Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Շարլ Ազնաւուրի Յաւերժ Երթին Եօթնօրեային Առիթով. «Ave Maria, Ave Maria»

$
0
0

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, այսօր Այնճարի «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» եկեղեցիին մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան ս. պատարագ աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչին` Շարլ Ազնաւուրի (1924-2018) մահուան եօթնօրեային առիթով:

Տօնական մթնոլորտին մէջ էին ժամուորները, որովհետեւ այսօր մեր եկեղեցիին անուանակոչութեան տօնն է նաեւ, քանի ամբողջ աշխարհին մէջ Տիեզերական եկեղեցիին հետ կը տօնախմբեն «Ս. Վարդարանի Տիրամայր»-ը:

Պատարագիչ վարդապետին քարոզը ունէր երկու բաժիններ, որոնց, սակայն, սիրանիւթն էր Մարիամ Ս. Կոյսը` «Հայոց խնկելի Աստուածածինը»: Առաջին բաժինին մէջ ուրուագծեց վարդարանեան տօնին պատմականն ու նշանակութիւնը:

Յոնիական ծովուն Պատրաս ծոցին մէջ, Լեփանթօ նեղուցքին մօտ, «Սուրբ դաշնակցութիւն»-ը, հարաւային Եւրոպայի թագաւորութիւններէն, դքսութիւններէն, իշխանութիւններէն, նահանգային ու քաղաքային հասարակապետութիւններէն կազմուած կաթողիկէ ծովուժը` Ս. Պիոս Ե. պապին (1566-1572) նախաձեռնութեամբ ու Սպանիոյ առաջնորդութեամբ, 7 հոկտեմբեր 1571-ին ճակատեցաւ Օսմանեան կայսրութեան սարսափազդու նաւատորմիղին դէմ: Հինգ ժամ տեւած արիւնահեղ ծովամարտը կ՛աւարտի կաթողիկէ ուժերուն շատ դժուար, բայց ջախջախիչ յաղթանակով` Տոն Խուան տը Օսթրիա (1547-1578) երիտասարդ ու յանդուգն իշխանին վերին հրամանատարութեամբ:

Յաղթանակը կասեցուց օսմանցիներուն աշխարհակալ յառաջխաղացքը: Անոնց յաղթութեամբ արեւմտեան Եւրոպան պիտի նուաճուէր… Անպարտելի հռչակուած օսմանեան բանակը կորսնցուց իր այս յաղթակերտ հմայքը…

Ի՞նչ էր կրօնականը Լեփանթոյի մէջ: Նաւատորմիղին համար պապին օրհնած դրօշը Նափոլիի Ս. Քլարա պազիլիքին մէջ յանձնուեցաւ Խուան տը Օսթրիային, 14 օգոստոս 1571-ին, վերափոխեալ Տիրամօր տօնին նախօրեակին: Քահանայապետին կոչին վրայ Եւրոպայի հաւատացեալները դիմեցին աղօթքի եւ յատկապէս վարդարանին: Հոկտեմբեր 7-ը կիրակի էր: Մատուցուած ս. պատարագին յաջորդեց ազդանշանը յարձակումին: Ծովակալներէն մէկը իր խուցին մէջ զետեղած էր Կուատըլուփի Տեսլամօր (1531) հրաշագործ սրբանկարը: Յաղթութիւնը իրաւացիօրէն վերագրուեցաւ Մարիամ Ս. Կոյսին միջամտութեան: Ի յիշատակ այս յաղթանակին` 1573-ին հաստատուեցաւ «Տիրամայր յաղթութեանց» շնորհակալութեան տօնը, որ եղաւ «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» տօնը:

Արդ, յստակացաւ, թէ ինչո՛ւ հոկտեմբերը Ս. Վարդարանի Տիրամօր ամիսն է, ուստի նուիրական ամիսն է մարեմասէրներուն: Պիոս Թ. պապը 28 յուլիս 1868-ին հաստատեց զայն իբրեւ վարդարանեան ամիս, որուն սովորութիւնը սկսած է Սպանիոյ մէջ:

ԺԵ. դարէն սկսեալ մինչեւ օրս օտարազգի եւ հայ անխտիր բոլոր սուրբերը, սրբակեացները, աշխարհական ու կղերական մարեմականները աղօթեցին եւ կ՛աղօթեն վարդարանը: Աղօթեցին ու կ՛աղօթեն, պարզապէս որովհետեւ վարդարանը Տիրամօր ամէնէն աւելի սիրած ու յանձնարարած աղօթքն է:

Աղօթեցին եւ կ՛աղօթեն, պարզապէս, որովհետեւ սիրեցին ու կը սիրեն, յարգեցին եւ կը յարգեն Կուսամայրը: Այդ սիրողներէն ու յարգողներէն մին է Շարլ Ազնաւուր` բանաստեղծը, երգիչը, երբ յատկապէս կը կարդանք եւ կը լսենք անոր գրած-երգած «Ave Maria, Ave Maria»-ն: Արդէն պատարագիչ վարդապետին քարոզին երկրորդ բաժինին հասանք:

Շ. Ազնաւուրի 1978-ին գրած «Ave Maria, Ave Maria»-ն եղանակաւորեց Գէորգ Կառվարենցը (1892-1946) ծանօթ բանաստեղծի որդին` Ժորժ Կառվարենցը (1932-1993), բազմահարիւր երգերու եւ ժապաւէններու համար հռչակեալ յօրինողը, որ նոյնպէս երգահանն է «Ils sont tombés-Անոնք ինկան» (1974) եւ «Pour toi Arménie-Քեզի համար, Հայաստան» (1989) ազնաւուրեան քերթուածներուն, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլեան նահատակներուն եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն:

Ո՛վ գիտէ, քանի քանի՛ անգամներ «Ave Maria, Ave Maria»-ն` հայատրոփ փառատրանքի եւ աղաչանքի երգաղօթքը, իր ծնունդէն մինչեւ այսօր հնչեցուցած է Շ. Ազնաւուր, եւ այն` ձայնասփիւռներէն, հեռատեսիլներէն, միջազգային երգասրահներէն, առանձին ու ընկերակցութեամբ աշխարհահռչակ արուեստագէտներու եւ երգչախումբերու հետ… Առաւել, չեմ գիտեր յաճախակիութիւնն ու թիւը այն մեծահամբաւներուն, որոնք երգեցին մեր երկու ֆրանսահայերուն «Ave Maria, Ave Maria»-ն: Անոնց մէջ գլխաւորագոյնն է Փլասիտօ Տոմինկոն` սպանացի մեքսիքաբնակ թենոր հսկան: Ունկնդրած եմ անոր սքանչելի ու ջերմեռանդ մեկնաբանութիւնը` մեր հայաշունչ «Ave Maria, Ave Maria»-ին:

Ի դէպ, 1994-ին, Վիեննայի մէջ Փլասիտօ Տոմինկօ եւ Շ. Ազնաւուր իբրեւ զուգերգ` հիանալիօրէն մեկնաբանեցին «Նոէլ տ՛օթրֆուա»-ն. անոր մէջ ներկայ է Մարիամ Ս. Կոյսը, որուն, կը խոստովանի Շ. Ազնաւուր, կ՛երթայինք թախանձելու եւ աղօթելու մեծ մոմերով լուսաւորուած եկեղեցիին մէջ…

Ամէն անգամ` խո՛ր ապրումով եւ վարակի՛չ յուզականութեամբ, որ ակնբախ ցուցանիշն է հեղինակ-երգիչին համոզումին, սիրոյն ու հաւատքին: 5 մայիս 1979-ին «Ուազօ տը նուի» պատկերասփիւռային յայտագիրին մէջ «Ave Maria, Ave Maria»-ն երգելէ ետք, զուիցերիացի Պեռնար Փիշոն հանրայայտ հաղորդավարին հարցումին պատասխանեց անկեղծօրէն` «Ես հաւատացեալ մըն եմ, որ կը տարակուսի»: Բայց, խնդրեմ, ո՞ր հաւատացեալ մարդը չունի տարակուսանք…

Շ. Ազնաւուրի մահէն ետք սփռուած անոր կեանքը յուշապատմող բազմահարիւր նկարներուն մէջ ամէնէն գեղեցիկներէն եւ առինքնողներէն են անոր ջերմեռանդ մոմավառութիւնները այս կամ այն եկեղեցիին մէջ, բայց յատկապէս` հայկական տաճարին մէջ… Վերի թուականէն տաս տարիներ առաջ, 20 ապրիլ 1969-ին, «Charles Aznavour INCONNU-1969» խորագրեալ տեսակցութեան ընթացքին, Շ. Ազնաւուր քանիցս շեշտեց` «Je suis croyant» (Ես հաւատացեալ եմ): Ունէր, սակայն, իր վերապահումները տարակուսական…

Ազնաւուրեան ապրումով եւ յուզականութեամբ, այո՛, հաւատքով երգուած «Ave Maria, Ave Maria» խլրտեց ու յուզեց միլիոնաւորներ երկրագունդին վրայ: Օրինակ` YouTube-էն 30 յունիս 2007-ին ձայնապատկերասփուած երգը, հնչուած բառերուն համապատասխան մարդ էակին կեանքէն առնուած լուսանկարներով եւ Ֆրանքօ Զեֆֆիրելլիի «Ճիզըս աֆ Նազարէթ» դիպաշար ժապաւէնէն (1977) Մարիամ Կուսամայրը ներկայացնող Օլիվիա Հիւսէյ դերասանուհիին տպաւորիչ պատկերներով համադրուած դասաւորումին մէջ, երեքուկէս միլիոնէն աւելի անձեր դիտած-լսած են «Ave Maria, Ave Maria»-ն, անշուշտ` Շ. Ազնաւուրի խորհրդագեղ կատարումով, ընկերակցութեամբ ներդաշնակ ու գեղահունչ երգչախումբին:

Գեղազան տեսանկիւններէն, անմոռանալի պիտի մնայ այն «Ave Maria, Ave Maria»-ն, զոր 77-ամեայ քնարերգակը աղօթեց 25 սեպտեմբեր 2001-ին, Ծիծեռնակաբերդին մէջ, ուր աննախընթաց պատմականութեամբ Հայաստան կատարած իր այցելութեան ընթացքին կը գտնուէր Ս. Յովհաննէս-Պօղոս Բ. քահանայապետը (1920-2005). «Յուզուած եւ յուզող սրբազան պապին իմաստագեղ ու սիրաջերմ աղօթքին վերջաւորութեան աշխարհահռչակ երգիչը` Շարլ Ազնաւուր իրեն հետեւող հոն ներկայ եւ հեռատեսիլին առջեւ տրոփող սրտերէն հնչել տուաւ իր «Աւէ Մարիա»-ն: «Երգիչի կատարումը մինչեւ հոգու խորքը յուզեց բոլորին, այդ թւում նաեւ` սրբազան քահանայապետին: Երգի աւարտելուց յետոյ մեծ երգիչը ակնածանքով մօտենալով նրան` համբուրեց աջը եւ ստացաւ հայրական օրհնութիւնը» (հոն գտնուած ականատես մը):

Անկասկած, ոչ միայն եղանակը, ապրումը, զգացումն ու հաւատքը յուզեցին, այլ նաեւ ու մանաւանդ` «Ave Maria, Ave Maria» քնարերգութեան բառերը եւ անոնց իմաստներն ու ճշմարտութիւնները, որոնք Շ. Ազնաւուր կ՛արտայայտէ իր այս մարեմագով քերթուածին մէջ:

Ի դէպ, «Ave Maria» երեք անգամ կ՛ողջունուի Շ. Ազնաւուրի «La Mamma» իմաստագեղ քերթուած-երգին մէջ, ուր մայրասէր քնարերգուն Ս. Կոյսը իրաւացիօրէն կը հռչակէ «Շնորհալիրը», որուն արձանին առջեւ հայ մայրը  կ՛աղօթէ պաղատագին, ինչպէս ալ Անոր կ՛երգէ հրեշտակային ողջունատրութիւնը` առլցուն գորովով եւ յուշերով…

Երբ կը յիշեցնեմ, որ «Charles Aznavour INCONNU-1969» վերտառեալ տեսերիզին մէջ կը տեսնուին քրիստոսակիր Տիրամօր գոնէ երկու մեծ արձաններն ու տարբեր մարեմեան սրբապատկերներ (icon), կը փափաքիմ մտաբերել տալ, որ, ի վերջոյ, Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան պատանին` ապագայ Շարլ Ազնաւուրը, եղած է Մխիթարեան հայրերուն աշակերտը, Սեւրի մէջ, Փարիզ:

«Elle va mourir la Mamma
Ան պիտի մեռնի` Մայրիկը,

Sainte Marie pleine de grâces
Սրբուհի Մարիամ լի շնորհօք,

Dont la statue est sur la place
Որուն արձանը տեղն է,

Bien sûr vous lui tendez les bras
Անշուշտ դուն Անոր կ՛երկարես բազուկները`

En lui chantant «Ave Maria»
Երգելով «Ողջոյն քեզ, Մարիամ»

Ave Maria
Աւէ Մարիա,

Il y a tant d’amour, de souvenirs
Այնքան սէր կայ, այնքան յիշատակներ

Autour de toi, toi, la Mamma
Քու շուրջդ, դուն` Մայրիկը»:

«Ave Maria, Ave Maria» եռամասնեայ երգը աղօթքն է ազնաւուրեան: Առաջինը յայտարարութիւնն է Մարիամի վշտակրութեան, հասկացողութեան եւ զօրակցութեան մասին: Երկրորդին մէջ կը յայտարարէ Մարիամի մայրութիւնն ու մասնակցութիւնը Որդիին` Յիսուսի կատարած փրկագործութեան: Երրորդով  կը հայցէ Մարիամի լուսաւորչութիւնն ու առաջնորդութիւնը:

Երգիչը կրկնապէս կ՛ողջունէ Մարիամը` ձայնելով, թէ տառապողները կը դիմեն Անոր, որ այնքան տառապեցաւ: Մարիամ կը հասկնայ անոնց թշուառութիւնները: Դեռ աւելի՛ն. նաեւ անոնց խեղճութիւններուն մասնակից է Ան` սրտոտ Մարիամ:

Իր նկարագրած հերոսուհիէն հմայուած` Շ. Ազնաւուր երկրորդ անգամ կ՛ողջունէ զայն` դաւանելով թէ՛ Մարիամի  մայրութիւնը` մարդկութեան ու թէ՛ Մարիամի անարատութիւնը, ինչպէս նաեւ` ճիշդ յայտարարելով, որ լացողները զաւակներն են Անոր, որ տուաւ-զոհեց իր Որդին` լուալու համար մարդերն իրենց աղտերէն:

Մարիամը` Մաքո՛ւրը Շ. Ազնաւուր կ՛ողջունէ երրորդ անգամ սրտաբուխ աղաչանքին իր բառերով: Տարակուսողները, որոնք խաւարին մէջ կը խարխափեն, Տիրամայրը թող լուսաւորէ իրենց կենսուղին, որուն վրայ թող բռնէ անոնց ձեռքերէն:

Ստոյգ իր դաւանումներուն ճշմարտութեան եւ իր խնդրանքներուն ստացումին` Շ. Ազնաւուր, իր Սիրամայրը չորրորդ անգամ ողջունելէ ետք, կ՛աւարտէ իր աղօթերգը շեշտելով եւ հաստատելով` «Ամէն»:

Պահն է, որ իւրաքանչիւր հայ երգէ՜, աղօթէ՜, գովէ՜ եւ հայցէ՜ արդէն յաւերժութեան սեմը թեւակոխած մե՛ր բանաստեղծ-քնարերգակին մտքով, սրտով ու հաւատքով.

«Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui souffrent viennent à toi
Անոնք, որոնք կը տառապին, կու գան Քեզի,

Toi qui as tant souffert
Քեզի, որ այնքան տառապեցար,

Tu comprends leurs misères
Դուն կը հասկնաս անոնց թշուառութիւնները

Et les partages
Եւ բաժնեկից կը դառնաս անոնց

Marie courage
Սրտոտ Մարիամ

Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui pleurent sont tes enfants
Անոնք, որոնք կու լան, զաւակներդ են,

Toi qui donnas le tien
Դուն, որ տուիր Քուկդ (Որդիդ)

Pour laver les humains
Լուալու համար մարդերը

De leurs souillures
Իրենց աղտերէն

Marie la pure
Մարիամ` Մաքուրը

Ave Maria Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Ceux qui doutent sont dans la nuit
Անոնք, որոնք կը տարակուսին, գիշերին մէջ են,

Maria
Մարիամ

Éclaire leur chemin
Լուսաւորէ անոնց ճամբան

Et prends-les par la main
Եւ զանոնք բռնէ ձեռքէն

Ave Maria, Ave Maria, Ave Maria
Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ, Ողջո՜յն Քեզ, Մարիամ,

Amen
Ամէն»:

Ստուգիւ, իրաւացիօրէն, եթէ «Ֆրանսայի մէջ բանաստեղծները երբեք չեն մահանար» (նախագահ Է. Մաքրոն), ապա մարեմականները արդարօրէն ու գերազանցօրէն կ՛անմահանան իրենց Մօր հետ` Փրկիչ Յիսուս Որդիին յաւիտենականութեան մէջ…

Այնճար, 7 հոկտեմբեր 2018


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles