ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Վերջերս Բրիտանիոյ «Հետտըն» հրատարակչատան կողմէ լոյս տեսաւ լրագրող եւ վիպագիր Սերժ Մոմճեանի «Gateway to Armenia» անգլերէն լեզուով գիրքը, որ բաղկացած է 166 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 25 գլուխներ ու վերջաբան մը:
Գիրքին սկիզբը հեղինակը կը նշէ, որ արեւմտահայերը սփիւռքի մէջ յաջողութեամբ համարկուած են զիրենք հիւրընկալած երկիրներուն մէջ: Ըստ հեղինակին, կան 2 տեսակի հայեր. անոնք, որոնք պայքարած են իրենց ինքնութիւնը եւ աւանդութիւնները պահպանելու համար, եւ անոնք, որոնք յանձնած են իրենց ինքնութիւնը` նոյնիսկ փոխելով իրենց անունները: Երկրորդ խումբին պատկանողները շատ քիչ տեղեկութիւն ունին կամ չունին հայոց պատմութեան եւ մշակոյթին մասին: Կը նախընտրեն շարունակել իրենց կեանքը եւ աւելի օգտագործել զիրենք հիւրընկալող երկիրներու լեզուն, քան` իրենց մայրենի լեզուն: Գիրքին հերոսը` ամերիկահայ լրագրող Հայկ Պետրոսեանը, մաս կը կազմէ այս վերջին տեսակին:
Հայկ Պետրոսեանը Հայաստանի մասին գիտէ միայն 2 բան. քրիստոնէութիւն եւ Նոյեան տապան: Ան լրագրող է «Պոսթըն Տէյլի»-ի մէջ: 24 ապրիլ 2015 թուականը անկիւնադարձային կ՛ըլլայ անոր կեանքին մէջ: Այդ օրէն ի վեր կը սկսի հետաքրքրուիլ հայկականութեամբ, պրպտումներ կատարել, ակումբ յաճախել, հայերու ծանօթանալ:
2016-ի աշնան թերթի խմբագրատունը զինք Հայաստան կը գործուղէ` գրելու Հայաստանի մասին: Երկու շաբթուան ճամբորդութեան ընթացքին ուղեկցորդ մը զինք կը տանի պատմական վայրեր: Կեցութեան ընթացքին Հայկ Պետրոսեանը կը ծանօթանայ Հայաստանի հարուստ մշակոյթին եւ դարաւոր պատմութեան: Իւրաքանչիւր գլուխի մէջ Հայկ առաջնորդին ուղեկցութեամբ կ՛այցելէ տարբեր վայր մը:
Մոմճեան տարբեր գլուխներու մէջ կը ներկայացնէ հայոց պատմութենէն դրուագներ եւ տուեալներ, կ՛անդրադառնայ նաեւ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան, Խորհրդային Միութեան փուլին անկախութեան, Եւրոպայի, Ռուսիոյ եւ ՕԹԱն-ի հետ յարաբերութիւններուն, արցախեան պատերազմին:
Հայաստան գտնուած ժամանակ Հայկը կը նկատէ եւ կը լսէ Հայաստանի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական խնդիրներուն մասին: Մոմճեան որոշ գլուխներու մէջ մանրամասն կ՛անդրադառնայ խնդիրներուն եւ կը նշէ որոշ տուեալներ: Նոյն ատեն լաւատեսութիւն կը յայտնէ նոր սերունդին նկատմամբ, որ կենսունակ է եւ պատրաստակամ` նորութիւններ բերելու երկրին մէջ:
Ճամբորդութեան աւարտին Հայկ Պետրոսեանը կը համոզուի, որ Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, հարուստ` իր մշակութային ժառանգութեամբ եւ պատմութեամբ: Սակայն կու գայ այն եզրակացութեան, որ Հայաստանի մէջ ինքզինք աւելի զբօսաշրջիկ կը զգայ, քան` Պոսթընի մէջ: Կը համոզուի, որ ինք կէս հայ, կէս ամերիկացի է:
Ժողովուրդին հետ ունեցած շփումներուն ընթացքին, կամ այլ ացելութիւններու ընթացքին կ՛ունենայ Հայաստանին չպատկանելու զգացում մը, որ չի կրնար վերագրել պատճառի մը. տնտեսական խնդի՞րն է, թէ՞ խորհրդային ժառանգութեան տակաւին առկայութիւնը:
Գիրքի լեզուն դիւրամատչելի է, ոճը` հետաքրքրական, երկխօսութեան եւ բացատրողական բաժիններու վրայ հիմնուած:
Սերժ Մոմճեանը Հայկ Պետրոսեանի ընդմէջէն կը փորձէ պարզել իրավիճակը սփիւռքահայերու այն տեսակին, որոնք հայկականութենէ հեռու ապրած են ամբողջ կեանք մը եւ ապա փորձած են վերադառնալ իրենց արմատներուն: Սակայն, Հայաստան այցելելով, այդքան ալ չեն յաջողած ընտելանալ այնտեղի կեանքին եւ ապրելակերպին:
Տխուր է, որ Հայկ Պետրոսեանին մէջ չէ արթնցած այդ ցանկալի հայրենասիրութեան եւ հայրենիքի պատկանելիութեան զգացումը, այլ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալով` Հայկը ինքզինք զգացած է աւելի համարկուած ամերիկեան կեանքին եւ մշակոյթին:
Այս գիրքը յանձնարարելի է անգլիախօս հայերու եւ օտար ընթերցողներու համար` մօտէն ծանօթանալու անցեալի եւ ներկայ Հայաստանին, մշակոյթին, խնդիրներուն:
Թերեւս ընթերցողը պիտի փափաքէր, որ Հայկ Պետրոսեանին Հայաստան այցելութիւնը աւելի մեծ ազդեցութիւն ձգէր անոր վրայ եւ անոր մէջ արթնցնէր հայրենիքի հանդէպ սէր եւ շեշտադրուէր անոր հայկական ինքնութիւնը:
* Գիրքը կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն եւ amazon.com-ի միջոցով: