Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ –Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Տարեշրջանի Վերամուտ

$
0
0

Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը վերադարձաւ իր կրթութեան բնօրրանը` մեծ եռանդով սկսելու 2018-2019 տարեշրջանը: Տօնական օրուան վերածուեցաւ երեքշաբթի, 25 սեպտեմբեր 2018 թուականը, երբ բոլոր աշակերտները, իրենց ծնողներուն ներկայութեամբ, պարեցին, նկարուեցան դիմաւորելու համար հեզասահ, խաղաղ նոր տարեշրջան մը` կրթական իր նոր ծրագիրներով:

Առաջին զանգը աղօթքի կանչը եղաւ, աշակերտները տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմի հետ Տէրունական աղօթքը եւ «Ողջոյն»-ը աղօթելէ ետք, դրօշակի արարողութիւն կատարեցին, Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներուն համընթաց ծածանեցան երեք դրօշակները: Ապա յաջորդաբար խօսք առին վարժարանի տնօրէն Գրիգոր վրդ. Պատիշահը, որ դպրոցը նմանցուց անցագիրի մը, որուն միջոցով կրնանք մուտք գործել կեանքի ասպարէզ, ան անդրադարձաւ տարեշրջանի ընթացքին հաւանական ուսումնական կարգ մը դժուարութիւններու մասին, որոնք Տիրոջ ապաւինելով, հաւատքով  եւ կամքի ուժով կարելի է հարթել: Ակադեմական մեծաւորուհի Նելլի Տէր Ղազարեանը իր կարգին բարի գալուստի խօսքով մաղթեց հաճելի, ուրախ եւ պատուաբեր յաջողութիւններով բեղուն տարեշրջան մը` խոստանալով վարժարանին մէջ ստեղծել առողջ միջավայր մը, ուր աշակերտը կարենայ հոգեկան հանգիստ վիճակով ամբողջացնել իր դպրոցական տարեշրջանը:

Աւարտին, վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը հին եւ նոր աշակերտներուն բարի գալուստի խօսք ուղղեց`  բարեկարգուած ու բարեզարդուած Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մէջ: Ան յայտնեց, որ տնօրէնութիւնը երբեք ճիգ չխնայեց վարժարանի բարենորոգման եւ բարգաւաճման համար, ինչ որ արդէն բացայայտ է. նաեւ խոստացաւ, որ յառաջիկայ օրերուն ծնողներու հետ համագործակցաբար նոր նուաճումներ պիտի արձանագրէ վարժարանը: Բարի վերամուտի եւ յաջողութեան մաղթանքներէ ետք եռագոյն փուչիկներ արձակուեցան:

Այնուհետեւ առաջինէն ութերորդ կարգի աշակերտները ուղղուեցան դէպի եկեղեցի` իրենց անդրանիկ պատարագը մատուցելու առ Աստուած եւ Տիրոջ օրհնութեամբ սկսելու տարեշրջանը: Պատարագի քարոզի ընթացքին հայր Պատիշահը շեշտը դրաւ հոգեւոր ու մարդկային կարեւորագոյն արժէքներէն մէկուն` ներումին վրայ, ներել ուրիշին գործած մեղքերը, մոռնալ դիմացինին յանցանքները, որպէսզի համերաշխ, խաղաղ ընթացքով շարունակուի կեանքը: Ան անդրադարձաւ նաեւ նեղացնելու յանցանքին մասին, անոր պատճառած խոցելի վէրքին, որ շատ յաճախ անդարման կրնայ մնալ: Հետեւաբար անոր խնդրանքը եղաւ սիրոյ պատուիրանը առաջնահերթ դասել եւ եղբայրական սիրով մօտենալ իրարու: Քարոզի աւարտին ան յաջողութիւն մաղթեց վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին, աշակերտներուն եւ ծնողներուն` օրհնեալ, բարի եւ ժրաջան տարեշրջան մը դիմաւորելու:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>