Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Նամականի. «Զուարթնոց» Օդակայանին Անունը Փոխելու Հարցին Մասին

$
0
0

Հայաստանեան լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան դրուած են լուրեր, որ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը պիտի անուանափոխուի «Շարլ Ազնաւուրի օդակայան» անունով: Այս հարցին շուրջ տակաւին լուրջ քննարկում եւ որոշում գոյութիւն չունին: Սոյն կարծիքը կու տանք պարզապէս միտքերու ազատ փոխանակումի ծիրին մէջ:

Բաց նամակ «Զուարթնոց»-ի հարցով

Շատ մեծ զայրոյթով իմացայ, որ «Զուարթնոց» օդակայանին անունը պիտի փոխեն եւ զայն կոչեն «Շարլ Ազնաւուր» անունով: Զուարթնոց տաճարը հայ ճարտարապետութեան թագուհին է: Թամանեանի գծած յատակագիծին համաձայն, ան կը նմանի Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ տունին:

Խորհրդային Միութեան օրերուն Հայաստանի Ճարտարապետներու միութիւնը եւ կառավարութիւնը արիութիւնը ունեցան օդակայանը հայ եկեղեցւոյ անունով մկրտելու:

Մեր ամբողջական յարգանքով Շարլ Ազնաւուրի անձին եւ գործունէութեան, չենք կրնար բաղդատել հայ ճարտարապետութեան գոհար Զուարթնոց եկեղեցին շանսոնիէ Շարլ Ազնաւուրին հետ: Մեր ազգային արժանապատուութիւնը չ՛ընդունիր «Զուարթնոց» անունը փոխարինել Շարլ Ազնաւուրով:

Յարգանքներով`
ԺԻՐԱՅՐ ԱՆԱԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>