Զ. Գ. Ղ.
22 սեպտեմբեր 2018-ին Այնճարի «Հիւղը» բնակարանին բակը կը կազմակերպուէր եղանակի վերջին գրական երեկոն, որ նուիրուած էր Այնճարի զաւակ` բանաստեղծ Պետրոս Հերկելեանին: Վեց տարիներու վրայ երկարող մեծարենցեան գրական երեկոներուն ընթացքին անիկա առաջին ձեռնարկն էր` նուիրուած մուսալեռցիի մը զաւակին:
Գրական անունով` Պետրոս Հերեան: Ծնած է Այնճար, 1954-ին ու մահացած` 1987-ին: Կանուխէն ի յայտ բերած է բանաստեղծի ձիրք: Երիտասարդ տարիքէն յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն բանաստեղծութեան երեք գիրքեր եւ մէկ արձակ, սակայն դժբախտաբար կարճատեւ հիւանդութիւնը վերջ կը դնէ իր երազներուն, ու ան կը մահանայ 33 տարեկան հասակին:
Այդ երեկոյ «Հիւղը» բնակարանին բակին մէջ տեղ չէր մնացած, շուրջ 40 հոգի ներկայ էին` Պետրոս Հերկելեանի հարազատներ, բարեկամներ, իր գրականութիւնը ճանչցողներ, սփիւռքէն ու հայրենիքէն ժամանած հիւրեր:
Երեկոն սկսաւ, ըստ սովորութեան, ներածականով մը, Զաւէն Ղարիպեան նշեց, որ 2018-ի ամրան տեղի ունեցած են մեծարենցեան երեկոներ` նուիրուած Գրիգոր Նարեկացիի, Յովհաննէս Թումանեանի, Միխայէլ Նայիմիի, իսկ այսօր կարգը Պետրոս Հերկելեանին է: Ներկաներուն կողմէ ընթերցումներ կատարուեցան Պետիկի գրութիւններէն, ինչպէս նաեւ նամակներ Պետիկին կողմէ` ուղղուած իր մտերին բարեկամին` Միսաք Անտոնեանին:
Ապա Ղարիպեան ըսաւ, որ մուսալեռցիները վերջին երեք քառորդ դարու ընթացքին ունեցած են մշակութային հարուստ բերք. գրողներ` Եդուարդ Պոյաճեան, Պօղոս Սնապեան, Զուլալ Գալայճեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Յարութիւն Նիկոլեան, Մարտիրոս Գուշակճեան, Պօղոս եւ Ատրունի Մատուրեաններ, երգչախումբի ղեկավարներ` Զաքար Քէշիշեան, Պարգեւ Թասլագեան, գեղանկարիչներ` Ժան Գազանճեան, Գեղամ Թազեան, Յարութիւն վրդ. Պզտիկեան եւ ուրիշներ:
Պետրոս Հերկելեանի կեանքն ու գրականութիւնը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարէն` Պետրոսին տարեկից եւ մօտիկ ընկերներէն, երկրագործութեան ճարտարագէտ Եսայի Հաւաթեանը:
Ան իր խօսքին սկսաւ հետեւեալ նշումով.
«1972-ին, երբ յայտնի գրող Ուիլիըմ Սարոյեան կ՛այցելէր Այնճարի «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարան, հանդիպելով Պետրոս Հերկելեանին` կ՛ըսէ. «Յաջողութիւն 17-ամեայ Պետիկ Հերկելեանին` Այնճարի նոր գրագէտին»: Սակայն ո՞վ էր Պետրոս Հերկելեանը: Ան ծնած է 1954 թուականին, Այնճար, զուարթախօս ու սրամիտ տղայ մը, Սեդրակ եւ Էլիզ Հերկելեաններու ընտանիքին մէջ: Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցած է Այնճարին հայաշունչ մթնոլորտին մէջ` յաճախելով «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» վարժարան:
Փոքր տարիքին անոր մէջ ի յայտ կու գայ գրականութեան հանդէպ բացառիկ սէր: Իր առաջին փորձերը լոյս կը տեսնեն վարժարանին «Մուսա Լեռ» տարեգիրքին մէջ: 13 տարեկանին արդէն ան գրել սկսած էր: 1970-ին հրատարակուած «Յուշամատեան Մուսա Լերան» ստուար հատորին մէջ լոյս կը տեսնեն Պետիկէն երեք բանաստեղծութիւններ: Նոյն տարին իրեն կը շնորհուի ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած գրական մրցոյթին Ա. մրցանակը:
1972-ին կը հրատարակէ իր անդրանիկ քերթողական գիրքը` «Պատուհանէն դուրս»: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի նախօրեակին կու գայ Պէյրութ` հետեւելու համար Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն ուսմանց հիմնարկի դասընթացքներուն, որ դժբախտաբար կիսատ կը մնայ պատերազմին պատճառով: Գրագէտի իր կոչումը աւելիով կը շեշտուի, երբ մամուլին մէջ կը հրատարակուին իր քերթուածները:
1976-ին կը գործուղուի Յունաստան` խմբագրելու համար «Ազատ Օր»-ը: Երկու տարի կը տեւէ իր աշխատանքը Յունաստանի մէջ, որմէ ետք ան կը վերադառնայ Պէյրութ` մաս կազմելու «Ազդակ»- ի ընտանիքին իբրեւ սրբագրիչ: Արեւմտեան Պէյրութի գետնայարկ «Ազդակ»-ի տպարանը կ՛ըլլայ իր աշխատավայրը երկար տարիներ: Գիշերային այս աշխատանքը աւելիով կը հիւծէ իր արդէն իսկ տկար մարմինը:
Այս տարիներուն բախտը կը վիճակուի իրեն վերադառնալու Հայագիտական հիմնարկի դասընթացքներուն, զորս կ՛աւարտէ 1985-ին: Իր աւարտաճառը կ՛ըլլայ Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը» վէպի վերլուծումը, որ յետմահու կը հրատարակուի 1992-ին, այլ յօդուածներու հետ միատեղ, «Գրական վերլուծական էջեր» վերնագրի տակ:
1983-ին Հերկելեան լոյս կ՛ընծայէ իր երկրորդ գիրքը` «Բառը»: Այս գիրքը արդէն իսկ կայացած ու հասուն բանաստեղծի խոհափիլիսոփայական քերթուածներ կը պարունակէ, զգայուն արուեստագէտի բազմաթիւ անգամներ խոցոտուած ու չհասկցուած ըլլալու լուռ բողոքը կայ այնտեղ:
1985-ին Պետիկ կը հրատարակէ իր երրորդ քերթողագիրքը` «Եւ երկիր պագանեմ»: Անհայրենիք երիտասարդի թաքուն վշտի եւ արդար բողոքի արտայայտութիւնն է այս գիրքը:
Հակառակ այս բոլորին` դառնութեամբ կարելի է արձանագրել, որ երբեմն չհասկցուեցաւ եւ, այո՛, ունեցաւ նոյնիսկ ամբաստանողներ եւ հալածողներ, որոնց լեղի ժպիտով հակազդեց.
«Միջակութեան բարձունքի թափծու քարերը ժայռ կարծողները ելեր կլկլակի փրփրոց դարձուցեր են, բան – ման ստեղծելը եւ դիւանակալ որձեւէգութեան ախտը արար աշխարհն են բռներ»:
Ժամանակին հետ աւելիով զգալի դարձաւ իր կեանքը արագ ապրելու հեւքը:
1986-ին, երբ արդէն որոշ շունչ քաշելու առիթ ունեցաւ` ընդհատելով իր տարիներու սրբագրիչի աշխատանքը, կը խմբագրէ եւ կը հրատարակէ Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր»-ը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր կեանքիս գիրքէն» ինքնակենսագրական վէպը: Լոյս կ՛ընծայէ նաեւ իր կարապի երգը` այնքան հետաքրքիր եւ արժէքաւոր «Եուհու» անունով քաղաքական երգիծական վիպակը:
1986-ին, իբրեւ ուսուցիչ, կ՛աշխատի ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» որբանոցը: Սակայն երկար չի տեւեր այս գործը, վրայ կը հասնի եղերական մահը: Քանի մը ամիս հիւանդանոց մնալէ ետք, ան կը մահանայ 1987 մարտ 10-ին:
1988-ին Պէյրութի «Նոր գրականութիւն» երիտասարդական գրական շարժման անդամները կը հրատարակեն «Հերեան» վերնագիրով փոքր հատոր մը` որպէս յուշամատեան իրենց աւագ ընկերոջ:
Յետմահու հրատարակուած «Գրական վերլուծական էջեր» հատորէն ետք, 2004-ին, Սոնիա Թաշճեանի խմբագրութեամբ, Երեւանի մէջ լոյս կը տեսնէ Պետրոս Հերեանի «Հատընտիր» գիրքը:
Վերջացնելու համար իր խօսքը` Եսայի Հաւաթեան ըսաւ. «Գարնան օր մը Պետիկ անդարձօրէն բաժնուեցաւ մեզմէ` խոր յուզումի մատնելով բոլորս: Ցնցուած էինք ի տես տաղանդաշատ բանաստեղծի շիջումին»:
—————————————–
Պետրոս Հերեանի Բանաստեղծութիւններէն Պատառիկներ
Բառը…
Վաղուց արդէն բնակուած հմայական ցաւերով,
Կը շրջէի ես անդուլ դիւահարի մը հանգոյն,
Կը փնտռէի փրկարար բառըս բարի,
Սակայն չէի յաջողեր ճշդել անունը անոր:
***
Բառը ցօղ էր նախապէս` իջած դողին մատներուս,
Դէմքիս թեքուած ծաղիկներու ժպիտ էր ան վայրենի,
Թոթովանքիս շնորհուած գուրգուրանք էր պարզապէս:
Բառը ցո՜լք էր աղջկայ,
Բաժակ էր ան հրաշահիւս կակաչի,
Ապա խաչքար ճաքճքած,
Մագաղաթի ծուէն էր` արիւնիս մէջ թաթախուած,
Երակներս լափլիզող կրակ էր ան պատուհաս,
Եւ ջիղերուս ցանցը ցնցող հրապոյր էր էգերու,
Որդան կարմիր էր եռուն,
Արեւայորդ հաւատամք էր հեթանոս,
Հնադարեան մեղեդի,
Հողի բոյր էր զգլխիչ,
Յովատակի վրինջ էր ու վարգ էր ան եղնիկի:
«Բառը» 1983
Մի՛ Մոռնաք, Մարդիկ…
Եթէ երբեք
Աննպատակ ձեզ թուեր եմ,
Ես քիչ մը խենթ
Եւ միշտ ուրախ ձեզ թուեր եմ,
Մի՛ մոռնաք, մարդի՛կ,
Որ ձեզի համար,
Իմ սրտին խորը
Ես շարունակ
Թախիծ մը խոր
Ունեցեր եմ…
«Եւ երկիր պագանեմ» 1985
Արդարութիւն
Կենաց անձրեւ,
Յոյսի արեւ,
Իմ պապերուն
Կտակին հետ
Գոյութեանս մէջ
Շրջող բարեւ…
Արդարութիւն` յոյսի արեւ,
Սակայն աշնան բախտի տերեւ…
«Պատուհանէն դուրս» 1972
Տառ Իմ
Ոսոխի զարկին ընդդէմ բարձրացող
Խորանի քուլայ,
Նահատակներու արիւն իմ բորբոք,
Կը բերեմ ես քեզ
Հաւատացեալի հոգեպարար ծէսն յաւիտենութեան,
Հայրենազուրկի ապաստան վերջին,
Առաջին սիրոյ դալո՜ւկ իմ ժպիտ,
Միակ սփոփանք հալածանքի,
Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,
Ես քեզմով առլի
Ու կարօտ` քեզի՜,
Դո՞ւն ես կրակն իմ ամենափրկիչ:
Մեսրոպեան տա՜ռ իմ,
Գուրգուրա՛ վրաս` իբրեւ հիւանդի,
Եւ մի հեռանար դուն սնարէն իմ,
Որ ես… չմեռնի՜մ…
«Հատընտիր» 2004
—————————————–