Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Լիրայի Արժեզրկումը Եւ Սուլթան Էրտողանի Անկումը

$
0
0

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Թուրքիոյ լիրան կը շարունակէ արժեզրկուիլ` սուլթան Էրտողանը առաւել սուզելով իր տնտեսական տագնապին մէջ: Արդարեւ, օգոստոս 9-ին տոլարին արժէքը 5,31 լիրայի հասած էր, սակայն օգոստոս 10-ին, երբ նախագահ Թրամփ Թուրքիայէն ներածուող պողպատի եւ ալիւմինոմի մաքսը կրկնապատկեց (նախկին 10 եւ 25 տոկոսը դարձան 20 եւ 50 տոկոս` յաջորդաբար), նոր հարուած մը հասաւ արդէն իսկ տկար լիրային. այս անգամ, լիրային համեմատ, մէկ տոլարին արժէքը 10 լիրայէն աւելի եղաւ: Թէեւ այս մէկը երկար չտեւեց, սակայն Թուրքիան կորսնցուց շուկային վստահութիւնը: Էրտողան, կատաղած վիճակի մէջ, երեք օր անդադար ելոյթներ ունեցաւ` ժողովուրդը յորդորելով, որ իր ունեցած տոլարները փոխարինէ լիրայով, եւ` վստահեցնելով, որ երկրին տնտեսութիւնը տակաւին կայուն է, ու այս ամբողջ պատահածին պատճառը Ամերիկա՛ն է եւ բոլոր անոնք, որոնք կը սարսափին Թուրքիան հզօր երկիր ու իսլամները վերականգնած ուժ տեսնելէ:

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ իսկոյն օգնութեան հասաւ` 15 միլիառ տոլարի ներդրումներ խոստանալով Թուրքիոյ, եւ այդպիսով, տոլարին արժէքը օգոստոս 15-ին 6,75 լիրայի իջաւ: Սակայն, ընդհանուր առմամբ, լիրան իր արժէքին 40 տոկոսը կորսնցուցած է այս տարուան ընթացքին: Թուրքիոյ իշխանամէտ լրատուամիջոցները այս բոլորին համար, անշուշտ, մեղադրեցին համաշխարհային սակարաններուն մէջ ազդեցիկ կողմերը:

Թրամփը իր վերոնշեալ որոշումը տուաւ, երբ Էրտողան պահանջեց Ամերիկայէն իր նախկին բարեկամ եւ ներկայի թշնամի Կիւլենը Թուրքիոյ յանձնել` ամերիկացի քարոզիչ Էնտրու Պրանսընը ազատ արձակելուն դիմաց. վերջինս 2016-ին կալանաւորուած է Թուրքիոյ մէջ եւ կրնայ մինչեւ 35 տարուան ազատազրկման դատապարտուիլ: Թրամփին միջնորդութեամբ, նախապէս Իսրայէլի մէջ «Համաս»-ի հետ գործակցելու մեղադրանքով բանտարկուած թուրք ազգայնամոլ Էպրօ Օզկանը արդէն իսկ ազատ արձակուած էր` Պրանսընը ազատ արձակելու ակնկալութեամբ, սակայն Էրտողան այդ մէկը չկատարեց` Թրամփին մեծ զայրոյթ պատճառելով: Ամերիկա նաեւ զայրացաւ այն բանէն, որ Թուրքիա պիտի գնէ ռուսական «Էս.-400» պաշտպանական համակարգեր` ՕԹԱՆ-ի անդամ ըլլալով հանդերձ. աւելի՛ն, Թուրքիա չմասնակցեցաւ Ամերիկային պարտադրած տնտեսական պատժամիջոցներուն` Իրանի դէմ, իսկ Սուրիոյ հարցով ակնյայտ ընդհարումի մէջ է Ամերիկայի հետ:

Ըստ «al-monitor» կայքին, «Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը խրախուսէր ընկերութիւնները` շահութաբեր երաշխիքներ ապահովելով մայրուղիներու, կամուրջներու, օդակայաններու, բնակելի եւ առեւտրային շէնքերու կառուցման համար»: Այդ բոլորը երկիրը հարիւրաւոր միլիառներու պարտքի տակ դրին, իսկ երբ ժամանակը եկաւ այդ պարտքերը տոլարով վերադարձնելու, երկրին տնտեսութիւնը խուճապի մատնուեցաւ, եւ լիրայի տագնապը սաստկացաւ: Նոյն նիւթի շրջանակին մէջ, ամերիկեան «S&P Global» տնտեսական հետազօտութեանց աղբիւրը օգոստոս 27-ին հրապարակած էր, որ Թուրքիա այս տարի կանգնած է սղաճի տատանումներու եւ տնտեսական խիստ ճգնաժամի առջեւ, քանի որ երկրի դրամանիշին տագնապը դեռ կը շարունակուի: Աղբիւրը նախատեսած է, որ Թուրքիոյ սղաճը 2019-ին կրնայ հասնիլ աւելի քան 20 տոկոսի, իսկ գործազրկութիւնը` 12 տոկոսի, աւելցնելով նաեւ, որ Քաթարի 15 միլիառ տոլարի օժանդակութեան ծրարը եթէ նոյնիսկ իրականացուի, պիտի յաջողի միայն որոշ չափով աջակցութիւն ցուցաբերել Թուրքիոյ տնտեսութեան, իսկ այդ գումարէն մաս մըն ալ շատ հաւանական է, որ հին ներդրումներ ըլլայ:

Ներկայիս Էրտողանի համար մնացեր են միայն քանի մը դաշնակիցներ, որոնցմէ յատկանշական է «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութիւնը («Իխուան»): Ըստ արաբ մտաւորական եւ գրող Ահմետ Սառաֆի, օգոստոս 18-ին լոյս տեսած մէկ գրութեան մէջ «Իսլամ եղբայրներ»-ու մոլեռանդ առաջնորդ Եուսուֆ Քարատաուին հաստատած է, որ` «Աստուած, Գաբրիէլ հրեշտակը եւ բոլոր հրեշտակները կ՛աջակցին Էրտողանին»… Ծիծաղելին ա՛յն է սակայն, որ վերջինիս պարզամի՛տ հետեւորդները կը հաւատան անոր ըսածին: Սառաֆ նաեւ կ՛աւելցնէ, որ «Իսլամ եղբայրներ»-ը կեղծ քարոզարշաւ մը կազմակերպած են թրքական տկար լիրային եւ նախագահ Էրտողանին աջակցելու նպատակով. սակայն անոնց ըրածը, ըստ արաբ մտաւորականին, Էրտողանի սիրոյն համար չէ, այլ անոնք մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ իրենց ներդրումներով, առանց գիտակցելու, որ թրքական լիրան տասը տարիէ ի վեր արդէն իսկ անկումի մէջ է:

Էրտողան այժմ նոր դաշնակիցներ կ՛որոնէ. ներկայիս անոր ամենակարեւոր դաշնակիցը Ռուսիան է, թէեւ վերջինս Թուրքիոյ պատմակա՛ն թշնամին է, նաեւ` Իրանը, որուն հետ ան սիւննի-շիի մրցակցութիւններ ունի, եւ` Չինաստանը, որուն հետ ցեղային կապեր ունի: Ըստ «Asiatimes»-ի, «Թուրքիոյ ներկայի տնտեսական փլուզումը տարիներ առաջ արդէն կը սպասուէր: Թրքական լիրային անկումը չզարմացուց մէկը: Էրտողան այժմ կ՛ակնկալէ Համաշխարհային դրամատան վարկերուն այլընտրանք մը գտնել, եւ եթէ Թուրքիա Չինաստանէն վարկեր ստանայ, ապա կրնայ Չինաստանի տնտեսական մարզպանը դառնալ»: (Պարսից արքային ներկայացուցիչը կը կոչուէր մարզպան, որ կուսակալ կամ նահանգապետ կ՛ըլլար):

Այս բոլոր անցուդարձերէն ետք կարելի՞ է արդեօք ակնկալել Էրտողանի վերջնական անկումը: Անկարելի բան չկայ, սակայն Էրտողանի պարագային, հարցը շատ աւելի բարդ է: Թուրքիան կրնայ ճնշում բանեցնել Ամերիկայի վրայ` Ռուսիոյ հետ սերտ կապեր հաստատելով, առանց սակայն ՕԹԱՆ-էն դուրս գալու. բան մը, որ Ամերիկայի համար անընդունելի է: Աւելի՛ն. ան կրնայ Եւրոմիութեան սպառնալ` գաղթականներու նոր հոսքերու արգելք չհանդիսանալով: Իսկ երկրին մէջ իր ամենավերջին հարուածը կրնայ ըլլալ լիրայի ելեւմտական գործողութիւններուն վրայ պետութեան ձեռքը դնելը… Սակայն այս մէկը անկարելի կը թուի ըլլալ, որովհետեւ Թուրքիան հսկայ տնտեսութեամբ երկիր մըն է, որ մի՛շտ կարիքը ունի դուրսէն ներդրումներու:

Ամերիկահայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն սեպտեմբեր 7-ին «Պլումպըրկ»-ին յայտնեց, որ 2000-2001-ի տնտեսական ճգնաժամէն ետք, 2002-2006-ի Թուրքիոյ նորանշանակ վարչապետ Էրտողանն ու իր կառավարութիւնը կրցան բարելաւել իրավիճակը, սակայն 2006-էն ետք կացութիւնը սկսաւ վատթարանալու: «Եթէ 2002-ին իրավիճակը բարելաւուեցաւ քաղաքականութեան շնորհիւ, ապա բոլոր այդ ձեռքբերումները հաւաքող-տանողն ալ կրկին նո՛յն քաղաքականութիւնը եղաւ», յայտնեց ան: Սակայն Էրտողանի կողմնակիցները իրենց կարգին կը հաւատան, որ Թուրքիա պիտի չկարենայ իր պատմական առաքելութիւնը կատարել` «Թուրքիան իբրեւ միջազգային մեծ ուժ» վերականգնել, եւ համաշխարհային իսլամական համայնքին արժանապատուութիւնը պահպանել` առանց Էրտողանի:

Վստահաբար երբ դանակը ոսկորին հասնի, այդ ժամանակ բոլորն ալ պիտի զգան Էրտողանի բռնատիրութեան ահռելի վնասները, եւ այդ ժամանակ Էրտողան պիտի դառնայ Թուրքիոյ արդի պատմութեան առաջին եւ վերջին «երազող սուլթան»-ը:

Լոս Անճելըս – սեպտեմբեր 2018

hampomg@yahoo.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>