Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17285

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ –Դ. –Լուսանցքայնացուած Աւանդներ, Իրագործումներ

$
0
0

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ իրագործուած են այնպիսի քայլեր, որոնք անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն բիւրեղացած արժէքներուն մարմնաւորման ենթահողը կը կազմէին եւ, սակայն, միջազգային քաղաքական մրցակցութիւններու եւ խաղերու պատճառով, լուսանցքայնացուած են, մինչեւ իսկ մենք` այդ արժէքներուն տէրերս, որոշ կասկածով կամ անվստահութեամբ մօտեցած ենք անոնց կամ կը դիտենք զանոնք` ընդհանրապէս տարուելով նոյնինքն այլոց հաշիւներէն բխող քարոզչութիւններէ եւ «խրատներու» ներշնչումէն:

Ազատ, անկախ եւ ՄԻԱՑԵԱԼ Հայաստանի տեսլականին հետապնդման ամէնէն շօշափելի հիմնաքարերէն մէկն է Սեւրի դաշնագիրը, որ ոչ միայն վկայութիւնն է մեզմէ խլուած պատմական հողերուն հայութեան պատկանելիութեան, այլ ամուր ենթահող է, պէ՛տք է ծառայէ մեր իրաւունքներուն հետապնդման քայլերուն: Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան վերջին ամիսներուն ստորագրուած այդ դաշնագիրը ահագին մելան հոսեցուցած է անոր վաւերացուած-անվաւեր ըլլալուն քաղաքական-դիւանագիտական մեկնաբանութիւններուն պատճառով, մեզի թելադրուած է չկառչիլ անոր, մինչդեռ անիկա սեւով ճերմակի վրայ կը վաւերագրէ Հայաստանի ու հայութեան անվիճելի իրաւունքները, օրին ընդունուած ու ստորագրուած` նա՛եւ Թուրքիոյ կողմէ, վայելած է համամտութիւնը Ա. Աշխարհամարտի հաշուեփակը կատարողներուն: Հետեւաբար պէտք է վերատեսութեան ենթարկել այն վարկածը, եւ` անցեալ տասնամեակներուն յանկերգի վերածուած այն տեսութիւնը, ըստ որուն, Լոզանի դաշնագիրը եկաւ թաղելու Սեւրն ու մեր Դատը: Սեւրը կը թաղուի այն օրը, երբ մենք դադրինք անոր վաւերականութիւնը ճանչնալէ եւ հրաժարինք զայն հետապնդելէ:

Սեւրի 1920-ի դաշնագիրը եթէ ամէնէն ամուր յենարանն է 1918-ի Հայաստանէն ժառանգ մնացած քաղաքական տեսլականին, անոր հետեւող տարիներուն, մեր ու մեզի հետ գործ ունեցողներուն պատմութիւնը արձանագրած է ոչ նուազ շօշափելի իրագործումներ, որոնք, ինչպէս նշեցինք, աւելի՛ լուսանցքայնացուած են Սեւրին համեմատելով: Ճիշդ է, որ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով, հայկական անկախ պետականութեան ներկայացուցիչները պաշտօնական ենթահողէ զրկուեցան, սակայն թէ՛ Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` Աւետիս Ահարոնեանի գլխաւորութեամբ, եւ թէ՛ Ազգային պատուիրակութիւնը` Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորութեամբ, տարիներ շարունակ քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանք տարին` մերթ առանձնաբար, յաճախ գործակցաբար եւ ճիգերու համադրումով: Անոնց հետ բանակցողները ծանօթ էին անոնց ներկայացուցչական հանգամանքին, զանոնք խօսակից ճանչցած էին իբրեւ արդար իրաւունքներ ունեցող ժողովուրդի մը ու (հոգ չէ թէ` բռնի կերպով տապալած) պետութեան մը ներկայացուցիչները… Այսօր իմաստ չունի մտնել երկու պատուիրակութեանց լիարժէք գործակցութիւնը խոչընդոտող հայկական ու արտաքին ազդակներու ոլորապտոյտին մէջ, որովհետեւ նման փորձէ դրական արդիւնք չի բխիր, այլ քննարկողը կը դնէ ուշացած դատաւորի կօշիկին մէջ: Ինչ որ ուսանելի եւ օգտագործելի է, այն է, որ այդ տարիներուն, գոյացած են ստուար թղթածրարներ, որոնք ապացոյց են հոսանքն ի վեր թիավարելու հայութեան ներկայացուցիչներու կամքին:

Ակնարկուած թղթածրարները կազմուած են անհատ պետութեանց, Ա. Աշխարհամարտի օրերուն մեզի դաշնակից երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեանց ու գործակցութեանց ճամբով. մինչեւ իսկ խորհրդային կայսրութեան ներկայացուցիչները մասնակից եղած են այդ աշխատանքներուն` անկախ անկէ, թէ ի՛նչ դերակատարութիւն ունեցած են, եւ` ինչպիսի՛ հաշիւներով: Այդ աշխատանքները ընդգրկած են նաեւ ՄԱԿ-ը կանխած Ազգերու լիկան, այդ ծիրին մէջ հայութեան ներկայացուցիչները վայելած են գործակցութիւնը տարբեր ազգութիւններէ միջազգային ճանաչում ունեցող ազդեցիկ դէմքերու: Այդ բանակցութիւններուն ու «սակարկութիւններուն» անյաջող ելքը պատճառ չէ ըսելու, որ այդ աշխատանքը մեզ բոլորովին կը զրկէ իրաւունքի փաստէն` պարզ այն նկատառումով, որ մեր ներկայացուցիչները բանակցող կողմեր գտած են, դուռերը միանգամընդմիշտ չեն փակուած անոնց առջեւ:

Խօսինք քանի մը օրինակով, յուշագրական այնպիսի հատորներու հիմամբ, որոնցմէ մէկն է Վահան Փափազեանի` Կոմսի յուշագրութիւնը (մասնաւորաբար Գ. հատորը), եւ` ոչ միայն այդ: Մեր իրաւունքներուն փաստարկումին նպաստող տարրեր են, օրինակի համար, «Նանսենի անձնագիր»-ի գաղափարին իրականացումը, Արեւմտեան Հայաստանի կամ Կիլիկիոյ մէջ «Հայկական օճախ»-ի մը ստեղծման գաղափարն ու անոր տարազաւորման փորձերը, իսկ անոնցմէ առաջ` ցեղասպան իշխանութեան պատասխանատուներուն դէմ նոյնինքն Դաշնակիցներուն կողմէ յարուցուած դատական հարցերն ու անոնց ընծայած փաստարկումները: Եւ մենք իրաւունք չունինք, 100-ամեակէն անդին` նոր թափ ստանալու կոչուած, մեր աշխատանքներուն մէջ նսեմացնելու նման պատմական քայլերու արժէքը, այլ անհրաժեշտ է զանոնք ներառել մեր թղթածրարներուն վերանորոգման գործին մէջ: Պէտք չէ մոռնալ մանաւանդ, որ այդ աշխատանքներուն ուղղակի շարունակութիւնը եղան Ցեղասպանութեան 50-ամեակին ու յաջորդող տարիներուն` քաղաքական-դիւանագիտական բեմին վրայ Հայ դատի աշխատանքներու վերաշխուժացումն ու նոր արահետներու բացումը, ընդարձակումը` մէկ կողմէ անհատ պետութեանց ուղղութեամբ ու միւս կողմէ` ՄԱԿ-ի ծանօթ յանձնախումբերու ոլորտին մէջ, Ցեղասպանութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ այլ արժէքներու քննարկման ճամբով: Այդ աշխատանքներուն հետեւած` ուժական պայքարի տարիներն անգամ իբրեւ ուղեցոյց ունէին անկախ հանրապետութեան ժառանգութեան տիրութեան կամքը, ալ ի՜նչ խօսք, որ անոնք նաեւ եղան Արցախի ազատագրական պայքարի ներշնչարանն ու գերագոյն զոհաբերութեանց ճամբով բերին նոր նուաճումներ` հայրենի հողերուն վերատիրացման իրականութիւնը…

Համայնավարութեան տարիներուն Հայաստանի պետական իշխանութիւնները զուրկ էին նման հետապնդումներու կարելիութիւններէն, հազուադէպ բացառութիւններէն մէկն էր Կարս-Արտահանի հարցին արծարծումը: Այլապէս, «պաշտօնական» Հայաստանը, ենթարկուելով Մոսկուայի կամքին, Թուրքիայէն հողային պահանջներու հարցը երկար ատեն մէկդի դրած էր, նմանապէս` Նախիջեւանի ու Արցախի վերադարձի պահանջը: Սակայն 60-ական տարիները բերին փայլատակումներ, երբ Երեւանի մէջ բարձրացան «Մեր հողերը» կանչերը, հետեւեցան Սարդարապատի եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձաններուն կանգնումը: Այդ ու նմանօրինակ քայլեր հաւատարմութիւն էին անդրանիկ հանրապետութեան ժառանգութեան. այսօրուան Հայաստանն ու անոր զաւակները, ըլլան հայրենի հողին վրայ թէ արտերկրի տարածքին, աւելի լայն հնարաւորութիւն ունին արտայայտելու նոյն հաւատարմութիւնը, աւելի յառաջ անցնող քայլերու ձգտելու: Մեր քաղաքական մտածողութեան մէջ առանց շուքի պէտք է վերականգնի ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ու ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈՂ ՈՒՆԻՆՔ կամքը, հոգ չէ թէ քաղաքական-դիւանագիտական աշխարհը կրնայ այլ բան թելադրել: Նման կամքի ամրագրում պէտք է իր տեղը ունենայ ՊԵՏԱԿԱՆ ոլորտին մէջ` անկախ անկէ, թէ ո՛վ է իշխանութեան գլխուն կանգնողը:

Եթէ անկախ հանրապետութեան տարիներէն մեզի հասած են պատգամներ ու իրագործումներու նախաքայլեր, պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ խորհրդային տարիներէն ալ մեզի աւանդ մնացած են ոչ նուազ արժէքով իրագործումներ: Ճիշդ է, որ այդ տարիները ունին մութ ու դառն երանգներ` արձանագրուած են ապազգայնացման ազդեցութիւններ, հսկայ վէրք մը մնացած է 30-ական տարիներէն` ստալինեան հալածանքներուն եւ բռնադատութիւններուն պատճառով, սակայն վերանկախացած Հայաստանը բոլորովին զուրկ չէ այդ տարիներուն ստեղծուած յենարաններէն, որոնք, խորքին մէջ, կամայ թէ ակամայ, շարունակութիւնն են եղած 1918-ի Հայաստանին: Համայնավարներուն դրժումը` անդրանիկ ու դաշնակցական հանրապետութեան նուաճումներուն, այսօր փաստուած է իբրեւ սնանկ, որովհետեւ այդ Հայաստանը, Սարդարապատով եւ այլ ստորոգելիներով, միայն Դաշնակցութեան չէր պատկաներ, այլ պարզապէս առաջնորդուած էր օրուան գլխաւոր ուժին` Դաշնակցութեան կողմէ: Հայրենաշինութիւնը, մշակութային զարգացումը (հոգ չէ թէ` որոշ գունաւորումով), ֆիզիքական ապահովութեան ենթահողի ամրացումն ու այլ իրագործումներ պէտք չէ ամբողջականօրէն քողարկուին այդ տարիներու` Հայաստան-սփիւռք խզումի եւ հակադրութեան հրահրումի բազմահանգրուան դժբախտութիւններուն պատճառով. այլ խօսքով, եթէ այսօր ունինք անկախ պետութիւն, որ կը վայելէ ամուր յենարաններ, պէտք է ընդունիլ, որ 1918-ի հանրապետութեան ի չգոյէ իրագործումներուն յաջորդեցին այլ դրական զարգացումներ. հետեւաբար պէտք է հրաժարիլ այն սխալ ենթադրութենէն, որ 1991-ի Հայաստանը կամ իրերայաջորդ իշխանութիւնները «անիւի գիւտը» նոր-նոր կատարած են ու կը կատարեն:

Մէկ խօսքով, պէտք չէ անտեսել կամ մսխումի տանիլ պատմական իրագործումները, որոնք տեղի ունեցած են հանրապետութեան ծնունդի տարիներուն, յաջորդ տասնամեակներուն ու կը շարունակուին այսօր, այլ քաղաքական-դիւանագիտական, տնտեսական, մշակութային եւ կարելի բոլոր այլ ոլորտներուն մէջ պէտք է ունենալ նախորդին վրայ նոր քարեր բարձրացնելու մօտեցումը, մա՛նաւանդ խուսափիլ ներքին երկփեղկումներու խորացման փորձութենէն, ինչպիսի արդար տրամադրութիւններով ալ որ կատարուին անոնք: Դարաւոր աւանդներու մսխումը ընդունելի չէ, այլ քաղաքական պարտամուրհակներու լիարժէք տիրութիւնը աւելի քան հրամայական է այսօրուան ու վաղուան Հայաստանին համար:

3-18 սեպտեմբեր 2018

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17285

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>