ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ-ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Ո՞վ ըսաւ, որ աստղը մեռաւ,
Ո՞վ ըսաւ, որ ան շիջեցաւ:
Տե՛ս, հնչիւնները իր կեանքին`
Թռչուն եղած կը սաւառնին:
Անոնց դայլայլն ու տաղերը
Կեանք կու տան արար աշխարհին:
Հրեշտակները երկնքին
Պապանձեցան այն ժամանակ,
Երբ խմորը կը շաղախուէր,
Ու ճակտի գիրը կը գրուէր
Այդ մանուկին, որ պիտի գար
Պապենական մեր հողերուն
Բոյրով հարբած ընտանիքէն:
Մեր էրկրին զուլալ ջուրերով
Եւ ոսկեհատիկ բերքերով
Սնած ու կեանքի համն ըմպած
Հէք, տարագիր ծնողներէն:
Պապանձեցան… ու ձայններն անոնց
Լոյս մանուկին պարգեւեցին,
Քնքուշութիւնը երկնային
Շահնուրին հոգւոյն ցօղեցին,
Իրենց բիւրեղեայ աչքերուն
Շողը կցեցին ճակատին,
Եւ մուսաներ նուիրելով`
Համբուրեցին ու ճամբեցին:
Այդ շնորհքը Աստուածատուր
Բերնին մէջը նոր շունչ գտաւ…
Հնչիւն եղաւ` յուզեց մէկուն,
Դարման ու բուժիչ ցաւերուն:
Մէկուն բերանէն կախուեցաւ,
Միւսին աչքին արցունք եղաւ:
Քամի եղաւ ու փոթորկեց,
Սիրահարած սրտեր գերեց:
Հնչիւն մը լոկ բաւեց, որ ան
Թեւեր առնէ ու սաւառնի.
Հրեշտակներու աւիւնով
Արար աշխարհ հիացնէ,
Ու հայութեան անմա՛հ հոգին
Իր ձայնին մէջ փիւնիկ դառնայ,
Եւ կարնեցի հայ պատանին
Իր տաղանդով անմահանայ:
Անմահացաւ Ազնաւուրը`
Հայ ինքնութեան դրոշմ դարձաւ…
Հայ արուեստի բուրաստանին
Ծիրանի ծառն աւետաբեր,
Ծիրանի փողն ու մեղեդին,
Սրինգը, քամանչան, շվին:
Ո՞վ ըսաւ, որ աստղը մեռաւ:
Ո՞վ ըսաւ, որ ան շիջեցաւ:
Լոյս պլպլաց գլխուն վրան,
Կանչեց` «Եկո՛ւր, հոս է վայրդ»:
Ա՜խ, չառարկեց աստղը բարի,
Գնաց` լոյսին մէջ թաղուելու.
Հոն` երկինքին աչքերուն մէջ
Իր արժանի տեղը գտաւ,
Ու իր խմորը շաղախած`
Հրեշտակներուն միացաւ:
Գնաց` անհունին փարելու,
Հոն` վերջին երգը երգելու: