Quantcast
Channel: Յօդուածներ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Նոր Ժամանակներու Մեծ Քահանայապետը Լսողներ Պիտի Ունենա՞յ

$
0
0

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Չմոռնանք երբեք, որ իրաւ իշխանութիւնը
ծառայութիւնն է:
……….
Երբ ուտելիք մը կը թափեմ, կարծէք զայն
կը գողնամ աղքատի սեղանէն, անկէ, որ անօթի է:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊ

Մեծ քահանայապետը`  Ֆրանչիսկոս պապը:

pape-francois_0209Լսողները` բոլոր կրօններու հետեւորդները, նաեւ` քաղաքական մարդիկ, կուսակցութիւններ, դրամատէրեր, մտաւորականներ, համեստներ: Ես, դուն, ան, մենք: Պիոս ԺԱ. պապը խօսած էր դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին, բայց նոյնիսկ անոր դէմ պայքարողները (իրաւ կամ կեղծ) չէին լսած: Այս ութսուն տարեկան արտակարգ պապը, մեզի ծանօթ` իր քաջ վերաբերումով, Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման 100-ամեակին առիթով Հռոմի Ս. Պետրոս տաճարի կամարներուն տակ աշխարհին յիշեցուց, որ ժողովուրդ մը բնաջնջման ենթարկուած է իր բազմադարեան հայրենիքին մէջ եւ` զայն կորսնցուցած: Ըսած էր առանց մսկոտութեան եւ ճապկումի, զորս կուշտերը կը կոչեն դիւանագիտութիւն եւ կը լռեն:

Ան Պորճիաներու ժառանգ չէ, ոչ ալ` ժամանակակից դիրքապաշտ «մեծ»-երու: Երբ Պուէնոս Այրեսի ծիրանաւոր եպիսկոպոս էր, ժողովուրդի զաւակներուն պէս հանրակառքով կը տեղափոխուէր, այս կամ այն մակնիշով կառք չունէր, ո՛չ վարորդ, ո՛չ թիկնապահ: Երբ առանց կանխակալ եւ ստրուկի կարծիքի մեր շուրջը պտտցնենք մեր հայեացքը, պիտի տեսնենք, որ ժողովուրդի ծառայութեան կոչուածներ ճոխութեան մէջ կ’ապրին եւ զայն կը կողոպտեն, որ համատարած երեւոյթ է, փտախտ, որուն օտար բառը դարձած է միջազգային, կոռուպցիա (corruption): Եթէ հրաշքով կարելի ըլլար զուիցերիական դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներուն եւ անոնց տէրերուն ցանկը հրապարակել, մարդոց աչքի կապանքները կը վերցուէին, եւ երազ ժողովրդավարութիւն ու արդարութիւն կ’իրականանային:

Իր նոր գիրքին մէջ Հռոմի քահանայապետը կը խօսի կոռուպցիայի մասին, զոր կը դասէ մեղքերու շարքին, որ դարձած է համակարգ` կառավարման համակարգ, բացայայտ կամ ճապկումներով թաքնուած: Ըստ իրեն, կարեկցանքը (compassion) պէտք է որ կարենայ յաղթել անտարբերութեան համաշխարհայնացումը: Կ’ըսէ, որ ողորմածութիւնը (miséricorde) հաւատացեալին պորտաքարն է, որ կը նշանակէ բացուիլ դէպի միւսը: 20-րդ դարու իմաստասէր մը չէ՞ր ըսած, որ` «Ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է» (Ռընէ լը Սեն):

Ասկէ առաջ արտայայտուած եմ այս մեծհոգի քահանայապետի մասին:

Բառերը բաւարար չեն մարդը ճանչնալու եւ կացութիւնները ըմբռնելու, եթէ բացակայի օրինակի արժէքը: Բառը յաճախ կը խաբէ: Իրադարձութիւն մը մտածելու պէտք է մղէ ոչ միայն ընթերցողը, որ անպայման մեծերու շրջանակին մէջ չէ, այլ նաեւ` մեծերը, որոնք ժողովուրդը կը դարձնեն ասպանդակ ձիու թամբին վրայ նստելու համար: Դէպքին պատահմամբ հանդիպեցայ համացանցի եթերին մէջ: Լուսանկարներ եւ քանի մը տող:

Էսթեպլիշմընթ-նոմանքլաթուրան գերանցող գերիրապաշտ պատկերներ:

Pope-Francis_0209

1b16ea4b0549e61d5a0f6a70670061a6Սրբազան քահանայապետը, Վատիկանի բանուորներուն հետ, կէսօրին, ճաշարանի մը առջեւ հերթի կանգնած է, ափսէն ձեռքին, ընտրած է, ինչ որ կ’ուզէր ուտել, բոլոր բանուորներուն պէս, անոնց հետ գացած եւ նստած է երկար սեղանի մը առջեւ: Յիշեցնենք, որ մերժած էր բնակիլ պապական յարկաբաժնին մէջ, բոլոր կրօնականներուն պէս` վանական սենեակով մը գոհացած: Երբ Միացեալ Նահանգներ գնաց, պզտիկ Ֆիաթ ինքնաշարժով մը շրջեցաւ, ոչ զրահապատ եւ հսկայ կառքով:

Խօսքի եւ քարոզի կենդանի օրինակ:

Վաճառատան մը գիրքերու բաժնի սեղանին վրայ տեսայ քահանայապետին գիրքը, կողքին վրայ` իր ձեռագիրը: Հայերէն թարգմանութիւնը ապահովաբար չկայ: Մաղթելի պիտի ըլլար, որ որակաւոր թարգմանութեամբ անիկա լոյս տեսնէր: Ֆրանսերէնը սեղանիս վրայ է եւ ուզեցի պատկերներէ կամ մէջբերումներէ անդին` ծանօթանալ ժամանակակից ընկերութեան ցաւին վկայ պապի միտքերուն եւ զանոնք լսելի դարձնել, աղմուկէ, կարգախօսներէ եւ մակերեսայնութենէ անդին: Մտածեցի, որ իրաւ մեծը (առաջնորդը) մեծ կ’ըլլայ պարզութեան եւ համեստութեան մէջ: Հսկայ Մահաթմա Կանտին ապարանքի մէջ չէր բնակեր, երբ ճամբորդէր, «ժաքուզի»-ով սենեակ չէր ուզեր, հիւրընկալներուն չէր հարցներ, թէ գիշերը ո՞ր հաճելի վայրը պիտի երթան:

Իտալացի լրագրող Անտրէա Դորնիէլլիի հետ զրոյցը ամփոփուած է գիրքի մը մէջ, զոր լոյս ընծայած են ութսունվեց երկիրներ: Էական հարցեր կ’արծարծուին: Մարդիկ կրնան մեղանչել կամ ընդունիլ ստրկութիւնը` վախնալով ազատութենէն: Այս միտքի լոյսին մէջ կրնա՞նք դիտել մենք մեզ եւ մեր ժամանակակիցները, հայ, ֆրանսացի, ամերիկացի, չին, թուրք, քիւրտ, եւ բոլոր միւսները:

Լրագրողին հետ չորս ժամ տեւած զրոյցը ինը գլուխներով տեղ գտած է գիրքին մէջ: Լրագրողը քառասուն հարցումներ ուղղած է սրբազան պապին, որոնց առանցքին կը գտնուի աստուածային կարեկցանքը, որ «Աստուծոյ անցագիրն է», ինչպէս տարազած է ինք` քահանայապետը: Ինչ որ ըսուած է, սոսկ կրօնական չէ, այլ` համամարդկային բարոյական, եթէ դեռ նման բանի հաւատացող կայ: Զրոյցի ընթացքին կը լսենք պապին երիտասարդական եւ քահանայագործութեան ժամանակաշրջանի փորձի վկայութիւնները:

Երբ կը խօսի խոստովանանքի մասին, կ’ըսէ, թէ անիկա ո՛չ մաքրագործում է ո՛չ ալ չարչարանք: Անիկա պէտք է որ հիմնուած ըլլայ լսումի վրայ եւ չըլլայ հարցաքննութիւն: Ինչ որ այսօր կը պակսի ժամանակակից ընկերութեան, այն է, որ զանազան բնոյթի եւ մակարդակի «էսթեպլիշմընթները չեն լսեր, իշխանութեան եւ անփոխարինելիութեան ետին թաքնուած` կոռուպցիան կը վերածեն համակարգի: Մեծ հաւատացեալ ըլլալու կարիք չկայ հասկնալու համար, որ Աստուծոյ տրամաբանութիւնը սիրոյ տրամաբանութիւն է: Ֆրանսացի մեծ գրող Անտրէ Ժիտ չէ՞ր ըսած, որ` «Աշխարհի մեծագոյն կարիքը սէրն է եւ վստահութիւնը»:

Լրագրող Անտրէա Դորնիէլլի Ֆրանչիսկոս պապին քարոզը լսելու ընթացքին, մտածած է անոր ուղղել հարցումներ` ողորմածութեան եւ ներման մասին, խորացնելու համար անոր կողմէ այդ բառերուն տրուած իմաստը, որպէս մարդ եւ որպէս քահանայ, յստակացնելու համար եկեղեցիին դիմագիծը` ընկերութիւնը յուզող խնդիրներուն նկատմամբ: Առաջարկը ընդունուած է: Զրոյցը սկսած է Վատիկանի Ս. Մարթա տան մէջ, ուր կը բնակի պապը, Կեդրոնական Ամերիկայէն վերադարձէն քանի մը օր ետք: Լրագրողի ներածական խօսքն է. «… որպէսզի շնորհը կարենայ ազդել եւ ողորմածութիւնը տրուիլ, ըստ Եկեղեցիի մը փորձին, որ ինքզինք չի տեսներ ինչպէս մաքսատուն, այլ կը փնտռէ բոլոր ճանապարհները` ներելու համար»:

Գիրքին ընթերցումը կատարեցի ոչ թէ կրօնական զգացումէ մը տարուած, այլ` մեր ժամանակի դիմաւորած բարդ հարցերուն մարդկայնական լուսաւորում մը փնտռելու համար: Մեր օրերու իմաստունի մը հետ հանդիպելու տրամադրութիւն, զոր կ’ուզեմ բաժնել` յուսալով, որ գէթ պահ մը դուրս կու գանք անհատապաշտութեան ինքնապարտադրուած զսպաշապիկէն:

Ողորմածութիւնը, այսինքն` անյիշաչարութիւնը, առանցքն է պապի մտածումին: Կ’ըսէ. «Յիսուս ըսաւ, որ Ինք չէր եկած արդարներուն համար, այլ` մեղաւորներուն: Ան չէր եկած  անոնց համար որ առողջ էին եւ բժիշկի պէտք չունէին, այլ հիւանդներու: Կրնանք ըսել, որ ողորմածութիւնը մեր Աստուծոյն անցագիրն է» (էջ 29):

Խիստ հետաքրքրական է հետեւեալ մարդկայնական պատումը, որմէ կրնանք ներշնչուիլ ամէնօրեայ քէներու եւ մրցակցութիւններու ընթացքին. «Ոչ ոք կրնայ, երկար ժամանակի ընթացքին, մեծ կամ պզտիկ սխալներէ խուսափիլ: Այսուհանդերձ, ինչպէս կ’ըսէր սուրբ Ֆրանսուա տը Սալ, եթէ պզտիկ էշ մը ունիս, եւ որ կը սահի սալաքարերուն վրայ եւ կ’իյնայ, ի՞նչ պէտք է ընես: Զայն պիտի չծեծես գաւազանի հարուածներով, ան արդէն այդ վիճակին մէջ բաւարար չափով դժբախտ է: Պէտք է բռնես իր լկամէն եւ ըսես. «Արդ, շարունակենք մեր ճամբան: Սկսինք քալել, դուն աւելի ուշադիր պիտի ըլլաս յաջորդ անգամ’» (էջ 35): Արդարեւ, ամէնուրեք, առաջին առիթով իսկ կը մտածենք պատժելու մասին: Կը մոռնանք, որ պատիժը կամ դիտողութիւնը պէտք է ձգտին լաւին, ըլլան դաստիարակիչ, ոչ թէ ամրացնեն իշխանութիւն կամ հեղինակութիւն, նպաստեն շահերու պաշտպանութեան:

Ժամանակակիցներս անմիջականօրէն հետաքրքրող հարցում մը կ’ուղղէ լրագրողը. «Ըստ ձեզի, ինչո՞ւ մարդկութիւնը, այսօր, մեր ժամանակին մէջ, այնքան կարիք ունի ողորմածութեան»: Այսինքն` անյիշաչարութեան, ներել գիտնալու:

Ֆրանչիսկոս պապը իրեն յատուկ պարզութեամբ կը պատասխանէ. «Քանի որ մարդկութիւնը վիրաւոր է, մարդկութիւն մը, որ խոր վէրքեր ունի: Ան չի գիտեր ինչպէս զանոնք խնամել, կամ կը խորհի, որ այդ անկարելի է: Չկան միայն ընկերային հիւանդութիւններ, թշուառութեան պատճառով վիրաւորներ, ընկերային մերժումներ` այս երրորդ հազարամեակի ստրկութեան բազմաթիւ ձեւերով: Յարաբերականութիւնը նաեւ կը վիրաւորէ. կը թուի, թէ ամէն բան նոյն կարեւորութինը ունի: Այս մարդկութիւնը կարիք ունի ողորմածութեան» (էջ 37):

10583782_764130630317623_74849738850305943_nimrs_0209Սրբազան պապը կ’անդրադառնայ մեր փակ ընկերութեան. «Մարդիկ մասնաւորաբար կը փնտռեն մէկը, որ զիրենք լսէ: Որ` տրամադիր ըլլայ, ժամանակ տրամադրէ լսելու իրենց ողբերգութիւնները եւ դժուարութիւնները: Ինչ որ ես կը կոչեմ «ականջի առաքելութիւն», եւ այս կարեւոր է: Շատ կարեւոր» (էջ 39):

Անշուշտ պապին խօսքը եւ մտածումները ազնիւ կրօնական բնոյթ ունին: Բայց ընթերցողը, որ ես եմ, հոն կը գտնեմ մեր աշխարհիկ կեանքը լուսաւորող իմաստութիւն: Կը յանձնարարէ. «… ես կը կրկնեմ յաճախ, դուրս գալ: Դուրս գալ եկեղեցիներէն եւ ծուխերէն (մտածել ըսուածի մասին, կրնանք ըսել մեր քաղաքէն, թաղէն, միութիւններէն, կուսակցութիւններէն, ակումբներէն, Յ.Պ.), դուրս գալ եւ երթալ, գտնել մարդիկը հոն, ուր անոնք կ’ապրին, ուր կը տառապին, ուր կը յուսան» (էջ 74): Այս եթէ կատարուի, ընկերութիւնը կ’ըլլայ աւելի խաղաղ եւ արդար: Կարդալ եւ մտածել` ըսուածին մասին: Իմաստութիւնը սահմանափակում չունի, եւ թերեւս կարելի կ’ըլլայ յաղթահարել «Մարդը մարդուն գայլն է» Հոպզեան յոռետեսութիւնը:

Այս արտակարգ իմաստունը կ’ըսէ նաեւ. «Ոչ ոք անարդարութեան մասին կրնայ խօսիլ, եթէ չմտածէ այն անարդարութիւններուն մասին զորս ինք գործած է Աստուծոյ առջեւ (այսինքն` իր խիղճին առջեւ, Յ.Պ.): Մենք երբեք պէտք չէ մոռնանք մեր ծագումները, ցեխը, ուրկէ հանուած ենք, եւ այդ կարեւոր է ամէնէն առաջ անոնց համար, որոնք Աստուծոյ կը ծառայեն» (ընդգծ. Յ.Պ.): Ծառայելու կոչուածներուն, այսինքն` «ղեկավարներուն»: Կը յիշէ աւետարանիչին տուած օրինակը, «Ան կը նկարագրէ կեցուածքը անոնց, որոնք ուրիշներու կը պարտադրեն ծանր բեռներ, մինչ իրենք իրենց ճկոյթն անգամ չեն բարձրացներ, կ’ուզեն, որ զիրենք կոչեն «Տէր» (էջ 89): Այս մտածումը եթէ փոխադրենք մեր կեանքին եւ ընկերութեան մէջ, կ’ըլլանք աւելի արդար, եւ յարգանքը կը դադրի ձեւականութիւն ըլլալէ:

Կը լսե՞ն այս պապը, որ կ’ըսէ. «Ներումի մերժումը, «Ակն ընդ ական»-ի եւ «ատամն ընդ ատաման»-ի օրէնքը կը սպառնայ սնուցանել անվերջանալի հակամարտութիւններու ոլորագիծը» (էջ 99):

Արդիական եւ անմիջական է քահանայապետին դատումը ընկերութեան ժամանակակից ախտին հանդէպ, որ փտախտն է, «կոռուպցիա»-ն, (corruption): Կ’ըսէ. «Փտախտը այն մեղքն է, որ փոխանակ ճանչցուելու որպէս այդպիսին եւ համեստ դարձնելու` վերածուած է համակարգի, մտային սովորութեան մը, ապրելու ոճի մը: Ներման եւ ողորմածութեան պահանջ չենք զգար, մենք մեզ կ’արդարացնենք եւ կ’արդարացնենք մեր վերաբերումները» (էջ 101-102): Նոյնիսկ գիրք մը գրած է այս մասին. «ԲՈՒԺԵԼ ՓՏԱԽՏԸ» (1991-ին, ֆրանսերէն թարգմանութիւնը` 2014-ին): Նաեւ` «Փտախտի մէջ եղողը (կոռումպացուածը, Հայաստան ընդունուած բառով), կը թաքցնէ այն, ինչ որ կը համարէ իր գանձը, որ զինք կը դարձնէ ստրուկ, եւ իր ախտը կը ծածկէ լաւ կրթութեան մը ջնարակով, ընելով այնպէս, որ երեւոյթները պահպանուին» (էջ 103):

Այս քահանայապետը յանդգնութեամբ կը քննադատէ ժամանակակից ընկերութիւնը կրծող փտախտը: Այս պարբերութիւնը կ’արժէ շրջանակի մէջ առնել եւ պատէն կախել հանրային վայրերու եւ պաշտօնատուներու մէջ.

«Փտախտը (կոռուպցիան, corruption) գործ չէ, վիճակ է, անձնական վիճակ, որուն մէջ ապրելու սովորութիւն է: Փտախտի մէջ եղող անձը այնքան բանտարկուած կ’ըլլայ իր ինքնագոհութեան մէջ, անկէ գոհ, որ ոչ մէկ բանէ եւ ոչ ոքէ կ’ազդուի: Ան կառուցած է խարդախութեան վերաբերումներու վրայ հիմնուած ինքնագնահատում մը. իր կեանքը կ’անցընէ պատեհապաշտութեան կողմնակի ճամբաներու վրայ` ի գին իր անհատական եւ ուրիշներու արժանաւորութեան: Ապականածը միշտ ունի մէկու դէմքը, որ կ’ըսէ. «Ես չեմ, ինքն է, որ այդ ըրած է» (էջ 104):

Եւ կը նկարագրէ տիպարը, որ կը բողոքէ թէ` «իր դրամապանակը գողցած են, որ` փողոցներուն մէջ անապահովութիւն կայ, որ` կը կողոպտէ պետութիւնը տուրքէ խուսափելով, կամ գործէ կ’արձակէ իր պաշտօնեաները երեք ամիսը անգամ մը, որպէսզի անոնց հետ անորոշ ժամանակով համաձայնագիր չկնքէ, կամ` զանոնք աշխատցնելով առանց պետութեան մօտ յայտարարելու, որ անոնք իր աշխատաւորներն են: Թերեւս ամէն կիրակի պատարագի ալ ներկայ կ’ըլլայ եւ ինքզինք կը գովէ իր հերոսութիւններուն համար եւ իր հանգամանքը կը շահագործէ կաշառք ստանալու համար: Փտախտը կորսնցնել կու տայ ամօթի զգացումը, որ իր կարգին կը ծածկէ ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, գեղեցիկը… Յաճախ փտախտի մէջ եղողը չ’անդրադառնար իր վիճակին, անոր պէս, որ կ’անգիտանայ, թէ իր շունչը կը հոտի» (էջ 104-105)…

Մեր շրջապատը եւ մենք մեզ ճանչնալու որակաւորման դաս: Լսել եւ թափանցուիլ պէտք է գիտնալ եւ ապա կանգ չառնել… Այս զրոյցին կրօնական եւ աստուածաբանական մեկնաբանութիւնները կրնան ընել ուրիշներ: Իմ ընթերցումս կատարեցի ընկերութեան տագնապներուն առնչուող մտահոգութիւններով:

Բանուորներու ճաշարան գացող քահանայապետի պատկերը եթէ կախենք նախարարութիւններու եւ արքայական կամ նախագահական, եպիսկոպոսական կամ մեծ ընկերութիւններու պաշտօնատուներուն մէջ, կը ներշնչուինք «օրինակի արժէք»-ի մարդկայնացնող լոյսէն: Այս տիրացուական քարոզ չէ:

Այդ լոյսը կարեւոր է այսօր, երբ տագնապները համաշխարհայնացած են…

1 փետրուար 2016,  Նուազի-լը-Կրան


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17079

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>