Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ Լիբանանի հայ աւետարանական վարժարանները, կրթական մարմիններու, տնօրէններու, ուսուցիչներու համագործակցութեամբ, իրենց դռները բացին 2018-2019 տարեշրջանին` յօգուտ հայ դպրոցին, հայ մանուկին, հայ ուսուցիչին եւ հայ ծնողին:
Վերամուտին առիթով հայ աւետ. վարժարաններուն ուսուցիչներու ընտանիքը քով-քովի բերելու, զանոնք գնահատելու եւ խրախուսելու համար, ՄԱՀԱԵ միութեան Լիբանանի կրթական խորհուրդի հովանաւորութեամբ եւ Կրթական համադրող յանձնախումբին կազմակերպութեամբ հինգշաբթի, 20 սեպտեմբեր 2018-ին ՔՋԱԿ-ի մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար մը` մասնակցութեամբ աւելի քան 100 ուսուցիչներու, տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու:
Սեմինարին առաջին բաժինը տրամադրուած էր Հայ Աւետ. կրթական առաքելութեան, իսկ երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէր «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկի լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակման սեմինարներու շարքէն քաղուած էական նիւթերու փոխանցման:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին ներկաները ողջունեց եւ օրուան յայտագրին մանրամասնութիւնները ներկայացուց Սեդա Գարակէօզեանը, ապա բեմ հրաւիրեց ՄԱՀԱԵ միութեան Կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ, Կրթական խորհուրդի անդամ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը:
Վեր. Հայտոսթեան անդրադառնալով սփիւռքի մէջ անցնող տարիներուն սփիւռքի հայկական վարժարաններու դժուարութիւններուն` ընդգծեց, որ նոր օրեր կ՛ապրինք բոլորս` մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Հարցերը շատ են, հրամանատարը կարեւոր դերակատարութիւն ունի ընելիք, սակայն ուսուցիչ-զինուորին վստահուած է աշակերտի ապագան: Ան գնահատեց ուսուցիչները, որոնք ազնուութեամբ, համբերութեամբ դիմակալեցին հարցերը` քաջ գիտակցելով, որ ուսուցչութիւնը նախ եւ առաջ առաքելութիւն մըն է:
Ապա, եօթը հիմնական կէտերու վրայ կեդրոնանալով, վեր. Հայտոսթեան բացատրութիւններ տուաւ ուսուցիչներու վերապատրաստման, տիրող մշտական գաղթի պատրաստ սերունդի, ուսումնական ծրագրի մէջ հայերէնի դերի մասին, նաեւ ազգային-հոգեւոր-մարդասիրական արժէքներու կարեւորութեան մասին: Ան թելադրեց նուազ նուաճող (low achiever) աշակերտներուն բաւարար մղում տալ` աւելիին հասնելու համար: Օգնել հոգեկան անհանգիստ վիճակ ունեցող սերունդին` ճկուն ուսուցումի եւ ճկուն մօտեցումի միջոցով: Ձեռք երկարել ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներու ուսման արեւելումի նկատմամբ անորոշութիւն ունին: Վերապատուելին իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով, որ լայն տեղ եւ արագ տեղ կը հասնինք, եթէ մտքով, հոգիով, պատկանելիութեամբ հաւասարակշռուած հայեր ըլլանք: Ան հարց տուաւ` «Ո՞վ է կշիռը ճշդողը: Տէրը` Աստուած»:
Հայկազեան համալսարանի արուեստի եւ գիտութեան բաժնի տեսուչ, Կրթական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Արտա Էքմեքճի կարդաց եւ բացատրութիւններ տուաւ յուլիս 2001-ին Քեսապի մէջ գումարած միութեան 58-րդ համաժողովի ընթացքին ճշդուած կրթական առաքելութեան մասին:
Ա. բաժնի աւարտին բոլորը հաւաքուեցան` խմբանկար մը ունենալու եւ վերամուտի առթիւ պատրաստուած կարկանդակը հատելու, առաջնորդութեամբ կրթական համադրող յանձնախումբի ատենապետ Սօսի Պալեանի:
Բ. բաժինը սկսաւ Գայեանէ Մածունեանի ներկայացումով, որ կը բովանդակէր Շաղիկ Խուտավերտեանի դասախօսութիւնը (վերջինիս բանաւոր բացակայութեան պատճառով):
Գ. Մածունեան անդրադարձաւ արժէքներու փոխանցման, իմաստաւորման գործընթացին: Ան շեշտեց դպրոց-ուսուցիչ-ծնողք երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց, որ կրթութեան մէջ պարտաւոր ենք չէզոքութիւն պահելու եւ հիմնուելու քննադատական մտածողութեան վրայ:
Ապա Անի Տագէսեանը, Մարալ Աւետիսեանը եւ Սելլա Մուղալեանը բացատրութիւններ տուին reflective practice-ի մասին եւ խումբերու բաժնելով ներկաները` հարցաթերթիկներ բաժնեցին, օրինակներով ամրապնդելու համար իրենց խորհուրդները:
Ճաշի դադարին ՔՋԱԿ-ի գեղատեսիլ ճաշասրահ ուղղուեցան ներկաները: Աղօթքը կատարեց Կրթական խորհուրդի անդամ պատ. Սեւակ Թրաշեանը, որմէ ետք ճաշի սպասարկութիւն տեղի ունեցաւ:
Սեմինարին եզրափակիչ նիւթերէն էր, մանկապարտէզի ուսուցչուհիներուն համար, Կարինէ Չոլագեանի պատրաստած նիւթը, առնչուած` պաշտամունքի պահերուն հետ: Իսկ մնացեալ ուսուցիչները համախմբուեցան ՔՋԱԿ-ի մատուռը` լսելու դոկտ. Հանին Հութի դասախօսութիւնը` Educational Assessment նիւթի շուրջ: Դասախօսներուն շնորհակալական նուէրներ տրուեցան:
Մէկ ժամ տեւող հետաքրքրական դասախօսութենէ ետք ուսուցիչները աշխատանքային խմբակներու բաժնուեցան եւ հաւաքաբար պատասխանեցին կարգ մը հարցաթերթիկներու: Այս աշխատանքները պատրաստած էին` Նազիկ Քեչեճեանը եւ Քրիստին Յակոբեանը (ուսողութիւն), Նժդեհ Մխսեանը (գիտութիւն), Զարմինէ Ասմինեանը (հայերէն) եւ Անգինէ Օպէյտը (անգլերէն):
Սեմինարի աւարտին ուսուցիչները կազդուրուած, նոր տեսլականներով զինուած, վերամուտի սեմին ոգեւորուած` վերադարձան իրենց տուները: