ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Երբ կը թղթատէի «Սիոն»-ի նոր թիւերը, անզգալաբար իմ միտքը թռիչք կ՛առնէր դէպի Երուսաղէմ:
«Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ», բացագանչեր էր Շաւարշ Նարդունին վիպերգութեան մը մէջ` ճիշդ 80 տարի առաջ, 1938-ին:
Ես Երուսաղէմ չեմ գացած, չեմ տեսած Ս. Երկիրը, մոմ չեմ վառած Ս. Յարութեան տաճարին կամ հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքին կանթեղազարդ խորաններուն առջեւ, բախտը չեմ ունեցած դեգերելու քաղաքին քրիստոսակոխ վայրերուն ու հնադարեան փողոցներուն մէջ: Բայց երբեմն երբեմն, կարծէք, Երուսաղէմը ի՛նք եկած է իմ մօտ, գրկած է զիս…
Պիտի համարձակիմ ըսել, որ մեր Հալէպի հայահոծ կամ քրիստոնէաբնակ կարգ մը հին թաղերը ես միշտ նմանցուցած եմ Երուսաղէմի թաղերուն:
Օրինակ` Սալիպէն: Արաբերէն այս անուանումը կազմուած է արդէն «սալիպ» բառէն, որ կը նշանակէ «խաչ»: Եկէ՛ք եւ ըսենք` խաչառա՜տ թաղ:
Քանի՜ քանի՛ եկեղեցիներ իր մէջ պարփակող Սալիպէի Ֆարհաթ հրապարակէն դէպի հայոց Ս. Քառասուն Մանկանց մայր եկեղեցի առաջնորդող նեղլիկ թաղերը, տեղ-տեղ` կամարակապ ծածկոյթներով ու դուրս ցցուած վանդակորմէ պատուհաններով, ինծի այն խաբկանքը տուած են միշտ, որ կը քալեմ Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, մանաւանդ որ ամէն քայլափոխիդ խունկի անուշ բոյրը կը խուժէ ռունգերէդ ներս, ու ամէն կողմէ ականջիդ կը հասնին բազմալեզու շարականներու թովիչ եղանակներ… Յետոյ յանկարծ դիմացդ կ՛ելլէ հայ կամ օտարադաւան քահանայ մը, սեւաթոյր վերարկուով ու փակեղը գլխուն, որ յարգալիր շարժումով մը կը բարեւես` փոխադարձաբար ալ ընդունելով իր օրհնութիւնները…
Այս բոլորը երուսաղէմեան մթնոլորտ մը չե՞ն յիշեցներ:
Բայց չըլլայ, որ մոռնանք ՀՈԳԵՏՈՒՆԸ: Սալիպէին անմիջապէս քովը` Թիլել պողոտային կողին վրայ բացուած Հոգետունը:
Մեր քաղաքին նոր սերունդը հաւանաբար գաղափար չունի, բայց հիները գիտեն կամ պէտք է յիշեն, որ Հոգետունը առ այսօր Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան պատկանող կալուած մըն է: Այնտեղ գտնուող բազմատասնեակ խանութներուն սեփականատէրն ու վարձակալը հայոց պատրիարքարանն է:
Հոգետունը, դարեր առաջ, ժողովրդային իջեւանատուն մը եղած է Կիլիկիայէն կամ պատմական Հայաստանի գաւառներէն դէպի Երուսաղէմ գացող ուխտաւորներու համար: Նշանաւոր Պարոնտէր պատրիարքին օրերէն յամեցող կառոյց մըն է այս: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` հին խաները յիշեցնող ընդարձակ բակ մը, շրջապատուած միայարկ բազմաթիւ սենեակներով, հիմա բոլորն ալ` խանութի վերածուած:
Մեր մեծերը յաճախ պատմեր են մեզի, որ մինչեւ 50-60 տարի առաջ, Հոգետունի խանութներուն մեծամասնութիւնը հայապատկան էր, հայերու կողմէ կը բանեցուէր: Հոն գտնուած են Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ամսագրին խմբագրատունն ու տպարանը, հոն գործած է Տիգրանակերտի հայր. միութեան «Տիգրիս» գրադարանը եւ այլն: Այսօր տխուր է հաստատել, որ Հալէպի Հոգետունը ամբողջովին դիմագիծ փոխած է, հայաթափուած է, ու այնտեղ` իբրեւ հայապատկան գործատեղի, մնացած է լոկ «Ոսկետառ» տպարանը, զոր 1949-ին հիմնած էր Գառնիկ Մանուշակեանը: Տասնամեակ մը անց տպարանը տէր փոխած էր ողբացեալ Գրիգոր Պուրճլեանի գալուստով: Իսկ հիմա անոր սեփականատէրը երիտասարդ տպագրիչ Վաչէ Գայթանճեանն է:
Վաչէն կը շարունակէ հայերէն ճաշակաւոր գիրքեր տպել ու Հոգետունին հնամենի պատերէն ներս ապրեցնել աւանդութիւն մը, որ դարերու շունչը կը կրէ իր մէջ…
***
Ըսի, որ հին Հալէպի, մասնաւորաբար Սալիպէի նեղլիկ փողոցներն ու Հոգետունը Երուսաղէմը կ՛ապրեցնէին իմ մէջ:
Ուրի՞շ: Ուրիշ ինչե՞ր կան (կամ կային) իմ շուրջ, որոնք Երուսաղէմը կը յիշեցնէին ինծի, իմ մտածումները կ՛առաջնորդէին դէպի Ս. Երկիր:
Նախ` այն քանի մը գիրքերը, որոնք կը խօսէին Երուսաղէմի մասին, եւ զորս կարդացեր էի տարիներ առաջ. Տիգրան Սաւալանեանցի «Պատմութիւն Երուսաղէմի» խորագրեալ երկհատոր գործը, որուն մէջ ամէնէն շատ տպաւորուեր էի Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարքին պատմութեամբ, յետոյ` Մկրտիչ եպս. Աղաւնունիի «Միաբանք եւ այցելուք հայ Երուսաղէմի»-ն, Նարդունիին վիպերգութիւնը, Օրմանեան սրբազանին փոքր գիրքը, նոյնիսկ ԺԶ. դարու իտալացի բանաստեղծ Թասսոյին գլուխ-գործոց «Երուսաղէմ ազատեալ»-ը, զոր գեղեցկօրէն հայերէնի թարգմանած է հ. Արսէն Ղազիկեանը:
Գրադարանիս մէջ ունէի նաեւ «Սիոն»-ի հին թիւերու տրցակ մը, զոր ատեն-ատեն կը թղթատէի` մամուլի հին հաւաքածոներ պրպտելու իմ վաղեմի սովորամոլութեան գոհացում տալու նպատակով:
Իմ շուրջ կային քանի մը երէց ազգականներ ալ, որոնք 1967-ի արաբ-հրեայ պատերազմէն առաջ կրցեր էին անձամբ ուխտի երթալ հայ Երուսաղէմ ու հոն «մահտեսի» դառնալ («հաճի»): Անոնք իրենց բազուկին վրայ, դաստակէն քիչ մը վեր կը կրէին խաչանիշ դաջուածք մը, որ իրենց Երուսաղէմ այցին ցուցանիշն էր: Ես ամէն անգամ որ դաջուածքներ տեսնէի հայ մարդոց բազուկին ներքին երեսին վրայ, շուտով կ՛անդրադառնայի, որ անոնք Երուսաղէմ այցելելու բախտին արժանացեր էին…:
Յետոյ, կար Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի մեր հայերէնաւանդ անմոռանալի ուսուցիչը` Մկրտիչ Մկրտիչեանը: Ան ինծի համար Երուսաղէմի մէկ խորհրդանիշն էր, որովհետեւ 30-ական թուականներուն ուսանած էր տեղւոյն Սրբոց Յակոբեանց վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ ու այնտեղ աշակերտեր էր մեծանուն գրագէտ Յակոբ Օշականին, ճի՛շդ այնպէս ինչպէս եղած էր պարագան լիբանանահայ գրագէտ Պօղոս Սնապեանին:
Այս բոլորէն ետք, կար տակաւին ս. պատարագի ընթացքին նուիրապետական աթոռներու գահակալներուն անուններուն յիշատակութեան պահը, որ անպայման կ՛ընդգրկէր Երուսաղէմը: Յիշատակութեան այդ պահը նուիրական եղած է ինծի համար նոյնիսկ այն հի՜ն օրերուն, երբ պատանի դպիր մըն էի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Ուղղակի կ՛ոգեւորուէի, երբ պատարագիչ եպիսկոպոսը բամբ ձայնով կը գոչէր.
– Եւս առաւե՜լ` զեպիսկոպոսապետն մեր եւ զպատուական հայրապետն Ամենայն Հայոց… եւ Երուսաղիմայ առաքելական աթոռոյն պատրիարք` զտէր Եղիշէ սրբազան արքեպիսկոպո՜սն… շնորհեսցես մեզ ընդ երկայն աւուրս ուղիղ վարդապետութեամբ:
Ի դէպ, նուիրապետական չորս աթոռներու գահակալներուն անուան յիշատակումը աւելի ուշ մասնակիօրէն կրճատուեցաւ Հալէպի մէջ` ինծի անծանօթ պատճառով: Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքները ա՛լ արժանի չնկատուեցան կիրակնօրեայ յիշատակումի:
Ճիշդ այս պատճառով ալ այսօր մեր եկեղեցիները լեցնող հայ հաւատացեալներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ դպիրներ կամ ուրարակիրներ չեն գիտեր, թէ ո՛վ է Պոլսոյ հայոց այժմու պատրիարքը, չեն գիտեր, թէ ո՛վ է հայ Երուսաղէմի ամենապատիւ գահակալը…
Հա՛, Երուսաղէմը ինծի յիշեցնող բան մը եւս կայ. թաղմանական արարողութիւնները:
Ամէն անգամ որ բարեկամի մը յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուիմ ու եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ տխրօրէն հնչէ «Ի վերին Երուսաղէմ» շարականը, ես կրկին ու կրկին կը յիշեմ Երուսաղէմը: Այն միակ տարբերութեամբ սակայն, որ այս Երուսաղէմը իմ փայփայած Ս. Քաղաքը չէ, այլ` երկնքին մէջ անծանօթ տեղ մը…
(Հալէպ)