Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայկական Շարժապատկերի Ժառանգը Եւ Ժառանգորդները

$
0
0

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Հարցը.- Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը 2006 թուականին գոյացուց «Ազգային կինօ-կեդրոնը», որ դարձաւ ժառանգորդը «Հայֆիլմ»-ին նկարած ժապաւէններուն եւ անոնց հեղինակային իրաւունքներուն: 2016 թուականին, «Հայֆիլմ»-ի վերապետականացումէն ետք, կինօ-կեդրոնը իրաւատէրը դարձաւ նաեւ անոր սթիւտիոներուն եւ գոյքին: Կառավարութիւնը, սակայն, որոշած էր սեփականաշնորհել Ազգային կինօ-կեդրոնը: Մեզմէ ոմանք առիթ ունեցած են տեսնելու, թէ ինչպիսի՛ անշուք վիճակ ունի այդ կեդրոնը այսօր: Անձնապէս կարկանդակ գնած եմ ձախ կողմի սպիտակ փեղկերով կրպակէն: Հարցը սա է. ո՞վ է հայկական շարժապատկերին իրաւատէրը, ո՞վ պիտի տնօրինէ անոր ապագան:

Պատմական.- Հայկական շարժապատկերի ծնունդը կարելի է համարել 1912 թուականը, երբ Գահիրէի մէջ պոլսեցի գրավաճառ, հրատարակիչ եւ փաստագրական նիւթեր հաւաքող Վահան Զարդարեանը (1872-1945) պատրաստեց  հայագիտական նիւթեր ցուցադրող, հայերէն մակագրութիւններով վաւերագրական ժապաւէն մը եւ զայն կոչեց պարզապէս «Հայկական սինեմա»: Ծրագիրը հովանաւորած է Պօղոս Նուպար փաշան: Ժապաւէնը կորսուած է, պահպանուած է մէկ պրակի չափով գրքոյկ մը` ժապաւէնին մասին(1): Նախքան 1912` ցարական Հայաստանի մէջ վաւերագրական ժապաւէններ նկարուած են օտարներու կողմէ: Այստեղ կարելի է յիշել, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ նկարուած առաջին ժապաւէնները վաւերագրական եղած են:

Յատուկ յիշատակութեան արժանի է կովկասցի յոյն Իվան Փերեսթիանին(2), որ խորհրդային իշխանութեան հաստատումէն ետք, այլ ժապաւէններու շարքին նկարահանած է «Սուրամի բերդը» (1923), որ հետագային նկարահանած է նաեւ Փարաջանով(3): Փերեսթիանին շրջան մը (1929 -1932) աշխատած է «Հայֆիլմ»-ի մէջ (այդ օրերուն` «Պետկինօ») որպէս բեմագիր եւ դերասան:

«Հայֆիլմ»-ը հիմնուած է 1923-ին, Համօ Բեկնազարեանի (1892-1965) եւ Դանիէլ Դզնունիի (1895-1967) ջանքերով: Նուազ ծանօթ Դզնունի իր վրայ վերցուցած էր ֆինանսաւորումի եւ արտադրութեան բոլոր հոգերը: Առաջին հայկական ժապաւէնը` Շիրվանզադէի «Նամուսը», այնքան մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ, որ այդ մակնիշով ծխիկ կ՛արտադրուէր: Ոչ այլ ոք, քան Փերեսթիանին 1923-ին «Նամուս» վիպակը նկարահանած էր «Երդումով կապուածները» վերնագիրով:

Հայ թէ օտար առաջին ժապաւէնները հիմնուած էին գրական երկերու կամ թատրերգութիւններու վրայ:

Առաջին խօսուն ժապաւէնը Գաբրիէլ Սունդուկեանի «Պէպօ»-ն էր (1935): «Պէպօ» մակնիշով ծխիկ չէ արտադրուած, բայց Սունդուկեան թատրոնի զբօսայգիին մէջ կանգնեցուած է Պէպոյի բարձրադիր, պազալթէ արձանը` պահանջատէրի մուրհակը ձեռքին (քանդ. Գրիգոր Ահարոնեան): Այդ շրջանի ժապաւէնները ընդհանրապէս եւ Համօ Բեկնազարեանի գործերը` մասնաւորաբար, կը կրէին ազդեցութիւնը «կառուցողապաշտ» (Constructivist) դպրոցին, որ ունէր քարոզչական ակնյայտ բնոյթ:

Գոյժ.- «Հայֆիլմ» սթիւտիոներու ձգած շուրջ 400 շարժապատկերները գրեթէ ամբողջութեամբ երիզներէ կը բաղկանային: Ցաւօք, այդ երիզներուն կեանքը սահմանափակ է: Հարկ է զանոնք արագ վերականգնել: Նոյնիսկ արհեստագիտական առումով ամէնէն զարգացած երկրի` Միացեալ Նահանգներու մէջ նախքան 1929 նկարուած ժապաւէններու 90%-ը եւ ապա նախքան 1950 նկարուածներու կէսը  առյաւէտ ոչնչացած են:

Պատմագիտական.- Լուսանկարչական դիւրաթեք ժապաւէնը հնարուած է 1889-ին: Երիզները կը  պատրաստուէին Nitro-cellulose բաղադրութենէն (բորակա-խորշային [4]), որ դժբախտաբար դիւրավառ էր: Պէտք է նշել, որ ցուցադրող սարքի լամբերու ելեկտրալարին տաքութիւնը աւելի քան 2 հազար աստիճան է: Յաճախ հրդեհներ կը պատահէին, որոնք նոյնիսկ կը խլէին նաեւ մարդկային կեանքեր: 1929-ին Սկովտիոյ մէջ նման հրդեհի մը զոհ գացած էին սրահին մէջ գտնուող 69 մանուկներ: Ընթերցողներէն ոմանք հաւանաբար յիշեցին Cinema Paradiso յուզիչ ժապաւէնը (Giuseppe Tornatore, 1988): 1948-ին հնարուած է (cellulose acetate, «քացխա-խորշային») «ապահով երիզը»: Այս պատճառով է, որ վերը յիշուած ժապաւէններուն պահպանումը բաժնուած էր նախքան եւ յետ 1950 թուական:

Երիզները բազմաշերտ են, բազում են ուրեմն վատթարացումի պատճառները: Ինչպէս նիւթի անունը (քացխա-խորշային) կը յուշէ,  անոնք  ենթակայ են «քացխում»-ի, դիւրաթեքութեան (flexibility) կորուստի, գունատումի, կծկումի եւ ձևատումի (deformation): Առաւել վատ տեղեկութիւն` վատթարացումը կ՛ընթանայ արագացող թափով:  1980-էն ետք արտադրուած երիզները կրնան ապրիլ առ նուազն դար մը,  եթէ պահպանուին զովացուած եւ չոր դարաններու մէջ: Վահան Զարդարեանի «Հայկական սինեմա»-ն այսօր պիտի ըլլար 106 տարեկան: Պարզ է, որ պիտի ըլլար «դիակ» մը: Լուսանկարը ցոյց կու տայ քացխած երիզներ: Այլ լուսանկար մը ցոյց կու տայ, թէ երիզադարանի աշխատողը որքա՛ն պաշտպանուած է ցուրտին դէմ:

Եզրակացութիւնը այն է, որ հարկ է անյապաղ թուայնացնել «Հայֆիլմ»-ի ժառանգը:  Որպէսզի անմիջապէս չսկսինք մազփետուքի, պէտք է նշել, որ այդ շատ դժուարին աշխատանք է: Հարկ է «կեղուել» եւ բաժնել տեղեկութիւն պարունակող շերտը քացխող եւ գալարուող շերտերէն: Բայց այդպիսով պատկեր պարունակող օգտակար շերտը կը դառնայ յոյժ բարակ, թոյլ եւ ուրեմն` դիւրաբեկ: Միացեալ Նահանգներու մէջ գունաւոր ժապաւէնի մը վերականգման ծախսը կը գնահատուի 50-100 հազար տոլար…

Մեր դաշտի պատկերը.- Կացութիւնը ամբողջութեամբ մութ չէ: Կան հաստատութիւններ, որոնք յանձն կ՛առնեն արժէքաւոր ժապաւէններու վերականգնումը: Այստեղ կարելի է յիշել բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզէն, որ այս նպատակով 1990 թուականին հիմնեց «Շարժապատկերի Ֆոնտը» (The Film Foundation): Ի պատիւ իրենց` այդ ֆոնտին աջակցած են ականաւոր բեմադրիչներ Ռոպերթ Ալթման (1925-2006), Սիտնի Փոլլաք (1934-2008) եւ այժմ տակաւին ապրող այլ սրտցաւ մարդիկ:

«Շարժապատկերի Ֆոնտը», ամերիկեանին կողքին, ունի նաեւ «Շարժապատկերի միջազգային ծրագիր» (World Cinema Project), որ այս տարի համաձայնագիր կնքած է Հայաստանի Ազգային կինոկեդրոնի եւ Ռուսիոյ Gosfilmofond-ի (կրճատուած` Պետական ֆիլմի ֆոնտ) հետ: Պայմանագիրը կը նշէ, թէ վերականգման որպէս վարձատրութիւն ֆոնտը կը ստանայ ամբողջ աշխարհի մէջ իր վերականգնուած շարժապատկերները ոչ առեւտրական, մշակութային-ճանաչողական նպատակներով ցուցադրելու իրաւունք(5): Ըստ իս, ասիկա կրկնակիօրէն շահաւէտ է հայկական կողմին համար: Նախագիծը պիտի շարունակուի մինչեւ 2024:

Ցարդ վերականգնուած եւ թուայնացուած է լոկ «Նռան գոյնը»:

Շարժապատկերի վերականգման աշխատանոց եւ մասնագէտներ պատրաստելը ծախսալից է:  Վարչական-արխիւային  հարցերու լուծումը, սակայն, ամենեւին ծախսալից չէ: Ըստ իս, կան երկու գլխաւոր լուծելի հարցեր.

Ա.- Կան ժապաւէններ, որոնք տակաւին կը մնան «Մոսֆիլմի» պահեստներու մէջ: Անոնք ի հարկէ ցուցակագրուած են, բայց կարելի չէ յաւիտեանս այդտեղ ձգել: Հարկ է զանոնք փոխադրել Հայաստան: Բայց նախ եւ առաջ հարկ է  պատրաստել յարմար դարաններ, նման անոնց, որոնք կան Մատենադարանի մէջ:

Բ.- Հաւաստի տեղեկութիւններ չկան անկախութենէ ետք արտադրուած շարժապատկերներու մասին: Առաւել եւս, թէ ո՛ւր պահպանուած են անոնք: Այս հաստատումը ի զօրու է բոլոր ժանրերու պարագային: Այս ուղղութեամբ պաշտօնապէս պատասխանատու է Հայաստանի 1993-ին վերակազմակերպուած «Ազգային արխիւ»-ի կինօ-ֆոտօ-ֆոնօ փաստաթուղթերու եւ ապահովագրական պատճէներու մասնաճիւղը: Այսինքն ոչ գոյ է շարժապատկերի ցուցակագրման եւ պահպանման պետական  յատուկ մարմին:

Կան այս հարցերը լուծելու ատակ եւ իրաւասու երկու մարմիններ` Շարժապատկերի աշխատողներու միութիւնը եւ Հայաստանի Ազգային կինոկեդրոնը:

Առաջինը արհեստակցական միութիւն է, հետեւաբար ունի իր աշխատանքային դաշտը, որ չ՛ընդգրկեր վերը նշուած հարցերը: Այսուհանդերձ, կրնայ մարդուժ եւ հմտութիւն տրամադրել: Այժմ, որ սրտցաւ եւ վարչական հարցերու մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող բեմադրիչ Յարութիւն Խաչատրեանը անոր նախագահն է, անձնապէս լաւատես եմ այս ուղղութեամբ:

Ազգային կինոկեդրոնը.- Ինչպէս վերը նշած էի, ունի չարաբաստիկ ծնունդ, գոյացած է թագաւորելու աւերակացն «Հայֆիլմ»-ի: Վարիչ նշանակուեցաւ դերասան  Գէորգ Գէորգեանը, որ բազմաթիւ վարչական պաշտօններ ստանձնած էր շարժապատկերի եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ, այդ շարքին` «Հայֆիլմ» սթիւտիոյի արտադրական բաժինի պետ: Կեդրոնի պիւտճէն էր 700 հազար տոլար, որուն 160-ը կը յատկացուէր գծագրային շարժապատկերներու («մուլտֆիլմ»): Կեդրոնը կ՛աջակցէր տարեկան 10-15 շարժապատկերներու(6): Այդ գումարը որեւէ ձեւով բաւարար չէ, նոյնիսկ` Հայաստանի ծիծաղելիօրէն ցած աշխատավարձերը նկատի առած: Աջակցութիւնը երբեք չէ գերազանցած ծախսերու 25 տոկոսը(7):

Փողային-ներփողային.– Շարժապատկերը (եւ ոչ միայն) կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առաջնահերթութիւններու ստորին սանդղամատի վրայ: Թերեւս այդ պատճառով կինոկեդրոնը կը ջանար համաձայնագրեր կնքել օտար, յատկապէս եւրոպական հիմնադրամներու հետ(8): Այդ, ի հարկէ, կ՛ունենայ քաղաքական «գին»: Eurimage-ի գործադիր տնօրէն Ռոպերթօ Օլլայ կինոկեդրոնի օրկան «Կինոաշխարհ»-ի թղթակիցին բացայայտօրէն բացատրած է, որ իրենց աջակցութիւնը շարժապատկերի մը համար բարի վարուց վկայագիր կը համարուի, որ` տուեալ գործը «քաղաքականապէս Ճիշդ» է (politically correct):

Eurimage-ը հարկ է տեսնել աւելի լայն խորապատկերի վրայ: Անցեալ մարտին Հայաստանի Հանրապետութիւնը համաձայնագիր ստորագրեց «Ստեղծագործ Եւրոպայի» հետ: Ատիկա մաս կը կազմէ 2014-2020 տարիներու վրայ երկարող «Եւրոպայի արեւելեան գործընկերութեան» (EU-Eastern Partnership) ծրագրին, որուն յատկացուած է 15 միլիառ եւրօ պիւտճէ: Քարտէսը ցոյց կու տայ այդ ծրագրին մէջ ընդգրկուած վեց երկիրներու շղթան. Պիելառուսիա, Ուքրանիա, Մոլտովա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Մեկնաբանութեան կարիք չկայ: Արաբական առածը կ՛ըսէ` «Ան, որ կ՛ուտէ սուլթանի սեղանէն, կը զարնէ սուլթանի սուրով»: Իսկ այդ սեղանին առաջ հերթի կանգնած հայ բեմադրիչներու շարքը երկար է…

Ի դէպ, «Ստեղծագործ Եւրոպա»-ին միանալու համար հարկ է, որ Հայաստան վճարէ տարեկան 50 հազար եւրօ: Այդ գումարը հազիւ թէ բաւարարէ մէկ կարճամեթրաժ ժապաւէն նկարելու Հայաստանի մէջ: Իսկ Եւրոպայի մէջ պարզապէս ծիծաղելի է` կը կազմէ արեւելեան գործակցութեան պիւտճէի նուազ քան 0,0003 %-ը: Անդամավճարը ուրեմն ձևական է, Հայաստան կը միանայ ուտելու համար «Արեւելեան գործընկերութեան» սեղանէն:

Տխուր թամաշա.- Կինոկեդրոնի արդէն իսկ ոսին պիւտճէն 2018-ին կրճատուած է շուրջ 6%-ով` առանց նկատի առնելու սղաճը եւ հայկական դրամի արժեզրկումը: Թերեւս այդ պատճառով աւելի բորբոքած են կիրքերը, եւ աւելի  կատաղի է քաշկռտուքը բեմադրիչներու միջեւ: Փտածութիւնը եւս ունի իր դերը: Չեմ ուզեր այստեղ անուններ տալ: Պոռոտախօս բեմադրիչ մը կ՛ամբաստանուի գումար ստանալով ոչ թէ մէկ, այլ երեք շարժապատկերի ծրագիրներու համար եւ ցարդ ոչ ոքի ոչինչ ցոյց տալով: Միւս կողմէ` բեմադրիչ մը հրապարակային հացադուլի կը դիմէ, որովհետեւ տակաւին չէ ստացած տաս տարի եւ երեք նախարար առաջ խոստացուած գումարը: Մշակոյթի նոր նախարար Լիլիթ Մակունցը… այո՛, գուշակեցիք, խնդրեց, որ իրեն փոխանցուին անհրաժեշտ տեղեկութիւնները: Այլ քաշքշուք մը տեղի կ՛ունենայ կինոկեդրոնին յատկացուած երկու շէնքերու արժէքին եւ վերանորոգութեան ծախսերուն շուրջ: Հազար քիլոմեթր (եւ ոչ միայն) հեռաւորութեան վրայ կեցած` կարելի չէ հաստատ գիտնալ, թէ ո՛վ է իրաւացի: Մէկ բան հաստատ է, որ շարժանկարի համայնապատկերը տխուր է: Մեր տխրութիւնը աւելի կը թանձրանայ, երբ անդրադառնանք, որ արտասահմանեան օժանդակութիւնները միշտ մասնակի են: Այդ ֆոնտերը մեղմ ըսած` պիտի վարանին ներդրումներ կատարել, երբ իրենց օժանդակած շարժապարկերի ծրագիրները կը մնան անաւարտ: Պէտք է յուսալ, որ «թաւիշը» պիտի ջնջէ փտածութիւնը այս մարզին մէջ:

Ձեռներէցներ.- Մերթ ընդ մերթ հանդէս կու գան նաեւ անհատ գործարարներ, որոնք կը ներկայացնեն շռնդալից ծրագիրներ: Պիտի տամ միայն ա՛յն պարագան, որ, ըստ երեւոյթին, ունեցաւ հետեւանք: Քեն Տաւիտեանը մեղմ ըսած երկրորդ, կարգի դերասան մըն է, որուն կը յանձնուին դերեր ոչ այնքան իր տաղանդին, որքան` արտաքինին համար: Ոմանք թերեւս յիշեն Քսերքսես Ա. արքան «Meet the Spartans» (Jason Friedberg եւ Aaron Seltzer, 2008) ծաղրանկարային շարժապատկերին մէջ: 2014-ի «Ոսկէ ծիրան» փառատօնի ընթացքին Տաւիտեան կատարեց պոռոտ յայտարարութիւն` որ անանուն հեղինակաւոր հայ մը կը հովանաւորէ «Hollywood Film Partners» անունով հաստատութիւն մը, որ կը վարեն երեք արտադրիչներ` Քեն Տաւիտեան, Արա Խաչատրեան եւ Արսէն Բաղդասարեան(9), որ` հաստատութիւնը ամբողջ աշխարհի տարածքին պիտի ունենայ 13 սթիւտիոներ, որ իրենց արտադրած շարժապատկերներուն պիւտճէն կը տարուբերի 5-130 միլիոն տոլարի միջեւ, թէ Հայաստանի մէջ կը գոյանայ 10.000 աշխատատեղ, որ… ուշադրութիւն, Արսէն Բաղդասարեան դիտել տուած է, թէ 13 սթիւտիոներէն մէկը պիտի հիմնուի կամ Երեւանի եւ կամ…Տուպայի մէջ, որ` ինք որպէս հայ կը նախընտրէ Երեւանը եւ ոչ թէ` Տուպայը… պայմանաւ որ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը նպաստաւոր պայմաններ ստեղծէ:

Հարկ կա՞յ նշելու, որ նման հաստատութիւն գոյութիւն չունի: Գոյութիւն ունի լոկ այդ անունով Դիմատետրի կայք մը, որ դադրած է 3 տարի առաջ: Ոչ մէկ սթիւտիօ հաստատուած է: Սակայն կա՛յ հաստատուած բան մը: Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը շարժապատկերի աշխարհին մէջ հիմնական բարեփոխումներ կատարելու համար տուպայաբնակ… ներողութի՛ւն, քալիֆորնիաբնակ միլիոններու ձեռնածու Արսէն Բաղդասարեանը հրաւիրած է Հայաստան եւ զայն հաստատած է կինոկեդրոնի գեղարուեստական ղեկավարի աթոռին վրայ: Լուսանկարին մէջ Բաղդասարեանը կը տեսնուի մշակոյթի նախկին նախարար Ամիրեանի կողքին:

Աւելի քան տարի մը անց ոչ մէկ հաւաստի տեղեկութիւն ունինք Բաղդասարեանի ծրագիրներուն շուրջ: Այո՛, կայ հաւաստի բան մը, Բաղդասարեանը կեդրոնի աշխատողներուն արգիլած է կեդրոնին շուրջ տեսակցութիւններ տալ եւ յայտարարութիւններ ընել(10):

Պիզնեսականք.- Կինոկեդրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արսէն Բաղդասարեանը ուսանած է տնտեսագիտական կառավարում (business administration), մասնագիտացած է շուկայադրումի մէջ (marketing): O՜, սխալ չլսեցիք, նորանշանակ գեղարուեստական ղեկավարը վաճառորդ մըն է: Փոխտնօրէններ Մարինէ Անտոնեանը եւ Վարդան Աբովեան նոյնպէս ուսանած են յաջորդաբար «Պիզնեսի կառավարում» եւ տնտեսագիտութիւն: Նոյնինքն կինոկեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը մասնագիտացած է «կինեմատոգրաֆիայի տնտեսագիտութեան» մէջ:  Կը նկատենք, որ կինոկեդրոնի յետպետականացում սպայակոյտը բաղկացած է բացառապէս «պիզնեսականներէ»: Մեկնաբանութիւնը կը թողում ընթերցողին:

Ինչպէս մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցը, այնպէս եւ կինոկեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեանը առ այժմ պատասխաններ չունին: Մամուլին մէջ լոյս տեսած են շարժապատկերի սրտցաւ աշխատողներու կողմէ գրուած բազմաթիւ ուսանելի յօդուածներ(11, 12):

Փոքրիկ լոյսեր` նախքան «թաւիշ».- Ինքնամխիթարութեան նպատակով կը փակեմ` տալով երեք ուրախալի լուրեր:

Ա.- 2017-ի մարտին Չինաստանի դեսպանատունը 4 շարժական «կինօ-թատրոններ» նուիրած է Հայաստանի(13): Մեզի կը մնայ այդ սարքերը ի գործի դնել` հեռաւոր մարզերու մէջ մշակոյթը զարգացնելու համար:

Բ.- Քառասուներեք տարի սպասումէն ետք, յունիսին աւարտած է Հայաստանի Կինեմատոգրաֆիստներու միութեան կինոյի տան մեծ դահլիճի վերանորոգումը(14): Ատիկա հնարաւորութիւն պիտի տայ դիտելու հայկական եւ օտար որակաւոր ժապաւէններ:  Յարութիւն Խաչատրեանի նախագահի պաշտօնին ընտրութենէն ետք միութիւնը կը մշակէ նոր ծրագիրներ: Գոյացած է որոշ խանդավառութիւն:

Գ.- Այժմ արդէն գործօն է շարժապատկերի երիտասարդ բեմադրիչներու եւ այլ աշխատողներու «Հայֆիլմի վերածնունդ»-ի նախաձեռնութիւնը, որ անխոնջ կը հետապնդէ վերը յիշուած հարցերը: Այս նիւթին անդրադարձած եմ(15):

Բոլոր երեք իրադարձութիւնները կատարուած են նախքան «թաւիշը»: Հարկ է յուսալ, որ կառավարութիւնը աւելի մեծ առաջնահերթութիւն տայ շարժապատկերին:

10 սեպտեմբեր 2018

1.- Սամուէլ Մաթոսեան, «Յայտնաբերուել  են հայկական կինեմատոգրաֆի առաջին կինոկադրերը», «կինոաշխարհ», 29 մայիս, 2014:
2.- Ցարական Կովկասը ազգութիւններու խառնարան մըն էր:
3.- Տե՛ս, «Փարաջանովի արուեստը», «Ազդակ», 14 յուլիս 2014:
4.- Nitro-gen = բորակածին  իսկ cell = խորշ,  cellulose = խորշանիւթ:
5.- Դիանա Կատրումեան, «Հայկական ֆիլմերի թուայնացումն ու վերականգնումը հրատապ է»,  Կինոաշխարհ, 11 մարտ 2018:
6.- Նայիրա Փայտեան, «Հայաստանի ազգային կինոկեդրոն. երէկ եւ այսօր», 12 յունուար 2015:
7.- Մարիա  Թոքմաջեան, «Մենք խօսում ենք կինոյի մասին… «Կինոաշխարհ», 14 նոյ.  2012:
8.- Աննա Սարգսեան, հարցազրոյց, «Կինոաշխարհ», 26 մարտ 2018:
9.- Նայիրա Փայտեան, «Հայաստանեան հոլիվուտ, որ աննախադէպ հեռանկարներ եւ 8-10 հազար աշխատատեղ է խոստանում», «Կինոաշխարհ»  13 յուլիս, 2014:
10.-        «Ազգային կինոկեդրոնի գեղղեկ, ֆիլմ յանձնակատարի պարզաբանումը», «Անկախ», 13 դեկտ. 2017:
11.-        Լիլիթ Եղիազարեան, «Անտարբերութեան արդիւնք էր, որ քանդուեց «Հայֆիլմը», «Իրաւունք»  24 օգոստոս 2018:
12.-        Խմբագրական, «Ինքնահոսի մատնուած կինօ», «Կինոաշխարհ», 28 դեկտ. 2017:
13.-        «Չինաստանը Հայաստանին չորս շարժական կինոթատրոն կը տրամադրի», «Արմէնփրես», 1 մարտ 2017:
14.-        «Քառասուներեք տարի անց վերանորոգուել է Կինոյի տան մեծ դահլիճը», «Լրագիր», 29 յունիս 2018:
15.- «Յօտուած ծիրանին», «Ազդակ», 4 սեպտ. 2018:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>