Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Հայրենի Կեանք

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սուրէն Արք. Գաթարոյեան ՀՅԴ Զինանշան Կը Նուիրէ ՀՅԴ Պատմութեան Թանգարանին

Վերջերս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի երեւանեան գրասենեակ այցելեց Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանը:

Սրբազանը ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին յանձնեց 30 սեպտեմբեր 2002-ին ՀՅԴ Հալէպի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ իբրեւ երախտագիտութեան նշան իրեն նուիրուած, Հալէպի անուանի վարպետի մը ձեռքով պատրաստուած ՀՅԴ զինանշանը:

Արուեստի այս գեղեցիկ կտորը երկար տարիներ պահուած է Սուրէն արքեպիսկոպոսի տունը, սակայն, ի վերջոյ, սրբազանը որոշած է, որ այս ստեղծագործութեան լաւագոյն տեղը ՀՅԴ պատմութեան թանգարանն է:

Այս առիթով կայացած է հանդիպում-զրոյց մը` սրբազանին, ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակին եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներուն միջեւ:

Պատմական Ալպոմ Մը Կը Յանձնուի ՀՅԴ Երեւանի Պատմութեան Թանգարանին

Պատմութիւնը եւ պատմական դէպքերը բարոյական ծանրութիւն ունին մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ կը շնչաւորեն մեր ապագան ու իրենց թելադրականութեամբ կը դաստիարակեն յաջորդ սերունդները:

Արձանագրելի այսպիսի եղելութեան մը կենդանի օրինակը կը հանդիսանայ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, խմբագիր, գրող, ուսուցիչ-դաստիարակ եւ ազգային գործիչ Գաբրիէլ Լազեանի կողմէ Գահիրէի մէջ պատրաստուած ու տպագրուած ՀՅԴ պատմութեան լուսանկարչական փաստագրական ալպոմը:

Ալպոմին մէջ ընդգրկուած են մեր ազատագրական զարթօնքէն վաւերական լուսանկարներ 1890-1960 թուականներուն վերաբերեալ: Ալպոմը վերջերս պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ աշխուժ գործունէութեամբ յատկանշուած Գաբրիէլ Լազեանի հանգուցեալ այրիին` Նաթալի Լազեանի անունով, անոր զաւակին` Այտա Մահլուֆ-Լազեանի ձեռամբ, Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի խմբագրութեան:

Ալպոմը կը վերաբերի 1959-ին Գահիրէի մէջ գումարուած ՀՅԴ 17-րդ Ընդհանուր ժողովին: Նշենք, որ Գաբրիէլ Լազեան նոր մահացած էր եւ ժողովին մասնակցող ընկերներուն կողմէ իբրեւ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւն` պատգամաւորները, իւրաքանչիւրը անհատաբար, ստորագրեցին նշեալ ալպոմին մէջ` պատուելով զայն ու գնահատելով Նաթալի Լազեանին լուռ, խոնարհ ու լուսարձակներէ հեռու գործունէութիւնը: Ստորագրողներուն կողմէ երեւցող անուններէն յատկանշականօրէն նշենք հետեւեալները` Ռուբինա Օհանջանեան, Սիմոն Վրացեան, Օննիկ Մաճառեան, Գուրգէն Մխիթարեան, Հրաչ Փափազեան, Պերճ Մսրլեան, եւ ուրիշներ:

Լուսանկարչական սոյն ալպոմը «Ազատ Օր»-ի տնօրէն Մայք Չիլինկիրեանին կողմէ վերջերս յանձնուեցաւ Երեւանի մէջ ՀՅԴ պատմութեան թանգարանի տնօրէն Անուշ Ամսէեանին` թանգարանին մէջ իր իմաստալի ու խորհրդանշական արժանի տեղը գրաւելու համար:

Պատմութեան համար նշենք, որ Գաբրիէլ Լազեանը մահացաւ 1959-ին, սակայն իր գրական եւ հրատարակչական բեղուն գործունէութեան պատկանող գործերը, իր օգտաշատ ու դաստիարակիչ շահեկանութեան համար, տասնամեակներ օգտագործուեցան ազգային-կուսակցական դաստիարակութեան նպատակով, սերունդներու նկարագիրի մշակումին ու թրծումին համար, ծանօթացնելով անոնց մեր ազգային-յեղափոխական պատմութեան տարբեր եղելութիւնները, հանգրուաններուն դերակատար գործիչները եւ հերոսները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ժամանակաշրջանի պատմութիւնը` լուսանկարներու ճամբով, եւ անոնց ընդմէջէն` վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը, որ այսօր ալ կ՛արտացոլայ Հայաստանի, Արցախի ու սփիւռքի հայ կեանքին մէջ:

Հայկական Գաթան Մտաւ «Կինես»-ի Մրցանիշներու Գիրքին Մէջ

368 քիլոկրամ ծանրութիւն եւ 60 մեթր երկարութիւն ունեցող հայկական գաթան ուրբաթ, 28 սեպտեմբերին մտաւ «Կինես»-ի մրցանիշներու համաշխարհային գիրքին մէջ: Կարապի լիճի տարածքին «Երեւան 2800» ձեռնարկներու ծիրին մէջ կազմակերպուած էր գաթայի համտեսում-հիւրասիրութիւն:

Մրցանիշը արձանագրելու համար Հայաստան եկած էր Guinness world records limited գրասենեակի ներկայացուցիչ, միջազգային իրաւարար Ճոանա Մարի Պրենթը:

Յայտնենք, որ գաթան պատրաստուած էր «Երեմեան փրոճեքց» հրուշակագործներու խումբին կողմէ` ընկերութեան հրուշակագործ Անահիտ Միքայէլեանի ղեկավարութեամբ:

«Թուֆէնկեան» Հիմնադրամը Տուն Նուիրեց Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմին Վիրաւորուած Զինուորին

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին ընթացքին վիրաւորուած Մհեր Առաքելեանը չորեքշաբթի, 26 սեպտեմբերին նոր տուն ստացաւ «Թուֆէնկեան» հիմնադրամէն` Արցախի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ: Առանձնատունը գնուած եւ բոլորովին վերանորոգուած է հիմնադրամին կողմէ:

Յայտնենք, որ տան գնուելուն եւ վերանորոգումին դրամը գոյացած է աւելի քան 100 անձերու նուիրատուութեամբ:

35 տարեկան, 2 երեխաներու հայր Մհեր Առաքելեանը Արցախի պաշտպանութեան բանակի զինուոր է: Ապրիլ 2016-ին, քառօրեայ պատերազմին ընթացքին, Մհեր առաջիններէն էր, որ ճակատ մեկնած էր: Պատերազմին ընթացքին ան ծանրօրէն վիրաւորուած էր, որուն պատճառով ան անկարող դարձած է աշխատելու:

Մհերը շուտով պիտի ենթարկուի այլ ծանր վիրահատութեան մը եւս: Ներկայիս Մհերի, անոր կնոջ, մօր եւ 2 երեխաներուն հիմնական եկամուտի աղբիւրը զինուորական թոշակն է: Աւելի՛ն. սեփական տուն չունենալուն պատճառով ընտանիքը ստիպուած էր թոշակին մեծ մասը վճարել տան վարձքի համար:

Ընկերներու եւ հարազատներու հետ միասին Առաքելեանները իրենց նոր, ընդարձակ եւ լուսաւոր տան բնակարանամուտը նշեցին իրենց հայրենի Կարմիր Շուկայ գիւղին մէջ:

Շնորհաւորելով ընտանիքը եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Մհերին` հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար, «Թուֆէնկեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը ըսաւ. «Դուք աւելին ըրած էք Արցախի եւ ամբողջ հայութեան համար, քան մենք երբեւէ կրնանք ընել: Մենք ձեզ տուն կու տանք, իսկ դուք մեր ազգին տուած էք ձեր խիզախութիւնը, զոհաբերած էք ձեր առողջութիւնը: Դուք առաւել քան արժանի էք օգնութեան ու երախտագիտութեան, եւ մենք պիտի շարունակենք այս աշխատանքը, մինչեւ այն ատեն որ տակաւին մեր զինուորները ունին այս կարիքը»:

 «Կոմիտաս» Միջազգային Գիտաժողով-Փառատօնը Սկսաւ Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Երգչախումբին Կատարումներով

«Կոմիտաս» միջազգային գիտաժողով-փառատօնին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին երգահանդէսով` խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի գլխաւորութեամբ:

Գիտաժողով-փառատօնին սկիզբը տրուեցաւ սեպտեմբեր 26-ին` վարդապետին ծննդեան օրը, «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ:

«Շատ կարեւոր կը համարեմ Կոմիտասի անունը կրող այս փառատօնը: Խորհրդանշական է, որ անիկա կը սկսի Վարդապետին ծննդեան օրը: Այս տարի որոշեցինք փառատօնը սկսիլ Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին երգահանդէսով` խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ: Փառատօնին էութիւնը խորհրդանշական է անով, որ առհասարակ այս տարի պիտի ըլլան երգչախմբային եւ գործիքային, յատկապէս դաշնակի գործեր», նշեց գիտաժողով-փառատօնի կազմակերպիչ Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանի տնօրէն Նիկոլա Կոստանդեանը եւ աւելցուց, որ փառատօնը եւս առիթ մըն է` ներկայացնելու Կոմիտասի արուեստը հանրութեան ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ արտերկրի մէջ:

Այս փառատօնին շնորհիւ` կը ներկայացուի մեր մշակոյթը, նաեւ եւրոպական մշակոյթը, մասնաւորապէս` 20-րդ դարասկիզբի:

Կոստանդեան նկատեց` տարուէ տարի նաեւ թանգարանի միջոցով կը մեծնայ փառատօնին ճանաչելիութիւնը, յատկապէս` երիտասարդութեան մէջ: Կ՛աշխուժանայ նաեւ օտարներու մէջ ճանաչելիութիւնը, որ նաեւ այցելուներ կը բերէ Հայաստան: Երգահանդէսը կարելիութիւն կու տայ երաժշտութեան միջոցով ներկայացնելու մեր բազմադարեայ մշակութային ժառանգութիւնը:

Փառատօնի գեղարուեստական ղեկավար Մհեր Նաւոյեանը նշեց, որ փառատօնը նոյնինքն այս համերգով եւ խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի գլխաւորութեամբ սկսիլը կարեւոր է այն չափով, որքան Հայաստանի Ազգային ակադեմական երգչախումբին վաստակն է Կոմիտասի արուեստի հանրահռչակման գործին: «Օրինաչափ է, որ փառատօնը կը բանայ ակադեմական երգչախումբը` իբրեւ խմբավար Յովհաննէս Չէքիճեանի վաստակի վաւերացում այս բնագաւառէն ներս», ընդգծեց Նաւոյեանը:

Անոր կարծիքով, Կոմիտասի ներկայութիւնը մեր մշակութային դաշտէն ներս ամէնուր է: «Սակայն իրեն նուիրուած, իր անունով երաժշտական փառատօնը խորհրդանշական է, նաեւ` կարեւոր, այն իմաստով, որ իր ետեւէն ամբողջ մշակոյթ մը թիրախաւորուած պիտի քալէ», նկատեց Նաւոյեանը:

Փառատօնի բացման համերգին հնչեցին Կոմիտասի «Ել, ել», «Գութանի երգ», «Կալի երգ», «Լուսնակը սարի տակին», «Անձրեւն եկաւ» եւ այլ ստեղծագործութիւններ: Հնչեց նաեւ Ճուզեփէ Վերտիի «Գերիներու խմբերգ»-ը` «Նապուքօ» օփերայէն, Եան Ֆրենքելի «Կռունկներ»-ը եւ այլ հռչակաւոր գործեր:

Նշենք, որ «Կոմիտաս» միջազգային փառատօնի համերգային մասով ներկայացուած է չորս երկիր: Մասնակիցներ պիտի ըլլան` Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Պոլիվիայէն եւ Ճափոնէն: Կան մասնակիցներ, որոնք պիտի ներկայացնեն տարբեր ծրագիրներ`  նաեւ հայ երգահաններէ: Իսկ սեպտեմբեր 28-ին Փարիզի Սորպոնի համալսարանի մեծ դահլիճին մէջ պիտի իրականացուի «Կոմիտաս. աւանդականի եւ ժամանակակիցի խաչմերուկին վրայ» միջազգային գիտաժողովը` բարեկամ Ֆրանսայի, Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանութեան, Փարիզի ակադեմիայի եւ Համալսարաններու ընկերակցութեան հետ կազմակերպուած: Գիտաժողովին ներգրաւուած է 6 երկիր` Հայաստանը, Ֆրանսան, Իտալիան, Արժանթինը, Հոլանտան եւ Ռուսիան: Անոնք մէկ յարկի տակ պիտի հաւաքուին տարբեր հարցերու քննարկման համար:

Փառատօնին ծիրին մէջ Հայաստան եկած են դաշնակահարներ Քէյ Սաոթոմէն` Ճափոնէն եւ Սերխիօ Էսկալերան` Պոլիվիայէն: Գիտաժողով-փառատօնի առանձնայատուկ ձեռնարկներէն է Կոմիտասի «Պատարագ»-ի կատարումը Հառիճավանքի մէջ` «Հովեր» պետական սենեկային երգչախումբի արական կազմին մասնակցութեամբ: Անիկա տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբեր 7-ին:

Նշենք, որ միջազգային գիտաժողով-փառատօնը պիտի եզրափակուի հոկտեմբեր 8-ին, ժամը 16:00-ին, Կոմիտասի թանգարան-ուսումնարանին մէջ, Հայաստանի մանկական երգչախումբին համերգով:

 «Հայ Ֆեսթ» Թատերական Փառատօնին` Առաւել Քան Քառասուն Ներկայացումներ

«Հայ ֆեսթ» միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի հիւրընկալած է 22 երկիրներէ եկած առաւել քան 250 մասնակիցներ եւ հիւրեր` Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Շուէտէն, Զուիցերիայէն, Եգիպտոսէն եւ այլ երկիրներէ: Երեւանեան 13 բեմերու վրայ պիտի ներկայացուին 40 թատերախաղեր:

16-րդ «Հայ  ֆեսթ»-ը սկսած է եւ կը շարունակէ տեղի ունենալ 28 սեպտեմբերէն եւ պիտի տեւէ մինչեւ 5 հոկտեմբեր: Անիկա կը կրէ «Հայ ֆեսթ` անցում դէպի թատերաշխարհ» խորագիրը:

«Փառատօնը սկսաւ Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի ուսումնական թատրոնին մէջ` լեհական-պրազիլական-հայկական-վրացական միատեղ նախագիծով: Փառատօնին առաջին երեք օրերուն պիտի իրականացուի լեհական ժամանակակից պարի հարթակ, այսինքն ամէն օր պիտի ցուցադրուի մէկ ներկայացում: 1 հոկտեմբերէն սկսեալ ամէն օր պիտի ներկայացուի 8 բեմադրութիւն, պիտի ըլլան խորհրդաժողովներ, վարպետութեան դասեր»,  25 սեպտեմբերին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին բացատրեց փառատօնի նախագահ Արթուր Ղուկասեանը:

Թատերասէրները կարելիութիւնը պիտի ունենան դիտելու տրամաթիքական, երաժշտական, պարային ներկայացումներ, մենաներկայացումներ, տիկնիկային, ֆիզիքական, շարժման, կրկէսային, մանկական եւ բացօթեայ բեմադրութիւններ:

