Այսօր Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը հրաժեշտ կու տայ ՀՅ դաշնակցութեան Կանոնագիրի ոգիին ու տարրին արթուն պահակ, հաւատաւոր դաշնակցական Կարօ Մըթրպեանին:
Ընկ. Կարօ կը բաժնուի մեզմէ անակնկալօրէն` խոր վիշտի մատնելով իր հարազատներն ու ընկերները: Այո՛, այլեւս գլխաւոր բացականերէն է ան «Նիկոլ Դուման» շրջանի խմբական եւ ընդհանուր ժողովներէն, կուսակցութեան շրջանային ժողովներէն, Դաշնակցութեան ձեռնարկներէն եւ աւելի՛ն` դաշնակցական ընկերական զրոյցներէն:
Պիտի չլսենք այլեւս ընկ. Կարոյին խրպոտ, բայց համակ Դաշնակցութեամբ լեցուած ձայնը: Կանոնագիրի եւ ժողովական կարգի որեւէ դոյզն խախտումի պարագային պիտի չհանդիպինք կարգի հրաւիրող իր կոչին, եւ վերջապէս` դատական ու այլ տագնապեցնող հարցերուն գծով պիտի չունենանք իր կարծիքը եւ արդարամիտ ու առարկայական որոշում- առաջարկը:
Ահաւասիկ մեզմէ կը բաժնուի նաեւ այլ կարկառուն ներկայացուցիչ մը այն սերունդէն, որ վկան ու մասնակիցը դարձաւ լիբանանահայ գաղութի նախապատերազմեան կենսունակ ու աշխուժ հանգրուանին: Դերակատար` Պուրճ Համուտի շրջանին մէջ Դաշնակցութեան գործին ու հովանիին ընդարձակման: Փաստօրէն, ընկեր Կարոն մաս կազմած է Պուրճ Համուտի երեք կոմիտէութեանց, երբ 1978-ին այլեւս վերջնականապէս եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը դարձաւ գործունեայ անդամ, պատասխանատու եւ նաեւ խորհրդատու մեծ ընկեր «Նիկոլ Դուման» շրջանին ու կոմիտէութեան, որ քաղաքացիական պատերազմի օրերուն դիմագրաւեց մեծ մարտահրաւէրներ եւ մղեց հերոսական ինքնապաշտպանութիւն` տէր կանգնելով հայուն ինչքին ու արժանապատուութեան: Ընկեր Կարոն «Նիկոլ Դուման» շրջանին մէջ վարած է կազմակերպական կարեւոր պատասխանատուութիւններ, իր հեղինակութեամբ փորձած է մի՛շտ արագօրէն լուծել ընկերական վէճերն ու տարակարծութիւնները` բոլորը դնելով դաշնակցական գործի գիտակցութեան անհրաժեշտութեան դիմաց:
Այո՛, ընկ. Կարոն երկրորդական եւ համալսարանական ուսում չէր ստացած, բայց ան ինքնաշխատութեամբ տիրապետած էր Դաշնակցութեան գրականութեան եւ իր բոլոր արժեւորումներն ու տեսակէտները կը հիմնէր Դաշնակցութեան հարուստ գրականութենէն բխող դէպքերու ու դէմքերու մասին գրուած խորհրդածութիւններուն ու վկայութիւններուն վրայ:
Դաշնակցութեան գաղափարական ու յեղափոխական հարուստ ժառանգութիւնը ամբողջականօրէն ըմբռնած, ամէն օր հայ կեանքի ապրած հոլովոյթին հետեւելու իր նախանձախնդիր մօտեցումը զինք դարձուցած էր բոլոր հարցերուն գծով տեսակէտ ունեցող եւ իր տեսակէտները մինչեւ Բիւրոյի անդամներուն հետ կիսող, ամէն օր Դաշնակցութեան կատարած գործով ու Հայաստանով ապրող, տագնապող ու հպարտացող իւրայատուկ տիպար մը մեր իրականութեան մէջ:
Կոմիտէի եւ Կեդրոնական կոմիտէի պատասխանատուութիւն վստահուած էր իրեն կազմակերպական ոչ նախանձելի պայմաններու եւ վիճակներու մէջ, որովհետեւ կարիքը զգացուած էր իր արդարամտութեան, իր կամրջողի դերակատարութեան, կանոնագիրը անշեղօրէն գործադրելու իր հաստատակամութեան, եւ վերջապէս` իր հեղինակութեան: Եւ ինք պատուով կատարած էր այդ բոլոր աշխատանքները:
Ազգային առաջնորդարանի Երեսփոխանական եւ Քաղաքական ժողովներուն, ինչպէս նաեւ խորհուրդներուն մէջ ընկեր Կարոն գործեց նոյն սկզբունքայնութեամբ եւ խստապահանջութեամբ: Այնտեղ նաեւ մեծ եղաւ իր դերը հիմնական հարցերու բարւոք լուծում գտնելու աշխատանքին մէջ: Կրաւորական ներկայութիւն մը չեղաւ որեւէ մարմինի մէջ, այլ դրսեւորեց ամբողջական պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ բոլոր պատասխանատուութիւնները ստանձնեց խոր համոզումով ու հաւատքով:
Այսօր մենք հողին կը յանձնենք մեր աւագ սերունդի մէկ ներկայացուցիչը: Ընկ. Կարոն այսօր կ՛երթայ միանալու Սարգիս Ազնաւուրեանին, «Քա Պոյ» Անդրանիկին եւ իր ընկերներուն` Քէլէշեանին, Գանտահարեանին եւ այլ նուիրեալներու, որոնք բոլորն ալ իրենց համեստ նկարագիրով, իսկ ոմանք նաեւ նոյնիսկ համեստ ուսումով, բայց տիրական ներկայութեամբ ու դաշնակցականութեամբ յատուկ նկարագիր ու որակ տուին Լիբանանի Դաշնակցութեան մեծ կառոյցին գաղութի պատմութեան անկիւնադարձային մէկ կարեւոր ժամանակահատուածին: Բոլորին վարձքը կատար:
Իսկ մեզի` այստեղ հաւաքուածներուս ճիտին պարտքը կը մնայ շարունակել ու ընդարձակել Դաշնակցութեան գործը, դրսեւորել անոնց անշահախնդրութիւնը, արդարամտութիւնը, սկզբունքայնութիւնը եւ ապրիլ իրենց տագնապները: Այո՛, ջերմութիւն կար այս սերունդին մօտ, երբ ականատես ու ականջալուր կը դառնայինք իրենց զրոյցներուն: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի կարիքն ունինք այդ ջերմութեան, կարիքը կը զգանք ամէն օր քիչ մը աւելիով դաշնակցականանալու:
Ընկ. Կարոն նախորդ օրերուն իր մէկ հարազատին անակնկալ կորուստին առիթով պիտի ըսէր. «Ի՜նչ հանգիստ մահ»: Այսօր ինքն ալ հանգիստ ու խաղաղ կը մեկնի այս աշխարհէն` իր գործը կատարած մարդու ամբողջական գոհունակութեամբ: Բայց մենք պիտի կարօտնանք իրեն եւ շատ պիտի փնտռենք իր համակող ներկայութիւնը:
Անցեալ կիրակի` ընկ. Բենօ Թոնդեանին նուիրուած ձեռնարկին առիթով, երիտասարդ ընկեր մը, ժպիտով ու կատակով ձեռնարկի աւարտին կը մօտենայ ընկեր Կարոյին եւ կ՛ըսէ. «Անհո՛գ եղիր ընկեր, դուն ալ վաղը երբ մահանաս, «Նիկոլ Դուման»-ի ընկերները ակումբին մէջ քու անունովդ անպայման ժողովասենեակի մը բացումը պիտի կատարեն»: Ընկեր Կարոն, որ միշտ ալ հաճելի զրուցակից եղած է մանաւանդ երիտասարդներուն, ժպիտով ու գոհունակութեամբ կը դիմաւորէ այս անկեղծ ու երախտապարտ մօտեցումը: Այո՛, «Նիկոլ Դուման»-ի բոլոր ընկերները անխտի՛ր կը մնան երախտապարտ ընկեր Կարոյին ու կը խոնարհին անոր մեծ վաստակին դիմաց: Կը յիշեն զինք ու իր նմանները, կը պահեն իրենց պատգամն ու կտակը եւ կը կենսաւորեն շրջանի կոմիտէութեան առաքելութիւնը:
Թոյլ տուէք այստեղ տալու նաեւ անձնական վկայութիւն մը: Ընկ. Կարոյին հետ ծանօթացած եմ բաւական կանուխ` իբրեւ Կազմակերպական յանձնախումբի անդամ, եւ օրին մեր միջեւ ստեղծուած է հոգեհարազատ կապ: Անցնող տարիներուն վարժեցուցած էր որեւէ ժողովէ կամ ձեռնարկէ ետք յաջորդ օրը առաւօտ կանուխ հեռաձայնելու եւ իր տեսակէտն ու արժեւորումը փոխանցելու, իր արժեւորումներուն մէջ միշտ մնալով ընդհանրական եւ ոչ հատուածական շահերու գերադասման դաշնակցական հարազատ պատուանդանին վրայ: Կը քննադատէր, բայց չէր վիրաւորեր, կը գնահատէր, բայց չէր գինովցներ, կը սաստէր, բայց չէր վախցներ, մէկ խօսքով` Դաշնակցութիւն կը բուրէր:
Մեր վերջին զրոյցը մէկ շաբաթ առաջ էր, ձեռնարկ-հաւաքի մը ընթացքին, երբ կռնակս թափահարեց, մէկ կողմ կանչեց եւ ըսաւ` իրեն յատուկ շեշտադրումով. «Կեդրոնական կոմիտէն ճիշդ գիծի վրայ է, այսպէ՛ս շարունակեցէք»:
Սիրելի՛ ընկեր Կարօ, Դաշնակցութեան բոլոր Կեդրոնական կոմիտէներն ալ ճիշդ գիծի վրայ փորձած են մնալ, գալիքներն ալ նոյնը պիտի փորձեն: Անհո՛գ եղիր, բոլոր ընկերներն ալ ճի՛շդ պիտի գործեն, իրաւունք չունին սխալելու, սխալներն ալ միշ՛տ սրբագրելի պիտի ըլլան, որովհետեւ մեր բոլորին կատարածը ծառայութիւն է մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին, եւ վերջապէս` մեր մեծ երազի իրականացման ի խնդիր:
Գնա՛, փոխանցէ՛ վերը` բոլոր ընկերներուն, որ Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը եւ բովանդակ Դաշնակցութիւնը ճիշդ գիծի վրայ կը գործեն` հաստատ ու վճռակամ:
Վարձքդ կատա՛ր:
Հողը թեթեւ հանգչի վրադ, աւա՛գ ընկեր: