ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մեր իրականութեան եւ միջավայրին մէջ յաճախ կը խօսինք հայ ուսանողութեան դերակատարութեան եւ այդ ուսանողութենէն մեր ակնկալիքներուն եւ սպասումներուն մասին: Երբեմն նաեւ հաւաքականութիւններ իրենց արժեւորումներուն եւ պահանջներուն մէջ կը դառնան իտէալական եւ չբաւարարուող, որովհետեւ ամէն նորարարութիւն, բարեփոխում եւ կառուցողական մօտեցում մի՛շտ ալ նախ եւ առաջ կ՛ակնկալեն ուսանողութենէն` մոռնալով շատ յաճախ այս իմաստով նաեւ իրենց վերապահուած դերակատարութիւնը նոյն այդ ուսանողութեան նկատմամբ: Այս բոլորը պէտք է նկատել բնական, որովհետեւ ուսանողութիւնը մի՛շտ ալ ջահակիրը դարձած է հաւաքականութեան մը ընկերային, գաղափարական եւ մշակութային կեանքի թարմացման ու յառաջընթացին:
Շատ աւելին կը սպասուի բնականաբար քաղաքական, յեղափոխական եւ գաղափարական մեծ աւանդ ունեցող կուսակցութեան մը ուսանողական կառոյցէն, միաւորէն եւ միութենէն: Այստեղ ակնկալութիւնները կը բազմապատկուին, սպասելիքները կը դառնան բաւականին պատկառելի եւ ուսանողութեան դերն ու նշանակութիւնը կը դառնան աւելի շեշտադրուած: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ուսանողութեան դերն ու նշանակութիւնը ընկալած եւ իւրացուցած է շատոնց` իր հիմնադրութեան օրերէն: Փաստօրէն, կուսակցութեան ծնունդը նաեւ արգասիքն է հայոց պատմութեան այդ ժամանակահատուածի ուսանողական գաղափարական երկունքին` հայ կեանքին մէջ շարժում յառաջացնելու, հայութեան ճակատագիրը յեղաշրջելու անոր ցուցաբերած հաստատակամութեան:
Զաւարեան ուսանողական միութիւնը այս իմաստով արժանավայել եւ դաշնակցականավայել կերպով ստանձնած է իրեն վիճակուած առաքելութիւնը իր հիմնադրութեան օրերէն իսկ: Աւելի քան 110 տարիներու կենսափորձ նուաճած այս միութիւնը լիբանանահայ գաղութի եւ ընդհանրապէս հայութեան ապրած բոլոր դարձակէտային հանգրուաններուն ունեցած է իր վճռորոշ դերակատարութիւնը: Դաշնակցական գաղափարական հենքին վրայ հաստատօրէն կանգնած` փորձած է ինքզինք վերաթարմացնել, վերանորոգել`ամրօրէն կառչած իր արմատներուն եւ համահունչ կերպով քայլ պահելով ժամանակակից պահանջներուն ու պայմաններուն հետ: Լիբանանահայ գաղութի կազմաւորման հոլովոյթին մէջ ան դրած է իր իւրայատուկ կնիքն ու դրոշմը, ներարկած է նոր մթնոլորտ, ոգի եւ աւիւն, պայքարած է ամէն տեսակի տեղատուութեանց ու նահանջի մատնող երեւոյթներու դէմ, հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանումը դարձուցած է իր գործունէութեան հիմնական առանցք, պայքարած է այլասերման ամէն տեսակի ախտավարակ երեւոյթներու դէմ, խարազանած է այն բոլոր սովորամոլութիւնները, որոնք կը վնասեն հայ մարդու արժանապատուութեան, եւ աւելի՛ն, միշտ մնացած է պահանջատէր իր ղեկավարութենէն եւ երբեք չէ արտօնած, որ իր խօսքը անտեսուի: Այո՛, բնական է, որ կարգ մը պարագաներու իր կեցուածքներուն եւ հայեացքներուն մէջ դարձած է անհասկնալի, երբեմն դրսեւորած ծայրայեղութիւն, բայց ինքնաբերաբար շատ արագ կատարած է անցում, սրբագրած ինքզինք, այս մէկը դարձուցած լայն փորձառութիւն եւ շուտով վերագտած իր հարազատ հունը: Ան յաջողած է մնայուն կերպով նոր որակ ներարկել մեր կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ: Արդարօրէն ու անվախօրէն փոխանցած է պատգամներ, արդարօրէն ստեղծած է ապրող ու կենսաւորող նշանախօսքեր, քննադատած է բարձրաձայն, բայց մի՛շտ ալ պահած է դաշնակցական ուսանողի իր վսեմ պատկերը եւ նկարագիրը, յանձնառու մնացած իր խօսքին, անկեղծ ու անկաշառ եղած` իր համոզումներուն մէջ:
Անցնող շաբթուան ընթացքին քանի մը համեստ, բայց որակական նոր մտասեւեռումով ու ուսանողական խոյանքով նախաձեռնութիւններ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ բերին Զաւարեան ուսանողական միութեան անուրանալի դերն ու նշանակութիւնը, որոնց կ՛արժէ անդրադառնալ ոչ թէ գնահատանքի առումով միայն, այլ նաեւ այդ ստեղծագործ ճիգն ու ոգին խորացնելու, այդ մթնոլորտով համակելու աւելի մեծ թիւով ուսանողներ, զանոնք նաեւ նոյն նպատակներուն հաղորդակից դարձնելու եւ օգտաշատ գործին զինուորագրելու առումով:
ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական հիմունքներու վերարծարծման, ներկայ միջազգային ապագաղափարականացնող յորձանուտին մէջ ինքնավստահ պայքարի նոր թափով հանդէս գալու, գաղափարական քննարկման առողջ միջավայր ստեղծելու Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած կլոր սեղանը, այդ առիթով արդիական ու ժամանակակից արհեստագիտութեան կարելութիւններու լիիրաւ օգտագործումով մեր գաղափարական համոզումները, ըմբռնումները եւ հարուստ հանգանակը օտարներուն նաեւ հասանելի դարձնող տեսահոլովակի պատրաստութիւնը եւ այս բոլորին զուգահեռ զաւարեանականներու գրաւոր եւ բանաւոր մամուլով տուած բացատրութիւններն ու արժեւորումները արժանի են ուշադրութեան եւ գնահատանքի: Այս բոլորը ուսանողական նոր երկունքի մը նախանշանները կ՛ուրուագծեն գաղութին մէջ: Քանի մը օր ետք Zomtalks ծրագիրի սկիզբը, որուն ծանօթացանք ընկերային ցանցերու վրայ ուսանողական եւ ժամանակակից հարցերու ներկայացման եւ քննարկման օրինակելի հարթակ մը կը ստեղծէ անտարակոյս: Այս ծրագիրը վստահաբար պիտի նպաստէ նախ եւ առաջ իւրաքանչիւր մասնակից ուսանողի, որ իր մասնագիտութեամբ խորացնէ ու պայծառացնէ իր ընկերներու տուեալ մարզի գիտելիքները: Նիւթի պատրաստութեան եւ ներկայացման առիթով ան ձեռք պիտի բերէ փորձառութիւն եւ ինքնավստահութիւն` կիսելով իր մտածումները այլոց հետ` ընդարձակէ իր մտատեսադաշտն ու գիտութեան հորիզոնը: Աւելի՛ն` այս նիւթերու հայկականացումը եւ օրակարգի վերածումը օգտակար փորձ մըն է գաղութի մտաւորական երիտասարդ նոր ներուժի ստեղծման համար: Առաջին հանդիպումի ստեղծած խանդավառութիւնը կը պարտաւորեցնէ ԶՈՄ-ականները ապահովելու այս ծրագիրի շարունակականութիւնը:
Վարձքերնիդ կատար, բայց, այո՛, մի՛ զարմանաք, եթէ ձեզմէ մի՛շտ աւելին ակնկալուի…
Բարի երթ…