Ըստ Ղուկասեանին, փառատօնի նշանաւոր ներկայացումներէն են` Գերմանիոյ «Ֆապրիս Մակլիահ» ընկերութեան «Մամացցա» պարային գործը եւ Ս. Փեթերսպուրկի երաժշտական կատակերգական թատրոնի «Պրոտուէյի հիթեր»-ը:

Փառատօնին հիմնական ծրագիրները պիտի ներկայացուին Յ. Թումանեանի անուան տիկնիկային «Միհր» թատրոններուն մէջ:

16-րդ  «Հայ ֆեսթ»-ը կ՛առանձնանայ հասարակական ներկայացումներով, որոնք միտուած են յետյեղափոխական կատարողական արուեստի խրախուսման: Հիմնական ծրագիրէն դուրս` փառատօնի ընթացքին պիտի իրականացուին վարպետութեան դասեր, կլոր սեղաններ եւ հանդիպում-քննարկումներ:

Փառատօնի ծիրին մէջ ամէն տարի կը կազմակերպուին յատուկ ծրագիրներ: Այս անգամ կազմակերպուած է երկու ծրագիր` «Եւրոպան փառատօներու համար, եւ փառատօները` Եւրոպայի», իսկ երկրորդը` «Պարարուեստի արեւելեան ընկերակցութիւն»-ը:

Հաղորդենք, որ փառատօնը կ՛իրականացուի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ: «Հայ ֆեսթ» միջազգային թատերական փառատօնը առաջին անգամ իրականացաւ 2003-ին: Իսկ 2006-էն ի վեր անիկա կը համարուի թատերական գլխաւոր փառատօնը նախկին Խորհրդային Միութեան  ամբողջ տարածքին (բացառութեամբ` Մոսկուայի):

Հայաստան Տնտեսական Ազատութեան Վարկանշային Աղիւսակի 29-րդ Դիրքը Կը Գրաւէ

Քանատայի «Ֆրէյզըր» համալսարանը հրապարակած է երկիրներու տնտեսական ազատութեան վարկանշային աղիւսակը, որուն մէջ Ազրպէյճան կը գրաւէ 106-րդ դիրքը, իսկ Հայաստան` 29-րդ:

Համալսարանը առաւել քան 100 երկիրներու տնտեսական ազատութեան մասին ուսումնասիրութիւն կատարած է:

Վարկանշային աղիւսակը կազմուած է երկիրներու սեփականութեան իրաւունքի, դատարաններու անկախութեան, դրամավարկային քաղաքականութեան, արտաքին առեւտուրի ազատութեան, գործազրկութեան մակարդակի եւ այլ ոլորտներու մէջ իրականացած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ:

Հաղորդենք, որ աղիւսակին վրայ Թուրքիա կը գրաւէ 86-րդ դիրքը, Ռուսիա` 87-րդ, Իրան` 130-րդ:

Չինաստան Շտապօգնութեան 200 Մեքենայ Կը Նուիրէ Հայաստանին

Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ շտապօգնութեան 200 մեքենայ նուիրուած է Հայաստանին: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի առողջապահութեան վարչութեան նախագահ Կամսար Պապինեանը:

Պապինեանին համաձայն, շտապօգնութեան մեքենաներէն 49 հատը Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած է Երեւանի քաղաքապետարանին ենթակայ «Շտապբուժօգնութիւն» ընկերութեան:

«Իբրեւ արդիւնք, Երեւան քաղաքը, 35 աշխատակազմի փոխարէն, պիտի սպասարկուի շտապօգնութեան 42 աշխատակազմով: Շտապօգնութեան մեքենաները յագեցած են արդի պահանջներուն համապատասխանող բժշկական սարքերով եւ պարագաներով, ինչ որ, անշուշտ, պիտի նպաստէ մատուցուող բժշկական ծառայութիւններու որակի աւելի՛ բարձրացման: Եղէք առո՛ղջ», նշուած է Պապինեանին գրութեան մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17231

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>