![Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան](http://i2.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/0206silent-USC.jpg?resize=600%2C338)
Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարան
Հինգշաբթի, փետրուար 4-ին, հայ ուսանողական միութիւններու համախմբումը հանդիսացող Համահայկական ուսանողական միութիւնը (All-ASA), Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ բողոքի լուռ ցոյցեր կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու շարք մը համալսարաններուն մէջ` համագործակցութեամբ ՀԵԴ-ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկայի մարմիններուն, ՀՅԴ «Շանթ» ուսանողական միութեան, ինչպէս նաեւ «Ալֆա Կամա Ալֆա» եւ «Ալֆա Էփսիլոն Օմեկա» ուսանողական ընկերակցութիւններուն:
![Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/0206silent-UCLA.jpg?resize=600%2C354)
Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղ
«Ուրացման արատ» ընդհանուր խորագիրին տակ ցոյցերը գրաւեցին համալսարաններու ուսանողներուն ուշադրութիւնը` միաժամանակ լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, դատապարտելով Թուրքիոյ կողմէ յառաջ մղուող ուրացման արշաւը եւ այդ արշաւին մէջ Միացեալ Նահանգներու մեղսակցութիւնը:
![Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ](http://i1.wp.com/www.aztagdaily.com/wp-content/uploads/2016/02/0206silent-CSUN.jpg?resize=600%2C371)
Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
«Ուրացման արատ» ցոյցերուն մասնակցած են հետեւեալ համալսարանները. Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Նորթրիճի մասնաճիւղերը, Քլերմոնթի քոլեճները, Կլենտէյլի համայնքային քոլեճը, Լոս Անճելըս Հովիտի քոլեճը, «Լոյոլա Մերիմաունթ»-ը, «Օքսիտենթըլ»-ը, Փասատինայի քաղաքային քոլեճը, «Քալ Փոլի Փոմոնա»-ն, Սանթա Մոնիքայի համալսարանը, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի, Ըրվայնի, Սանթա Պարպարայի, Սան Տիէկոյի, Ռիվըրսայտի եւ Սանթա Քրուզի մասնաճիւղերը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանը:
Այս տարի Քալիֆորնիայէն դուրս գտնուող համալսարաններու մէջ եւս նման ցոյցեր կայացան` նախաձեռնութեամբ «Նորթիսթըրն», «Թաֆթս» եւ «Կրենտ Վելի» համալսարաններու հայ ուսանողներուն: