«ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի Նախագահ
ՊՕՂՈՍ ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
28 սեպտեմբեր 2018-ին Լիբանանէն մեկնեցաւ խմբակ մը` 27 անձերէ բաղկացած, մասնակցելու «ԿԱԶՄԱ» համաշխարհային մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Հարաւային Ափրիկէի Ճոհանսպըրկ քաղաքին մէջ, կիրակի, 30 սեպտեմբերին:
Մրցումին ներկայ էր Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Ուալիտ Զէյնէտտինը, որ ուղարկուած էր կրթութեան նախարար Մարուան Համատէի կողմէ` թիկունք կանգնելու Լիբանանի կողմէ մասնակցող աշակերտներուն, ինչպէս նաեւ` «ԿԱԶՄԱ»-ի Լիբանանի նախագահ Պօղոս Քէնտիրճեանը:
Մրցումը ընթացք առաւ կիրակի առաւօտեան ժամը 8:30-ին, ուր աւելի քան 300 աշակերտներ, տարբեր երկիրներէ եկած, կը մրցէին իրարու դէմ` իւրաքանչիւրը իր տարիքային խմբաւորումին մէջ:
«ՍԻՄԷՍ» Լիբանանէն ներկայ էին 9 աշակերտներ` Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերէն, ստորեւ կը ներկայացնենք աշակերտներուն անունները իրենց շահած կարգերով.
Լոռի Պապոյեան (ախոյեան), Կարէն Պոյաճեան (ախոյեան), Ռալֆ Աշգարեան (առաջնութիւն), Աւետիս Խաչատուրեան (ախոյեան), Գառին Քենտիրճեան (առաջնութիւն), Հրակ Սթանպուլեան (երկրորդութիւն), Սելին Աբրումեան (երկրորդութիւն), Լալէ Զէյթլեան (առաջնութիւն) եւ Սպիտակ Տեմիրճեան (երկրորդութիւն):
Մեր սրտագին շնորհաւորանքները կ՛ուղղենք մեր սիրելի աշակերտներուն, իրենց ծնողներուն եւ մասնաճիւղերու տնօրէններուն` մաղթելով, որ յառաջիկայ մրցումներուն նաեւ միշտ բարձր կը պահեն Լիբանանի ու լիբանանահայութեան անունը:
Մրցումի աւարտին, Քենտիրճեան, ընդմիջելով մրցանակաբաշխութիւնը, բեմ հրաւիրեց Լիբանանի պատուիրակութեան մաս կազմող Ուալիտ Զէյնէտտինը եւ «ԿԱԶՄԱ» Հայաստանի նախագահ Սեւակ Քէնտիրճեանը, որոնք յատուկ յուշանուէրով պատուեցին Հարաւային Ափրիկէի «ԿԱԶՄԱ»-ի նախագահը:
Խմբակը վերադարձաւ Լիբանան չորեքշաբթի, 3 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամերուն:
«ԿԱԶՄԱ» Լիբանանի անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք Լիբանանի կրթութեան նախարարութեան, մեր սիրելի ծնողներուն, «ՍԻՄԷՍ» մասնաճիւղերու տնօրէնութիւններուն, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցիչներուն, օգնականներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին այս ճամբորդութեան անփորձանք եւ յաղթական աւարտին համար: