Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Գաղութէ Գաղութ

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

Ս. Խաչ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

16 սեպտեմբերին, Խաչվերացի տօնին առիթով նշուեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը:

Այս առիթով թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը պատարագեց, սարկաւագական ձեռնադրութիւն կատարեց, իր պատգամը յղեց եւ ռեհանի ու մատաղի օրհնութիւն կատարեց Ս. Խաչ մայր եկեղեցւոյ մէջ:

Ս. պատարագի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը սարկաւագութեան կարգ շնորհեց եկեղեցւոյ դպրապետ Նորայր Դերձակեանին:

Իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորանքի եւ օրհնութեան խօսքեր ուղղեց ձեռնադրեալ սարկաւագին` նշելով, որ անոր ծանօթ է դպրեվանքի օրերէն, եւ անոր ծառայութիւնները այսօր զինք արժանի դարձուցած են այս պատուին: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Նորայր սարկաւագը իր առաքելութիւնը շարունակէ նոյն հաւատքով ու նուիրումով, ու յորդորեց զայն եւ բոլոր սարկաւագները` հետեւելու Ստեփանոս Նախասարկաւագի նուիրաբերումի օրինակին:

Այնուհետեւ սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ այս տօնը Կիրակնօրեայ դպրոցներու պաշտօնական վերամուտի օրն է, ողջունեց եւ օրհնեց թեմի ու եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ մաղթեց, որ նոր տարին ըլլայ եկեղեցւոյ ազգային աւանդներով հարստացումի նոր շրջան մը:

Սրբազանը նաեւ կանգ առաւ օրուան տօնի խորհուրդին վրայ` յիշեցնելով, որ այս տօնին կը յիշատակենք Քրիստոսի խաչափայտին գերութենէ դարձին ու Հայաստանէն անցնելով` Երուսաղէմ տարուելուն ու բարձրացումին յիշատակը: Ան շեշտեց, որ խաչը Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան, բայց մանաւանդ սիրոյ, նուիրաբերումի, գերագոյն զոհաբերութեան ու Աստուծոյ կամքին ենթարկուելու խորհրդանիշ մըն է եւ, այս իմաստով, բազմաթիւ խորհուրդներ կը մարմնաւորէ: Սրբազանը յորդորեց հաւատացեալները` վերանորոգուելու այս տօնին խորհուրդներով, միաժամանակ վերանորոգելով ընտանեկան ու հաւաքական կեանքերը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ ռեհանի օրհնութիւն, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը թափօրով ուղղուեցաւ «Բաղրամեան» սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն:

Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հաւաքական սիրոյ ճաշ` հիւրընկալութեամբ եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան:

Ելոյթ ունեցան հոգաբարձութեան անունով` Պերճ Պապիկեանը եւ Կիրակնօրեայ վարժարանի տեսչուհի Ծովիկ Քէլլէեանը, իսկ եզրափակիչ խօսքը արտասանեց սրբազան հայրը:

Գեղարուեստական բաժինով իրենց մասնակցութիւնը բերին Կիրակնօրեայ վարժարանի եւ պատանեաց խմբակէն պատանիներ:

Հայկ Յովսէփեանին Շնորհուեցաւ Էտուարտ Հօշարեանի Անուան 5000 Տոլարի Կրթանպաստը

Հանգուցեալ յայտնի յօրինող եւ խմբավար Էտուարտ Հօշարեանին յիշատակը վառ պահելու համար հաստատուած է կրթանպաստի հիմնադրամ, որ որոշած է իր 2018 տարեշրջանի 5000 տոլար կրթանպաստը յանձնել Պելմոնթ Մասաչուսեցէն ջութակահար Հայկ Յովսէփեանին:

Հ. Յովսէփեանը 4 տարեկանին սկսած է ջութակ նուագելու, իսկ 15 տարեկանին սկսած է յաճախելու Նիւ Ինկլընտի երաժշտանոց-երկրորդական վարժարանը, իսկ ներկայիս 2-րդ տարուան ուսանող է Քլիվլենտի Երաժշտական հիմնարկին մէջ` մասնագիտանալով դասական ջութակի կատարումներու մէջ: Ան մասնակցած է շարք մը ելոյթներու եւ արժանացած` հեղինակաւոր մրցանակներու:

Սոյն կրթանպաստը հաստատուած է երաժշտութեան մէջ մասնագիտացող եւ առնուազն համալսարանական երկրորդ տարուան լիաժամ հայ ուսանողներու համար:

Յայտնենք, որ հիմնադրամը նեցուկ կը կանգնի երաժշտութեան մարզին մէջ մասնագիտանալ փափաքող համալսարանական հայ ուսանողներու` 5000 տոլար կրթանպաստ տրամադրելով:

Նաեւ, Էտուարտ Հօշարեանի անուան կրթանպաստի հիմնադրամի համերգներու յանձնախումբին կազմակերպութեամբ եւ խմբավար Կրեկ Հօշարեանի ղեկավարութեամբ, «Արմինիըն փափս» նուագախումբը իր տարեկան ելոյթը պիտի ներկայացնէ 31 մարտ 2019-ին, Փասատինայի «Էմպեսետըր» սրահին մէջ: Այս համերգներուն հասոյթը կը տրամադրուի կրթանպաստի հիմնադրամին:

 Գինեձօն` Կորիւն Արք. Պապեանի «Հոգեմատեան» Հատորին

Հինգշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ մշակութային ձեռնարկ մը` նուիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երախտաշատ անդամներէն հոգելոյս Տ. Կորիւն արք. Պապեանին:

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին եւ գործակցաբար Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հետ, Ազգային առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբը կազմակերպած է հոգելոյս սրբազանին յետմահու հրատարակուած «Հոգեմատեան» հատորին գինեձօնը: Հատորը կը բաղկանայ բանաստեղծութիւններէն, հոգեւոր խորհրդածութիւններէ եւ պատմական արժէքով ուսումնասիրութիւններէ: Հատորը պիտի ներկայացնէ վաստակաւոր դաստիարակ Սարօ Նազարեանը, նախատեսուած է գեղարուեստական յայտագիր:

Մեր գրասէր ժողովուրդը հրաւիրուած է ձեռնարկին, որուն մուտքը ազատ է:

Եգիպտոս

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Պաշտօնական Այցելութեամբ Կը Գտնուի Եգիպտոս

Եգիպտոս կատարած պաշտօնական իր այցելութեան ծիրին մէջ, 25 սեպտեմբերին,  Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլին ընդունեց սփիւռքի նախարարութեան պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-եգիպտական յարաբերութիւններուն, Եգիպտոսի մշակութային եւ ընկերային-տնտեսական կեանքին մէջ տեղւոյն հայ համայնքին ունեցած դերակատարութեան: Նախարար Հայրապետեանը Հայաստանի կառավարութեան անունով գնահատանքի խօսք ըսաւ Եգիպտոսի ժողովուրդին եւ պետութեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն հազարաւոր հայերու փրկութիւն եւ ապաստան տուած էր:

Հանդիպման աւարտին երկու կողմերը կարեւոր համարեցին նաեւ երկու երկիրներուն` սփիւռքի հետ աշխատանքները կարգաւորող պատասխանատու գերատեսչութիւններուն միջեւ համագործակցութեան խորացումը:

Այնուհետեւ նախարար Հայրապետեանը Եգիպտոսի ներգաղթի եւ արտագաղթածներու նախարարին հետ այցելեց Գահիրէի հայոց թեմի առաջնորդարան, ուր դիմաւորուեցաւ Եգիպտոսի հայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեանին կողմէ:

Առաջնորդին ուղեկցութեամբ հիւրերը շրջեցան առաջնորդարանին մէջ եւ մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան 1860-ին կառուցուած շինութեան մասին, ինչպէս նաեւ ծանօթացան կառոյցի ճարտարապետական ոճի առանձնայատկութիւններուն: Այցելութեան առիթը շուտով կայանալիք Եգիպտոսի հայ համայնքի մեծարման ձեռնարկն է, որ նպատակ ունի խթանել երկու պետութիւններուն պատմական կապերու զարգացումը:

Նոյն օրը Գահիրէի «Պըլըքտանեան» սրահին մէջ Մխիթար Հայրապետեանը հանդիպեցաւ Եգիպտոսի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ, որուն ընթացքին ան խօսեցաւ Հայաստան-սփիւռք փոխգործակցութեան առաւել գործնական քայլերու մասին` յայտնելով իր տեսլականը: Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում:

Տուպայ

Հայաստանի Օփերայի Եւ Պալէի Թատրոնը Տուպայի Մէջ Ներկայացուց «Քարմեն»-ը

6-15 սեպտեմբեր Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնը ելոյթ ունեցաւ Տուպայի օփերային թատրոնին մէջ, ուր ներկայացուեցան Ժորժ Պիզէի «Քարմեն» եւ Մոցարթի «Կախարդական սրինգ» հանրայայտ օփերաներու անդրանիկ ելոյթները: Ժամանակակից շունչով ներկայացուած «Քարմեն»-ի խմբավարն է Նաիրէ Ստեփանեանը:

Հայաստանի օփերայի եւ պալէի թատրոնի մեներգիչներուն հետ միասին Տուպայի մէջ ներկայացան նաեւ` օփերային թատրոնի երգչախումբը, նուագախումբը, պալէի թատերախումբը, վոքալ-երգչախմբային դպրոցին սաները:

