ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ փորթուգալեան նախորդ ընտրութիւններու (տեղի ունեցած` 4 հոկտեմբեր 2015-ին) քառամեակը: Այս ընտրութեանց ընթացքին պարտութեան մատնուեցաւ նախկին կառավարութեան պահպանողական դաշինքը: Պահպանողական «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը կազմուած էր երկու կուսակցութիւններէ` Ընկերային-ժողովրդավար կուսակցութիւն եւ Ժողովուրդի կուսակցութիւն: «Յառա՛ջ, Փորթուգալ» դաշինքը 2015-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ստացաւ քուէներուն 36,86 առ հարիւրը. ստեղծուած կացութիւնը նկատի ունենալով` Ընկերվարական կուսակցութիւնը ոչ պաշտօնական դաշինք մը կազմեց երկու այլ ձախ ուժերու` արմատական ձախ «Ձախ պլոք»-ին եւ կանաչ-ընկերվարական «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին (համայնավարներէ եւ կանաչներէ կազմուած նախընտրական դաշինք) հետ: Ընկերվարականները «Ձախ պլոք»-ին եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին հետ միասին ստացան քուէներուն 50,76 առ հարիւրը (Ընկերվարական կուսակցութիւն` 32,32 առ հարիւր, «Ձախ պլոք»` 10,19 առ հարիւր եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»` 8,25 առ հարիւր):
Փորթուգալը բացասաբար ազդուեցաւ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամէն. Միջազգային դրամական ֆոնտի առաջարկներուն ենթարկուելով` պահպանողական կառավարութիւնը կիրարկեց լայնածաւալ խստամբերական միջոցներ, որոնք ընդգրկեցին առողջապահութեան, պետական դրամատան, պետական ապահովագրական եւ պետական ձայնասփիւռի ու պատկերասփիւռի սեփականաշնորհումները, առաւել` հանրային հատուածի աշխատանքներու կրճատումը: Յիշեալ նոր-ազատական խստամբերական միջոցները բարձրացուցին անգործութեան, աղքատութեան եւ արտագաղթի համեմատութիւնը, ինչպէս նաեւ նուազեցուցին ծննդաբերութիւնը:
Ըստ 4 հոկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքներուն, պահպանողական դաշինքը կորսնցուց իր խորհրդարանական մեծամասնութիւնը եւ, այսպիսով, առիթը տուաւ ընկերվարականներուն 26 նոյեմբեր 2015-ին կազմելու «Վստահութիւն եւ մատուցում»-ի («Վստահութիւն եւ մատուցում» խորհրդարանական ժողովրդավարական համակարգին մէջ կը նշանակէ առանց կառավարութեան կազմին մաս կազմելու` խորհրդարանին մէջ կառավարութեան նախաձեռնութիւններուն օգտին քուէարկել) հիման վրայ կառավարութիւն` «Ձախ պլոք»-ին եւ «Միաւորուած ժողովրդավարական դաշինք»-ին հետ միասին:
Հիմնական կէտերը, որոնց շուրջ կազմուեցաւ «Վստահութիւն եւ մատուցում»-ի ընկերվարական կառավարութիւնը, կ՛ընդգրկէին` վերջ տալ սեփականաշնորհման հոլովոյթին եւ պետական ծախսի նուազեցման, նուազագոյն աշխատավարձի բարձրացում եւ յաւելեալ ներդրումներ` առողջապահական եւ կրթութեան բնագաւառներուն մէջ, ինչպէս նաեւ նուազեցնել հարկերը` փոքր ձեռնարկութիւններուն եւ ցած աշխատավարձ ստացող աշխատաւորներուն վրայ:
Ընկերվարական վարչապետ Անթոնիօ Քոշթայի կառավարութիւնը յաջողեցաւ 3 տարիներու ընթացքին դուրս մղել Փորթուգալը տնտեսական ճգնաժամէն` բարձրացնելով կենսաթոշակները, կասեցնել պահպանողականներուն կողմէ իրականացուած սեփականաշնորհման ծրագիրները, եւ ամէնէն կարեւորը` վերջ գտաւ խստամբերականութիւնը, եւ անոր փոխարէն` պետութիւնը սկսաւ ներդրումներ կատարել հանրային ծառայողական մարզին մէջ: Նաեւ հարկերը աւելցան. հարկեր պարտադրուեցան թանկագին իրերու վաճառքի եւ սուղ կալուածներու սեփականատէրերուն վրայ:
Ըստ եւրոպական լրատուամիջոցներուն, Փորթուգալի տնտեսութիւնը 2016-ի սկիզբէն սկսած է աճ արձանագրել (զբօսաշրջութեան եւ արտածումի աճով)` 2018-ի երկրորդ կէսին հասնելով 0,5 առ հարիւրի: Անգործութեան համեմատութիւնը նուազած է. յուլիս 2015-ին անիկա 11,9 առ հարիւր էր, իսկ յուլիս 2018-ին` 6,7 առ հարիւր:
Ընկերվարականները, հիմնուելով հարստութեան արդար վերաբաշխման սկզբունքին վրայ, յաջողեցան նոր-ազատական դպրոցին փաստել, որ խստամբերական քաղաքականութիւնները արդարօրէն չեն լուծեր ընկերային-տնտեսական հարցերը: Փորթուգալը ընկերվարականներուն շնորհիւ` յաջողեցաւ աշխարհին ցոյց տալ, որ նոր-ազատականութիւնը այլընտրանք ունի, եւ այդ այլընտրանքը յաջող է: