Լոյս տեսաւ Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեանի նոր գիրքը` «Լորին եւ Նարեկը Արարատին հետ» խորագիրով: Այս գիրքը սփիւռքահայ մանկագիրին 10-րդ հրատարակութիւնն է, որ բաղկացած է 20 պատկերազարդ էջերէ:
Գիրքը լոյս տեսած է երկու տարբերակներով` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:
Ինչպէս միշտ, Ալին Պզտիկեանի պատմութիւնը կ՛ընթանայ զուգահեռ ուղղութիւններով: Առաջին հերթին ան կ՛արծարծէ յատուկ նիւթ մը, ապա կը փոխանցէ բարոյական պատգամ մը` իր ընթերցողին:
Այս նոր հեքիաթով հեղինակը տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Արարատ լերան մասին, կը ներկայացնէ անոր հետ կապուած առասպելներ, բանաստեղծական խօսքեր եւ որպէս պատգամ` կը շեշտէ խորիմաստ ըլլալու կարեւորութիւնը:
Պատմութիւնը կը սկսի, երբ Լորին եւ Նարեկը կը հրաւիրուին հաւաքոյթի մը, ուր ամէն մարդ ներկայ պիտի ըլլայ ծպտուած: Քոյր ու եղբայր կ՛որոշեն ծպտուիլ որպէս լրագրողներ, եւ տարազներու մրցոյթին ժամանակ, երբ իրենց կարգը կը հասնի, անոնք կը ներկայացնեն հարցազրոյց մը` Արարատ լերան հետ: Հակառակ իրենց շատ պարզ տարազներուն, բաղդատած միւս երեխաներու տարազներուն հետ, Լորին եւ Նարեկը կը շահին օրուան բաժակը, որովհետեւ իրենց հարցազրոյցը մեր սուրբ լերան հետ դաստիարակչական կը նկատուի դատական կազմին կողմէ եւ կը հիացնէ բոլոր ներկաները:
Սոյն գիրքը կարելի է ձեռք ձգել հայկական գրախանութներէն, կամ դիմելով հեղինակին`alinehekiat@yahoo.com հասցէով ու 818-261-8647 թիւով:
Հեղինակի նախկին հրատարակութիւններն են` «Լորիկը եւ Ծիլիկը», «Նարեկին պալատը», «Նարեկին երազը», «Լորիկը եւ կենդանիները», «Լորին եւ Նարեկը Հայաստանի մէջ», «Նամակներ Տիգրան Մեծին», «Վարդենին եւ եղեւնին», «Լորիին եւ Նարեկին ամառնային ճամբարը», եւ «Լորիին եւ Նարեկին անմոռուկը»: Այս վերջինը, որ լոյս տեսաւ 2015-ի ապրիլին, նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: