Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հարիւր Դէմք` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Հարիւրամեակին

$
0
0

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սուրէն Թարխանեան

Սուրէն Թարխանեան (Նիկոլայ, Կուռօ), հայ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ:

Ծնած է Շուշի, 1896-ին, Ղարաբաղ: Աւարտած է Մոսկուայի Ալեքսանդրովեան զինուորական վարժարանը:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի ժամանակ իբրեւ ռուսական բանակի սպայ` կը մասնակցի Կալիցիոյ, Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ ճակատամարտերուն, կը վիրաւորուի, ապա իր խնդրանքով կը փոխադրուի կովկասեան ռազմաճակատ, 1917-1918 թուականներուն կը մասնակցի Ալաշկերտի, Խնուսի, Բաղէշի կռիւներուն, իր խիզախութեան համար զինակից ընկերներէն կը ստանայ Կուռօ անունը:

Հայաստանի անկախութեան գոյամարտին կը կռուի Սուրմալուի, Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն, ապա հայ-վրացական պատերազմին Կուռօ կը վիրաւորուի. ան կը ստանայ «Վարդան Զօրավար» շքանշանը:

Զանգեզուրի մէջ կը կռուի պոլշեւիկներու դէմ` Ուչթափալար բարձունքին վրայ:

Կը մասնակցի Փետրուարեան ապստամբութեան, Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն զինք կը նշանակէ հայկական բանակի ընդհանուր հրամանատար:

Սուրէն Թարխանեան, յետ ծանր հիւանդութեան, կը մահանայ 1944-ին, Պուքրէշ, Ռումանիա:

Տաճատ Թերլեմեզեան

Հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 6 դեկտեմբեր 1888-ին, Վանի Այգեստան թաղամասին մէջ, հարուստ վաճառականի ընտանիքի մէջ: Ան Վան-Վասպուրականի հերոսամարտի ականաւոր գործիչներէն եւ անուանի նկարիչ Փանոս Թերլեմեզեանին եղբայրն է: Պատանի տարիքէն դաստիարակուած է հայրենասիրական ոգիով, 1904-ին անդամագրուած է ՀՅԴ կուսակցութեան` գլխաւորաբար զբաղելով զէնք-զինամթերքի հայթայթման, պահեստաւորման ու բնակչութեան զինման աշխատանքներով:

Տ. Թերլեմեզեանը հայ ազատագրական շարժման պատմութեան մէջ հռչակ ունեցած է 1904-ին` 16 տարեկանին ահաբեկման ենթարկելով իր քեռին` դաւաճան Դաւոն, որ անձնական նկատառումներով թուրքերուն մատնեց ի գին մեծ զոհողութիւններու հաւաքուած զինամթերքի պահեստներու տեղերը:

Ան մաս կը կազմէ հայ կամաւորական գունդերուն ու 1915-ին կը մասնակցի Վանի պաշտպանութեան:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կազմաւորման օրերուն գործունեայ դերակատար եղած է Ղարաքիլիսայի շրջանին մէջ: Տաճատ իր զինուած ջոկատով շարունակ հսկած է Ղարաքիլիսա-Ղազախ ուղղութեամբ գտնուող թուրք-թաթարական գիւղերու բնակչութեան, զսպած է անոնց ոտնձգութիւնները: Ան մասնակցած է նաեւ Ղամարլուի շրջանի թրքական գիւղերու ապստամբութեան ճնշումին: Այնտեղ կը ծանօթանայ, ապա կ՛ամուսնանայ Արփինէի հետ, կ՛ունենան հինգ զաւակ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք Տաճատ կը տեղափոխուի Միացեալ Նահանգներ` Նիւ Ճըրզի, ուր նոյնպէս մաս կը կազմէ հասարակական կեանքին: Իր իսկ խնայած գումարներով ու վանեցիներու հանգանակութեամբ հաւաքուած գումարը 1967-ին կը տանի Խորհրդային Հայաստան` Վան-Վասպուրականի հերոսամարտի նուիրուած յուշարձանի մը կառուցման համար: 1980-ին, խոր ծերութեան մէջ, ներկայ կ՛ըլլայ անոր բացման:

Տ. Թերլեմեզեան կը մահանայ 23 ապրիլ 1982-ին, Նիւ Ճըրզի: Տաճատի աճիւնասափորը 1997-ին, իր փափաքին համաձայն, կը փոխադրուի Հայաստան ու կը զետեղուի Վան-Վասպուրականի հերոսամարտին նուիրուած յուշարձանի պատին մէջ:

Սահակ Թորոսեան

Սահակ Թորոսեան. հասարակական քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է 1885-ին, Աշտարակի շրջանի Փարպի գիւղը: Նախնական ուսումը ստացած է Աշտարակի տարրական դպրոցին մէջ, այնուհետեւ ընդունուած է Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը:

1907-ին նշանակուած է Օշական գիւղի ծխական դպրոցի աւագ ուսուցիչ: 1907-ին եղած է ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

1909-ին ՀՅԴ կուսակցութեան առաջարկով տեղափոխուած է Թիֆլիս, եղած է «Հորիզոն» թերթի թղթակից, միաժամանակ դասաւանդած է Գայեանեան օրիորդաց դպրոցին մէջ:

1912-ին դարձած է Էջմիածնի ՀՅԴ կազմակերպութեան ղեկավար: Այնուհետեւ Թորոսեանը հրաւիրած են Երեւան` թեմական եւ Գայեանեան դպրոցներուն մէջ հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն դասաւանդելու:

1914-ին ընտրուած է Թիֆլիսի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Թիֆլիս եւ Էջմիածին ապրած ժամանակաշրջանին զբաղած է թարգմանութեամբ եւ գրած է գեղարուեստական գիրքեր:

1917-ին նշանակուած է Երեւանի նահանգապետ եւ եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին եւ երկրորդ խորհրդարանի անդամ: 1918-ին, միաժամանակ ըլլալով խորհրդարանի անդամ, զբաղեցուցած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալի պաշտօնը:

7 փետրուար 1919-ին նշանակուած է Հայաստանի հանրային խնամատարութեան նախարար (8 ապրիլ 1918-ին նախարարութիւնը վերանուանուած է հանրային խնամատարութեան եւ աշխատանքի նախարարութիւն) եւ այդ պաշտօնը վարած է մինչեւ նոյն թուականի յունիս 24-ը:

Այնուհետեւ նշանակուած է նաեւ պարենաւորման նախարար, իսկ պոլշեւիկեան մայիսեան խռովութիւններէն ետք փոխարինած է ներքին գործոց նախարարը: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան վերջին ժամանակաշրջանին վարած է նաեւ Արարատի նահանգի նահանգապետի պաշտօնը: Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին եղած է խորհրդարանի պատգամաւոր, ներկայացուցած է ՀՅԴ ֆրակցիան: Հայաստանի Հանրապետութեան անկումէն ետք անցած է նախկին աշխատանքին` մանկավարժութեան:

1920-ի մարտէն` Հայաստանի խորհրդարանի ՀՅԴ խմբակցութեան նախագահ, իսկ մայիսէն նշանակուած է ներքին գործոց նախարարի տեղակալ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք 3 անգամ կալանաւորուած է: 1927-ին ան կը գտնուի Երեւանի Չեկայի բանտը, որմէ ետք, ստալինեան հալածանքին, վերջին աքսորէն վերադարձած է 1937-ին, ձերբակալուած է կրկին եւ 1938-ին դատապարտուած է գնդակահարութեան, մահապատիժը յետաձգուած է:

Սահակ Թորոսեանը մահացած է Երեւանի բանտին մէջ, 8 հոկտեմբեր 1940-ին:

Գաբրիէլ Լազեան

Գաբրիէլ Լազեան. հասարակական-քաղաքական գործիչ, պատմաբան, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Երզնկա, 1893-ին: Հոն ապրած է մինչեւ քսան տարեկան` իւրացնելով այն բոլորը, որոնք անհրաժեշտ էին ձեւաւորելու համար իր մօտ զարգացած եւ գաղափարապաշտ հայ երիտասարդը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա աւարտած է Կ. Պոլսոյ «Հարպիյէ» զինուորական վարժարանը` վկայուելով տեղակալի աստիճանով: 1914-1918 թուականներուն ծառայած է օսմանական բանակի գերմանական գլխաւոր հրամանատարութեան սպայակոյտին մէջ:

1915-ին շղթայազերծուած Մեծ եղեռնի առաջին տարին կը սկսին տեղահանութիւնները: Գ. Լազեան, հեռու իր ծննդավայրէն, երբ կը կնքուի զինադադարը, եւ կը հասնին մանրամասնութիւնները նաեւ Երզնկայի սարսափներուն, կը տեղեկանայ, թէ իր ամբողջ գերդաստանի անդամները, աւելի քան` 70 անձեր, կոտորուած են, եւ ինք մնացած է միայնակ: Գաբրիէլի հայրը` Գուրգէն, եղած է Երզնկայի յեղափոխական սերունդէն: 1915-ին թուրքերու կողմէ կացինահար եղած է Եփրատի եզերքը, Ձորբերան գիւղը, իսկ 7 եղբայրները, քոյրերը եւ մայրը` Զարուհին, նոյնպէս կոտորածին սպաննուած էին: Գաբրիէլ, կրակը սրտին, կ՛որոշէ անցնիլ Հայաստան: Ապա Զմիւռնիա է ան, ուր ամուսնացած է հելլէնուհիի մը հետ:

1918-ին, Մուտրոսի զինադադարէն ետք, Գ. Լազեան եւ իր կինը 1919-ին կը մեկնին Հայաստան: Լազեան 1918-1920 թուականներուն կը ծառայէ հայկական բանակի գլխաւոր սպայակոյտին մէջ, զգալի դեր կը խաղայ բանակին առջեւ դրուած դժուարին խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Իսկ կինը Երեւան է:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան օրերուն Գաբրիէլ ռազմաճակատ նետուած էր վրէժխնդրութեամբ լեցուն. իր սրտին մէջ բոցկլտող կրակ մը կար զինք միշտ տանջող իր գերդաստանի, հօր, մօր եւ 7 եղբայր-քոյրերուն կոտորուիլը թուրքին կողմէ:

Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութիւն հաստատուելէ ետք, շատ մը այլ սպաներու հետ ձերբակալուած է եւ` աքսորուած: Հետագային կրցած է անցնիլ արտասահման: Միանալով իր կնոջը` կը յաջողին անցնիլ Թիֆլիս եւ ապա Պաթումի վրայով` Զմիւռնիա, 1921-ին:

1921-1922 թուականներուն, իբրեւ սպայ, ծառայած է յունական բանակին մէջ, մասնակցած` յոյն-թրքական պատերազմին:

1922-ին ամառը, Զմիւռնիոյ ռազմաճակատի պարտութենէ ետք կը գաղթէ Աթէնք:

Աթէնքի մէջ կը սկսի Գ. Լազեանի կեանքի նոր շրջանը: Ան իր կեանքը նուիրեց Յունաստանի հայութեան հանրային կեանքին: Խումբ մը գործակիցներու հետ կը հիմնէ «Նոր Օր» շաբաթաթերթը եւ կ՛ըլլայ թերթին սեփականատէրը:

Գ. Լազեանը Յունաստանի մէջ դեր ունեցաւ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ: Ընտրուած է Յունաստանի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ: Մեծ ներդրում ունեցած է յունահայ համայնքի կեանքի կազմակերպման գործին մէջ: Յունաստան մնաց մինչեւ 1938:

1938-ին աշխատած է Գահիրէ (Եգիպտոս), հիմնադրած` «Յուսաբեր» մշակութային ընկերութիւնը, տպարան, հրատարակչութիւն, գրատուն, վարած է խմբագիրի պաշտօն:

Գաբրիէլ Լազեանը այս ժամանակաշրջանին գրած է բազմաթիւ պատմական ուսումնասիրութիւններ` հայ-ազատագրական շարժման անուանի դէմքերու եւ Հայ դատի վերաբերեալ: Անոր կարգ մը երկերը նուիրուած են յեղափոխական դէմքերու, որոնք կը ներկայացնեն կեանքը այն մտաւորականներուն եւ հայդուկներուն, որոնք գրիչով ու զէնքով, հաւասարապէս, կերտեցին հայկական ազատամարտը, եւ որուն արդիւնք է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Լազեան կը մասնակցի յաջորդաբար ՀՅ Դաշնակցութեան վեց Ընդհանուր ժողովներուն: 1938-էն մինչեւ իր մահը անընդհատաբար անդամակցած է ՀՅԴ Բիւրոյին:

Գաբրիէլ Լազեանը կը մահանայ ՀՅԴ ԺԷ. Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին` 25 օգոստոս 1959, Գահիրէ:

(Շար. 10)

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>