Վանի մէջ հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցուած արտաքնոցը, ինքնաշարժի կայանը եւ հանդերձարանը չեն քանդուած, թէեւ մէկ տարի առաջ այն ժամանակուան Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուման Քուրթուլուշը յայտարարած էր, որ անոնք վերացուելու են 60 օրուան ընթացքին: Այդ մասին, ըստ «Ակունք»-ին, կը հաղորդէ քրտական թրքալեզու «Մեզոփոթամիա» լրատուական գործակալութիւնը:
Աղբիւրի համաձայն, այդ շինութիւնները անցեալ տարի հայկական գերեզմանոցի վրայ կառուցել տրուած էր Վանի Արտամետի քաղաքապետի պաշտօնակատար նշանակուած Աթըֆ Չիչեքլինը: Այդ փաստը բացասական արձագանգի արժանացած էր, որմէ ետք սոյն հարցը Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանին կողմէ բերուած էր խորհրդարանի օրակարգ, եւ տուեալ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարը ստիպուած եղած էր այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս գալ` նշելով, որ այդ կառոյցները պիտի քանդուին 60 օրուան ընթացքին:
Ի պատասխան` քաղաքապետի պաշտօնակատար Աթըֆ Չիչեքլինը փորձած էր պնդել, որ տուեալ շրջանին մէջ ոչ մէկ հայկական գերեզմանոց կայ, եւ` ընդգծած, թէ որեւէ կառոյց չի քանդուիր:
Ինչպէս կը հաղորդէ լրատուական գործակալութիւնը, հակառակ անոր որ նախարարի յայտարարութենէն արդէն մէկ տարի անցած է, սակայն տուեալ շինութիւնները դեռ կանգուն են: Ու թէեւ սոյն հարցի վերաբերեալ որոշում կայացուցած է նաեւ Թուրքիոյ մշակութային արժէքներու պահպանման խորհուրդը, բայց եւ այնպէս որեւէ քայլ չէ ձեռնարկուած` այդ կառոյցները քանդելու ուղղութեամբ: