքը ընտրելու հիմնական մղումը տակաւին իրենց վճարումներն են:
Ըստ վերջին ուսումնասիրութիւններուն, մարդոց 63 առ հարիւրը կը մտածէ, որ դրամական վարձատրութիւնը շատ կարեւոր գործօն է աշխատանքը ընդունելու մէջ:
Թրիպլիպայթի պատրաստած ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ, որ արհեստագիտական ընկերութիւններու կողմէ նոր աշխատանքի համար ընտրուած տաղանդաւոր երիտասարդներէն անոնք, որոնք երկու տարբեր աշխատանքի առաջարկ կը ստանան, անոնց 70 առ հարիւրը կ՛ընտրէ ամէնէն բարձր վճարուողը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս մեր ծնողներու սերունդը պիտի ընէր:
Բազմաթիւ երկիրներու մէջ երիտասարդ աշխատողներ ուսանողական աւելի ծանր պարտքեր կ՛ունենան, քան` նախորդ սերունդները
Նման փոփոխութիւն կատարելու դրամական անկումները, վնասները մեզմէ շատերուն համար մեծ իմաստ չեն ներկայացներ:
«Ճիշդ չէ, որ նոր սերունդը չ՛ուզեր կայունութիւն», կ՛ըսէ մասնագէտ Լի Քարըրը:
Փաստօրէն մեզի անհրաժեշտ է դրամական աւելի շատ կայունութիւն, քան մեր ծնողներուն օրերուն էր: Բազմաթիւ երկիրներու մէջ մենք կը կրենք ուսանողական պարտքի յաւելման բեռը: Տնտեսական ճգնաժամի հետեւանքները յետաձգեցին մեր տնտեսական յառաջընթացը եւ մեր մեծ ելեւմտական որոշումները:
Ընդհանրապէս, վերջին քանի մը ուսումնասիրութիւնները կը հարցնեն, թէ արդեօ՞ք նոր սերունդը ըստ էութեան ապահով աշխատանքներու կը ձգտի աւելի բարձր վճարումներով, քան` մեր նախորդները:
Մարիա Ռէյեսը առեւտրական ընկերութեան մը վաճառատուներէն մէկուն պատասխանատուն է: Երբ ան սկսաւ իր աշխատանքին համար վարժանքներու, զգաց, որ հաւաքական աշխատանքը կը բախի իր ակնկալութիւններուն եւ համոզումներուն:
«Ընկերութիւնը բնաւ հետաքրքրուած չէ մարդոցմով», կ՛ըսէ ան: Բայց Մարիա մխրճուած է իր աշխատանքին մէջ: Ան նոյնիսկ երկու տարուան բացառիկ պայմանագիր կնքած է արտերկրի մէջ թանկարժէք ուսուցման դասընթացներու համար, որ պիտի վճարուէր, եթէ ընկերութիւնը լքէր:
Ի վերջոյ, ան պաշտօնի բարձրացում ստացաւ, ուր անոր ներքին հակամարտութիւնը խորացաւ: Անոր աշխատանքը կը կապուի հայթայթողներու հետ, որոնք` «կը փորձեն ամէն գնով մեծ գումարներ շահիլ` առանց միւս կողմը նկատի առնելու»: Ան չի սիրեր, իւրաքանչիւր սենթի համար խոնարհիլ, յատկապէս` փոքր ընկերութիւններու հաշուոյն, որոնք մեծապէս կախեալ են անոր որոշումներէն:
«Կը կարծեմ, որ երկու կողմերն ալ պէտք է շահին առեւտուրի մէջ», կ՛ըսէ ան:
Բայց խնդիրը այն է, որ Մարիան համեմատաբար բարձր պաշտօն ունի այդքան երիտասարդ տարիքին համար: Մարիան կը հաւատայ, որ եթէ ինք նման աշխատանքի համար այլ տեղ դիմէր, նոյնքան յաջող չէր ըլլար: Ան կը կասկածի, որ նոյնիսկ հարցազրոյցի չէ կանչուեր:
