Հ. Տ.
Նախանցեալ օր լիբանանահայ երիտասարդ Քրիստափոր Օգնայեանի` արկածի պատճառով անակնկալ մահը ցնցեց իր շրջապատը եւ ընկերային լայն շրջանակը: Բարի, հեզ, ծառայասէր եւ հայրենասէր երիտասարդը տակաւին շատ ունէր տալիք իր ազգին եւ հայ եկեղեցւոյ: Լիբանանահայ ընկերային ծառայող, եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ եւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան անդամ Քրիստափոր Օգնայեան եղած է նաեւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամ: Ան կարճ ժամանակով փորձառական շրջան մը անցուցած է նաեւ «Ազդակ»-ի մէջ: «Ազդակ»-ի ընտանիքին մաս կազմելու այդ կարճ ժամանակին ընթացքին ան իր նպաստը բերած է թերթի «Միջազգային» եւ «Հայ դատ»-ի էջերու նիւթերու պատրաստութեան մէջ:
Ստորեւ տրուած մահագրութիւնը կը ներկայացնէ Քրիստափոր Օգնայեանի կեանքի եւ նկարագիրի ընդհանուր գիծերը:
… Եւ երբ կեանքը կը կարծուի, թէ կը շարունակուի իր բնականոն հունին մէջ` ողջերու մեռած աշխարհին մէջ, մեռածներու ամբողջ աշխարհը ծնունդ կու տայ մեծերու, որոնք այլեւս պիտի չպատկանին ողջ-մեռածներու դասուն, այլ մեռնող-ողջերու գունդերուն մաս պիտի կազմեն:
Գիտէ՞ք, կեանքի երկարութիւնն ու կարճութիւնը չե՛ն, որ կեանքին իմաստ եւ որակ կու տան, որովհետեւ ժամանակագրական երկարութիւնն ու կարճութիւնը ո՛չ մէկ ձեւով կրնան իմաստաւորել կեանքը, որովհետեւ կը տեսնենք անհատներ, որոնք կ՛ապրին աւելի քան ութսուն տարիներ… ապարդիւն եւ անօգուտ, մինչ ուրիշներ իրենց երիտասարդ տարիքին, իրենց կարճ կեանքի ընթացքին այնպէս կ՛որակաւորեն իրենց կեանքը, որուն պտուղը կարելի կ՛ըլլայ քաղել աւելի քան տասնամեակներ:
Կարճ տարիներու ընթացքին երկար ապրողներու, մեռածներու աշխարհին մէջ ողջ մնացածներէն մէկը եղաւ նաեւ Քրիստափոր Օգնայեանը: Երկար ապրուած կեանքերու մասին կարճ գրելը որքան դիւրին է մարդկային կարողութեան համար, սակայն կարճ կեանքի մը մասին փորձել ամփոփել հսկայական գործունէութիւն` վեր կը մնայ մարդկային կարողութեան սահմաններէն:
Հայ բանաստեղծ, արձակագիր, գրաքննադատ եւ հրապարակախօս Մուշեղ Իշխան կը գրէ. «Գործ մը կրնայ դիմանալ մոռացութեան փոշիին, բայց կեանք մը` ո՛չ: Կեանքը նման է ապրող ծառին կամ ծաղիկին, որուն բոյրը կը տեւէ պահ մը անմիջական շրջապատին մէջ եւ կ՛անհետի անոր հետ»: Քրիստափորի կեանքը եղաւ այն ծաղիկներէն, որուն ներկայութիւնը պահու մը համար մեզի հետ էր, սակայն բուրմունքն ու անուշահոտութիւնը մի՛շտ պիտի մնայ ու ապրի:
Կեանքին մէջ աւելի վսեմ ու գերագոյն նպատակ չկայ, քան ձգտիլ վեր բարձրանալ, հոգեկան գեղեցկութիւններու եւ մարդկային առաքինութիւններու նորանոր գագաթներ նուաճել. եւ ճիշդ այդ բարձրութեան վրայ էր, երբ Քրիստափոր հեռացաւ այս ժամանակաւոր աշխարհէն, մասնակից դառնալու անժամանակներու հաւաքին: Կան կեանքեր, որոնք իրենց լրումին վաղաժամ կը հասնին, սակայն անոնց իւրաքանչիւր վայրկեանը կ՛իմաստաւորուի որովհետեւ մարդ ի՛ր գործերով, ի՛ր կեանքով է, որ ինքզինք կ՛իմաստաւորէ: Քրիստափորը այնքա՜ն հարուստ էր իր գործունէութիւններով, որոնց մասին գրելը պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:
Ա.- Քրիստափորը` Իբրեւ Հայրենասէր
Առաջին անգամ երբ հանդիպեցայ Քրիստափորին, ձեռքը տեսայ ֆրանսահայ գրող եւ վիպագիր Կարօ Փօլատեանի «Արեւելքի տղաքը» հատորը…: Երիտասարդ մը… եւ Կարօ Փօլատեա՞ն. զարմանալի երեւոյթ մըն էր: Այդ պատկերը արդէն իսկ բաւարար էր ենթադրելու Քրիստափորի խառնուածքն ու մտային հասունութիւնը. երիտասարդ մը, որ իրեն հետ շալկած ունէր հայ գրականութեան տիտաններէն մէկուն գործը: Սակայն Քրիստափորի հայրենասիրութիւնը չէր սահմանափակուեր լոկ ընթերցասիրութեամբ. անոր բերնէն կը ծորէր մաքուր մայրենին… իւրաքանչիւր բառ անոր բերնէն դուրս կու գար հայերէն, յստակ եւ ինքնավստահ: Փոշիներու մէջ մնացած հայերէն բառեր անոր բերնով դարձեալ աշխարհ կու գային զարմացնելու համար նոր սերունդը եւ դարձեալ նոր կեանք մը տալու մայրենիին:
Լիբանանահայ մամուլը 17 յունիս 2011-ին հպարտութեամբ կը յայտարարէր, թէ հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի եւ կրօնական նիւթերու մրցանքին Քրիստափոր կ՛արժանանայ երկրորդական կարգերու Ա. մրցանակին: Արժանաւոր յաղթութիւն ու մրցանակ, որովհետեւ քիչ են այսօր Քրիստափորի պէս անձերը, որոնք տոգորուած են հայոց լեզուով, հայկական մշակոյթով ու բուռն հայրենասիրութեամբ:
Մալխասի «Զարթօնք»-ը, Փօլատեանը, Իշխանեանը, Շահնուրն ու ուրիշներ անոր անբաժան մէկ մասնիկն էին. սիրահարած էր մեր մայրենիին ու համակուած Հայաստանով եւ ազգի պաշտպանութեամբ:
Բ.- Քրիստափորը` Իբրեւ Մտածող
Քրիստափորը տեսայ բազմաթիւ հաւաքներու եւ համագումարներու ընթացքին: Նայուածքներով խոհեմ եւ լռութեամբը խօսուն երիտասարդ մը: Յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունէր իր եւ իր հասակակիցներուն միջեւ մտածողութեան, հարցերու մօտեցման եւ վերլուծութեան առումով: Աշխարհիկ ժամանակաւոր հաճոյքները, վաղանցուկ մանրուքները չէին զբաղեցներ անոր միտքը: Իր երիտասարդ ուղեղին մէջ զետեղուած էր կշռադատուած ու կոփուած մտածող միտք մը, որ գիտէր լռել, լսել, վերլուծել եւ տալ հաւասարակշռուած միտքեր ու խորհուրդներ: Հաւաքներու ժամանակ քիչ կը խօսէր… սակայն կը խօսէր տեղին` յատուկ տպաւորութիւն մը ձգելով ունկնդիրներուն միտքերուն մէջ:
Գ.- Քրիստափորը` Իբրեւ Բարեսէր
Չենք գիտեր, թէ Քրիստափորի մականունը կապ ունի՞ «օգնել» բային հետ, թէ՞ ոչ, սակայն «օգնութիւն» եւ «օգտակարութիւն» բառերը կեանքի վերածուեցան Քրիստափորի անձին եւ կեանքին մէջ: Գրեթէ լուռ եւ կիսածածուկ, Քրիստափոր առանց փողի ու թմբուկի, առանց մունետիկի կը կատարէր իր բարեսիրական գործունէութիւնը: Յօժարակամ կը վազէր ու կը գտնուէր այնտեղ, ուր կարիքը ունին իրեն: Լիբանանահայ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու ճամբով կարիքաւորներ, անտեսուածներ եւ մենակեացներ լաւապէս կը ճանչնային Քրիստափորը, որ լոկ իր ներկայութեամբ անգամ անոնց ցաւերը կը մեղմէր ու կը սփոփէր:
Քրիստափոր լաւապէս կը հաւատար, թէ ճշմարիտ բարեգործութիւնն ու բարեսիրութիւնը աչքերը եւ բերանը կը փակէ եւ ձեռքերը կը բանայ աշխատելու եւ օգնելու: Այո՛, լաւ մտածող էր ան, սակայն նոյնքան եւ աւելի լաւ գործող մը, որովհետեւ կը հաւատար, թէ գործը ի՛նք կը վերածուի խօսքի, սակայն խօսքը կրնայ մնալ սոսկ խօ՛սք: Քրիստափոր կենդանի օրինակն էր հայ բանաստեղծ եւ պատմաբան Ալիշանի այն խօսքին, որ կ՛ըսէ. «Լաւ է ծառայել, քան հրամայել, պաշտօնատար ըլլալ, քան պաշտօնատէր»:
Եւ տակաւին բազմաթիւ տեղեր տեսանք Քրիստափորը. այնտե՛ղ էր, ուր կը քարոզուէր հայրենասիրութիւն. հո՛ն էր, ուր հայ լեզուն պիտի լսուէր, հայ մշակոյթը պիտի բարձրանար:
Հայ մեծանուն գրող Արամ Հայկազ կ՛ըսէ. «Ազգին մէջ խօսելով ազգին ծառայողներ շատ կան…», Քրիստափոր առանց խօսելու ազգին բոլոր մարզերուն մէջ ծառայող երիտասարդ մըն էր….
Յիշատակդ անթառամ մնայ…