Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Տեառնընդառաջը` Նորապսակներու Եւ Համընդհանուր Օրհնութեան Տօն

$
0
0

IMG-20160207-WA0004f

Պատրաստեց` Այնճարի Հոգեւոր Հովիւ`
ՄԻՒՌՈՆ ՔՀՆՅ. ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ

Քառասնօրեայ Քրիստոսի Երուսաղէմի տաճար երթալուն եւ Աստուծոյ ընծայման տօնն է, երբ Սիմէոն ծերունին եւ Աննա մարգարէուհին ընդառաջ ելան իրենց Աստուծոյն` մանուկ Յիսուս Քրիստոսի: Աւետարանիչներէն միայն Ղուկաս արձանագրած է յատկանշելի սոյն իրադարձութիւնը. «Երբ Մովսէսի հաստատած օրէնքին համաձայն, անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է. «Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է». Ինչպէս նաեւ, Տիրոջ Օրէնքին համաձայն, զոհ մատուցելու «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ» (Ղկ. 2.22-24): Տաճարին մէջ, Սիմէոնի գրկին մէջ գգուելէ ետք, փառաբանեց զԱստուած` ըսելով. «Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ, ձգէ՛, որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս` հեթանոսները լուսաւորելու եւ քու ժողովուրդիդ` Իսրայէլի փառք ըլլալու» (Ղկ. 2.29-32):

Այս տօնը իր հոգեւոր խորհուրդով պայմանաւորուած է դէպի Տիրոջ երթալու, վայելելու անոր սէրն ու ողորմութիւնը եւ ապրելու անոր պատուիրաններով: Տեառնընդառաջի տօնը սերտօրէն կապուած ու հիմնաւորուած է յիշուած դէպքով:

Հայ եկեղեցւոյ Տէրունի տօներէն է, կը կատարուի Քրիստոսի սուրբ ծննդեան եւ աստուածայայտնութեան տօնէն քառասուն օր ետք, ամէն տարի փետրուարի 14-ին, իբրեւ անշարժ տօն: Փետրուարի 13-ի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը կատարուի նախատօնակ, ընթացքին` անդաստան, ներկայ հաւատացեալներուն կը բաժնուին մոմեր, իսկ հանդիսապետող հոգեւորականը կը վառէ ատեանին մէջ սեղանին վրայ զետեղուած մոմերը, որոնցմէ ժողովուրդը կը վառէ իրեն մոմերը իմաստուն կոյսերու վառուող լապտերներու օրինակով եւ իրեն հետ կը տանի տուն:

Արարողութեան աւարտին, հնաւանդ սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ բակին մէջ խարոյկ կը վառուի: Այս մասին քրիստոնէական օրէնք եւ կարգ գոյութիւն չունի: Հեթանոսները Աստուծոյ փառքը կրակին կը մատուցէին, իսկ քրիստոնեաներս մոմերը վառելով` կը ծառայեցնենք զանոնք Աստուծոյ եւ կը բացայայտենք անոնց ծառայ ըլլալը Քրիստոսի:

Տեառնընդառաջը ժողովրդային լեզուով կոչուած է նաեւ «Տէրընտես» կամ «Տըրընդէզ»: Իսկ բառացի իմաստով կը նշանակէ ելլել դէպի Տիրոջ առջեւ կամ Տէրը դիմաւորել:

Հայ հեթանոսները «Տէրընտես» կը կոչէին տօնը, որովհետեւ կը հաւատային, որ երբ հանդիսաւորապէս պաշտամունք կը մատուցէին կրակի աստուծոյն` Միհրին, դպրութեան աստուած` Տիրը նոյն օրը կ’արձանագրէր իրենց բարի եւ չար գործերը: Ուստի, անոնք այս հանդէսը կատարելով` յոյսը կ’ունենային, որ Տիրը արդար ճշգրտօրէն արձանագրէ իրենց գործերը: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հեթանոսական տօները քրիստոնէականի փոխելով` Տիրի հանդէսը կոչեց Տեառնընդառաջ:

Աւանդութեան համաձայն, այս տօնին նորապսակ փեսաները քահանային կողմէ կը հրաւիրուէին եկեղեցի, անոնք ատեանին մէջ կանգնելով` կը մասնակցէին ժամերգութեան, իրենց ձեռքերուն մէջ վառած մեղրամոմերով: Խարոյկը իրենք կը պատրաստէին, կը վառէին, եկեղեցւոյ թափօրին հետ երեք անգամ շուրջը կը դառնային` երգելով ու պարելով, ապա հարսերուն հետ երեք անգամ կը ցատկէին վրայէն: Նախապէս նորապսակ փեսաները իրաւունք չունէին հարսին ծնողները տեսնելու, մինչեւ Տեառնընդառաջի տօնին, խարոյկին վրայէն ցատկելը, վերացնելով այցելութիւն կատարելու պարտադիր արգելքը: Ինչպէս նաեւ նորահարսերը նուէրներ կը ստանային իրենց ամուսիններէն: Այս կատարումը կը կոչուէր «խզեսցուք զկապանս», այսինքն` փրկել փեսան կապանքէ, ազատութիւն շնորհելով անոր աներոջ տունը երթալու: Այս պատճառներով տօնը մեծապէս կը վերաբերի նոր ամուսնացած զոյգերուն:

Հաւատացեալներ նաեւ կը ցատկէին խարոյկին վրայէն` թօթուելով իրենց հագուստներուն փոշիները, որպէս նշանակ իրենց բոլոր ցաւերուն ու տառապանքներուն այրելը կրակին մէջ: Ցատկելու ընթացքին կ’արտասանէին նշանաւոր խօսքեր, ինչպէս` «Տէրընտես, մարդ ինծի տաս, ես խնդամ…, դուն լաս», «Երթամ ընեմ բարութիւն, հոգիս երթայ արքայութիւն»…

Խարոյկի ծուխին ուղղութեամբ կ’որոշէին, թէ որ կողմի դաշտերը բերրի պիտի ըլլային: Կը հաւատային, թէ կը պատճառէ եղանակի բարեխառնութիւն եւ հունձքի առատութիւն: Անոր մոխիրը կը ցանէին արտերու եւ ագարակներու մէջ` որպէս նշան օրհնութեան եւ արգասաբերութեան:

Տեառնընդառաջի սեղանը կը զարդարուէր շարք մը  կերակրատեսակներով, որոնցմէ են` դդումի կորիզը, նաբաթը, սիսեռը…

Տեառնընդառաջի տօնին Քրիստոսի օրինակով ծնողներ իրենց զաւակները եկեղեցի կը բերէին Տիրոջ ընծայաբերելու: Ապա կ’այցելէին ազգականներուն, որոնք փոքրիկներուն աչքը համբուրելով` նուէրներ կու տային եւ կը շնորհաւորէին ծնողները այս տօնին առիթով:

Ամուր կառչած մնանք հայրենաւանդ մեր ազգային եւ քրիստոնէական տօներուն, որոնք մեր ամուր խարիսխներն են ժամանակներու փոթորիկներուն դիմաց:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17097

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>