«Իմ ասպարէզիս մէջ բազմաթիւ աշխատողներ կան, ուրեմն անխոհեմ կ՛ըլլայ աշխատանքս փոխելը», կ՛ըսէ ան:
Հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ նոր հազարամեակի սերունդին` ամուսնանալը, զաւակներ ունենալը, բնակարանային վարկեր առնելը:
Մարսելա Կարտոնան, որ չուզեց իր իսկական անունը նշել, սկսաւ իր աշխատանքը դեղագործական ասպարէզին մէջ` յոյս ունենալով օգնելու մարդոց իր աշխատանքով, սակայն շուտով ճնշուեցաւ բարոյագիտական բազմաթիւ խնդիրներով եւ երկսայրի իրավիճակներով, որոնց ան ականատես եղաւ:
«Ասիկա առեւտուր է եւ ատոր նպատակը դրամ շահիլն է, այլ ոչ թէ` մարդոց օգնել», կ՛ըսէ ան:
Մարսելան շուտով սկսաւ կենսաբանութեան մագիստրոսի վկայականին համար ուսանիլ` ձգտելով նոր ասպարէզի մը եւ աւելի մեծ իմաստով հասկնալու, թէ իր ըրածը որքա՛ն նպաստած է մարդոց:
Բայց երբ ան յղացաւ, հարցերը փոխուեցան: Աղջկան հանդէպ ունեցած պարտաւորութիւններուն պատճառով ինք այլեւս չէր կրնար փոխել ուղին: Ան փոխեց աշխատատեղերը` յուսալով, որ հարցերը կը բարելաւուին, բայց ան կը դիմագրաւէ նոյն խնդիրները, ո՛ւր ալ աշխատի: Մարսելան կը շարունակէ դժգոհ մնալ իր աշխատանքէն. «բայց պէտք է գործնական ըլլամ», կ՛ըսէ ան:
Ոմանք աւելի բախտաւոր են, քան` միւսները
Ոչ բոլոր աշխատանքային շուկաները հաւասար են, որոշ հատուածներ աւելի ճկունութիւն ունին: Որոշ հմտութիւններու աւելի մեծ պահանջ կայ: Ասիկա կը նշանակէ, որ աւելի շատ աշխատատեղեր կան ընտրելու:
Օրինակ, Սիլիքոնեան Հովիտին մէջ ճարտարագէտները բարձր կը գնահատուին եւ կը պահանջուին:
Ըստ գործարար Ամմոն Պարթրամի, մարդիկ, որոնք կը գտնուին ոչ թեքնիք ասպարէզին մէջ, ինչպիսիք են հասարակական յարաբերութիւնները կամ իրաւաբանական ծառայութիւնները, այնքան ծրագրաւորողներ չեն ունենար: Եւ երբ խօսքը կը վերաբերի աշխատավարձի, ատիկա աւելի նուազ կ՛ըլայ տաղանդաւոր ճարտարագէտի մը ստացած գումարէն:
Այդուհանդերձ, այլ ասպարէզներու մէջ, ինչպիսիք են ընկերային գիտութիւնները կամ հաղորդակցութիւնները, ուր աշխատավարձերը ցած են, եւ աշխատատողներու քիչ պահանջ կայ, որոշում տալը շատ աւելի բարդ է:
Ընդհանրապէս, եթէ մարդիկ աւելի լաւ միջոցներ ունին` խնայողութիւններ, ապահովագրութիւն կամ մասնագիտական որակաւորում, այնքան աւելի դիւրին կու տան որոշումներ, որոնք կը ներառեն իրենց աշխատավարձը զոհելը:
Տարբերութիւն կ՛ընէ՞
Հազարամեակի սերունդի բազմաթիւ երիտասարդներու համար առաւել յարմար լուծում է սկիզբէն իրենց սկզբունքները, ընդունած արժէքները աւելի սերտ հաւասարեցնել աշխատանքին: Ակադեմական ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ այս սերունդը կ՛ուզէ, որ մարդիկ աշխատին, որպէսզի ըլլան բարոյական, հաւատարիմ` բազմազանութեան եւ իրենց մասնակցութիւնը ունենան աշխարհը աւելի լաւ տեղ մը դարձնելու առաքելութեան մէջ:
Ըստ Քարահըրի, այլ սերունդներ «երբեք չեն հարցուցած, եւ ըրած են այն ինչ որ ըսած են իրենց»: Սակայն երիտասարդ աշխատողները պէտք է հաստատեն, որ լաւ կ՛ըմբռնեն իրենց գործատուներու արժէքները եւ կազմակերպութեան մէջ իրենց դերը: «Անոնք կ՛ուզեն գործին մէջ ինքնահաստատում, անոնք կ՛ուզեն հասկնալ, որ իրենց խումբին մէջ տարբերութիւն մը կը բերեն, կ՛աւելցնեն բան մը»:
«Որոշ ընկերութիւններ, մասնաւորապէս` մեծերը, կ՛աշխատին իրենց արժէքները հաղորդելու համար: Պահանջուած վաճառանիշ ունենալը աւելի դիւրին կը ներգրաւէ այն մարդիկը, որոնք լաւ դիրքի կը հասցնեն ընկերութիւնը: Սակայն փոքր ընկերութիւնները պէտք է ամէն բան ընեն, որպէսզի առանձնանան, եւ ամէնէն արդիւնաւէտ ռազմավարութիւններէն մէկը շեշտը դնելն է իրենց աշխատանքի դրական ընկերային ազդեցութեան վրայ», կ՛ըսէ Պարթրամ:
Լաւ նորութիւնը այն է, որ աշխատաւորներու ճնշումը կրնայ զգալիօրէն փոխուիլ: Բազմաթիւ մեծ գործատուներ կ՛աշխատին այդ պահանջները կատարել բարեգործական եւ ընկերային պատասխանատուութեան միջոցով, նոյնպէս եւ` աւելի յստակ արտայայտել բարոյագիտական դիրքորոշումները: Առաջարկելով` «բարոյագիտական կողմնացոյց, որ աւելի եւ աւելի կարեւոր է երիտասարդ տաղանդը ներգրաւելու համար», կ՛ըսէ Քարահըր:
Որեւէ պարագայի, «Կուկըլ»-ի նախաձեռնութիւնը կ՛արդիւնաւորուի, որոշ յոյս կը ներշնչէ:
Ընկերութիւնը «Մաւեն» նախագիծը չէ վերակազմաւորած` նկատի ունենալով աշխատակիցներու ընդդիմութիւնը եւ մասնակիօրէն շահարկած է «Փենթակոն» պայմանագիրը, քանի որ ատիկա չի համապատասխաներ իր սկզբունքներուն: Ատիկա զոհողութիւն էր, բայց միայն արհեստագիտական հսկայ մը կրնար ինքզինքին թոյլ տալ ատիկա ընել:
Անոր աշխատողներէն ոմանք, ըստ երեւոյթին, նոյնպէս կրնան առաջնահերթ նկատել իրենց արժէքները: Անոնց աշխատավարձերը խոցելի չէին, եւ անոնք այլ լաւ աշխատանքներու հեռանկարներ ունէին:
Բայց անոնց մեծամասնութեան համար, որոնք կը զգան, որ իրենց աշխատանքը կը հակասէ իրենց արժէքներուն, վատ նորութիւնը այն է, որ «իրենց խումբին մէջ յաւելեալ բան մը բերելը» եւ «ձգտումին հետապնդումը» դրամական որոշումներ են: Եւ ատոնք աւելի լաւ կը պատրաստուին` հանդարտ գլուխով եւ առարկայական, յստակ թիւերը նկատի ունենալով: