Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ 30-ամեակի Նշում

23 սեպտեմբերին Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձը:

Նոյն օրը, յընթացս ս. պատարագի, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 27-րդ տարեդարձին առիթով, իսկ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի վարչական խորհուրդը իր հանգանակային արշաւը մեկնարկեց ի նպաստ այս ծրագիրին:

Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատուցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որ նաեւ կատարեց եռագոյն դրօշի օրհնութիւնը եւ ուղղեց օրուան խորհուրդները վեր առնող պատգամ մը: Առաջնորդը փառք տուաւ Աստուծոյ, որ 30 տարիներ առաջ  սոյն ծխական համայնքը ունեցած է իր սեփական եկեղեցին, որ օրին օծուեցաւ ձեռամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի (ապա` Գարեգին Ա. կաթողիկոս Ամենայն Հայոց): Ան երախտագիտութեամբ յիշատակեց Քէօյլեան, Ղուկասեան, Մինասեան եւ Յովնանեան ընտանիքները, որոնց առատաձեռն նուիրատուութիւններով մարմնաւորուեցան եկեղեցին, սրահը, դպրոցն ու զանոնք պարփակող համալիրը, իսկ աւելի ուշ Պարսամեան ընտանիքը եղաւ համանուն հայ կեդրոնին բարերարը:

Անդրադառնալով Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի տարեդարձին` սրբազանը նշեց, որ 27 տարի առաջ վերածնած անկախութիւնը մարմնաւորեց Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան աւանդները, եւ այսօր մեր հայրենիքը կը քալէ իր սեփական ուղիով, տէրն է իր ճակատագիրին ու ժառանգութեանց, որոնք մեզի հասած են անդրանիկ հանրապետութենէն: Առաջնորդը յայտնեց, որ նոյն օրը թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պաշտօնապէս յայտարարուած է Հայ-ամերիկեան թանգարանի ծրագիրին ի նպաստ հանգանակային աշխատանքներուն սկզբնաւորումը, եւ այս առթիւ հրաւէր կ՛ուղղուի ժողովուրդին, որպէսզի հաւաքաբար մասնակցի թանգարանի իրականացման աշխատանքներուն:

Պատարագի աւարտին «Ղուկասեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 30-ամեակի ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` եկեղեցւոյ հովիւ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, շրջանի «Արմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Քիլեճեանը, հոգաբարձութեան ատենապետ Հրայր Ճերմակեանը, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանը եւ առաջնորդ սրբազան հայրը: Ճաշկերոյթի ընթացքին յուշանուէր մը յանձնուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներէն` Քէօյլեան ընտանիքի անդամ եւ բազմամեայ ծառայող Վաղարշ Քէօյլեանին: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Ճերըլտի Եւ Մարքի Անուան Կոլֆի 17-րդ Մրցաշարք

8 հոկտեմբերին Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի ունեցաւ ազգային բարերար Հենք Խաչատուրեանի հանգուցեալ զաւակներուն` Ճերըլտի եւ Մարքի անուան կոլֆի 17-րդ տարեկան մրցաշարքը, որուն յաջորդեց ճաշկերոյթը: Հ. Խաչատուրեան հանգանակային բնոյթով այս մրցումը կը հիւրընկալէ նպաստ տրամադրելու համար բարեսիրական նպատակներու:

Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը ընդառաջելով բարերարին հրաւէրին` այս տարի եւս ներկայ գտնուեցաւ ճաշկերոյթին, որուն ընթացքին խօսք առնելով` ըսաւ, որ ինք ճանչցած է Հ. Խաչատուրեանը` իբրեւ քրիստոնէական առաքինութիւնները կիրարկող  օրինակելի մարդ, որ տոգորուած է բարեգործութեան, սիրոյ եւ բարի կամեցողութեան սկզբունքներով եւ զգացումներով: Սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ երկար տարիներու անոր կատարած բարի գործերը բազմապատկուելով` տարուէ տարի կը վերադառնան իրեն, եւ ինք զօրակցութիւն կը վայելէ սոյն ձեռնարկին ճամբով: Սրբազանը օրհնեց Խաչատուրեանը` առատաձեռն բարիքներուն եւ իր հիմնարկին ճամբով մարդոց կեանքերուն վրայ ձգած բարերար ազդեցութեան համար, նաեւ օրհնեց յիշատակը անոր հանգուցեալ զաւակներուն ու կնոջ` Ռիթայի:

Քանատա

Լինէթ Իսրայէլեանի Եւ Փաթիլ Հարպոյեանի «Միւզիք Տը Ֆիլմ Է Տը Պալէ» Ելոյթը

Վերջերս Մոնրէալի «Թէաթր Պոպուա» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ քանատահայ ջութակահար Լինէթ Իսրայէլեանի «Միւզիք տը ֆիլմ տը պալէ» խորագիրով ելոյթը` ընկերակցութեամբ դաշնակահար Փաթիլ Հարպոյեանի:

Ֆրանսերէնով եւ անգլերէնով բարի գալուստի խօսքէն ետք, բեմավարը բեմ հրաւիրեց երկու արուեստագէտները, որոնք հերթաբար ներկայացուցին Վիթթորիօ Մոնթիէն, Ճան Ուիլիըմզէն, Քարլոս Էլաթա Ալմարանէն, Մորիքոնէէն, Հարըլտ Արլենէն, Անտրու Ուեպըրէն, Հանս Զիմմըրէն եւ Շարլ Ազնաւուրէն կտորներ: Զուգանուագին կը նախորդէին երաժիշտին եւ ներկայացուելիք կտորին մասին կարճ տեղեկութիւններ, եւ կտորին զուգընթաց, կը ցուցադրուէր տեսերիզ մը` կտորին հեղինակ երաժիշտին մասին կամ առնչուած ժապաւէնէն պատկերներով, ինչպէս նաեւ` երեւակայութեան, միտքի ու հոգիի թռիչք տուող եւ նուագներուն համապատասխանող բնութեան պատկերներով, նաեւ` Մարիա Ալփինի պալէի մենապարով:

Կարճ դադարէն ետք երկու արուեստագէտները ներկայացուցին Քամիլ Սեն Սանսի, Արամ Խաչատրեանի, Կոմիտասի, Քարլոս Կարտելի, Փիացոլլայի, Անժել Վիլոլտոյի եւ Ճան Ուիլիըմզի հեղինակած երաժշտութիւններէն կտորներ: Յայտագիրի այս բաժինին մէջ եւս տեսերիզի ցուցադրութիւնները շարունակուեցան հայկական կտորներու ներկայացման ընթացքին հայրենի երկրի բնութեան պատկերներով, գեղանկարիչ Արեգ Էլիբէկեանի գծագրութիւններով, Մեղեդի Աղուրեանի մենապարով եւ թանկոյի պարային մասնակցութեամբ:

Ֆրանսա

Համազգայինի Հիմնադրութեան 90-ամեակի Նշում

7 հոկտեմբերին Փարիզի 9-րդ թաղամասի «Ռոսինի» սրահին մէջ երգահանդէսով մը նշուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 90-ամեակը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Հուրիկ Պաղտասարեանը, որ շեշտեց լեզուի կարեւորութիւնը եւ անոր պահպանումը, որ հիմնական նպատակը եղած է Համազգայինի հիմնադիրներուն:

Ներկայացուեցան հայերէն դասական երգեր եւ երաժշտութիւն:

Ելոյթ ունեցան` Ռոզիկ Թաշճեանը (սոփրանօ),  Կարինէ Պետրոսեանը (դաշնակ),  Մկրտիչ Մկրտիչեանը (պարիթոն), Իվոն Պոնիֆասը (պաս), Ժերոմ Վերեքքիան (երգ), Տոմինիք Սըվէին (դաշնակ):

Արուեստագէտները մեկնաբանեցին` Տիգրան Չուխաճեանի, Սայաթ Նովայի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Աշոտ Սաթեանի, Արամ Սաթունցի, Առնօ Բաբաջանեանի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Ստեփան Ջրբաշեանի, Կոմիտասի, Անտոն Մայիլեանի, Ալեքսանդր Դուլուխանեանի յօրինումները, որոնց զուգահեռ պաստառի վրայ ցուցադրուեցան անոնց նկարները:

Յայտագիրը փակուեցաւ  Շարլ Ազնաւուրի երկու երգերով:

Թեհրան

«Նայիրի» Պարախումբի Ելոյթ

4 եւ 5 հոկտեմբերին ՀՄԱԿ-ի «Կոմիտաս» սրահին մէջ տեղի ունեցան ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան «Նայիրի» պարախումբի պարային ներկայացումները` նուիրուած պարախումբի 10-ամեայ յոբելեանին: Պարախումբին գեղարուեստական ղեկավարն է Հայաստանէն հրաւիրուած Արտաւազդ Աւետիսեանը: Գլխաւոր պարուսոյցն է Մերի Աւետիսեանը, իսկ պարուսոյցներն են Մելան Սեֆեանը եւ Թինա Անտոնը: 70 հոգի հաշուող պարախումբը բաղկացած է 5 խումբէ:

Յայտագիրը կը բովանդակէր հայկական եւ ժամանակակից պարեր:

5 հոկտեմբերի ելոյթի աւարտին խօսք առաւ միութեան վարչութեան նախագահ Ֆրետիկ Աշուղեանը, իսկ թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը ներկաներուն ուղղեց իր հայրական օրհնութիւնը:

Նոր Ջուղա

Արցախի Նուիրուած 3-րդ Բարեգործական Դաշտահանդէսը

Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան եւ Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութիւններու միացեալ  նախաձեռնութեամբ 4 հոկտեմբերին «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի նուիրուած 3-րդ բարեգործական դաշտահանդէսը:

Նախատեսուած էին` մանկական ձեռարուեստի եւ խաղերու կրպակներ, չափահասներու համար խաղեր եւ զբաղումներ, վիճակախաղեր, երաժշտութիւն, նաեւ կը վաճառուէին աւանդական ճաշատեսակներ եւ զանազան ուտելիքներ:

Հարկ է նշել, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, սոյն ծրագրի հասոյթը նոյնպէս պիտի յատկացուի արցախահայութեան օժանդակելու աշխատանքներուն:

Ուքրանիա

Հայոց Այբուբենին Նուիրուած Յուշարձան

Ուքրանիոյ Զապորոժիէ քաղաքին մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի օրերու ծիրին մէջ, հայկական եկեղեցւոյ տարածքին, տեղի ունեցաւ հայոց այբուբենին նուիրուած յուշարձանի բացում, որ կը հանդիսանայ Հայաստանէն դուրս գտնուող ամենամեծ յուշարձաններէն մէկը` նուիրուած հայոց այբուբենին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Զապորոժիէի մարզպետ Կոնստանթին Պրիլը, Ուքրանիոյ Հայերու միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեանը, Զապորոժիէի շրջանի հայերու միութեան նախագահ Արտաշէս Սարգիսեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանը:

Ուքրանիոյ Հայերու միութեան նախագահ Վիլեն Շատուորեանի անունով միութեան գործադիր տնօրէն Յովակիմ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց հայ մշակոյթի կարեւոր եւ վառ խորհրդանիշներէն մէկուն բացման արարողութիւնը, որ իր տեսակով միակն է Ուքրանիոյ տարածքին:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>