Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Ռաուտայի Մխիթարեան Վարժարանը Կը Դիմաւորէ Իր Անդրանիկ Վերամուտը

$
0
0

Մխիթարեան միաբանութեան խիզախ որոշումին ի գործադրութիւն` 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին, առաջին անգամ ըլլալով, իր դռները բացաւ միաբանութեան անունը կրող Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանը, որ պիտի գայ միանալու լիբանանահայ կրթօճախներու փաղանգին` կատարելու համար  կրթական, ազգային, մարդկային եւ ընկերային առաքելութիւն:

Երկուշաբթի, 1 hոկտեմբեր 2018-ին վերամուտ էր Մխիթարեան վարժարանին մէջ: Նորակառոյց դպրոց, նոր տնօրէնութեամբ ու անձնակազմով, բոլորը պատրաստ` դիմաւորելու նոր աշակերտները, անոնց ջամբելու լաւագոյն ուսում, որակեալ կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն:

Աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին բակը, ուր հաւաքական աղօթքէ ետք, տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեանը բարի գալուստի խօսք արտասանելով` շնորհակալութիւն յայտնեց իւրաքանչիւր ծնողի եւ աշակերտի, որ հաւատալով ու վստահելով այս նորակերտ վարժարանին` իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի Մխիթարեան վարժարան ու դարձան անոր սիրտը: Ան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է հպարտ զգայ, որովհետեւ ինք կը համարուի այս դպրոցին հիմնադիր աշակերտը: Ինչպէս որ մեր մարմինը կ՛ապրի բաբախող սրտով, դուք այս դպրոցին բաբախող սիրտն էք, եւ ձեզմով է, որ այս վարժարանը կեանքի կոչուեցաւ: Ուստի, ձեզի կը մաղթեմ, որ զգաք ձեր տան մէջ, ըլլաք աշխատասէր աշակերտներ եւ ձեր արձանագրած յաջողութեամբ օրինակ հանդիսանաք այլ աշակերտներու»:

Ապա աշակերտները ունեցան խաղի հաճելի պահեր, ինչպէս նաեւ վայելեցին ու միասնաբար երգեցին Սերժիօ Ահարոնեանին հետ, որ ելոյթ ունեցաւ հայրենասիրական քանի մը երգով: Դասարան բարձրանալէ ետք աշակերտները ունեցան փոխադարձ ծանօթացման խաղեր, նկարուեցան, ապա միասնաբար նախաճաշեցին եւ օրը շարունակեցին հաճելի մթնոլորտի մէջ:

Օրուան աւարտին աշակերտներուն այցելեց եւ իր օրհնութիւնը տուաւ վարժարանիս բացման առիթով յատուկ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանը, որ իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով` յորդորեց, որ ըլլան ջանասէր աշակերտներ, պատիւ բերեն իրենց ընտանիքին ու դպրոցին, ըլլան իրաւայաջորդները Մխիթար Սեբաստացիին եւ յաջողութիւն գտնեն իրենց դասերուն ու կեանքին մէջ: Զէքիեան սրբազանը նաեւ աննկուն կամք, յարատեւութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց դպրոցի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` իրենց նուիրական առաքելութեան մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>