Մկրտիչ Վարդապետ Խրիմեան Էջմիածնի,
Թիֆլիսի Եւ Ատրպատականի Մէջ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Վարագայ վանքի Ժառանգաւորաց վարժարանին եւ «Արծուի Վասպուրական»-ի յարատեւութիւնը ապահովուած էին վանքապատկան կալուածներէն ստացուած բարիքներուն եւ գլխաւորաբար պոլսեցի բարերարներու եւ բարեկամներու նուիրատուութիւններուն շնորհիւ: Ժառանգաւորացը բարեկարգելու, զարգացնելու, վանքը ծաղկեցնելու, միաբանութիւնը ստուարացնելու, «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութիւնը անխափան պահելու եւ վանքին հոգեւոր, կրթական ու մշակութային ամբողջ գործունէութիւնը հաստատուն դարձնելու համար Մկրտիչ վարդապետ Խրիմեան որոշեց համահայկական տարողութեամբ նեցուկ ապահովել:
Մկրտիչ վարդապետ իրեն համար գլխաւոր առաքելութիւն կը համարէր համահայկական տարողութեամբ եւ հայ ազգի միասնականութեան տեսլականով գործունէութիւն ծաւալել:
Առաջին հերթին ան որոշեց սերտ կապ եւ յարաբերութիւն հաստատել Ռուսական կայսրութեան սահմաններուն մէջ բնակող հայութեան հետ: Պէտք էր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ ամրապնդել թրքահայ-ռուսահայ հասկացողութենէն վեր բարձրանալու եւ մէկ ազգի պատկանելիութեան ու միասնականութեան գիտակցութիւնը:
Մկրտիչ վարդապետ նպատակ ունէր նաեւ, արեւմտահայ կեանքի կեդրոնը հանդիսացող Պոլսոյ հայութեան նեցուկի կողքին, ապահովել նաեւ արեւելահայ կեանքի կեդրոնը հանդիսացող Թիֆլիսի հայութեան նեցուկը:
***
Վանի առաջնորդ Իգնատիոս վարդապետ Գագմաճեան եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար Էջմիածին պիտի երթար: Մկրտիչ վարդապետ որոշեց ընկերակցիլ անոր: 10 նոյեմբեր 1860-ին, ցուրտ եւ անձրեւոտ օր մը Իգնատիոս վարդապետ եւ Մկրտիչ վարդապետ ու իր աշակերտներ Գարեգին Սրուանձտեանց եւ Հրաչեայ Սեւիկեան Վանէն ճամբայ ելան եւ ութ օրուան ճամբորդութենէ ետք հասան Էջմիածին:
Մկրտիչ վարդապետ ներկայացաւ Մատթէոս Ա. կաթողիկոսին եւ անոր նկարագրելով գաւառաբնակ ժողովուրդին վիճակը յայտնեց, որ պէտք է յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացնել երկրի ժողովուրդին վրայ: Ան նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ Վարագայ վանքի եւ Ժառանգաւորաց վարժարանի վիճակի, ինչպէս նաեւ «Արծուի Վասպուրական»-ի հրատարակութեան մասին, եւ խօսեցաւ իր ձեռնարկութիւնները բարեկարգելու, հաստատուն հիմերու վրայ դնելու եւ ծաղկեցնելու մասին: Վերջաւորութեան Մկրտիչ վարդապետ կաթողիկոսէն խնդրեց իրեն կոնդակ մը տալ, որպէսզի այդ կոնդակով հանգանակութիւններ հաւաքէ Կովկասի տարբեր շրջաններէ:
Մկրտիչ վարդապետ նաեւ ծանօթացաւ Էջմիածնի միաբաններուն եւ անոնցմէ ոմանց ջերմ սիրոյն, համակրանքին ու քաջալերանքին արժանացաւ: Սակայն կարգ մը միաբաններ անբարեացակամ վերաբերմունք ցուցաբերեցին, տարակուսանք յայտնեցին անոր ձեռնարկութիւններու ու ծրագիրներու արդիւնաւէտութեան մասին եւ փորձեցին համոզել կաթողիկոսը, որ կոնդակ չտայ Մկրտիչ վարդապետին:
Բնիկ վաղարշապատցի Գրիգոր աղա Տէր Մկրտչեան-Մալինցեան, որ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէր վանքին մէջ, դիրքորոշուեցաւ ի նպաստ Մկրտիչ վարդապետին եւ միջամտեց կաթողիկոսին մօտ, որպէսզի Վարագայ վանքի վանահօր շնորհէ ցանկացած կոնդակը:
Մկրտիչ վարդապետ կիրակի առաւօտ մը պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի մայր տաճարէն ներս, խօսեցաւ ազգի, հայրենիքի եւ ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան մասին եւ կոչ ուղղեց նորահաս սերունդին` հետեւելու իրենց նախնեաց օրինակին եւ իրենք զիրենք նուիրաբերելու ազգի եւ հայրենիքի ազատութեան համար:
***
Կաթողիկոսին կոնդակը ստանալէն ետք Մկրտիչ վարդապետ եւ իր աշակերտները` Գարեգին եւ Հրաչեայ Էջմիածինէն ճամբայ ելան դէպի Թիֆլիս երթալու համար:
Երեւան հասնելէն ետք երեք ընկերակիցները ուղղուեցան դէպի Դիլիջան, հոնկէ ալ` Ղարաքիլիսէ (այժմ` Վանաձոր) եւ ճամբան շարունակելով հասան Թիֆլիս:
Թիֆլիս հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ հայոց առաջնորդարանը ուղղուեցան եւ հոն հիւրընկալուեցան: Առաջնորդ Սարգիս արքեպիսկոպոս Հասան-Ջալալեան մեծ պատուով ընդունեց Մկրտիչ վարդապետը, հանդիսաւոր կերպով կարդալ տուաւ կոնդակը, յորդորեց ժողովուրդը օգնելու Մկրտիչ վարդապետի ազգօգուտ գործունէութեան եւ իր կողմէ մեծ գումար մը ստորագրեց հանգանակութեան տոմարին գլուխը:
Մկրտիչ վարդապետ Թիֆլիսի եկեղեցիներուն մէջ ազգաշունչ, հայրենաշունչ, խանդավառ եւ ոգեւորիչ քարոզներ տուաւ, խորապէս տպաւորելով ու հոգեպէս ցնցելով ու յուզելով ժողովուրդը:
Հանգանակութեան գործին ղեկավարութիւնն ու հովանաւորութիւնը ստանձնեց բնիկ վանեցի թիֆլիսաբնակ զօրավար Երեմիա Արծրունի, եւ իր կողմէ խոշոր գումար մը նուիրեց: Հանգանակութեան գործը յաջողութեամբ շարունակուեցաւ: Թիֆլիսցիք առաջին անգամն էր որ յօգուտ թրքահայոց դրամ կը նուիրէին:
Թիֆլիսցի ազդեցիկ կարգ մը դէմքեր եւ վաճառականներ, ի տես Մկրտիչ վարդապետի յաջողութիւններուն, վայելած համբաւին ու ժողովրդականութեան, եւ նկատի ունենալով որ անոր գործունէութիւնը հաշտ աչքով չի դիտուիր ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ, որոշեցին խանգարել հանգանակութեան գործը եւ վարդապետը հեռացնել Թիֆլիսէն: Անոնք իրենց կողմը գրաւեցին առաջնորդ Սարգիս արքեպիսկոպոսը: Առաջնորդն ու իր մերձաւորները իրերայաջորդ ամբաստանագիրներ ուղարկեցին Էջմիածին, Մատթէոս կաթողիկոսին, խնդրելով որ Մկրտիչ վարդապետը հեռացուի Թիֆլիսէն եւ պատասխանատուութեան կանչուի:
Մինչ այդ Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ Թիֆլիսէն անցան Գանձակ, շարունակելով հանգանակութեան գործը: Գանձակէն անոնք անցան Շուշի, ուր եւս հանգանակութիւն կազմակերպուեցաւ:
***
Էջմիածին վերադառնալու պաշտօնական գիրը ստանալէն ետք Մկրտիչ վարդապետ եւ իր աշակերտներ Գարեգին եւ Հրաչեայ Շուշիէն հեռանալով ճամբայ ելան դէպի Վաղարշապատ:
Էջմիածին հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ ներկայացաւ Մատթէոս Ա. կաթողիկոսին: Կաթողիկոսը շարք մը պատճառներ թուելով ետ առաւ հանգանակութեան կոնդակը:
Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ Էջմիածինէն անցան Երեւան եւ հոնկէ ալ Օրտուպատ եւ Ագուլիս:
Ագուլիս շէն ու բարգաւաճ վաճառաշահ քաղաք էր: Ագուլեցիք բարեկեցիկ էին եւ լուսաւորեալ ու զարգացած հաւաքականութիւն կը նկատուէին: Անոնք ջերմ համակրանքով ընդունեցին Մկրտիչ վարդապետը եւ օժանդակութիւն տրամադրեցին անոր:
***
Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ Ագուլիսէն անցան Արաքս գետը եւ պարսկական սահմանը մտնելով ուղղուեցան դէպի Թաւրիզ, ուր հասան 1861-ի մայիսի սկիզբը:
Ատրպատականի առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Վեհապետեան սիրալիր ընդունելութիւն ցոյց տուաւ ուղեւորներուն եւ առաջնորդարանի մէկ սենեակը յատկացուց անոնց:
Թաւրիզի Սուրբ Աստուածածին մայր եկեղեցւոյ
հովիւ Յովսէփ աւագ քահանայ Տէր Յովսէփեան հոգեւին կապուեցաւ Մկրտիչ վարդապետին եւ ամէն աջակցութիւն ցուցաբերեց անոր: Վարդապետին շուրջ խմբուեցան ուսումնատենչ երիտասարդներ, որոնք հմայուեցան անոր հայրենաշունչ քարոզներէն: Վաճառականներ, հարուստներ եւ հեղինակաւոր դէմքեր` Սիմոն Թումանեան, Ծատուր խան Սէթխանեան, Արզուման Նազարբէկեան, Ասրի Միքայէլեան, Աբրահամ Վարդանեան, Սարգիս Տէր Օհանեան, Մատթէոս Նազարեան, Խաչատուր Տէր Զաքարեան, Գէորգ Աֆթանդիլեան եւ Գրիգոր Եղիազարեան հանգանակութիւն կազմակերպեցին եւ մեծագումար օժանդակութիւն տրամադրեցին ի նպաստ ժառանգաւորաց վարժարանին եւ «Արծուի Վասպուրական»-ի:
Իր կարգին Թաւրիզ բնակութիւն հաստատած արցախցի առեւտրական գործակատար Յովհաննէս Շըխեանց ստանձնեց «Արծուի Վասպուրական»-ի Թաւրիզի գործակալութիւնը: Իսկ Աւագ Աֆթանդիլեան ստանձնեց թերթին համար բաժանորդներ ապահովելու պարտականութիւնը:
Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ 4 յունիս 1861-ին Թաւրիզէն ճամբայ ելան դէպի Սալմաստ: Բազմաթիւ թաւրիզեցի հայեր ձիերու վրայ հեծած մինչեւ Աջի գետի ափը ուղեկից եղան անոնց եւ ողջերթ մաղթեցին: Երեք օրուան ճանապարհորդութենէ եւ Մարանդէն ու Խոյէն անցնելէ ետք անոնք հասան Սալմաստ:
Սալմաստ հասնելէն ետք անոնք ուղղուեցան Փայաջուկ եւ Մելիք Միրզա Մելիք Յակոբեաններուն` Րաֆֆիենց տունը իջեւանեցան:
Փայաջուկէն Մկրտիչ վարդապետ 10 յունիս 1861 թուակիր նամակ մը ուղարկեց Թաւրիզ` Աւագ Աֆթանդիլեանին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոր եւ աղաչելով այլեւս զիրար չմոռնալ:
Մկրտիչ վարդապետ Սալմաստի հայկական գիւղերը շրջեցաւ եւ յորդորեց գիւղացիներուն կապուած մնալ իրենց հողին ու ջուրին եւ զարկ տալ նորահաս սերունդի կրթութեան:
Սալմաստի հայ գիւղացիները իրենց կարելիութեան սահմանին մէջ օժանդակութիւն տրամադրեցին Մկրտիչ վարդապետին:
Մկրտիչ վարդապետին խնդրանքով Րաֆֆի ստանձնեց Պարսկաստանի մէջ «Արծուի Վասպուրականի»-ի գործակալութիւնը:
Րաֆֆիենց տան նահապետական հիւրասիրութիւնը վայելելէ ետք Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ 24 յունիս 1861-ին ճամբայ ելան դէպի Վան:
Թրքական սահմանը անցնելէ ետք անոնք ուխտաւորաբար այցելեցին Աղբակի Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալի վանքը, յետոյ անցան Անձեւացեաց գաւառ, ուր այցելեցին Հոգւոց վանքը եւ ճամբան շարունակելով հասան Վարագայ վանք:
***
Վարագայ վանք հասնելէն ետք Մկրտիչ վարդապետ, Գարեգին եւ Հրաչեայ խանդաղատանքով դիմաւորուեցան: Միաբաններ, աշակերտներ, մշակներ ու հօտաղներ հաւաքուեցան: Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին Մկրտիչ վարդապետ պատմեց եւ տեղեկութիւններ տուաւ անոնց իրենց ուղեւորութեան մասին: Իր կարգին վանահայրը ծանօթացաւ վանքի անցուդարձերուն եւ նորութիւններուն:
Յաջորդ առաւօտուն Մկրտիչ վարդապետ Վան գնաց եւ առաջնորդ Իգնատիոս եպիսկոպոսին ներկայանալով Կրօնական եւ Քաղաքական խառն ժողովներուն առջեւ զեկուցում տուաւ
իր շրջագայութեանց եւ հանգանակուած գումարներուն մասին:
Մկրտիչ վարդապետի բացակայութեան ժամանակ անոր հակառակորդները կրկին անգամ դիմած էին Պոլիս` պատրիարքարան, որպէսզի ան հեռացուի Վարագայ վանքին վանահայրութենէն: Սակայն պատրիարքարանը յանդիմանական գրութեամբ մը ոչ միայն մերժած էր այդ առաջարկը, այլեւ յորդորած էր վարդապետին հակառակորդները հեռու մնալու ազգադաւ ձեռնարկներէ եւ եղբայրաբար, սիրով գործելու վասն հայրենեաց:
Վարագայ վանք վերադառնալէն ետք Մկրտիչ վարդապետ 1861 յուլիսին լոյս ընծայեց «Արծուի Վասպուրական»-ի չորրորդ հատորի առաջին թիւը: «Ծանուցումն առ ընթերցողս» խորագրեալ խմբագրականով եւ «Խորհրդածութիւն Վասպուրական Արծուոյն իւր ճանապարհորդութեան մէջը» յօդուածով ան արձանագրած է ճանապարհորդական իր տպաւորութիւնները:
«Բոլոր Հայկազունք, դարձուցէք այժմ աչքերնիդ Այրարատայ վերայ եւ կը տեսնաք զինքն տխուր եւ սգաւոր բնաւին զրկուած նախնի փառքերէն», կը գրէ Մկրտիչ վարդապետ եւ կ՛աւելցնէ. «Էջմիածնայ գահը ընդհանուր Հայկազանց եկեղեցական մարմնոյն աչք ու ճրագն է. որչափ այս ճրագին նշոյլներ առատ եւ հարուստ լոյսեր ցոլացնեն շրջասփիւռ Հայոց` այն չափ կը լուսաւորուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տաճարը: Էջմիածին լուսաւորչական եկեղեցւոյ կամարին արիւն է. իւր ճառագայթները Այրարատայ կեդրոնէն բաշխելով պիտի տարածէ ու լուսաւորէ ողջ Հայոց տունը»: Մկրտիչ վարդապետ կ՛եզրափակէր ըսելով. «Եթէ կը սիրէք ազգային յառաջդիմութիւնը, յառա՛ջ մատիք ու լծուեցէք եկեղեցական աշխարհական ի միասին. կ՛տեսնաք ձեր աչքով ու փորձով, թէ ի՛նչպէս խոր կ՛վարէ եւ յառաջ կ՛երթայ մեր վեհ Հայրապետին սրբազան արօրը»:
Իր կարգին Գարեգին Սրուանձտեանց, «Տեսարան հայրենի աշխարհաց» բաժինով կը ներկայացնէր Երեւան քաղաքը: «Գեղեցիկ է սորա դիրքը բլրաձեւ դարի վերայ շինուած` երեսը դէպի հարաւն ինկած. Այրարատ դաշտը իւր բազմաթիւ ու ծառազարդ գեղերով տարածուած է քաղաքիս յանդիման. մէկ աչքով Մասիսը` մէկ աչքով Արագած Հայրենի հին հսկայաբերձ լեռները կ՛դիտէ եւ ՛իմիոց Վաղարշապատու արքայական աւերակներն ու Էջմիածնայ սրբազան կաթուղիկէները»: Ան կ՛եզրափակէր ըսելով. «Երեւանցի ազգայինք, ձեր աչքը ձեր աչք շահ լուսաւոր պէտք է լինի. վասնզի շատ վսեմ առարկաներ ունիք տեսնալու ձեր առաջ. Մասիսին գագաթը, Արագածին ճակատը, Արմաւրայ, Դունայ, Արտաշատայ, Երուանդակերտին, Վաղարշապատու աւերակաց յիշատակը, Երասխին յատակը. այս ամէն տեղերը ձեր աչաց առարկայ են. եւ ձեր պարտք է այս` սոցա տակը թաղեալ Հայրենի պարծանաց յիշատակներ ի լոյս հանել, առ որ անձկալի եւ յուսալի աչօք կ՛սպասեն ամենայն Հայք»: