Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Արսալի բարձունքներուն վրայ վերջերս տիրող կացութիւնը բաւական վտանգաւոր դարձած է` նկատի ունենալով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Ժապհաթ Նուսրայէն խլած են կարգ մը դիրքեր, ինչպէս` Ուատի Խէյլ եւ Մալահի շրջանները:
Այս կը նշանակէ, որ անոնք լիբանանեան բանակին դէմ ուղղակի բախումի դիրքի վրայ կը գտնուին եւ յաճախ կը փորձեն ներխուժումներ կատարել:
Բանակը ցարդ կրցած է ետ մղել անոնց ներխուժումի բոլոր փորձերը` մնայուն կերպով ռմբակոծելով անոնց դիրքերը:
Բանակին կողքին նաեւ Դիմադրութեան մարտիկները կը հսկեն երկրին արեւելեան եւ հարաւային սահմաններուն, ուր հաւատադրժողական ահաբեկչութեան եւ իսրայէլեան վտանգները առկայ են:
Բանակին եւ Դիմադրութեան զոհողութիւններուն դիմաց, անցնող շաբթուան ընթացքին արձանագրուեցան բողոքներ, որոնց համաձայն, զինուորական գործողութեամբ մը Արսալի ազատագրումը մերժելի է:
Այս էջով կ՛անդրադառնանք վերոնշեալ իրադարձութիւններուն:
Զինուորական աղբիւրներու համաձայն, լիբանանեան բանակն ու Հըզպալլայի մարտիկները կարողութիւնը ունին ետ մղելու հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Արսալ կատարուելիք ներխուժումի որեւէ փորձ:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ բանակը տարբեր տեսակի զէնքերով ապահոված է ինքզինք, թռչող սարքեր ձեռք բերած է հսկելու համար Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն շարժումներուն եւ թիրախ դարձնելու համար զանոնք:
Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ զինեալները բանակին դիրքերուն առաւելագոյն երեք քմ կրնան մօտենալ:
Բանակին աղբիւրները կը հաստատեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները կը տիրեն Աժրամի, Զամարանիի, Խըրպեթ Տաուտի, Ուատի Խէյլի, Մարթապիայի, Ուատի Միրայի, Ուատի Մալի, Ուատի Շէյխ Ալիի, Ռաս Պաալպեքի արեւելեան շրջաններուն, հասնելով մինչեւ Քաայի սամանները, ուր անոնք դէմ յանդիման կը գտնուին Հըզպալլայի մարտիկներուն եւ սուրիական բանակին:
Իսկ Ժապհաթ Նուսրա կը տիրէ` Խըրպեթ Համամի, Խըրպեթ Հոսնի, Քասսարաթի, Տահր Հուէյի, Ուատի Աուայնիի, Ուատի Հմայտի եւ անոնց շրջակայքին, որոնք Արսալի սահմանակից շրջաններն են:
Զինուորական աղբիւրները նկատել տուին, որ իրենց համար լուրջ մտահոգութիւն է այն իրականութիւնը, որ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա կրնան միանալ եւ վտանգ սպառնալ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնց միջեւ փոխադարձ չէզոքացման պայքարը արգելք կը հանդիսանայ վերջին հաւանականութիւնը գործադրելու:
Բանակը մտավախութիւն յայտնեց նաեւ Արսալի ապահովական կայունութեան մասին` նկատի ունենալով, որ հոն կ՛ապրին 90 հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնք Քուսէյրի, Հոմսի եւ Քալամունի քաղաքներու բնակիչներն են: Արսալի մէջ կ՛ապրին նաեւ Արսալի բնակիչները, որոնք 30 հազար հոգի են, սակայն անոնցմէ 12 հազարը հեռացած է անկէ` ներկայիս տիրող իրավիճակին պատճառով:
Արսալէն քաղուած տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակին կողմէ դէպի Արսալ տանող հինգ ապօրինի անցքերու փակումէն ետք, Ուատի Հմայտի շրջանը, որ դէպի Արսալ հիմնական անցքն է, գրաւուած է նախ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ:
ՏԱՀԵՇ իր վերջին յարձակումին ընթացքին կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել Ուատի Հմայտը եւ տիրել Ժապհաթ Նուսրայի զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոցներուն: ՏԱՀԵՇ իր հակակշիռին տակ առաւ նաեւ Զամարանիի անցքը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի սուրիական Ժարաժիրի բարձունքները: ՏԱՀԵՇ-ի մօտ կը գտնուին նաեւ «Քորնեթ» տիպի հրթիռներ, որոնք գողցուած են սուրիական բանակին զէնքի պահեստանոցներէն:
ՏԱՀԵՇ վերջերս տիրեց նաեւ Ուատի Խէյլ եւ Տահր Պայտարա շրջանին, ինչպէս նաեւ` Մալահի կոչուած շրջանին, որ բախումներու նոր կէտ մը կը նկատուի:
Արսալէն հասած տեղեկութիւններու համաձայն, գիւղաքաղաքին մէջ կը տիրէ ահաւոր վիճակ: Ահաբեկիչները իրենց քմահաճոյքին համաձայն կը սպաննեն, կ՛առեւանգեն եւ մինչեւ օրս արդէն իսկ սպաննած են աւելի քան 43 քաղաքացիներ:
Անոնք կը զբաղին նաեւ սուրիացի գաղթական երիտասարդները իրենց շարքերուն մէջ զինուորագրելով, ինչպէս նաեւ գիւղաքաղաքին մէջ նոր բնակարաններ կը վարձեն:
Դէպի Արսալ ներխուժումի եւ արեւելեան շրջանին մէջ անցքի մը տիրանալու հաւանականութիւնները նկատի ունենալով` Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ կը հաստատեն, որ ՏԱՀԵՇ կը փափաքի Արսալի բարձունքներէն դէպի Սուրիոյ արեւելքը անցք մը բանալ: Անոնք կը շեշտեն, որ Դիմադրութեան մարտիկներն ու սուրիական բանակը Քալամունի վերջին գործողութիւններուն ընթացքին այդ հաւանականութիւնը կտրականապէս ի չիք դարձուցած են:
Նոյն աղբիւրները կ՛ընդգծեն, որ Դիմադրութիւնը կրնայ վերսկսիլ զինուորական իր գործողութիւններուն,եւ ինչպէս էր Զապատանիի պարագան, նոյնպէս ալ իր մարտիկներուն միջոցով արեւելեան լեռնաշղթան մաքրագործելով ահաբեկիչներէն:
Սուրիական եւ լիբանանեան զինուորական աղբիւրներ կը շեշտեն, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Ժարաժիրի եւ Մուհինի դիրքերուն դէմ գործուելիք յարձակումը շատ հաւանական է:
Մարուան Շարպել Կը Զգուշացնէ, Իսկ
Մաշնուք Եւ Միւֆթի Տըրիան Կը Մերժեն
Ներքին գործոց նախկին նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն սննդեղէն եւ զէնք հայթայթելու միակ անցքը Արսալն է, յատկապէս` ձմրան եւ ցուրտին:
Ան զգուշացուց, որ Ասրալի պատուհանը բաց ձգելը կրնայ յարանուանական սադրանքներու յանգիլ:
Շարպել հաստատեց, որ բանակը ահաբեկիչներուն դիմաց այդ անցքը պէտք է փակէ եւ սննդեղէնը տրամադրէ միայն Արսալի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն:
«Այս շրջագիծին մէջ Արսալի բնակիչները պէտք է մնայուն կերպով լիբանանեան բանակին հետ համագործակցին` կանխարգիլելու համար Արսալի ապահովութեան սպառնացող որեւէ փորձ կամ յարձակում», ըսաւ ան:
Շարպել նշեց, որ Արսալի մէջ ներքին եւ արտաքին իմաստով բռնկելիք ապահովական որեւէ խախտում կրնայ տարածուիլ դէպի շրջակայ գիւղերը եւ վերածուիլ համայնքային բախումի մը, որ իր կարգին կրնայ տարածուիլ ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Այս շրջագիծին մէջ նշենք, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք Տար Ֆաթուայի մէջ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք շեշտած էր, որ իրենք համաձայնած են հաղորդակցութիւնները շարունակել` Արսալը բանակին եւ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն բախումներէն պաշտպանելու համար:
«Ճի՛շդ է, որ Արսալ բռնագրաւուած է, սակայն անոր ազատագրումը կը կատարուի անոր բնակչութեան կողմէ, եւ ոչ թէ` զինուորական գործողութեամբ մը», ընդգծած էր Մաշնուք:
Զօր. Քահուաժի. «Միացեալ Նահանգներ Կը Հասկնան
Լիբանանի Դիմագրաւած Ապահովական
Մարտահրաւէրներուն Իրականութիւնը»
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի անցեալ շաբթուան ընթացքին պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Միացեալ Նահանգներ: Այդ այցելութեան արդիւնքներուն մասին իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը ամերիկեան կողմէն պահանջած է արագացնել իր գնած զէնք ու զինամթերքին, յատկապէս` «Էյ 20 սուփըր թուքանօ» տիպի վեց օդանաւերուն յանձնումը Լիբանանին:
Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին ինք ամերիկեան կողմին մօտ մեծ հասկացողութիւն եւ մեծ հոգատարութիւն շօշափած է լիբանանեան բանակին զինուորական եւ գումակային կարիքներուն նկատմամբ:
Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ` «Միացեալ Նահանգներ կը հասկնան Լիբանանի դիմագրաւած ապահովական մարտահրաւէրներուն իրականութիւնը, ի մասնաւորի` քաղաքացիական անվտանգութեան սպառնացող վտանգները: «Ամերիկեան վարչակազմը բարձր կը գնահատէ լիբանանեան բանակին ջանքերը, մասնաւորաբար երկրին արեւելեան եւ հարաւային սահմանները պաշտպանելու առումով», ըսաւ ան:
Զօր. Քահուաժի նշեց, որ ինք Ուաշինկթընի մէջ մեծաթիւ հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի զինուորականներու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմի պատասխանատուներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը հանրապետական եւ դեմոկրատական թեւերը ներկայացնող քոնկրեսականներու հետ:
Ան նշեց, որ այդ հանդիպումները կեդրոնացան լիբանանեան բանակին հանդէպ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը ամրապնդելու միջոցներուն վրայ, յատկապէս` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով:
Լիբանանեան բանակը զինելու անհրաժեշտութեան շրջագիծին մէջ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան գործավար Ռիչըրտ Ճոնզ այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի, որուն հետ քննարկեց բանակին յատկացուելիք ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններուն մանրամասնութիւնները:
«Լիբանանեան բանակը արձանագրած է բարձր մակարդակի յառաջդիմութիւն մը, եւ ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի Արսալ ներխուժումը ետ մղելու անոր իրագործումը շօշափելի փաստ մըն է այդ յառաջդիմութեան», ըսաւ Ճոնզ` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն պաշտպանութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին առումով բանակը բացառիկ աշխատանք կը տանի:
Ճոնզ նշեց, որ Ուաշինկթըն ուրախ եւ հպարտ կը զգայ լիբանանեան բանակը զինելու եւ մարզելու իր համեստ ջանքերով:
Ան դիտել տուաւ, որ բանակին եւ Ուաշինկթընի միջեւ գործակցութիւնը տարիներու ընթացքին աւելի եւս պիտի ամրապնդուի:
Ճոնզ յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը կը սերտէ Մուքպելի ներկայացուցած պահանջները եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ կարելի եղածին չափ արագ կերպով բանակին յանձնելու պահանջուած զէնքն ու զինամթերքը:
Իսրայէլեան Պատերազմի
Հաւանականութիւնը` Միշտ Առկայ
Հըզպալլայի դէմ իսրայէլեան իրերայաջորդ սպառնալիքները սկսած են ճակատագրական ընթացք ստանալ եւ երբեմն հնչել այնպէս, որ կարծէք պատերազմը որեւէ վայրկեանի կրնայ բռնկիլ:
Հակառակ անոր որ լիբանանցի զինուորական պատասխանատու մը վերջերս ամերիկացի զինուորականներէ իմացած է, թէ իր երկիրը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ծրագիրներու մասին, եւ կամ` Լիբանանի դէմ պատերազմ մը բռնկեցնելու մտադրութեան մասին, Պէյրութի մէջ գործող դիւանագիտական աղբիւրներ խիստ մտահոգութիւն կը յայտնեն` նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանանի Հանրապետութիւնը հետզհետէ կը վերածուի Միջերկրականի ափին վրայ գտնուող իրանեան բնակեցման վայրի մը:
Դիւանագիտական աղբիւրները կը հաստատեն, որ Լիբանան ճակատագրական լուրջ հարցի դէմ յանդիման կը գտնուի` նկատի ունենալով անոր դիւրաբեկ իրավիճակը, որ հետեւանք է քաղաքական եւ յարանուանական լարուածութեան, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ դէպքերուն միջամուխ դառնալուն:
Նոյն աղբիւրները կ՛ընդգծեն, որ պատերազմի ուրուականը կարելի է երկրէն հեռացնել, եթէ Հըզպալլա իր սովորական չափին մէջ մնայ` առանց յաւելեալ առաւելութիւններու եւ կարողութիւններու, բան մը, որ ներկայիս անկարելի է:
«Ընդհակառա՛կն, Հըզպալլայի պարզած ներկայ իրավիճակը կրնայ պատճառ դառնալ, որ Իսրայէլ իր զինուորական ամբողջ կարողականութեամբ եւ ուժով պատերազմ սանձազերծէ ոչ միայն Հըզպալլայի, այլեւ Լիբանանի դէմ, լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու նկատելով Հըզպալլայի գործած արարքներուն», նշեցին դիւանագիտական եւրոպական աղբիւրներ:
Իսրայէլեան սպառնալիքներուն շրջագիծին մէջ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած ապահովական բոլոր միջոցառումները ոչինչ են ապագայ ճակատումներուն ընթացքին անոնց դէմ մեր նախապատրաստութիւններուն հետ համեմատած:
«Թշնամի Իսրայէլի հետ ճակատումը մօտալուտ չէ, որովհետեւ Իսրայէլ պիտի չհամարձակի նոր պատերազմի մը նախաձեռնել: Իսկ եթէ այդ պատերազմը բռնկի, ապա Իսրայէլ կոչուած գոյացութեան համար պիտի ըլլայ ճակատագրական», ըսաւ Ռաատ:
Ան ըսաւ, որ երբ Հըզպալլայի մարտիկները Պեքաայի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ սկսան դիմադրել հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն, յառաջացաւ իրարանցում մը` համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներու հաւանականութեան մասին: «Մինչդեռ Արսալի բնակիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներուն կը սպառնայ ահաբեկիչներուն վտանգը: Իսկ լիբանանեան բանակին պէտք եղած զէնքն ու զինամթերքը, ինչպէս նաեւ քաղաքական զօրակցութիւնը զլացուած է եւ, հետեւաբար, ան իր ամբողջական հակակշիռին տակ չի կրնար առնել Արսալը», ըսաւ ան:
Ռաատ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը լիբանանեան բանակին նեցուկ պիտի կանգնի, ինչպէս նաեւ Արսալի բնակչութիւնը եւ բոլոր լիբանանցիները պիտի պաշտպանէ, ի՛նչ համայնքի որ ալ անոնք պատկանին:
Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Նահար», «Ախպար», «Ժումհուրիա», «Լեպանոն տիպէյթ»