Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Լեւոն արք. Զէքիեանի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Իմատ Աշքարի, ուրբաթ, 28 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ Ռաուտայի վերանորոգ Մխիթարեան վարժարանին բացումը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մխիթարեան միաբանութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, հանդիսավարներ Լիւսի Տէօքմեճեանը հայերէնով եւ Յակոբ Խրիմեանը անգլերէնով իրենց բարի գալուստի խօսքերուն մէջ անդրադարձան ընդհանրապէս դպրոցին եւ մասնաւորապէս հայ դպրոցին ունեցած կարեւոր դերին` սերունդներու դաստիարակութեան եւ մարդակերտումի ու հայակերտումի առաքելութեան մէջ: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ստանձնած Ռիթա Պոյաճեանը, որ իր խօսքը սկսաւ` ըսելով, որ այսօր ուրախութեան եւ հպարտութեան օր է, ցնծալու եւ պարծենալու պահ է, որովհետեւ Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանին բացումը երջանկութեան եւ տօնական առիթ է ոչ միայն դպրոցը հովանաւորող Մխիթարեան միաբանութեան, այլ նաեւ լիբանանահայ գաղութի իւրաքանչիւր անհատի համար: Ան շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ վարժարանը, դիմակայելով բոլոր դժուարին մարտահրաւէրները, հերոսութեան համազօր քայլով մը կայացուց 2018-2019 տարեշրջանին գործելու պարտաւորեցնող որոշումը, երբ շատ ուրիշներ կը փակէին իրենց դարպասները: Ան ներկայացուց նաեւ դպրոցին ցանկութիւնը` դառնալու ոչ սովորական դպրոց մը` նորարարութիւններ ընդգրկող, ուր լիբանանեան կրթական ծրագրին կողքին կը ներառուին միջազգային եւ մանաւանդ ֆինլանտական ուսումնական շարք մը մեթոտներ եւ սկզբունքներ:
Ցուցադրուեցաւ նորաբաց Մխիթարեան վարժարանի ծննդոցին մասին տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ գերյարգելի Սիւլահեանը` ըսելով. «Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ ժողովուրդի մշակութային ու հոգեւոր վերածնունդը մեկնարկած եւ խթանած հաստատութիւնն է, որ յառաջընթացի անզուգական կոչումով եւ իր միաբան հայրերու անձնուրաց նուիրումով այսօր եւս հայ կրթական պատմութեան նոր էջերը արձանագրելու դիտաւորութեամբ, կը խոստանայ լաւագոյն ծառայութիւնը տալ հայ ապագայ սերունդին` իբրեւ լոզունգ ունենալով գործը եւ ո՛չ թէ` խօսքը»: Սիւլահեան վարդապետը իր խօսքի աւարտին ներկայացուց Զէքիեան սրբազանին խօսքը, ըստ որուն, Մխիթարեան միաբանութիւնը այս նորաբաց դպրոցով Լիբանանի մէջ իր ներկայութիւնը կը վերահաստատէ եւ ինքզինք կը վերանորոգէ: Միաբանութիւնը դպրոց չի փակեր, այլ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը Ռաուտայի դպրոցին մէջ:
Գեղարուեստական բաժինով «Հայոց տառեր» եւ «Սիրելի ուսուցիչ» երգերով ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանը: Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Իմատ Աշքարը, որ Սիւլահեան վարդապետին եւ դպրոցի տնօրէնուհիին ձեռամբ պարգեւատրուեցաւ հայոց այբուբենն ու խաչը կրող նուէրով մը: Աշքար նախ դրուատեց բազմադարեան գործը Մխիթարեան հայրերուն, որոնք լուսաւորեցին հայ միտքը եւ պահեցին հայկական ինքնութիւնը: Ան նաեւ շեշտը դրաւ այն իրողութեան վրայ, որ հակառակ լիբանանեան կրթական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապին, մխիթարեանները, նման` իրենց հիմնադիրին, յառաջընթաց կ՛արձանագրեն եւ կը բանան դուռերը այս դպրոցին, որ թէեւ այսօր մինչեւ 8-րդ կարգի աշակերտներ կ՛ընդունի, բայց անոր արտօնագիրը կ՛ընդգրկէ մինչեւ երկրորդական դասարանները: Ան շնորհաւորեց միաբանութիւնը այս նոր դպրոցին համար եւ յոյս յայտնեց, որ դպրոցը փարոս մը պիտի ըլլայ լիբանանեան իրականութեան մէջ:
Գեղարուեստական երկրորդ ընդմիջումով, «The Prayer», «You Raise Me Up» եւ «Adagio» երգերով ելոյթ ունեցան սոփրանօ Օլկա Քիք Քաատին եւ թենոր Շարպել Քաատին: Յայտագիրի վերջին բաժինով հայր Պութրոս Ազար արտասանեց իր սրտի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ թէեւ կրթական համակարգը կը տառապի բազմաթիւ տարաձայնութիւններէ եւ ամբաստանութիւններէ, սակայն երբ կը տեսնենք դպրոց մը, որ նոր հասակ կ՛առնէ կրթական, ազգային, մարդկային եւ ընկերային առաքելութիւն կատարելու համար, այս մէկը կ՛ուրախացնէ մեզ եւ որոշ յոյս կը ներշնչէ: Ան նշեց, որ կաթողիկէ վարժարանները ուրախ են, որ իրենց փաղանգին կը միանայ նոր յանձնառու դպրոց մը, որուն համար շնորհաւորեց հայ ժողովուրդը, Հայ եկեղեցին, շրջանի քաղաքապետը եւ ամբողջ Լիբանանը:
Նորաբաց Մխիթարեան Վարժարանի «Բաց Դռներ»-ու Օր
2018-2019 ուսումնական տարեշրջանի սեմին, երկուշաբթի, 17 սեպտեմբեր 2018-ին, երկու փուլով` առաւօտեան ժամը 10:00-12:00 եւ երեկոյեան ժամը 6:00-8:00 տեղի ունեցաւ Ռաուտայի Մխիթարեան նորաբաց վարժարանի «Բաց դռներ»-ու օրը, որ առիթ մըն էր ծնողներուն եւ աշակերտներուն համար ծանօթանալու նորակառոյց դպրոցին եւ աւելի մօտէն գաղափար կազմելու դպրոցին մէջ կիրարկուելիք նորագոյն կրթական մեթոտներուն մասին, որոնք որպէս հիմք ընդունած են ֆինլանտական ուսումնական սկզբունքները: Այս զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին ծնողներ եւ աշակերտներ ծանօթացան նաեւ վարժարանի ուսուցիչներուն, աշակերտները մասնակցեցան խաղ-դասերու եւ ունեցան հաճելի ժամանց:
Մխիթարեան վարժարանը կը շարունակէ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեայ կրթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ 2018-2019 տարեշրջանին Ռաուտայի մէջ դռները կը բանայ 11.000 քառակուսի մեթր տարածութեամբ իր նոր դպրոցին: Դպրոցը կը միտի ստեղծել կրթական եւ արհեստագիտութեան հարթակ` ունենալու համար 21-րդ դարու աշակերտներ, որոնք կ՛աշխատին համագործակցութեան եւ քննական մտածողութեան հիմքերով` միեւնոյն ժամանակ կերտելով ազգային արժէքներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ կազմաւորուած հայը: