Լիբանանի կառավարազուրկ իրավիճակը կը թուի, որ երկիրը ընդհանուր անդամալուծման չէ առաջնորդած: Ընթացիկ հարցերու կառավարումը շարունակող նախարարներու խումբը նման կարգավիճակի մէջ թէկուզ սահմանափակ իրաւասութիւններով կը շարունակեն գործադիր իշխանութեան ընթացիկ գործունէութիւնը:
Աշխուժութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանը, որ օրինագիծեր որդեգրելով անցում կատարեց նաեւ տնտեսութեան բարելաւման միտող օրակարգերու քննարկումին: Մինչ հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համար Նիւ եորք կատարած իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ միջնախագահական հանդիպումներու կը ձեռնարկէ` տարբեր պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարներ առաջադրելով:
Պետական-քաղաքական կեանքի այս բնականոն հունը անպայման պէտք է ընթանայ նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեամբ: Այդ առումով ալ լաւատեսական հովեր կը փչեն տարածաշրջանէն եւ միջազգային կեդրոններէն դէպի Պէյրութ` հանգուցալուծումներու նոր շարժառիթներ ուրուագծելով լիբանանեան երկնակամարին վրայ:
Կառավարութեան կազմութեան արգելակումի արտաքին հիմնական հանգոյցներէն կը նկատուէր Միջազգային դատական ատեանի այս օրերուն կայանալիք վճիռը, որուն ընկալման այնքան հսկայական չափերով հակոտնեայ դիրքորոշումներ կան լիբանանեան գլխաւոր համայնքային ուժերու կողմէ: Վճիռի հրապարակման ժամկէտի յետաձգման առընթեր լարուածութեան մեղմացման կանխատեսումները կը նախանշեն կառավարութեան կազմութեան հաւանականութեան բարձրացումը:
Արտաքին երկրորդ տեսական արգելք կը նկատուէր նաեւ Իտլիպի ճակատագիրի որոշումը: Յատկապէս ռուս-թրքական համաձայնութիւնը, որ փաստօրէն չեղեալ նկատեց Իտլիպի ուղղութեամբ ռուսական զինուորական յարձակումը, կանգառային իրավիճակ ստեղծեց ո՛չ միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանին եւ այս պարագային ներառեալ Լիբանանին համար: Այնտեղ ներգրաւուած են պետութիւններ, որոնք անմիջական հովանաւորչութիւն ունին լիբանանեան քաղաքական տարբեր կողմերու վրայ: Անոնք իրենց հերթին գլխաւոր բաղադրիչներն են Լիբանանի նոր նշանակուելիք կառավարութեան:
Քաղաքականօրէն կարելի չէ անշուշտ արձանագրել, որ միջազգային եւ շրջանային հանգամանքները ամբողջովին արգելակման առումով վերացած են: Յարափոփոխութիւնը վերահանգուցաւորումներու կամ հանգուցալուծումներու այնքան արագ կշռութաւորուած է, որ իրադրութիւնները մէկ օրէն միւսը կրնան հուն փոխել:
Յամենայն դէպս, կառավարութեան կազմութեան առկախումը միայն արտաքին հանգամանքներուն վերագրելը ճիշդ պիտի չըլլար քաղաքականօրէն: Չափաբաժիններու ապահովման առեւտուրը առկայ է, եւ փակուղիէն ելք գտնելու համար հրապարակ կը նետուին կառավարութեան կազմի դիմափոխման առաջարկներ. չէզոք դահլիճէն մինչեւ արտակարգ պայմաններու սեղմ կառավարութեան ձեւաչափի առաջարկը` կ՛արծարծուին: Կառավարութեան կազմութեան չափանիշերու շուրջ ընդհանուր համաձայնութեան գալու անհրաժեշտ պայմանները:
Կառավարութիւն կազմելու հրամայականը անյետաձգելի է:
«Ա.»