Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

ՀՕՄ-ի Արցախի Միաւորը «Բերքի Տօն»-ը Հասցուց Զօրամաս

Վերջերս Արցախի մէջ մեծ շուքով նշեցին Գիւղատնտեսութեան աշխատողի մասնագիտական տօնը:

Աւանդոյթին հաւատարիմ, Արցախի Հայ օգնութեան միութեան անդամներուն համար նշանաւոր դարձաւ ՊԲ զօրամասերէն մէկուն մէջ կազմակերպուած «Բերքի տօն»-ը: Անոնք մայրական սիրով, ջերմութեամբ դիրքապահները հիւրասիրեցին արցախեան այգիներու բերք ու բարիքով` խնձոր, խաղող, արքայախնձոր, նուռ, Ղարաբաղի գաթաներ, քաղցրաւենիք:

Զինուորներուն ուրախ տօնական տրամադրութիւն ապահովեց «Ասպետ» համոյթը: «Մեր զինուորներուն շնորհիւ է, որ մեր երկրի սահմանները միշտ կը մնան անառիկ, եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ արցախցիները ուրախ տրամադրութեամբ «Բերքի տօն»-ը կը նշեն», նշած է ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեանը:

Փաշինեան Այցելեց Սուրիահայերու Աշխատանքներու Տօնավաճառ

Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը եւ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Մխիթար Հայրապետեանը 17 հոկտեմբերին այցելեցին Հիւսիսային պողոտային վրայ կազմակերպուած «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագիրով բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը: Նիկոլ Փաշինեան այցելութեան ընթացքին մօտեցաւ տաղաւարներուն, ծանօթացաւ սուրիահայերու ներկայացուցած աշխատանքներուն եւ հետաքրքրուեցաւ անոնց  գործունէութեամբ:

Մխիթար Հայրապետեանը խօսելով ցուցահանդէս-տօնավաճառին մասին` նշեց, որ անիկա կազմակերպուած է սփիւռքի նախարարութեան, «Հայկական Քարիթաս» բարեսիրական հասարակական կազմակերպութեան, ՄԱԿ-ի ՓԳՀ հայաստանեան գրասենեակի, «Սուրիահայերու հիմնական հարցերը համակարգող կեդրոն»-ին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին աջակցութեամբ եւ կը նպատակադրէ նպաստելու Հայաստանի մէջ սուրիահայերու ընկերային-տնտեսական համարկման: «Այսպիսի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին շարունակական կերպով` սփիւռքի նախարարութեան եւ միջազգային ու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու աջակցութեամբ: Ասիկա 24-րդ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառն է: Նախորդ անգամ, երբ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած ցուցահանդէս այցելեցի, հիմնական հարցերը, որոնց մասին  սուրիահայերը կը խօսէին, կապ ունէին տաղաւարներու վարձակալութեան հետ: Սուրիահայերը ինձմէ խնդրեցին լուծում գտնել: Մենք անմիջապէս բանակցութիւններու սկսանք «Տաշիր սթրիթ»-ի հետ եւ յաջողեցանք համաձայնութեան գալ», նշեց Մխիթար Հայրապետեանը: Ան յայտնեց, որ մօտաւորապէս 4 տասնեակ սուրիահայերու Հիւսիսային պողոտայի ստորգետնեայ հատուածին մէջ գործող «Տաշիր սթրիթ» առեւտուրի կեդրոնին մէջ կը տրամադրուին տաղաւարներ` մէկ տարի ժամկէտով, վարձակալութեան առաջին երեք ամիսները կ՛ըլլան անվճար, իսկ միւս ինը ամիսներուն ընթացքին նախատեսուած 60 հազար դրամ ամսավճարի փոխարէն սուրիահայերը կը վճարեն 30 հազար դրամ: Այս բոլորը Մխիթար Հայրապետեանը համարեց քայլ դէպի յառաջ:

«Մենք մեր լաւագոյնը կ՛ընենք, որ սուրիահայերը համարկուին, ըլլան հասարակութեան լիիրաւ անդամ եւ ունենան աշխատանք», ընդգծեց նախարարի պաշտօնակատարը եւ առանձնացուց կրթական, բնակարանային եւ աշխատանքի ապահովման հարցերը:

Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին Ընդառաջ, ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի Անդամ Սկաուտները Խոստում Տուին

Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակին ընդառաջ ՀՄԸՄ ՀԱՍԿ-ի մօտ երկու հարիւր սկաուտները «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանի տարածք այցելեցին: Անոնք մայրաքաղաքին խոստում տալէն ետք, սկսան մաքրել տարածքը, ապա շաբաթօրեակը անցուցին հոն, այցելեցին թանգարան եւ ծանօթացան քաղաքի հիմնադրման պատմութեան:

 Չինաստան Յանձնեց Իր Նուիրած Շտապ Օգնութեան 200 Ինքնաշարժները

Չինաստանի կողմէ նուիրուած շտապ օգնութեան 200 ինքնաշարժները յանձնելու հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Ներկայ էին` Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, Հայաստանի մէջ Չինաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թիան Ըրլոնկը, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Արսէն Թորոսեանը եւ ուրիշներ:

«Այս առիթով կը յայտնեմ իմ ջերմագին շնորհաւորանքներս: Առողջապահութեան մարզը հայ-չինական համագործակցութեան կարեւոր մէկ մասը կը ներկայացնէ, եւ չինական կողմը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ Հայաստանի առողջապահութեան զարգացման: Պէտք է ըսել, որ շտապ օգնութեան այս 200 ինքնաշարժները մեծագոյն օժանդակութիւններէն մէկն է, զոր Չինաստան կը տրամադրէ միջազգային մակարդակի վրայ», ըսաւ Չինաստանի դեսպանը:

Դեսպանը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Չինաստանի միջազգային համագործակցութեան զարգացման հիմնադրամին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ չինական կողմէն ծրագիրը իրականացուցած բոլոր պատասխանատուներուն:

«Հակառակ այն հանգամանքին, որ մեր երկու երկիրները հեռու կը գտնուին իրարմէ, սակայն մեր ժողովուրդներու բարեկամութիւնը դարերու պատմութիւն ունի: Չինաստանի աջակցութիւնը Հայաստանին կը տրամադրուի անշահախնդիր: Համոզուած եմ, որ Չինաստան եւ Հայաստան կը շարունակեն համագործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ եւ հայ-չինական կապերը կ՛ըլլան յարատեւ եւ ամուր», աւելցուց դեսպանը:

Մէկ Միլիոն Շիշ Հայկական Նուռի Գինի Չինաստան Պիտի Արտածուի

18 հոկտեմբերին, Չինաստանի մէջ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մանասարեանի նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրատեանը եւ Չինաստանի Միջազգային ընկերակցութեան կազմակերպիչ յանձնախումբի գլխաւոր քարտուղար Եոնգ Ան Չուն ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որուն համաձայն, յառաջիկային Չինաստան պիտի արտածուի հայկական գինեգործական ընկերութիւններու կողմէ արտադրուած մէկ միլիոն շիշ նուռի գինի:

«Չինական շուկային հայկական գինեգործութիւնը առաջին անգամ ներկայացաւ անցեալ տարի, երբ Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ, հայկական գինեգործական ընկերութիւններու արտադրանքը ներկայացուեցաւ «ProWine China 2017» ցուցահանդէսին, որուն իբրեւ արդիւնք` կնքուեցան արտահանման շարք մը պայմանագիրներ: Այս յուշագիրը հայկական գինիներու արտահանման ծաւալները մեծցնելուն միտուած յաջորդ կարեւոր փուլն է: Հիմա մենք չինական շուկայ կը մտնենք նաեւ մեր միրգային, մասնաւորապէս նռան գինիներով, բան մը, որ կարելիութիւն կը ստեղծէ հետագային չինական շուկային ներկայացնել հայկական գինեգործութեան արտադրանքի ամբողջ տեսականին: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ մեր արտադրողները կը մեծցնեն իրենց սպառման, հետեւաբար նաեւ ներդրումներու եւ արտադրութեան ծաւալները», ըսաւ Հայաստանի խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Զարուհի Մուրատեանը:

«Մենք պատրաստ ենք աջակցելու Հայաստանի արտադրողներուն` չինական շուկային մէջ հայկական գինիները ճանաչելի դարձնելու եւ ներկայացուածութիւնը բարձրացնելու հարցերուն մէջ: Այս յուշագիրով մենք կը նախատեսենք սկիզբը Չինաստան ներածել մէկ միլիոն շիշ հայկական նուռի գինի, բայց ասիկա միայն առաջին քայլն է: Ես վստահ եմ, որ համագործակցութիւնը պիտի ընդլայնի, եւ այս յուշագիրը նաեւ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հետագային մեծցնելու դէպի Չինաստան արտածուող հայկական գինիներու թէ՛ ծաւալները, թէ՛ տեսակները», նշեց Եոնգ Ան Չուն:

 Հայաստան Բարելաւած Է Իր Դիրքերը Մրցունակութեան Համաշխարհային Ցանկին Վրայ

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին (WEF) կողմէ հրապարակուած Համաշխարհային մրցունակութեան (Global Competitiveness Index, Armenia) 2018-ի վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստան աշխարհի 140 երկիրներու շարքին կը զբաղեցնէ 70-րդ տեղը, նախորդ տարուան հետ համեմատած` իր դիրքը բարելաւելով 2 կէտով:

«ԱրմԷնփրէս»-ը կը տեղեկացնէ, որ մրցունակութեան աղիւսակը 85,6 միաւորով կը գլխաւորեն Միացեալ Նահանգները, իսկ կը յաջորդեն Սինկափուրը` 83,5 միաւոր եւ Գերմանիան` 82,8 միաւոր, 4-րդը Զուիցերիան` 82,6, 5-րդը Ճափոնը` 82,5 միաւոր:

Մրցունակութիւնը կը գնահատուի 12 հիմնական չափանիշներու վերլուծութեան հիման վրայ` պետութեան կառոյցներու, ենթակառուցուածքներու, մաքրոտնտեսական միջավայրի, առողջապահութեան, կրթութեան ոլորտներու ցուցանիշներու, ապրանքներու շուկայի, աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան, ֆինանսական շուկայի զարգացման, արհեստագիտութեան պատրաստութեան, շուկայի ծաւալներու: Նշուած 12 ուղղութիւններէն 11-ին մէջ Հայաստան յառաջընթաց արձանագրած է:

Նշանակալի յառաջընթաց նկատուած է արհեստագիտութեան պատրաստուածութեան, առողջապահութեան, կրթութեան, ապրանքներու շուկայի, աշխատաշուկայի արդիւնաւէտութեան եւ նորարարական կարողութիւններու մակարդակները բնութագրող ցուցանիշներուն մէջ:

Յետընթաց արձանագրուած է միայն մաքրոտնտեսական վիճակը բնութագրող ցուցանիշներուն մէջ: Անցեալ տարի Հայաստանի մաքրոտնտեսական միջավայրը գնահատուած էր 74,6 միաւորով, իսկ այս տարի` 72,4 միաւորով, եւ սոյն տուեալներուն հիման վրայ վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի տնտեսութիւնը գրաւած 84-րդ տեղը:

Հակառակ այն հանգամանքին, որ Մրցունակութեան համաշխարհային ցուցակին մէջ Հայաստան այս տարի բարելաւած է դիրքերը, այդուամենայնիւ,  տակաւին կը շարունակէ ետ մնալ տարածաշրջանի երկիրներէն. օրինակ` Ազրպէյճանը աղիւսակին մէջ կը զբաղեցնէ 69-րդ տեղը, իսկ Վրաստանը` 66-րդ: Տարածաշրջանի նշուած երկու երկիրները յետընթաց ունեցած են նախորդ տարուան հետ համեմատած:

Արաքսի Ափամերձ Հատուածով Արցախը Հայաստանին Կապող Երրորդ Մայրուղին Պիտի Կառուցուի

Հայաստանը Արցախին կապող նոր` երրորդ մայրուղին պիտի կառուցուի. այս մասին յայտնեց Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը` հոկտեմբեր 15-ին լիբանանահայ գործարարներու հետ հանդիպման ընթացքին:

