Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Նշմար. Անյայտ Ժամանակով Սառեցուած

$
0
0

vaho_022216

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

2009-ին Ցիւրիխի մէջ ստորագրուեցան Հայաստան – Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման տխրահռչակ արձանագրութիւնները` միջնորդութեամբ Զուիցերիոյ եւ հովանաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու ու Ռուսիոյ: Նշեալ փաստաթուղթերուն ստորագրուելէն անմիջապէս ետք, այդ հոլովոյթը ականահարուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ առաջադրուած` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ազրպէյճանամէտ լուծման նախապայմանին պատճառով: Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը ղարաբաղեան «սառեցուած» տագնապին առնչելով` թրքական կողմը սառեցուց իրարմէ տարբեր, սակայն նաեւ առնչակից երկու հոլովոյթներ` Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Այլ խօսքով` սառեցուց թէ՛ ժխտական ու սխալ միջոցը` տխրահռչակ արձանագրութիւնները, թէ՛ ալ դրական նպատակը` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

Այժմ կացութիւնը անհամեմատ աւելի բարդացած է: Ցիւրիխի մէջ` արձանագրութիւններու ստորագրութեան պահուն առնուած լուսանկարը կու գայ վկայելու 2009-ին տիրող բարենպաստ պայմաններուն մասին, որոնք այսօր փոխուած են արմատական կերպով: Ուքրանիոյ, Սուրիոյ եւ այլ հարցերու պատճառով լարուած են յարաբերութիւնները հովանաւորներուն` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ: Սուրիոյ տագնապին զարգացումներուն լոյսին տակ լարուած են նաեւ ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, իսկ քրտական գործօնին եւ Սուրիոյ հարցին մէջ հետապնդուած նպատակներու անհամատեղելիութեան պատճառով խորացած ու բացայայտ դարձած են թուրք-ամերիկեան տարակարծութիւնները:

Հայ-թրքական եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները միջազգային քաղաքականութեան մէջ տիրող ներկայ կացութեան ու առաջնահերթութիւններու լոյսին տակ կը մնան սառեցուած, եւ տիրող բարդ պայմաններու բերմամբ` անյայտ ժամանակով պիտի շարունակեն մնալ սառեցուած:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>