Տուպայի հանդիսատեսին ներկայացուեցան տպաւորիչ բեմական հագուստ` Քրիստինէ Աւետիսեանին ձեւաւորումով եւ` ինքնատիպ լուծումներով բեմի ձեւաւորում, որ իրականացուած է Հայաստանի օփերային թատրոնի գլխաւոր նկարիչ Աւետիս Բարսեղեանին կողմէ:

Ներկայացման խմբավարն է Քրիստոֆըր Օկասեքը (Միացեալ Նահանգներ): Թատրոնին գլխաւոր խմբավարն է արուեստագէտ Կարէն Սարգսեանը:

Նշենք, որ Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարը եւ տնօրէնն է վաստակաւոր արուեստագէտ Կոնստանդին Օրբէլեանը, իսկ ներկայացումը բեմադրողն է Յարութիւն Արզումանեանը:

Պոլիս

Մատթէոս Զարիֆեանի Դամբարանի Բացում` Սկիւտարի Գերեզմանատան Մէջ

Նախկին պոլսահայ, ներկայիս ֆրանսաբնակ բարերար եղբայրներ Հրաչ Անուշաւան Գըրմըզեան եւ Յակոբ Գըրմըզեան, որոնք ծնունդով սկիւտարցի եղած են, գաղափարը ունեցան իրենց նախնիներու յիշատակին բարեզարդել Սկիւտարի գերեզմանատան մէջ անցեալի մեր մեծանուն անձերուն գերեզմանները: Երկու տարի առաջ անոնք հիմնովին բարենորոգեցին, գեղատեսիլ եւ ներկայանալի վիճակի բերին Պալեաններուն շիրիմները, որոնց բացումը կատարուեցաւ պատշաճ շուքով: Իսկ անցեալ տարի նոյն աշխատանքը տարին Պետրոս Դուրեանին համար, որուն եւս բարենորոգուած դամբարանին բացումը կատարուեցաւ: Իսկ այս տարի, դարձեալ միեւնոյն բարերարներու նիւթական օժանդակութեամբ, նաեւ` Սկիւտարի քաղաքապետութեան արտօնութեամբ եւ բարոյական օժանդակութեամբ, բարեզարդուեցաւ եւ բարեկարգուեցաւ վաղամեռիկ բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեանին դամբարանը, որուն կիսանդրին շինուած է արձանագործ Էրոլ Սարաֆեանին կողմէ:

Բարենորոգումի բոլոր այս աշխատանքները կը կատարուին Պոլսահայ ճարտարագէտներու եւ ճարտարապետներու միութեան (ՀԱՅՃԱՐ) կողմէ, զոր կը գլխաւորեն ճարտարագէտներ` Գէորգ Էօզգարակէօզը, Դաւիթ Այնալըն եւ Ժան Կավրիլոֆը ու ճարտարապետ Նազար Պինաթլըն:

Մատթէոս Զարիֆեանի դամբարանին նախագիծը պատրաստուած է ճարտարագէտ Դաւիթ Այնալըին կողմէ: Անոր բացումը պիտի կատարուի 6 հոկտեմբերի առաւօտուն:

Ֆրանսա

Հայկական Առաջին Փառատօնը

Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի հայոց թեմի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան,  Փարիզի 8-րդ թաղամասի Ժան Կիւժոն փողոցին վրայ, ուր կը գտնուի հայկական եկեղեցին, վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին հայկական փառատօնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր մարդիկ:

Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ դիմաց տեղի ունեցաւ ռեհանի օրհնութիւն, որմէ ետք կատարուեցաւ փառատօնի բացման արարողութիւնը` ներկայութեամբ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Վահան եպս. Յովհաննիսեանի, Փարիզի 8-րդ թաղամասի թաղապետ Ժան տ՛Օթստեղի եւ «Առաջնորդարանի բարեկամներ» կազմակերպութեան ղեկավար Ռեմի Մակինաճեանի:

Ժան տ՛Օթստեղ յոյս յայտնեց, որ փառատօնը ամէնամեայ դառնայ, նկատել տալով, որ հայ համայնքը շատ մեծ նշանակութիւն ունի Ֆրանսայի համար: Ան յայտնեց, որ հայ ազգը աշխատասէր եւ կառուցող է, եւ ինք մեծ յարգանք կը տածէ հայերու նկատմամբ եւ շատ հայ բարեկամներ ունի:

Թայլանտ

Հայաստանի Անկախութեան 27-ամեակին Նուիրուած Պաշտօնական Ընդունելութիւն

26 սեպտեմբերին Թայլանտի թագաւորութեան մէջ Հայաստանի  հիւպատոսութիւնը, պատուոյ հիւպատոս Արթօ եւ  Սիրին Արթինեան ամոլին հրաւէրով,  «Սեն Ռեճիս Պանքոք» հիւրանոցին մէջ պաշտօնական  ընդունելութեամբ  նշեց Հայաստանի անկախութեան 27-ամեակը:

Ձեռնարկը մասնաւորապէս նուիրուած էր  Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին, որուն շրջագիծէն ներս կազմակերպուած էր լուսանկարներու  ցուցահանդէս մը, որ կը ներկայացնէր մայրաքաղաքին պատմութիւնը եւ  ժամանակագրութիւնը, Երեւանի տեսարժան վայրերը, զբօսայգիները, պատմամշակութային արժէք ներկայացնող կոթողները, պատմական  շէնքերը,  ինչպէս նաեւ  2018-ի հոկտեմբերին  Երեւանի մէջ  կայանալիք  փառատօները` «Եկէք տօնենք միասին» կարգախօսի ներքեւ ներկաներուն կոչ ուղղելով այցելել Երեւան եւ մասնակցիլ այդ փառատօներուն:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ պատուոյ հիւպատոս Արթօ Արթինեանը անդրադարձաւ միասնականութեան եւ փոփոխութեան կարեւորութեան եւ հրաւիրեց  Թայլանտի գործարար համայնքը`  ուսումնասիրելու այն հնարաւորութիւնները, որոնք Հայաստանը կ՛առաջարկէ, եւ` նպաստելու  զանազան բնագաւառներու մէջ, ինչպէս  զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ` արդիւնաւէտ  համագործակցութեան համար, որ կը խթանէ երկկողմանի առեւտուրը:

Վրաստան

Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Անուան Կեդրոնի Բացում

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեանի, 21 սեպտեմբերին Թիֆլիսի   Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանրապետական մաղթանք: Պատարագի աւարտին սրբազանը շնորհաւորեց Հայաստանի անկախութեան տօնը` անդրադառնալով  դժուարութիւններով լեցուն անկախութեան  տարիներուն, որոնք սակայն հաստատեցին, որ ազգի ճակատագիրի  միակ որոշողը ժողովուրդն է, որուն ազատութեան ջանքերը եւ անկախութեան կամքը անշրջելի են: Այնուհետեւ, նախաձեռնութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ աջակցութեամբ  IDeA հիմնադրամին, եկեղեցւոյ յարակից տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ «Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս» թեմի երիտասարդական-համայնքային  կեդրոնին բացումը, որ նուիրուած է  կաթողիկոսի  ծննդեան 110-րդ  տարեդարձին:

Կեդրոնին գործունէութեան թիրախը պիտի ըլլայ հայ  երիտասարդութեան համախմբումը եւ  քրիստոնէական պատուիրաններով ուղղորդումը`  նպատակ ունենալով օժանդակել համայնքային գործունէութեան:  Ապա շնորհաւորական խօսքերով ելոյթ ունեցան` Վրաստանի մէջ  Հայաստանի  դեսպան Ռուբէն Սադոյեանը, «Յովհաննէս  Թումանեանի տուն» գիտա-մշակութային կեդրոնի  ղեկավար Գիսանէ Յովսէփեանը, Պ. Ադամեանի անուան հայ թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Արմէն Բայանդուրեանը, թեմի լրատուական բաժնի  տնօրէն Սուսաննա Խաչատրեանը,  հայագիտութեան ամպիոնի մագիստրոս Արմէնուհի Պօղոսեանը:

Սրբազանը ելոյթ ունենալով` յորդորեց  ժողովուրդը  սիրով, ազգասիրութեան եւ հայապահպանութեան վեհ զգացումներով ընդգրկուիլ մայր հայրենիքէն դուրս եւ նուիրուիլ հայ լեզուն եւ հայ մշակոյթը պահպանելու,  զարգացնելու ազգանուէր գործին:

Վիրահայոց թեմի «Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս» երիտասարդական եւ համայնքային  կեդրոնին ղեկավարն է թեմի երիտասարդութեան հարցերու բաժնի տնօրէն  Վալերի Բադալեանը, իսկ աշխատանքները համակարգողը` Նինա  Սերոբովան:

Այնուհետեւ Ռիխէի համերգային տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ  տօնահանդէս:

Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած ձեռնարկները վերջ գտան Վրաստանի մէջ  Հայաստանի  դեսպանութեան  կողմէ կազմակերպուած  ընդունելութեամբ:

Յայտնենք, որ Հայաստանի անկախութեան օրուան նուիրուած տարբեր ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Վրաստանի հայաբնակ այլ վայրերու մէջ:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>