Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարցազրոյց` «Պրիլընթ Լիպանիզ Ըուործ» Մրցումին Մասնակից Ռուտոլֆ Պեքերեճեանին Հետ

$
0
0

Հարցազրոյցը վարեց` ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ

«Պրիլընթ լիպանիզ ըուործ»-ը Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող տարեկան մրցում մըն է, որուն այս տարի իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայ երիտասարդ մը` Ռուտոլֆ Պեքերեճեանը: Այս մասին «Վանայ ձայն» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ռուտոլֆ Պեքերեճեանին հետ` իմանալու համար անոր գործունէութիւնները եւ մրցոյթին մասնակցելու մանրամասնութիւնները:

«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ».- Ի՞նչ գործով կը զբաղիս եւ ինչպէ՞ս եղաւ ձեր մասնակցութիւնը «Պրիլընթ լիպանիզ ըուործ» մրցոյթին:

ՌՈՒՏՈԼՖ ՊԵՔԵՐԵՃԵԱՆ.- Ես Քանատա ապրած եմ, բայց մանկութեանս հոս էի եւ Լիբանանը շատ կը սիրեմ: Շատ լաւ յիշատակներ ունիմ Լիբանանի մէջ: Երբ Քանատա գացի, աւարտեցի համակարգչային գիտութիւն ճիւղը: Քանատայի մէջ մեծ յաջողութիւն ունեցայ, ընկերութիւններուն օգնեցի, որ 50 միլիոն տոլարի չափ համացանցի վրայ ապրանք ծախեն: Այս յաջողութիւնը ուզեցի Լիբանան եւ Միջին Արեւելք բերել: Երեք տարի առաջ սկսայ աշխատանք տանիլ, խումբ շինեցի եւ իրարու հետ գիշեր-ցերեկ աշխատեցանք: Մեր ընկերութիւնը` ecomz.com կ՛օգնէ, որ ընկերութիւններ ունենան իրենց իւրայատուկ էջը եւ իրենց առեւտուրը ընեն, իրենց ապրանքները ծախեն: Կայքէջի հարթակին վրայ անոնք կրնան ապրանքներ եւ արտադրութիւններ տեղադրել, կրնան ձեւաւորումը շտկել, կրնան նիւթական ապահովել, կրնան ապրանք ապսպրել համացանցով:

Մեր ընկերութիւնը իւրայատուկ երեւոյթ է Միջին Արեւելքի մէջ: Գրեթէ 15 տարիէ այս գործը կ՛աշխատիմ, մեծ փորձառութիւն ունիմ: Երբ սկսանք յաջողութիւն ունենալ, շատ մը գործարարներ մեզի հետ աշխատեցան, բազմաթիւ մրցանակներ շահեցանք եւ ճանաչում ունեցանք: «Թաչ» ընկերութիւնը մրցում մը կազմակերպած էր` ամէնէն զօրաւոր արհեստագիտութիւնը, եւ մենք շահեցանք: Ամիս մը առաջ հրաւիրուեցայ Սան Ֆրանսիսքօ եւ հանդիպում ունեցայ Կուկլին հետ եւ` ուրիշ մեծ ընկերութիւններու հետ:

Ուրեմն «Պրիլընթ լիպանիզ ըուործ» տարեկան մրցում է եւ երեք բաժին ունի` առեւտուրի լաւագոյն ընկերութիւնը, երկրորդը` կին գործարարները, երրորդը`տարուան մէջ արհեստագիտական նորարարութիւնը: Լիբանանի մէջ սկսած է արդէն արհեստագիտական նորարարութիւններուն արժէք տրուիլ, որովհետեւ այդ է ապագան: Նորարարութիւնը գործարարութիւնը կը զօրացնէ քաղաքին մէջ: Այս տարի մրցումը ուզեց օգնել ընկերութիւններուն, որոնք կը փորձեն նոր արհեստագիտութիւն բերել քաղաք: Եւ մենք դիմեցինք մասնակցելու այս մրցումին հետեւելով բոլոր օրէնքներուն եւ պայմաններուն:

150 ընկերութիւն դիմեց Լիբանանի մէջ: Մենք ընտրուեցանք լաւագոյն հնգեակին մէջ: Դատական կազմին առջեւ ներկայացանք եւ ցոյց տուինք, թէ ինչո՛ւ այս գործը խելացի գործ է, օգտակար է եւ կրնայ բարգաւաճիլ դիւրութեամբ եւ շատ մը դուռեր կրնայ բանալ: Ըսեմ նաեւ, որ այս մրցումը կազմակերպած է Պի. Էլ. Սի. դրամատունը` գործակցութեամբ Էլ. Պի. Սի. պատկերասփիւռի կայանին: Դատական կազմը ինք պիտի ընտրէ յաղթող ընկերութիւնը:

Ըսեմ նաեւ, որ մենք հիմա ամէն տեղ կը ճամբորդենք` Տուպայ, Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, Հիւսիսային Ամերիկա, յաճախորդներ ունինք Ամերիկայի եւ Քանատայի մէջ: Մեր արհեստագիտութիւնը ամբողջ աշխարհը կրնայ գործածել, սահմանափակ չէ: Արդէն ամէն մարդ կը սկսի Դիմատետրի եւ ինսթկրամի վրայ ապրանք տեղադրել եւ ծախել: Հիմա արդէն շատ սուփրմարքեթներ համացանցի վրայ են:

«Վ. Ձ».- Ուրիշ հայ մասնակցա՞ծ է այս մրցումին:

Ռ. Պ.- Այս տարի ուրիշ հայ չէ մասնակցած ինձմէ զատ:Անցեալ տարի կամ առջի տարի մասնակցած էր «Մայրիկ»ընկերութիւնը, որ իբրեւ կին գործարար` շահեցաւ մրցումը:

«Վ. Ձ.».- Ինչպէ՞ս տեղի պիտի ունենայ քուէարկութիւնը:

Ռ. Պ.- Նախ ըսեմ, որ դատական կազմը ինք կը յայտարարէ մեծ մրցանակը շահողը, յետոյ Պի. Էլ. Սի. դրամատունը օգնութիւններ պիտի տայ շահողին ,որ նոր մակարդակներու հասնի: Անցեալ տարիներու շահողները արտայայտուած են, որ մրցումը շահիլը ամէնէն լաւ բանն է, որ պատահած է իրենց:

Ուրեմն ժողովուրդն ալ քուէարկութեան պիտի մասնակցի, որպէսզի ընկերութիւններ աւելի փոքր մրցանակներ շահին. ուրեմն, այսպէս, կը մտնենք «Պրիլիընթ լիպանիզ ըուորտս» կայքէջը https://www.brilliantlebaneseawards.com, կը փնտռենք Ռոտոլֆ Պեքերեճեան եւ կը քուէարկենք տալով ե նամակը եւ հեռաձայնի թիւը: Երբեմն կայքէջը ծանրաբեռնուած կ՛ըլլայ, պէտք է համբերող ըլլալ: Կ՛արժէ անպայման քուէարկել:

«Վ. Ձ.».- Մրցումը յաղթելը ի՞նչ կը ներկայացնէ ձեզի համար:

Ռ. Պ.- Բառեր չունիմ բացատրելու, թէ ի՛նչ կը ներկայացնէ մրցումը շահիլը ինծի համար: Վեց տարիէ ի վեր կ՛աշխատիմ այս ընկերութեան մէջ եւ ընկերութեան համար: 15 տարիէ այս մրցումը կը սպասեմ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ հայ երիտասարդները պէտք է մասնակցին նման մրցումներու,գան Լիբանան եւ աշխատին խելացութեամբ, չյանձնուին, հետապնդեն իրենց նպատակները եւ ինքնավստահ ըլլան: Կ՛ուզեմ ըսել նաեւ, որ համալսարանաւարտ երիտասարդները կրնան դիմել մեր ընկերութիւն` ecomz.com աշխատանքի համար:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>