Առաւել քան 200 սփիւռքահայեր (լիբանանահայեր եւ Լիբանանէն հեռացածներ) գործարարներէ կազմուած ԱՌԻ` «Արցախ ռութս ինվեսթմընթ» (Artsakh Roots Investment) ներդրումային ընկերութեան բաժնետէրերու խումբը` շուրջ 25 հոգի, հոկտեմբեր 13-16 եկաւ Արցախ` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու նախորդ տարիներու գործունէութեան արդիւնքներուն, հանդիպումներ ունենալու Արցախի իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկելու «Արցախ-2028» խորհրդաժողովի իրականացման մանրամասնութիւնները, կը յայտնէ «Սիվիլնեթ»-ը:

ԱՌԻ-ի բաժնետէրերուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեանը նշեց, որ հետագային կը նախատեսուի կառուցել Հայաստանը Արցախին կապող երրորդ` հարաւային մայրուղին` Արաքսի ափամերձ հատուածով:

Սահակեան յայտնեց, որ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը ո՛չ միայն մէկ աստիճանով բարձրացուցած է Արցախի անվտանգութիւնը, այլ նաեւ ունեցած է տնտեսական ազդեցութիւն, մասնաւորապէս աճած է զբօսաշրջութիւնը, Թարթառ եւ Լեւ գետերու երկայնքով կառուցուած են եւ կը կառուցուին ուտելիքի, սպասարկման կառոյցներ եւ ջրաելեկտրակայաններ:

Արցախեան պատերազմի աւարտէն ետք «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը սկսաւ կառուցելու Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղին: Վերջերս աւարտեցաւ եւ շահագործման յանձնուեցաւ Վարդենիս-Մարտակերտ ճանապարհը:

 2018-ի Առաջին 9 Ամիսներուն Հայաստանէն Արտածումը Գերազանցած Է Ամբողջ 2017-ի Ցուցանիշը

2018-ի առաջին 9 ամիսներուն Հայաստանէն արտածումներու ծաւալը գերազանցած է 2017-ի ամբողջ տարուան ցուցանիշը: «Պիզնես Արմէնիա» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեանը, 19  հոկտեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտնեց նաեւ, որ յունուարէն սեպտեմբեր կնքուած են 5,9 միլիառ դրամի արտածումներու պայմանագիրներ, մինչդեռ 2017-ի տարեկան ցուցանիշը կազմած է 5,7 միլիառ դրամ:

«Կ՛ակնկալենք այս տարի հասնելու 7 միլիառին շեմը», ըսաւ Արմէն Աւակ Աւակեանը:

Նշենք, որ Հայաստանի արտածումներու ծաւալները 2017-ի առաջին 11 ամիսներուն կազմած են 2013 միլիառ տոլար, 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած` աճելով 23,5 տոկոս:

Տուրմի Առաջին Թանգարանը` Հայաստանի Մէջ

«Կուրմէ տուրմէ» նշանաւոր տուրմի տունը, Հայաստանի Արագածոտնի մարզի Աշտարակ քաղաքին մէջ, 15 հոկտեմբերին բացաւ տուրմի առաջին թանգարանը:

Այցելուները այստեղ կրնան ծանօթանալ տուրմի պատմութեան, պատրաստութեան գործընթացներուն, նաեւ` համտեսել տարբեր տեսակի տուրմեր:

Հաղորդենք, որ տուրմի թանգարանի բացման մասնակցեցան Հայաստանի մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը եւ Աշտարակի քաղաքապետ Թովմաս Շահվերդեանը, որոնք բարի երթ մաղթեցին նախաձեռնողներուն:

Նշենք, որ «Կուրմէ տուրմէ» ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ հիմնուած է 2007-ին, Ֆրանսայէն եւ Աւստրիայէն հայրենադարձ երկու լիբանանահայ եղբայրներու` Փիեռ եւ Տիրան Պաղտատեաններուն կողմէ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>