Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Tabula Rasa Վերամտածել Հիմնադրոյթները

$
0
0

ani-Garmirian_022316

ԱՆԻ ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ

2

Ըսածս յաւելեալ բացատրութիւններու կը կարօտի: Ո՛չ միայն մեզի կը մնայ մեր ժամանակներուն համաձայն դաստիարակչական մօտեցում մը ստեղծել, այլեւ կը թուի, թէ ԺԹ. դարու Օսմանեան կայսրութեան եւ Ի. դարու Միջին Արեւելքի փորձառութիւնները արգելք կը հանդիսանան, աւելի քան` օգնութիւն: Կարծէք ստիպուած ըլլայինք Մխիթար Աբբահօր վերադառնալու` գտնելու համար շրջան մը, ուր վաւերական փոխանակութիւն մը հնարաւոր էր հայերէնի եւ արեւմտեան լեզուներուն միջեւ, իրենց պարագային` իտալերէնի, լատիներէնի, աւելի ուշ` ֆրանսերէնի: Վարդապետներ կը պատրաստուէին, որոնք սակայն միեւնոյն ատեն եւրոպացի մտաւորականներ էին, յարգուած` որպէս այդ:

Միջին Արեւելքի սկզբնական սերունդներուն համար հասկնալի երեւոյթ է այն ինքնամփոփումը, որուն միջոցաւ հայախօսութեան կարծեցեալ միջնաբերդեր ստեղծուեցան: Այդ ինքնամփոփումը մէկ կողմէ սերունդներ փրկեց, միւս կողմէ ալ սակայն` աւերներ գործեց: Արդիւնքը այն եղաւ,  որ այդ համակարգին մէջ դաստիարակուած սերունդները չգիտցան անցքը կատարել դէպի Արեւմուտքի մէջ մեծցող սերունդները, չգիտցան աւելի լայն աշխարհի մը հայերէնով մաս կազմելու ձեւերը ստեղծել, փոխանակութեան եւ թարգմանութեան միջոցներ կիրարկել: Գիրքեր չէին թարգմանուեր: Երեխայէն մեկնող դաստիարակութիւն մը չէր հրամցուեր: Ծրագրուած մանկապատանեկան գրականութիւն չկար, քանի մը անձնական նախաձեռնութիւններէ անդին, էական կէտ մը, որուն պիտի վերադառնամ քիչ ետքը: Վերացական եւ յղացական բառապաշարի գործածութիւնը չքաջալերուեցաւ, ուր մնաց` քննադատական մտածողութեան մը հնարաւորութիւնը: Այս ամբողջը շարունակուեցաւ անփոփոխ սփիւռքի մէջ` ստանալով նաեւ անուն մը,  որ էր` հայապահպանում: Եթէ կայ բան մը, որմէ պէտք է ձերբազատինք ընդմիշտ, այդ հայապահպանումի գաղափարախօսութիւնն է` անոր տեղը դնելով հայաստեղծումի փիլիսոփայութիւն մը:

Կարդալ պէտք է քառասուն տարի առաջ գրուած հայապահպանումի գաղափարաբանութեան քննադատութիւնը Յարութիւն Քիւրքճեանի հատու գրիչէն. … ստեղծել հայութեան նոր որակ. որակ` որ միայն աւանդութեան ու նոր պայմաններու կրկնակ տիրապետումէն կը ծնի: Ստեղծել, եւ ո՛չ թէ պահպանել. ստեղծումը արդէն կը պահպանէ. իսկ պահպանումը… բա՛ն մըն ալ չի պահպաներ պահպանումը. ո՛չ իսկ ինքզինք(3):

Ինքն է` Յարութիւն Քիւրքճեանը, որ կ՛ընդգծէ «կրկնակ» բառը: Տիրապետել նոյնքան աւանդութեան, որքան` նոր պայմաններուն: Եւ խօսելով սփիւռքի տղոց ու աղջիկներուն մասին, որոնք ուղղութիւն չէին գտներ, որովհետեւ իրենց չէր տրուած, դաստիարակչական համապատասխան մօտեցումով, այդ կրկնակ տիրապետութեան հնարաւորութիւնը, Քիւրքճեան քիչ մը անդին կ՛աւելցնէ հետեւեալը.

… Խուճապահար, ինքնանպատակ պահպանումի գաղափարաբանութեան մը ծնունդներն էին այս աղջիկները,այս տղաքը: Իրենց ծնունդէն տարիներ, տարիներ առաջ, վճռուած էր արդէն, աներեւակայելի, անըմբռնելի ճակատագրապաշտութեամբ մը, որ անոնք «պիտի ըլլան օտար, մտածումով եւ գործով»(4):

Վերջին բառերը կու գան Շահնուրի «Նահանջ»-էն: Քառասուն տարի անցաւ այդ տողերը գրուելէն, ախտաճանաչումը կատարուելէն ի վեր, ու քիչ բան փոխուած է ատկէ ասդին: Շատ մը տեղեր` գաղափարը այն է, որ մեր տղոց պէտք է փոխանցենք որպէս հայ վերապրելու ծառայող նուազագոյնի իջած տուեալներ, քիչ մը պատմութիւն, քիչ մը կրօն, քիչ մը լեզու: Ու այդ քիչն ալ պարտադրել տղոց, կարծէք ըլլային ինչպէս ըսի` կրաւորական ընդունարաններ: Լեզուին դերը հետզհետէ մոռցուած է, ու ստեղծագործական գործօնն ալ` ամբողջովին սրբուած: Կարծէք` կ՛ուզենք փաստել, որ հայախօսութիւնը սփիւռքի մէջ հնարաւոր չէ, կ՛ուզենք փաստել, որ աւանդութեան եւ նոր պայմաններու կրկնակ եւ փոխադարձ տիրապետումը հնարաւոր չէ, կ՛ուզենք փաստել, որ ստեղծագործ ըլլալը հնարաւոր չէ:

Իմ անձնական փորձառութիւնս Քիւրքճեանին նկարագրած տղոց ու աղջիկներուն փորձառութենէն քիչ մը տարբեր է: Բայց` ո՛չ աւելի փայլուն: Մեծցած եմ Պոլիս, յաճախած եմ հայկական դպրոց: Կը յիշեմ անկէ միայն ձանձրոյթը, սարսափը երբեմն, պոռալները, ապտակելները: Բռնութիւն` յանուն դաստիարակութեան: Ինչպէ՞ս կարենայի որեւէ բան սորվիլ, երբ դասընկերներս կը պատժուէին փոքր սայթաքումի մը համար, ու անոնք, որ պէտք պիտի ունենային մասնաւոր խնամքի, կը ծաղրուէին իրենց տարբերութեան համար: Ինչպէ՞ս սորվիլ, երբ աշխարհին բացուելու մեր կարողութիւնն իսկ սկիզբէն անտեսուած ու ջնջուած էր: Եւ այս ամբողջը` հայերէն լեզուով:

Ահաւասիկ ուրեմն` առաջին մարտահրաւէրը: Կը կայանայ անհրաժեշտութեան մէջ այդ անցեալէն հեռանալու: Հեռանալու դաստիարակչական համակարգէ մը, որ լեզուական գետնի վրայ տղաքը մերժումի կը մղէր, ուր միակ մտահոգութիւնը պահպանումն էր, ուր անշարժութիւնը հրամայական էր:

3

Երկրորդ մարտահրաւէրը սերտօրէն առնչուած է առաջինին: Կը վերաբերի այն իրողութեան, որ սփիւռքի մէջ լեզուն դարձած է սրբութիւն մը: Ահաւասիկ` լեզուին հետ մեր յարաբերութեան ամէնէն մահացու երեսակը: Վերջաւորութեան այդ հոգեբանութեան միակ նպատակը ցոյց տալ է, թէ աւանդութեան եւ արդիականութեան միջեւ ո՛չ մէկ համադրութիւն հնարաւոր է, որ` երբեք տէրն ու տիրականները պիտի չդառնանք մենք մեր լեզուին, հոս, այսօր, որ լեզուն երբեք պիտի չպատկանի անոնց, որոնք ենթադրաբար պէտք է կարենային հաղորդակցիլ այդ լեզուով, այդ լեզուին մէջ: Այդ մահացու սրբացումի գործողութեան դէմ դնելու միակ միջոցը ցոյց տալ է, որ ստեղծագործ կեցուածք մը հնարաւոր է, որ` յաջող երկլեզու դաստիարակութիւն մը կարելի է կիրարկել: Ու այդ ընելու համար անշուշտ պէտք է «ապասրբացնել» լեզուն:

Պիտի թուարկեմ յաջող երկլեզու դաստիարակութեան մը սկզբունքներէն ու նախապայմաններէն մէկ քանին` առանց զարգացնելու, բացատրութիւններն ու մանրամասնութիւնները ձգելով ուրիշ առիթի: Տեսական գետնի վրայ գլխաւոր սկզբունքը եւ, ուրեմն, գլխաւոր հրամայականը հայերէնը որպէս երկրորդ լեզու իւրացնելու պայմանները ստեղծելու անհրաժեշտութիւնն է` պատրաստելով իւրացումի «բնական» պայմաններ, նախընտրաբար չմնալով դպրոցի նեղ սահմաններէն ներս: Ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքեան լեզու մը «բնական» միջավայր մը ունենալ, պիտի հարցնէք: Բայց ա՛յդ իսկ է մարտահրաւէրը: «Բնական»-ը ստեղծել արուեստականօրէն: Յարակարծիք մը չէ: Էական է, որովհետեւ լեզու մը կրնայ միայն իւրացուիլ, չի կրնար դասաւանդուիլ: Մենք` անոր հոգացողները կրնանք միայն իւրացումի գործողութիւնը հրահրել, խրախուսել: Կրնանք համածիր մը ստեղծել, որ իւրացումը կարելի դարձնէ: Պէտք է ըլլանք ուրեմն չուսուցիչներ: Դժուա՞ր է ընդունիլը, որ մեր հակակշիռէն դուրս կատարուող գործողութիւն մըն է տեղի ունեցածը, որ` պարտաւոր ենք դասարանային տիրապետութեան կեցուածքներէն հրաժարելու, լուզուի սրբացումին վերջ տալու, մեր դերը վերասահմանելու, աշակերտներուն հետ գիտելիք ու փորձառութիւն փոխանակելու: Սրբացած լեզու մը էապէս իշխանութիւն բանեցնելու միջոց մըն է, ուրիշ ոչինչ: Ահա՛ նաեւ ինչու այս ձեւով լեզուի իւրացումին սատար կանգնիլը ժողովրդավարական նշանակութիւն ունեցող արարք մըն է: Երեխաները այդ ժողովրդապետութեան քաղաքացիներն են: Պէտք է զգուշանալ զանոնք ենթարկուող ենթականեր դարձնելու մեր ձգտումէն, որպէսզի կռնակ չդարձնեն նաեւ լեզուական իւրացումի շարժընթացին:

Եւ հիմա այդ սկզբունքները թարգմանենք կիրառական կանոններու: Առաջին կանոնն է` յարգանքը: Յարգել երեխաները եւ պատանիները, աշխարհը իրենց աչքով դիտել, ընդունիլ, որ սորվելիք ունինք իրենցմէ: Զանոնք առարկաներու չվերածել, բեմ հանելու սիրոյն իրենց չհասկցած լեզուով բաներ չսորվեցնել, ուղղագրական մրցումներու մասնակից չընել զիրենք սրբագրելու սիրոյն: Անցեալին զոհերը չդարձնել, ներկային մէջ ապրող լեզուի մը ժառանգորդներ պատրաստել: Այդ ձեւով` վստահ ըլլալ, որ անոնք աշխարհը պիտի դիմաւորեն այդ լեզուին ընդմէջէն:

Այս ամբողջը մեր կողմէ կ՛ենթադրէ գիտակցութիւն եւ որոշ չափով` ծրագրաւորում: Մեր հաւաքին նպատակն է, ի միջի այլոց, այդպիսի գիտակցութիւն մը յառաջացնելու ձեւերը մէջտեղ բերել: Պէտք է աշխատինք դաստիարակչական կաղապարի մը վրայ, որուն մէջ երեխան է կեդրոնը, բայց որ կը պահանջէ նաեւ բոլորին գործօն, տեւական, միասնական մասնակցութիւնը: Այդպիսի գիտակցութիւն, այդպիսի մասնակցութիւն նոր սկզբունքներ կը պահանջեն, նոր դպրոցական ծրագիրներ, նախաձեռնութիւններ,  որոնք քայլ պահել գիտնան մեր դարու մանկավարժական գիտելիքներուն հետ, եւ մանաւանդ` ներդաշնակ ըլլան երեխաներու միւս զբաղումներուն հետ, տեղական լեզուներուն հետ առնչուած:

Երկու յաւելեալ կէտերու վրայ կ՛ուզեմ հոս շեշտը դնել մասնաւորաբար: Մէկը արեւմտահայերէնով մանկական եւ պատանեկան մատչելի գրականութեան մը ապշեցուցիչ բացակայութիւնն է: Այս բացակայութիւնը ուղղակի ախտանիշ մըն է: Ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս կը գործեն պահպանումի եւ սրբացումի ախտերը: Ամէնէն խօսուն նշանն է, որ ցոյց կու տայ, մեր մօտեցումին սնանկութիւնը: Երկրորդ կէտը կը վերաբերի տարբեր տարիքի տղոց համար միասնական ծրագիրներ պատրաստելու անհրաժեշտութեան` օգտագործելով համագործակցութեան ուժականութիւնը, երիտասարդներուն մօտ ստեղծելով միասնութեան զգացում մը, եւ չափահասները պատրաստելով իրենց «չուսուցչական» պաշտօնին ու պարտականութիւններուն:

Այս ամբողջը մէկ օրէն միւսը պիտի չկատարուի, բնական է: Ո՛չ նոր ծրագիրներու ստեղծումը, ո՛չ ալ անոնց կիրարկումը: Եթէ մէկ բան սորված եմ ես տարիներու ընթացքին, այն է, որ փոփոխութիւնը ժամանակ կը պահանջէ: Երկար ընթացք մըն է:

Բայց հասած ենք անցման կէտի մը, գրեթէ վերջակէտի մը, ուրկէ ամէն ինչ պէտք է վերսկսի: Ահա՛ ինչու այս հարցերուն շուրջ մեր այսօրուան հանդիպումը այնքա՜ն կարեւոր է:

Խօսքս սկսայ նշելով, որ ամէն կողմ, ամէն տեղ կը յիշեցուի մեզի, թէ արեւմտահայերէնի գոյութիւնն իսկ վտանգուած է, կարծես չգիտնայինք այդպէս ըլլալը: Եւ սակայն այս անցման կէտը յղի է նորանոր հնարաւորութիւններով: Սփիւռքը երբեք այսքան ներկապակցուած չէ եղած, առնուազն` համացանցային նորագոյն միջոցներով, թեքնաբանական նորարարութիւններով: Արեւմտահայերէնը կրնայ անգամ մը եւս դառնալ հաղորդակցութեան եւ մշակոյթի լեզու մը, բան մը, որ պէտք է միշտ մնացած ըլլար սփիւռքի մէկ ծայրէն միւսը: Բայց քանի որ սփիւռքեան լեզու մըն է այսօր աւելի քան երբեք, մեր պարտականութիւնն է այդ փոփոխութիւնները բաց աչքով դիմագրաւել եւ անոնց հետ համաքայլ յառաջանալ:

Մեր պարտականութիւնն է տարբեր համայնքներու մէջ գործող ուսուցիչները, դպրոցի տնօրէնները իրարու միջեւ կապի մէջ պահել` փոխանակ ամէն մէկս իր անկիւնը առանձնացած մնալու: Մեր պարտականութիւնն է սփիւռքի մէջ համաշխարհայնացած կապակցութիւնները լաւագոյնս օգտագործել, իրարմէ սորվիլ, մեր դաստիարակչական եւ քաղաքական հորիզոնները լայնցնելու միտումով, համագործակցական մշակոյթ մը ստեղծել դպրոցներէն ներս,   եւ դպրոցէ դպրոց, բոլոր տարիքներուն յարմար պատանեկան գրականութիւն մը ստեղծել, կամ` անոր ստեղծումին ներշնչարանը հանդիսանալ, նաեւ` արեւմտահայերէնով թարգմանել վերստին: Առաւել եւս` ուսուցիչներու, տնօրէններու նոր սերունդներ պատրաստել, հոգաբարձու մարմիններու մտայնութիւնը արդիականացնել եւ վերանորոգել: Պէտք է նաեւ գիտնանք մեր երիտասարդներուն համար ուսուցչական պաշտօններու դուռը բանալ, որպէսզի կարենան իրենց գիտակից մօտեցումը կիրարկել` որպէս «չուսուցիչներ»: Մէկ խօսքով, մեր պարտականութիւնն է արեւմտահայերէնը ԻԱ. դար մտցնել վերջապէս: Այն ատեն թերեւս մեր փորձառութիւնը հետաքրքրէ լեզուի իւրացումի մասնագէտները եւ իր կարգին բնատիպ մը հանդիսանայ նաեւ ուրիշներու համար` դաստիարակչական նորարարութեան մարզէն ներս:

———–

(3) Տե՛ս Յարութիւն Քիւրքճեան, Փորձ տարագրութեան մասին, «Հայ Սփիւռք» մատենաշար, թիւ 1, Փարիզ, 1978,  էջ 129: Մէջբերուած տողերը առնուած են «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» դարադարձիկ աշխատասիրութենէն, որ լոյս տեսած է նախ «Ահեկան» հանդէսին մէջ, աշուն 1968:
(4) Փորձ տարագրութեան մասին, էջ 131:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>