Երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին Հռիփսիմեանցի աշակերտները փութացին իրենց հարազատ կրթօճախը` վերամիանալու երկրորդական դասարաններու աշակերտներուն, որոնք 12 սեպտեմբերէն արդէն կը յաճախէին դպրոց եւ վերընտելացած էին դպրոցական առօրեային:
Առաւօտեան դպրոցական առաջին զանգին աշակերտները, իրենց ուսուցիչներու գլխաւորութեամբ, մէկտեղուեցան դպրոցին կեդրոնական բակը` Աստուածամօր արձանին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակին դիմաց:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումէն ետք բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ վարժարանի տեսուչ Կարպիս Գապասագալեան, որ կարեւորելով այս տարուան «ուրախ վերամուտ»-ի կարգախօսը, ընդգծեց, որ ուրախութեամբ սկիզբ առած որեւէ աշխատանք վճռուած է յաջողութեամբ պսակուելու. այդ սկզբունքով ալ, աշակերտները թելադրեց ուրախութեամբ եւ սիրելով պատրաստել իրենց դասերը` լաւագոյն արդիւնքներու հասնելու համար: Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ 2017-2018 կրթական տարեշրջանի պաքալորիայի եւ պրէօվէի պետական քննութեանց ձեռք բերուած 100 առ հարիւր յաջողութեան, մեծաթիւ աշակերտներու յիշատակութեան արժանի արդիւնքներուն:
Ապա վարժարանի տնօրէնուհի առաքինափայլ քոյր Արմինէ Մակարոսեան իր սրտի խօսքին մէջ մաղթեց, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը եւս դառնայ յիշատակելի եւ արդիւնաւէտ տարի մը` մանաւանդ իր հունձքերով, ինչպէս նաեւ կրթական ծրագիրներու արդի միջոցներու իրագործումով: Ապա կարեւոր նկատեց Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան նուիրեալ քոյրերու ծառայութիւնը` նշելով, որ անոնք խաչին զօրութեամբ գործած ու յաջողած են, իրենց ուխտին թելադրութեամբ եւ աննկուն կամքով նուիրուած ու ծառայած են հայ սերունդներուն` ջամբելով քրիստոսադրոշմ հաւատքն ու մարդկային անփոխարինելի արժէքները, եւ մանաւանդ հայեցի աւանդոյթները: Խօսքի աւարտին գնահատեց աշակերտներուն ձեռք բերած գնահատելի արդիւնքները եւ շնորհաւորեց անոնց ծնողները, ապա հայցեց Տիրամօր օրհնութիւնը եւ վարժարանի սրբուհիին` Հռիփսիմէին պաշտպանութիւնը:
Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան կատարեց Աւետարանի թելադրութեամբ յորդորներ` միշտ ձգտելով լաւագոյնին ու կատարեալին, ապա կարեւորեց վերամուտի ցուցատախտակին վրայ արձանագրուած մէկ կարգախօսը, որ կ՛ըսէ. «Ես դպրոց կու գամ իմ երազներս իրականացնելու…»` ընդգծելով, որ այդ երազը անհատին ձգտումն է, եւ այդ ձգտումը Հռիփսիմեանցին առաքելութիւնն ու բնաբանն է «դէպի լոյս» հասնելու կատարելագործումը: Ան իր խօսքի աւարտին «Պահպանիչ»-ով օրհնեց ներկաները` մաղթելով, որ 2018-2019 կրթական տարեշրջանը ըլլայ բարեյաջող եւ բարեբեր:
Աշակերտները զբօսանքի զանգին կրկին համախմբուեցան եւ երգի ու պարի մթնոլորտի մէջ մասնակցեցան այլազան խաղերու, ինչպէս նաեւ անոնք ազատ գծագրութեամբ եւ նկարչական գոյներով արտայայտեցին իրենց ապրումներն ու ձգտումները. դպրոցին բակը արտասովոր ու եռուն կեանքով վերագտաւ իր աշխուժութիւնը: